ՀՀ, ԱՄՆ ԵՄ Իրան կտրականապէս հակառակ՝ ՌԴ-Պուտին- Ալիեւի-Ռոբոսերժի-գարեգին Բ.ի – ՀՅԴ-ի «Մեղրիի միջանցքին»

Posted on September. 21. 2024

Ստորեւ կը ներկայացնենք 2024 թուականի 6 Սեպտեմբերի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատեսային հաղորդաշարին արտագրուած «թեքսթ»ը՝ «ՀՀ, ԱՄՆ ԵՄ Իրան կտրականապէս հակառակ՝ ՌԴ-Պուտին-Ալիեւի-Ռոբոսերժի-գարեգին Բ.ի – ՀՅԴ-ի «Մեղրիի միջանցքին»։ Բացայայտումներ՝ հետազօտող ԱՐԹՈՒՐ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ ներ՝ Աբօ Չափարեանի եւ Ոսկան Մխիթարեանի կողմէ: 

Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ ուղարկել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխացեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն: 

Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժանորդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի տպագիր տարբերակին՝ ամեն շաբաթ ԱՄՆ փոստով ստանալու համար, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան, գրասենեակի կամ փոստարկղի հասցէն: 

YouTube-ի մէջ դիտելու համար օգտագործեցէ՛ք հետեւեալ յղումը 

https://youtu.be/iYKnTrCFTZc?si=O3QioR9ryieNMaWc 

Բաժանորդագրուեցէ՛ք USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-եան ալիքին: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.- Այս օրերեուն հարաւային Կովկասը, որ իրականութեան մէջ արեւելեան հայկական լեռնաշխարհն է, աննախընթաց աշխարհաքաղաքական եռուզեռ կ҆ապրի եւ այդ աշխարհաքաղաքական եռուզեռի մէջ, եթէ Հայաստանը եւ ընդհանրապէս աշխարհի հայութիւնը խաղընկեր չըլլան, ապա ուրեմն կը դառնան խաղալիք։ 

Կարեւոր է, որ այս ընդհանուր մթնոլորտի մէջ հայերը միշտ յիշեն, իմանան թէ ի՞նչն է իսկական դրդապատճառը, թէ ինչո՞ւ Ռուսաստանը կամ Ռուսական դաշնութիւնը կը փորձէ ամէն կերպ հայկական պետութիւնը վերացնել եւ «կուպերնիա»յի՝ նահանգի, ծայրագաւառի վերածել, որովհետեւ, ըստ երեւոյթին, եթէ 2020ի 44օրեային ցեղասպան Թուրքիոյ, ցեղասպան Ատրպէյճանին գաղտնի կերպով միացած էր Ռուսաստանը, յետոյ նոր մէջտեղ ելաւ, որ Հայաստանն ու աշխարհի հայութիւնը գործ ունին ցեղասպանական եռեակ պետութիւններու հետ, ապա ուրեմն հիմա հանգիստ կերպով կարելի է ըսել, որ այդ ցեղասպանական եռեակ պետութիւնները կը շարունակեն իրենց հակահայ, հայադաւ եւ հայատեաց քաղաքականութիւնը, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական, ռազմական, քաղաքական, ժողովրդավարական, սոցիալական, ուսումնական հզօրացումը իրենց համար մահացու հարուած է։ 

Ուրեմն այս իրողութեան դիմաց Ռուսաստանը ամէն կերպ կ҆աշխատի Ատրպէյճանի ձեռքով կրակի մէջէն շագանակ վերցնել։ 

Պիտի առաջարկէի, որ պարոն Մխիթարեանը վերջին զարգացումներու մասին իր ներկայացումը կատարէ եւ շարունակենք մեր զրոյցը։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ.- Պարոն Չափարեան, կ҆ուզեմ շատ լրջօրէն անդրադառնալ Ռուսաստանի նախագահ Փութինի Պաքու այցելութեան մասին։ Անշուշտ այս մասին բոլորդ ալ կարդացիք, հաւանաբար տեսաք այս բոլորը հեռուստատեսիլէն ինչպէս Փութին գնաց Ալիեւի հօր շիրիմին ծաղկեպսակ դրաւ։ Այդ մասին պիտի չխօսիմ։ Այս բոլորի ընթացքին շատ հետաքրքրական տեղեկութիւն մը կայ, որ կ҆ուզեմ բոլորիդ փոխանցել, համասփիւռ հայութեան կ҆ուզեմ այդ մէկը փոխանցել։ Փութին եւ Ալիեւ այցելեցին ռուսական եկեղեցի մը։ 

Այդ տեղի արքեպիսկոպոսը կամ եպիսկոպոսը Ալեքսիա անունով շատ զգայացունց յայտարարութիւններ ըրաւ, որ ամէն ձեւով կը վարկաբեկէ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին։ Այս առիթով եպիսկոպոսը յայտարարութիւն ըրաւ, որ Բարթողիմէոս առաքեալի (մեր երկու հիմնադիրները բոլորդ գիտէք՝ Թադէոս եւ Բարթողիմէոս) աճիւնները Պաքուի մէջ կը գտնուին։ Եւ հետեւաբար, բոլոր այն եկեղեցիները, որոնք հիմնուած էին Բարթողիմէոս առաքեալի միջոցաւ, այսօրուայ Ատրպէյճանի այսպէս ըսենք, տարածքին, բոլորն ալ աղուանական են։ Բան մը չմնաց հայկական։ 

Սիրելիներ, ռուսաց պետութիւնը ոչ միայն քաղաքականօրէն մեզ կը ստրկացնէ, այլ նաեւ կը փորձէ տարբեր անկիւնով մեզ աւելի նախատել. մեր երկու առաքեալներու սեփականութիւնը մեզմէ կ҆առնուի ռուսաց եկեղեցւոյ կողմէ եւ պետական իշխանութեան հովանաւորութեամբ։ Ո՞վ բողոքեց։ Ես կ҆ուզեմ իմանալ՝ Մայր Աթոռը ի՞նչ ըսելիք ունի այս բոլորին մէջ։ 

Ասիկա պարզապէս կրկնութիւնն է 1836ի ցարական իշխանութեան օրօք մեզի պարտադրուած Պոլոժենիային, որովհետեւ նոյն ատեն մեզի համար ուզեցին մեզմէ խլել մեր առաքելականութիւնը եւ ըսին, որ մենք Գրիգորեան եկեղեցի ենք, այսինքն մեր քրիստոնէութիւնը սկսած է Գրիգոր Լուսաւորիչէ։ Այս խայտառակութիւնը տակաւին կը շարունակուի։ Եւ այս բոլորին վրայ իր կնիքը կը դնէ ռուս պետութիւնը։ Տխուր բաժինը հոն է, որ մենք ըսելիք չունինք։ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը ըսելիք չունի։ 

Մասնաւորաբար Մայր Աթոռը։ Ի վերջոյ, բոլորս ալ գիտենք, մենք մեզի չխաբենք, թէ Մայր Աթոռի յարաբերութիւնները ինչ են Ռուսաստանի հետ։ Նման անպատուութիւն մը անմիջապէս փոթորիկ պէտք է ստեղծէր Մայր Աթոռէն ներս։ Եթէ Գարեգին կաթողիկոս չունի այդ քաջութիւնը, որտեւ բոլորդ ալ գիտէք, որ վերջերս շքանշան ստացաւ Փութինէն, հաւանաբար ձայն պիտի չհաներ, որովհետեւ անոր գործակալն էր։ Հապա ո՞ւր են միւս եպիսկոպոսները։ 

Մայր Աթոռը 58 հատ եպիսկոպոս եւ արքեպիսկոպոս ունի։ 60 չեմ գիտեր քանի հատ վարդապետ, ծայրագոյն վարդապետ ունի։ 100էն աւելի սարկաւագներ ունի, որոնք Ճեմարան տեսած են։ Չկա՞յ մէկը, չկա՞յ քաջութիւն ունեցող եկեղեցական մը, որ հրապարակ ելլէ եւ բողոք ներկայացնէ ռուսաց եկեղեցւոյ այս անպատկառ կեցուածքին դէմ։ 

Բագրատ սրբազան, փողոց պիտի ելլես, ձախողեցար, կրկնակի ձախողեցար, երկու խօսք ըսելիք չունի՞ս Ալեքսէյ եպիսկոպոսին կատարած անբարտաւան յայտարարութիւններուն դէմ։ Ա՞յս է քու եկեղեցական արժանապատուութիւնը։ Այս բոլորին գիտակ մենք ի՞նչ պիտի ընենք։ Չի բաւեր միայն Մայր Աթոռէն պահանջել։ Կը պահանջենք նաեւ մեր միւս նուիրապետական աթոռներէն։ Ի վերջոյ կը փորձեն, քաղաքական անկիւնէն կը մօտենան՝ եկեղեցական հարուած մը տալու հայ եկեղեցիի առաքելականութեան։ Բոլորս գիտենք մեր մատենագիրներէն, որ Բարթողիմէոս առաքեալ Վանի շրջանի Աղբակ գիւղին մէջ մահացաւ, նահատակուեցաւ։ Իրենք Աղբակը Ալպանի հետ «կը շփոթեն»։ 

Ի վերջոյ «Ալպանիա»էն կու գայ այս բոլոր խեղկատակութիւնը։ Բայց ամէնէն տխուր բաժինը հոն է, որ ասոր վրայ կնիք կը դնէ ռուսաց պետութիւնը։ Եւ Ռուսիոյ պատրիարքը ըսելիք չունի։ Մենք կը հասկնանք ան ըսելիք չունի, որովհետեւ մեզ հերձուացող կը նկատեն իրենք։ 

Երբ մենք առաքելական էինք՝ ռուսերը քրիստոնեայ նոյնիսկ չէին։ Ծառերու վրայ ժողովուրդ էին։ Այս ժողովուրդը այսօր մեզ կը փորձէ անգամ մը եւս նսեմացնել նմանօրինակ անփառունակ խայտառակութիւններով։ Հետեւաբար սիրելի հոգեւոր հայրեր ի Մայր Աթոռ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, բոլորդ՝ Երուսաղէմ, Պոլիս ոտքի կանգնեցէք։ Եկեղեցւոյ վարկն է խնդրոյ առարկան։ Մոռցէք ձեր տարակարծութիւնները։ Մի զբաղիք քաղաքականութեամբ։ Նայեցէք ուր հասաւ արտաքին երկիրներու քաղաքականութիւնը, հայ եկեղեցին անգամ մը եւս մեզ ստորացնելու համար։ Ի՞նչ պիտի ընէք։ Լո՞ւռ պիտի կենաք։ 

Ահաւասիկ այս առիթով, եւ անցեալին անգամ մը յիշեցուցի բոլորիդ, որ մշակութային ցեղասպանութիւն տեղի կ҆ունենայ այսօր եւ մեզի արթնցնել ուզողը Լուիս Օքամփոն է, որ International Criminal Court-ի դատախազ եղած է եւ ատենապետն էր։ Այսօր կոչ կ҆ուղղէ, ուրախ ենք նախ պէտք է ըսել որ շուտով Հայաստան պիտի ըլլայ եւ այդտեղ հանդիպում պիտի ունենայ մեր իշխանութիւններու հետ։ Բայց մենք ե՞րբ պիտի արթնանք մեր իրաւունքը պաշտպանելու։ 

Բոլորդ գիտէք որ շուտով COP29ը տեղի պիտի ունենայ՝ կլիմայի վերաբերեալ միջոցառում մըն է ասիկա որ տեղի պիտի ունենայ Պաքուի մէջ Նոյեմբեր 11-22։ Հոն պիտի ներկայ ըլլան աշխարհի բոլոր պետութիւնները. անշուշտ վերջերս լսեցինք նաեւ որ հրաւէր եկած է Հայաստան։ Հիմա Հայաստան կ҆երթայ – չ՛երթար՝ երկրորդական հարց է։ Բայց հոն ներկայ պիտի ըլլան աւելի քան 100 երկիրներ։ Մենք ի՞նչ պիտի ընենք։ 

Մեր բողոքի ձայնը լսելի պիտի դարձնե՞նք այն երկիրներուն որոնք ներկայ պիտի ըլլան այդ COP29ի համաժողովին։ Ի վերջոյ, չմոռնաք որ ցեղասպանութիւնը շարունակուեցաւ, տեղահանումը, արտաքսումը մեր ժողովուրդին ուրիշ բան չէ, սիրելիներ, եթէ ոչ 1915ի ցեղասպանութեան շարունակութիւնը, այս անգամ Ատրպէյճանի ձեռքով։ Մենք ի՞նչ ունինք ըսելիք այս բոլորի դէմ։ Ինչպէ՞ս պիտի զինուինք եւ պահպանենք մեր երկիրը։ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի։ Ժողովուրդը անտէր է։ 

Մենք ի հայրենիք եւ ի սփիւռս աշխարհի, ի՞նչ պիտի ընենք։ Պէտք է ոտքի կանգնինք եւ մեր իրաւունքները պահանջենք։ Ոչ միայն եկեղեցական անկիւնէ դիտուած, որ մեծ խայտառակութիւն մըն է, աշխարհը գիտէ, որ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հիմնադիրները Թադէոս եւ Բարթողիմէոսն են։ Տակաւին վերջին տարիներուն կաթողիկէ եկեղեցւոյ կեդրոնը՝ Վատիկանը մասունքներ ունէր թէ Թադէոսի թէ Բարթողիմէոսի։ 

Այդ բոլորը նուիրեց հայրենիքին։ Բայց այսօր ըսելիք չունին։ Այս բոլորին ետեւ քաղաքական խաղեր կան։ Չէ որ տակաւին մօտիկ անցեալին յիշեցուցինք, որ Վատիկանի նշանաւոր թերթին մէջ, որ 100 տարիէ աւելի կեանք ունի այդ թերթը, յայտարարութիւն կար, որ Արցախի բոլոր կամ Ատրպէյճանի մէջ գտնուող բոլոր հայկական եկեղեցիները ալպանական եկեղեցիներ են։ Ո՞վ բողոք ներկայացուց ձեզմէ, սիրելիներ։ 

Մանր մունր ձայներ առինք։ Ո՞ւր է Մայր Աթոռի հեղինակաւոր խօսքը։ Իշխանատենչութենէ տառապող Մայր Աթոռը ըսելի չունի՞։ Այս բաներով զբաղեցէք, սիրելիներ։ Մեր եկեղեցւոյ վարկն է խնդրոյ առարկան։ Մարդիկ մեզ հերետիկոս կը տեսնեն այսօր։ Ըսելիք չունի՞ք դուք։ Մոռցէք քաղաքական ասպարէզը։ Դուք իշխանատենչութեան այդ հիւանդութենէն հեռու կեցէք եւ զբաղեցէք մեր հազարամեայ եկեղեցւոյ վարկը բարձր պահելով եւ ժողովուրդին կոչ ուղղելով ամենուրէք թէ ի հայրենիք, թէ ի սփիւռս աշխարհի, որ մենք ոտքի կանգնինք, բարձրաձայնենք մեր դժգոհութիւնը եւ պահանջենք մեր իրաւունքը։ 

Կոչս նոյնքան է մեր ժողովուրդին, աշխարհական ժողովուրդին։ Չմոռնաք սիրելիներ։ Եկեղեցին ես եւ դուն ենք։ Սքէմաւորները սպասաւորներն են եկեղեցիին։ Եթէ անոնք մեկնելով իրենց անձնական հաշիւներէն, չեն բարձրաձայներ, ես ու դուն պիտի բարձրաձայնենք, որովհետեւ մենք ենք եկեղեցին, մեր իրաւունքն է բարձրաձայնել, որով- հետեւ ասիկա ամենամեծ ապտակն է Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ վարկին եւ կը պահանջենք մեր իրաւունքները։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Ըստ երեւոյթին ռուսական քմահաճոյքային շահերուն ամենամեծ ծառայողները Հայաստանէն ներս ռուսական խամաճիկներն են, հայախօս, հայանուն, սակայն էութեամբ հակահայ։ Եւ այդ 5րդ շարասեան մաս կազմողները, սկսած Ամենայն Հայոց հայրապետութեան Սուրբ Աթոռը բռնազաւթած Գարեգին բ.էն մինչեւ հին ռեժիմականները եւ նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի գերագոյն մարմնի ղեկավարութիւնը եւ իրենց մանկլաւիկները ինչպիսին են բագրատիկը եւ ուրիշները։ 

Ըստ երեւոյթին այս տարրերը միշտ պատրաստ են բարձրաձայն աղաղակելու, երբ խնդիրը կը վերաբերի Հայաստանի ներքին կայունութիւնը քանդելուն, ապակայունացում առաջացնելու մէջ։ Եւ այս բոլոր «սցենար»ները ինչու համար են։ Այս բոլոր «սցենար»ներու ետեւ կանգնած է ռուսական այդ մեծ երազանքը, որ աշխարհի ամէնէն կարեւոր, ամէնէն արժէքաւոր, պէտք է ըսել նոյնիսկ անգին, անշարժ գոյքի վրայ վերջնականապէս իր թաթը դնէ։ 

Եւ այդ ալ Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւային շրջան Սիւնիքն է եւ յատկապէս ի մասնաւորի Զանգեզուրը։ Եւ այս բոլոր դերակատարութիւնները, խեղկատակութիւնները կ҆ըլլան Զանգեզուրը բռնազաւթելու համար, Ռուսական կայսրութեան շահերուն ծառայեցնելու համար, թէկուզ այդ ռուսական կայսրութեան շահերու իրականացումը ծառայեն միայն Ռուսաստանի եւ ի վնաս ըլլան Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան, Հայաստանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Եւրոմիութեան եւ բազմաթիւ տարածաշրջանի այլ պետութիւններու համար։ Միասին դիտենք այս յաջորդ տեսանիւթը, ուր ելոյթ կ҆ունենայ քաղաքագէտ ՅՈՎՍԷՓ ԽՈՒՐՇՈՒԴԵԱՆը «Ֆրինիւզ» յայտագիրէն եւ շարունակենք մեր զրոյցը։ 

ՏԵՍԱՆԻՒԹ- 

«ԱԶԱՏ ԶՐՈՅՑ» ՀԱՂՈՐԴԱՇԱՐԻ ՀԵՂԻՆԱԿ՝ ԱՐԹՈՒՐ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ – Դա ի՞նչ է նշանակում, այսինքն եթէ պատկերաւոր ասենք, Ռուսաստանը Նոյեմբեր 9ի եռակողմ յայտարարութիւնը ձեռքերին եւ Սիւնիքի ճանապարհը կրծքի տակ փորձում է վերականգնել, վերաթարմացնել ռուսական հարթակը հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւնների եւ այստեղ հասնել որոշակի ար- դիւնքների էն ձեր ասած ճանապարհի մասով։ 

ՅՈՎՍԷՓ ԽՈՒՐՇՈՒԴԵԱՆ – Այո, եւ բաւականին էսպէս կոշտ յայտարարութիւններ են հնչում չէ՞ արդէն։ Կոպիտկինը ելաւ յայտարարեց, որ օր առաջ պէտք է վերսկսել եւայլն։ Դու ո՞վ ես որ որոշես օր առաջ ա վերսկսելու, ինչ հրամաններ ես տալիս, յանձնարարականներ ես տալիս։ Այնպէս որ… 

ԱՐԹՈՒՐ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ – Լավրովն էլ ասում է եթէ Ատրպէյճանի հետ էք ուզում բանակցէք երկկողմ, ի սէր Աստուծոյ, գնացէք, բանակցէք։ 

ՅՈՎՍԷՓ ԽՈՒՐՇՈՒԴԵԱՆ – Զախարովան ասում է պէտք է վերադառնայ ՀԱՊԿ Հայաստանը։ Ասենք էս թոնը, էս կոպտութիւնը ցոյց է տալիս, որ իրենց վերջին յոյսը մնացել է Հայաստանի իշխանութիւնների վախը չափելը, հա՞, վախացնելը, ահաբեկելը եւ էդ ճնշում գործադրելը, որտեւ այլ ճնշման լծակներ չունեն։ Ատրպէյճանին փորձեցին «էսքալացիա»յի մղել։ Չգնաց դրան։ 

ԱՐԹՈՒՐ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ – Չգնաց, բայց դիւանագիտական, քաղաքական յայտարարութիւններով էդ ճնշու- մը կարծես թէ լինում է։ Մի կողմից ստորագրում են կա- նոնակարգը, սահմանազատող յանձնաժողովների, միւս կողմից սկսում են մեղադրանքները՝ «ագրեսոր» պետութիւն, միւս կողմից չգիտեմ, եթէ կանոնակարգը կայ, եւրամիութեան դիտորդներին հանէք, սահմանադրութիւնը փոխէք, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը լուծարենք, եւայլն, եւայլն։ 

ՅՈՎՍԷՓ ԽՈՒՐՇՈՒԴԵԱՆ – Դէ եկէք հասկանանք ո՞ւմ է դա ուղղուած։ Միջազգային հանրութեանը դա ուղղուած լինել չի կարող։ Որտեւ միջազգային հանրութիւնը՝ արեւմուտքը անլուրջ է ընդունում նման յայտարարութիւնները։ 

Որեւէ սահմանային միջադէպերի մասին յայտարարութիւն ատրպէյճանական բանակի կողմից պարզ է որ գիտեն եւրոդիտորդները եւ դրա համար էլ ուզում են իրենց հանեն ատրպէյճանցիները, որ էդպիսի բան չկայ եւ եւրոդիտորդները փոխանցում են այդ «ինֆորմացիա»ն, որ Հայաստանի կողմից որեւէ խախտում չի եղել։ Էդ նշանակում է որ դա ուղղուած է ո՞ւմ։ 

Ռուսաստանին։ Որ էն ճնշումը Ռուսաստանի կողմից, որ մենք պայմանաւորուել էինք, որ դու պէտք է, կոպիտ ասած, լինես իմ գործիքը Հայաստանի դէմ, որի դիմաց ես քեզ տուեցի Արցախը եւ հայաթափեցի, դու չես կատարում։ Հիմա Ալիեւն էլ ասում է դէ ինչքան կարողանում եմ, էդքան եմ կատարում։ Հիմա չեմ կարող յարձակուեմ, որտեւ դիտորդներ են կանգնած։ Արի միասին ընենց անենք, որ դիտորդները գնան։ Եւ միասին ձէն – ձէնի տուած, Ռուսաստանը ասում է «շփիոնաժ»ով են զբաղւում, հանէք, իրենք ասում են կանոնակարգ ենք ստորագրել, հանէք։ Հա բայց դա լուրջ չի։ 

ԱՐԹՈՒՐ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ – Այսինքն էս ամէն ինչի հիմքում էլի գալիս յանգում ենք ռուս-ատրպէյճանական պա- հանջին Սիւնիքի ճանապարհի մասով։ 

ՅՈՎՍԷՓ ԽՈՒՐՇՈՒԴԵԱՆ – Այո, միանշանակ։ Եւ պատահական չի, որ էդ 9րդ կէտը չգիտես ինչի էն 8 կէտերը մոռացած անընդհատ էդ 9րդ կէտն են ասում։ Այսինքն ինչքան պէտք է պնդերես լինի մի ղեկավար, որը որ նախորդ կէտերում իր չկատարած պարտաւորութիւնների վրայ ասի աշխարհ աչք փակէք, Հայաստան աչք փակի, բոլորս աչք փակենք, բայց այ 9րդ կէտը, որը գրած էլ չի ընդեղ ոչ մի միջանցքի մասին, այլ ընդամէնը գրած է, որ Ֆէ.Էս.Պէ.ն (Ծանօթ. Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան վարչութիւն) պէտք է որոշակի ներկայութիւն ունենայ։ 

Հա, նախկինում Հայաստանի իշխանութիւնները ասում էին հա խնդիր չկայ, թող ձեր Ֆէ.Էս.Պէ.- շնիկը «թրանսփորթային» միջոցները ուղեկցի։ Այսինքն կողքից թող մեքենայով գնայ, կամ ասենք գնացք ա, նստի մէջը գնայ, որ արձանագրեն որ ոչ մի ոտնձգութիւն տեղի բնակչութեան կողմից չկայ։ Բայց հիմա երբ որ բոլոր նախորդ կէտերը խախտուել են, նոյնիսկ դա կարող է չանել Հայաստանը։ Ասի՝ գնացէք գրողի ծոցը։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.- «Ֆրինիւզ»ի հեռուստայայտագրի զրուցավար Արթուր Կիրակոսեանի հետ հայրենի քաղաքագէտ ՅՈՎՍԷՓ ԽՈՒՐՇՈՒԴԵԱՆի խօսքը ունկնդրե- ցինք եւ պէտք է աչալուրջ կերպով հետեւինք, որովհետեւ այս բոլոր զարգացումներու մէջ Քրէմլի հիմնական նպատակը խառնափնթոր կացութիւն ստեղծելն է, ջուրերը պղտորել է, որպէսզի ինքը կարողանայ պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ եւ այդ ներքին ապակայունացման ծայրագոյն դէպքին ապօրինի կերպով տիրանայ Զանգեզուրի տարածաշրջանին։ Նոյն զրոյցի մէկ այլ հատուած մը, կենսական է որ դիտենք միասին յաջորդ տեսանիւթը եւ շարունակենք մեր զրոյցը։ 

ՏԵՍԱՆԻՒԹ.- 

ԱՐԹՈՒՐ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ – Հրապարակումներ եղան եւ թէ դիւանագիտական յայտարարութեան մէջ խօսւում է որ Իրանի համար անընդունելի է աշխարհաքաղաքական էդ փոփոխութիւնը, սահմանների փոփոխութիւնը եւ այլն, յօդուածում արդէն առանց դիւանագիտական լեզուի, կոնկրետ բաց թեքսթով ասւում է, որ միջանցք չի լինելու։ Ի՞նչ դիտարկումներ ունէք։ 

ՅՈՎՍԷՓ ԽՈՒՐՇՈՒԴԵԱՆ – Տեսէք։ Իրանի մտահո- գութիւնները աւելի էսպէս քօղարկուած ընդհանուր բառապաշարով արտայայտեցին բարձրաստիճան պաշտօնեաները, որոնք որ հանդիպեցին Ռուսաստանի դեսպանի հետ, եւ որտեղ ասւում է որ Իրանը չի ընդունի որեւէ սահմանների փոփոխութիւն տարածաշրջանում։ Եւ աւելի մանրամասն թարգմանած տեղադրուեց, հանրամատչելի տեղադրուեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան յեղափոխութեան պահապանների կորպուսի թելեկրամեան ալիքում։ 

ԱՐԹՈՒՐ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ – Մինչ այդ, գործակալու- թիւնն էլ յօդուած էր տպագրել։ 

ՅՈՎՍԷՓ ԽՈՒՐՇՈՒԴԵԱՆ – Հիմա բայց էս վերջին հրապարակումը ընդհանրապէս շատ բան է բա- ցայայտում։ Ի՞նչ է սա։ Նախ Իսլամական յեղափոխութեան պահապանների կորպուսը համարւում է ամենահակաարեւմտեան եւ ինչ որ իմաստով՝ փրո ռուսական ուժը։ Եւ երբ որ ինքն է հրապարակում նախկին մի «մէճլիս»ի՝ իրենց այսինքն փառլամենթի անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի մի պատգամաւորի խօսքը այն մասին, որ իրենք արդէն մի սխալ գործել են, երբ որ օգնել են Ռուսաստանին Ուքրաինայի դէմ պատերազմում զէնքով եւայլն։ 

ԱՐԹՈՒՐ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ – Իրենց շահերի հաշուին։ 

ՅՈՎՍԷՓ ԽՈՒՐՇՈՒԴԵԱՆ – Այո։ Միջուկային գոր- ծարքի շահերի հաշուին եւ միջուկային գործարքից բխող իրենց օգուտների հաշուին։ Հիմա էդ նախորդ իշխանութիւնները որ արել են՝ զոհուած նախագահի վարչակարգը իրենք նկատի ունեն, նոր իշխանութիւնները նման սխալ պէտք է թոյլ չտան։ 

Ինքը դա է ասում։ 

Ինչի՞։ Որովհետեւ ասում է հիմա մենք տեղեակ ենք որ Ռուսաստանը դաւադրութիւն է կազմակերպում (բառացի խօսքերն են՝ դաւադրութիւն է կազմակերպում) հայ-իրանական սահմանը վերացնելու համար զանգեզուրեան միջանցքի անուան տակ։ 

Այսինքն իրանք ասում են որ դուք մեզ ասում էք որ այդտեղ միջանցք չի լինելու, ընդամէնը ճանապարհ, եւայլն, եւայլն, մենք լաւ գի- տենք որ դուք էդտեղ միջանցք էք ուզում անէք եւ էդ միջանցքի անուան տակ ուզում էք մեզ զրկէք Հայաստանի հետ կապից։ Եւ դա մենք թոյլ չենք տալու։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Հետաքրքրական է իմանալ թէ արդեօք բագրատիկը այս մասին ի՞նչ կը մտածէ։ Երբ որ ինքը մեղսակից կը դառնայ եւ իր հետը անշուշտ 5րդ շարասեան բոլոր այդ ճամբարը, արդեօք իրենք ի՞նչ ըսելիք ունին, երբ Ռուսաստանը Ատրպէյճանի ձեռքով կը փորձէ Հայաստանը կտրել Իրանէն եւ ընդհանրապէս Իրանն ալ ենթարկել իրեն։ 

Եւ ըստ երեւոյթին այստեղ պատմական զարգացում մը կայ յօգուտ Հայաստանի, եթէ անշուշտ Հայաստանի ղեկավարութիւնը եւ քաղաքացիները կարողանան այս պատմական առիթէն օգտուին, որպէսզի Հայաստանի դիրքերը առաւել զօրացնեն եւ իրենց հիմնական նպատակներէն ոչ մէկ կէտ չզիջին եւ չշեղուին։ 

Հիմնական նպատակը, իմ կարծիքով, եւ բարեբախտաբար բազմաթիւ հայերու կարծիքով, Հայաստանի «եւրոինթեկրացում»ն է։ Հայաստանի «եւրոինթեկրացում»ը այնքան կենսական է ինչքան որ ջուրը ձուկին համար։ Եւ այս պարագային որեւէ ժողովրդավար համակարգէ ներս այսպիսի ճակա- տագրական որոշում չպէտք է կայացուի օրուան իշխանութեան կողմէ, կապ չունի թէ որ կուսակցութիւնը կը ներկայացուի, այլ քաղաքացին է որ պէտք է որոշէ եւ այսպիսի ճակատագրական որոշում ընդունողը պէտք է ըլլայ քաղաքացին հանրաքուէի ճանապարհով։ 

Բարձր եւ խիստ գնահատելի է այն նախաձեռնութիւնը, որ Հայաստանի մէջ արտախորհրդարանական առողջ ուժերը, ժողովրդավարական առողջ ուժերը համախմբուած են եւ «եւրոինթեկրացման» համար առաջադրանք առաջ կը քշեն հանրաքուէի։ Եւ ինչպէս որ տեղեկացանք, 2 օր առաջ այդ կանանչ լոյսը կամ ազգանշանը տրուեցաւ, երբ ստորագրահաւաք սկսաւ ամբողջ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին, որպէսզի յաջորդ երկու շաբաթուայ կամ 40 օրուայ ընթացքին առնուազն 50 հազար քաղաքացիներու ստորագրութիւնը հաւաքելու «եւրոինթեկրացման» վերաբերեալ հանրաքուէի առթիւ։ 

Եւ շատ ուրախալի է որ կազմակերպիչները կը պնդեն որ նոյնիսկ եթէ յաջորդ տասը օրուայ կամ երկու շաբթուայ ընթացքին 50 հազար, որ նուա- զագոյն թուաքանակն է որ կը պահանջուի, նոյնիսկ եթէ իրականացնեն այդ նուազագոյն 50 հազար ստորագրութիւնը, Հայաստանի ընտրող քաղաքացիներու կողմէ, կանգ պիտի չառնեն։ 

Եւ լաւ կ҆ըլլայ որ մինչեւ 100 հազարի հասցնեն, եթէ կարողանան մինչեւ 150, 200 հազարի հասցնեն։ Եւ այս առթիւ ես իրազեկուեցայ YouTube-ի վրայ հարցախոյզի մը արդիւնքներուն, երբ ընդամէնը 5 ժամուայ ընթացքին 7200 ընտրողներ իրենց կարծիքը յայտնած են «եւրոինթեկրացման» կողմ ըլլալու կամ հակառակ ըլլալու կամ չէզօք ըլլալու մասին։ 

Պէտք է ըսել որ շատ քաջալերական է եւ առողջ է այն արդիւնքը, որ կ҆արտացոլացուի այդ հարցախոյզի միջոցաւ երբ 87 առ հարիւրը կողմ քուէարկած էին «եւրոինթեկրման» առաջին 5 ժամուայ ընթացքին։ Եւ այդ աշխատանքը պէտք է ամէն կերպ շարունակուի եւ Հայաստանը պէտք չէ սպասէ վաղուան։ 

Այո, զգոյշ քաղաքականութիւնը լաւ բան է, բայց չափէն աւելի զգուշու- թիւնը վնաս կը բերէ։ Հայաստանը պէտք է ամէն կերպ յատկապէս 2րդ եւ 3րդ նախագահներու օրօք ապօրինի իւրացումները բոլորն ալ չեղարկէ եւ բռնագանձման օրէնքին ենթարկէ եւ յատկապէս ապօրինի իւրացումներու ճանապարհով ապօրինի իւրացում իրականացնող «կոռումփացուած» պետական աշխատողները, «պիւրոքրասիա»յի անդամները կամ ղեկավարները, որ վերցուցած են, իրենց սեփականութիւնը հռչակած են ապօրինի ճանապարհներով եւ փոխանցած են այնպիսի ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող «օպյէքթ»ներ, փոխանցած են Ռուսաստանին կամ ռուսական ընկերութիւններուն, որոնք ներկայացուցիչն են Ռուսական Ֆետերացիային։ 

Այդ ապօրինի իւրացումները, որոնք ոչ արդար ճանապարհներով իրականացուած են, պէտք է բոլորն ալ չեղարկուին, եւ յատկապէս արագընթաց կերպով ռազմավարական, ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող «օպյէքթ»ները, ինչպիսին են Իրանէն դէպի Հայաստան եւ դէպի Եւրոպա հոսող նաւթամուղը, կազային խողովակները եւ նաեւ Հայաստանի երկաթուղին, ի շարս այլ կարեւոր «օպյէքթ»ներու։ 

Իսկ թէ ի՞նչ կը վերաբերի ռուսաց պատրիարքի Ատրպէյճանի կողմէ եւ Ռուսաստանի միջոցաւ կատարուող զեղծարարութեան, Ազրպէյճանի հանդէպ ռուսական զօրակցութեան, պէտք է ըսել, որ քիչ առաջ պարոն Մխի- թարեանը մատնանշեց այն քար լռութիւնը Մայր Աթոռի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, պէտք է ըսել, որ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ շրջանակներէն ներս, Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Ազգային Առաջնորդարանը, ի տարբերութիւն միւս առաջնորդարաններուն, առաջինն է որ ահազանգ հնչեցուց Հինգշաբթի օրը, երկու օր առաջ եւ ատիկա բարձր գնահատելի է։ Ի՞նչ կ҆ըսէք այդ մասին պարոն Մխիթարեան։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ.- Պարոն Չափարեան, գնահատելի է Անուշաւան արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի յայտարարութիւնը։ Բայց մէկ ծաղիկով գարուն չի գար։ Գնահատելի է, բայց մենք աւելին կը պահանջենք։ Հազարներով եկեղեցականներ կան։ Բոլոր չորս նուիրապետական աթոռներուն մէջ։ Բոլորն ալ պարտաւոր են։ Մայր եկեղեցին վարկաբեկուած է։ Մեր առաքելականութեան հիմերը խախտուած են։ Բոլորս ալ ոտքի պիտի ելլենք եւ պահանջենք մեր արդար իրաւունքը։ Սիրելիներ, լռութիւնը ոսկի չէ այս պարագային։ 

Ընդհակառակը՝ լռութիւնը մեր ձախողութեան նշանն է։ Հետեւաբար, ոտքի կանգնեցէք

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *