Լոյս Տեսաւ «Բարոյագիտութիւն – Փիլիսոփայական Ակնարկ» Աշխատութիւնը

Posted on October. 28. 2022

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ դոկտոր Սարգիս Քէհեայեանին «Բարոյագիտութիւն – փիլիսոփայական ակնարկ» աշխատութիւնըվերստուգուած եւ ընդարձակուած հրատարակութեամբ, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի մեկենասութեամբ: Հաստափոր հատորը (շուրջ 630 էջ) կը բաղկանայ 10 մասերէ, որոնք կ՛անդրադառնան բարոյագիտութեան պատմութեան նախասոկրատեան շրջանէն մինչեւ Ժ. դար, մետա-բարոյագիտութեան, բարոյագիտութեան տեսութիւններու եւ քննադատութիւններու, կիրառական բարոյագիտութեան, արեւելեան
կրօնափիլիսոփայութեան բարոյագիտութեան` Հնդկաստան, Չինաստան, Ճափոն, Պարսկաստան, եւ բարոյագիտութեան հիմնական հասկացողութիւններու: Աշխատութիւնը կը պարունակէ նաեւ կրճատումներու, մատենագիտական, անուններու եւ բառերու ցանկեր:
Հատորէն ձեռք ձգելու համար կրնաք դիմել կաթողիկոսարանի գրախանութը եւ կամ այցելել գրախանութին կայքէջը www.ciliciabookstore.com:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *