Վենետիկի յանձնաժողովը լիագումար նիստի ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի Սահմանադրական դատարա-նին վերաբերող վերջին զար-գացումներուն եւ Սահմանա-դրական դատարանի գործող անդամներուն վերաբերեալ հրապարակային յայտարարու-թիւններուն: «Արմէնփրես»-ը այս մասին տեղեկացաւ նիստի արձանագրութենէն:
«Յանձնաժողովը տեղեկացած է Հայաստանի մէջ Սահմանադրական դատարանին շուրջ վերջին զարգացումներուն, ներառեալ Սահմանադրական դատարանի անդամներուն վերաբերեալ հանրային յայտարարութիւնները: Յանձնաժողովը խնդրած է նախագահէն իրավիճակին հետեւիլ մօտէն` անհրաժեշտութեան պարագային յայտարարութիւն կատարելու համար: Հայաստանի դատական օրէնսգիրքին վերաբերեալ հրատապ կարծիք պիտի պատրաստուի, որ պէտք է ուղարկուի համապատասխան մարմիններուն մինչեւ հոկտեմբեր տեղի ունենալիք լիագումար նիստը», նշուած է նիստի արձանագրութեան մէջ:
