Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը եւ երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դատական հայց ներկայացուցած են քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Ուրֆայէն նախկին երեսփոխան Օսման Պայտեմիրի դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Պիրկիւն» կայքը:
Բացուած դատին պատճառը Օսման Պայտեմիրիբրիտանական «Պի. Պի. Սի.» կեդրոնական գրասենեակի շէնքին առջեւ տուած հարցազրոյցին ընթացքին տեղ գտած արտայայտութիւններն են: «Թուրքիոյ պետութիւնը այս պահուն կ՛ոչնչացնէ քրտական քաղաքներն ու գաւառները: Հիմա կ՛ուզեմ հարցնել ո՞վ է ահաբեկիչը, ո՞վ է բռնապետը: Ո՞վ կը սպաննէ քիւրտերը: Ո՞վ կը սպաննէ մանուկներն ու կիները: Այժմ բոլորս միասին ստիպուած ենք ճնշել ֆաշականութիւնը: Այժմ բոլորս միասին ստիպուած ենք կասեցնել ցեղասպանութիւնը Ռոժավայի մէջ (Սուրիական քրտական շրջան): Եթէ չընենք ատիկա, պատմութիւնը ինքզինք պիտի կրկնէ, եւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը պիտի կրկնուի: Ստիպուած ենք տեսնել Էրտողանի ու ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ կապը: Այդ յարաբերութիւնները այսօր ալ կը շարունակուին այնպէս, ինչպէս երէկ էին», ըսած է Օսման Պայտեմիր:
Դատական հայցին մէջ նշուած է, որ Պայտեմիրի խօսքերուն մէջ առկայ են Էրտողանը մեղադրող ու վիրաւորող, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը հրապարակաւ ստորացնող խօսքեր, եւ պատիժ կը պահանջէ Պայտեմիրի դէմ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *