Պրաթիսլաւայի մէջ ԵԱՀԿ-ի նախարարական 26-րդ համաժողովի աշխատանքներուն մասնակցող արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 6 դեկտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպական եւ Եւրասիական հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Ռիկերի հետ:
Անդրադարձ կատարելով երկկողմանի համագործակցութեան ընդարձակ օրակարգինԶոհրապ Մնացականեան եւ Ֆիլիփ Ռիկեր միտքեր փոխանակեցին հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան շրջագիծին մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին եւ ձեռնարկուելիք յառաջիկայ քայլերուն մասին: Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող բարեփոխումներու ծիրին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը բարձր գնահատեց ամերիկեան կողմի շարունակական աջակցութիւնը շարք մը ծրագիրներու եւ նախաձեռ-նութիւններու: Ժողովականները միտքեր փոխանակեցին ԵԱՀԿ-ի նախարարական համա-ժողովի օրակարգային հարցերու շուրջ: Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ միջազգային եւ շրջանային օրակարգի շարք մը հարցերու: Նախարար Զոհրապ Մնացականեան եւ Ֆիլիփ Ռիկեր կարծիքներ փոխանակեցին Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ 4 դեկտեմբերին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին եւ անկէ ետք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներու յայտա-րարութեան շուրջ: Այդ ծիրին մէջ զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին խաղաղութեան նպաստաւոր միջավայրի ձեւաւորումը զինադադարի դրութեան պահպանման եւ ամրապնդման, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներու խաղաղութեան նախապատրաստման վերաբերեալ ձեռք բերուած պայմանաւորուա-ծութիւններու իրականացման միջոցով:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *