ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի

Ամերիկահայութիւնը եւ ընդհանրապէս‘ սփիւռքա-հայերը բախտաւոր պէտք է զգան որ ազատ աշխարհի մէջ կþապրին եւ կը կենսագործեն։
Ճիշտ է, որ Հայաստանն ու Արցախը արդեն թեւակոխած են անկախութեան երրորդ տասըն-ամեակը եւ որոշ չափով քաղաքականօրէն՝ քաղաքացիական հասարակութեան համար յառաջդիմութիւն իրականացուցած են, սակայն հայրենի հասարակութիւնը պէտք եղած քայլերու չէ դիմած պաշտպանելու համար իր ժողովրդա-վարական իրաւունքները Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ։ Եւ ճիշտ այդ պատճառով է, որ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը զրկուած է Հայ Եկեղեցիէն ներս՝ իր տարրական իրաւունքներէն։
Փաստ է որ պետութեան եւ եկեղեցւոյ միջեւ բաժանման պատ կայ։ Սակայն, այստեղ խօսքը չի վերաբերիր քաղաքացիներու իրաւունքներու ստեղծման այլ պաշտպանութեան որովհետեւ հայ քաղաքացիներու մարդկային իրաւունքներու ոտնահարում կայ ներկայի քաղաքացի-եկեղեցի յարաբերութիւններու մէջ։ Ինչու՞ Հայստանի քաղաքացին Հայ Եկեղեցիէն ներս կը շարունակէ իրաւունքներէ զրկուած մնալ մինչ սփիւռքահայ իր եղբայրներն ու քոյրերը ունին լիակատար իրաւունքներ Հայ Եկեղեցին կառավարելու, ժողովրդավարութեան ճամբով։
Անցեալ շաբաթ, «Հայ Կեանք»ի հետ հեռուստային զրոյցի մը ըթացքին, յայտնի հրապարակախօս, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ կանոնադրութեան մասնագէտ՝ պր. Ոսկան Մխիթարեան նշեց թէ Հայաստանի եւ նախկին սովետի երկիրներու մէջ բնակող հայերու եկեղեցական կեանքը մինչեւ այսօր կը տնօրինուի «պոլոժենիաով» որ Հայ Եկեղեցին ժողովրդավար համակարգէ հեռու կը պահէ։
Ըստ պր. Մխիթարեանի, «Պոլոժենիան» այն կանոնադրութիւնն է, որ «ցարական շրջանին մեզի պարտադրուեցաւ։ Տակաւին անոր ցաւերը կը քաշենք, որովհետեւ, ասկէ առաջ յայտարարած ենք եւ այդ մասին գրած ենք, որ 1945ի Ազգային Ընդհանուր Եկեղեցական Ժողովէն ետքը ուրիշ ժողով մը նոր կանոնադրութիւնը չվաւերացուց։ Եղան ժողովներ, եւ կաթողիկոսական ընտրութիւններ, բայց նոր ազգային եկեղեցական կանոնադրութ-իւն մը չվաւերացուեցաւ: Եղան խմբագրութիւն-ներ, ինչպէս ակնարկեցինք նախորդ ելոյթներուն. Ներսոյեան Սրբազանը խմբագրած ունի, Արիս Շիրվանեան Սրբազանը եւ Վաչէ Յովսէփեան Սրբազանը միասնաբար խնբագրեցին։ Բայց այս բոլոր խմբագրութիւնները որեւէ ատեն Ազգային Ընդհանուր Եկեղեցական Ժողովի կողմէ վաւերացում չգտան:
Բարեբախտաբար սփիւռքի մէջ, արդեն երկար ժամանակէ ի վեր, պարագան շատ աւելի յուսադրիչ եղած է։


Գիտէ՞ք սիրելի ընթերցողներ, եթէ իսկապէս մօտէն ծանօթանաք ազատ աշխարհի մէջ գործող Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ ժողովրդա-վարական համակարգին, այն ժամանակ աւելի հպարտ կը զգաք որ հայ եկեղեցին քրիստոնեայ աշխարհի միակ եկեղեցական կարոյցն է որ մեծաւ մասամբ կը կառավարուի աշխարհականներու միջոցով եւ անոնց քուէներով։ Անշուշտ հոգեւոր առաքելութիւնը վստահելով հոգեւորականներու։
Պր. Մխիթարեան ընդգծեց. «Մեր եկեղեցւոյ մէջ, մեր բոլոր Նուիրապետական Աթոռներու մէջն ալ, քուէներու մեծագոյն իրաւունքը եկեղեցականներունը չէ, աշխարհականներունն է: Կաթողիկոսն ալ աշխարհականները կþընտրեն՝ եկեղեցականներու շատ փոքր մասնակցութեամբ: Հետեւաբար, Սփիւռքի բոլոր տարածքին Ազգային Սահմանադրութիւնը շատ աւելի մեծ տեղ գտած է, քան «պոլոժենիան», որ տակաւին ձեւով մը բանտարկուած է սովետական նախկին շրջանին մէջը»:
Բացի Նախկին Սովետի տարածքաշրջանէն եւ Հայաստանէն, Սփիւռքի մէջ գրեթէ բոլոր ժողովրդավար երկիրներու մէջ Հայ Եկեղեցին ընդունուած է որպէս անկախ միաւոր եւ անջատ՝ տեղւոյն պետութենէն։ Ան ինքնակառավարման իրաւունք ու լիազօրութիւն ունի։ Իւրաքանչիւր հայու համար սա իսկապէս մեծ օրհնութիւն եւ հոգեւոր ուժի աղբիւր է։
Բացառութեամբ Թուրքիոյ՝ Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Հարաւային Ամերիկայի, Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի եւ Աւստրալիոյ մէջ գործող բոլոր հայ առաքելական եկեղեցիները չեն ենթարկուիր տեղւոյն պետական հսկողութեան։ Այլ անոնք կþենթարկուին եկեղեցւոյ անդամ՝ աշխահա-կաններուն։
Պետութիւնը չի խառնուիր եկեղեցւոյ ներքին գործերուն։ Սակայն երբ պետութեան մը քաղաքացին բարոյական, ֆիզիքական կամ ֆինանսական չարաշահման զոհ կը դառնայ եկեղեցւոյ որեւէ ղեկավարի մը կողմէ, այն ժամանակ պետութիւնը յառաջ կուգայ եւ իր քաղաքացիին կը պաշտպանէ։
Ինչպէս ձեզմէ շատերը տեղեակ են, վերջին տարիներուն, երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորներ մանկապղծութեան հանցանքի մէջ բռնուեցան, ամերիկեան պետութիւնը կացութեան տէր դարձաւ եւ պաշտպանեց իր քաղաքացիներուն որոնք զոհ գացած էին այդպիսի բարոյազրկիչ արարքներու։
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու ամերիկահայ համայնքէն ներս, մի քանի տարի առաջ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի արք. Յովնան Տէրտէրեան եւ կցորդներ՝ Մանուկ քհն. Մարգարյան, զաւակը՝ թեմական վարիչ տնօրէն՝ Յարութ Մարգարյան եւ լուռ մեղսակցութեամբը Թեմական Խորհուրդի մաս կազմող աշխարհականներ՝ Ժոզէֆ Կանիմեանի, Տիկ. Ատրիէն Գրիգորեանի եւ ուրիշներու, փորձեցին կողոպտել մեծ բարերարներու։
Սակայն ամերիկեան դատարանները պատիժի եւ տուքանքի ենթարկեցին Արեւմտեան Թեմին, արք. Տէրտէրեանի եւ անոր կլանակիցներ՝ Մարգարյան քահանայի, եւ թեմական վարիչ տնօրէն՝ Յարութ Մարգարյանի, անմեղ բարերարներու դէմ կողոպուտի եւ չարաշահումներուն պատճառով։
Այս բոլորը կապ ունին ընդհանուր մտայնութեան մը հետ, միջազգային օղակի մը հետ որ կը միտի կողոպտել ե՛ւ հայրենի ժողովուրդին ե՛ւ սփիւռքին։
Հայ Եկեղեցին փլուզման տանող խայտառակութիւններու այս երկար շարքը սկսաւ այն օրէն երբ բարոյազուրկ կլանակիցներ՝ արք. Տէրտէրեան, Գարեգին Բ, Մոսկուայի Եզրասը եւ իրենց կցորդները Հայ Եկեղեցին ներսէ՛ն գրաւեցին եւ սկսան խախտել Հայ Եկեղեցւոյ կանոնադրութեան օրէնքները։ Անոնք նաեւ կեղծեցին ընտրութիւնները ապականելով ամբողջ համակարգ մը։ Ինչպէս արեւելահայերը կþըսէն, հայ եկեղեցին «շարքից դուրս բերին» իրենց անձնական շահերուն համար։
Նորաստեղծ «մաֆիան» գլխա-ւորութեամբ՝ արք. Տէրտէրեանի, Գարեգին Բ-ի եւ Մոսկուայի Եզ-րասին, խարդախութեան ճամբով ամբողջ «խունթա» մը իր հետ բերաւ եկեղեցական իշխանութեան գլուխ։ Այդ «խունթան» բաղկացած է կեղծ հոգեւորականներէն եւ կամազուրկ ու օրինախախտ ծխական աշխարհականներէ։
«Հայ Կեանք»ի բազմաթիւ ընթերցողներ յստակօրէն կը յիշեն 1999ի Հոկտեմբերի 27ի սպանդը Հայաստանի պետական ընտրանիին դէմ եւ նոյն օրուայ կեղծուած եւ կաշառքով գնուած կաթողիկոսական ընտրութիւնները երբ այդ ժամանակուայ ՀԲԸՄ-ի «օլիգարխ» մէնատէր Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն որ գլխաւոր զինակիցն էր ՀԲԸՄ-ի հիմակուայ մէնատէր՝ Պերճ Սեդրակեանի, աւելի քան 20 միլիոն տոլարի կաշառք խոստացաւ Հայաստանի այդ օրուայ իշխանութիւններուն եւ մասնաւորապէս՝ օրուան Վարչապետ Վազգէն Սարգսեանին, ապահովելու համար Գարեգին Ներսէսեանի ընտրութիւնը որպէս յաջորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ «Ընտրուելէ» ետք ան կոչուեցաւ Գարեգին Բ։
Հոկ. 27ի օրուայ այդ պահին որ զեղծուած կաթողիկոսական ընտրութիւնները աւարտած էին եւ այսպէս կոչուած «նորընտիր» կաթողիկոս Գարեգին Բ իր «ընդունման» ճառը կþըսէր, հանկարծ Վարչապետ Սարգսեանի սպանութեան լուռը Էջմիածին հասաւ Հայաստանի Խորհրդարանէն։ Փոքրիկ թուղթի մը վրայ գրուած այդ լուրը ըստ երեւոյթին հրճուանք պատճառեց Գարեգին Բ-ին եւ իր կլանակիցներուն որով ան ստիպուած պիտի չըլլար փոխանցելու քսան միլիոն տոլարը՝ մահացած վարչապետին։ Այդ ժամանակուայ Գանատայի թեմական առաջնորդ Յովնան Տէրտէրեան այդ փոքրիկ թուղթը «Ձեզի մեզի Մեծ Աւետիս»ի անյայտ ցնծութեամբ – որպէս՝ «Ձեզի մեզի համար մեծապէս ուրախալի լուր» այդ թղթիկը հաբուրեց եւ ապա ներկայացուց Գարեգին Բ-ին ընդհատելով վերջինիս ճառախօսութիւնը (Դիտել «Վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի Մահը եւ Գարեգին Բ Կաթողիկոսի Քէֆը» տեսաերիզը հետեւեալ կապով. https://youtu.be/pe0ruyPFjrQ
1999-ի այդ տխրահռչակ օրերէն մինչեւ այսօր 2019, ամբողջ 20 տարիներ, այդ վատահամբաւ «խունթան» կայացաւ եւ այդ կլանի անդամները, Հայ Եկեղեցին գրեթէ ամենուրեք, հասցուցին անդունդի եզրին։
Այդ է գլխաւոր պատճառը, որ բազմաթիւ սրտցաւ եւ մտահոգ հայրենակիցներու մտքին մէջ, կասկած չի կայ, որ Գարեգին Բ-ի հետ Արեւմտեան Թեմի արք. Տէրտէրեան եւ իր կցորդներ՝ Մանուկ քհն. Մարգարյան, թեմական վարիչ տնօրէն՝ Յարութ Մարգարյան, Ժոզէֆ Կանիմեան, Տիկ. Ատրիէն Գրիգորեան պէտք է բոլորն ալ պաշտօնազրկուին։
Իսկ հիմա, արք. Տէրտէրեան եւ Գարեգին Բ ի՞նչ կը փոձեն ընել Սփիւռքին։
Պր. Մխիթարեան յստակօրէն կը բնուդագրէ եղելութիւնը. «Վազգէն Ա երջանկայիշատակ Կաթողիկոսի ժամանակ, 1955էն սկսած մինչեւ իր մահը, որեւէ նմանօրինակ հարցեր չէին ծագած Սփիւռքի մէջ: Գարեգին Բ կաթողիկոսի աթոռին բազմելէն ետքը տենչանք մը կայ տիրելու Սփիւռքին: Ատիկա շեշտակի կերպով կը տեսնենք»:
Լաւ լուրը այն է, որ Հայ Եկեղեցւոյ ժողովրդավար համակարգը բաւական հնարաւորութիւններ կուտայ ձեռբազատուելու այս եկեղեցական «օլիգարխներէն» եւ բազմաթիւ անդամներ արթնցած են եւ իրենց իրաւունքները գործադրելու մտադիր են։ Ճիշտ անոր համար է որ այս մէնատէրերը չեն ուզեր որ Դուք տեղեկանաք Ձեր իրաւունքներու մասին։
Սփիւռքի մէջ տիրող համակարգին համաձայն, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ իսկական կառավարիչը հայ ժողովուրդն է եւ հոգեւորականները սպասաւորներ կամ պաշտօնեայներ են միայն։
Աւելի յստակօրէն ըսելով՝ բոլոր հոգեւորականները, ներառեալ՝ եկեղեցիներու հովիւները, թեմական առաջնորդները, եկեղեցւոյ՝ այսինքն հաւատացեալ ժողովուրդին պաշտօնեաներն են։
Հայ եկեղեցին կերտուած է եւ կանգուն կը մնայ հայ եկեղեցւոյ անդամ՝ ծխականներու շնորհիւ եւ հետեւաբար, հայ եկեղեցւոյ տէրն ու տիրականը հայ ժողովուրդն է – «այսինքն ծխականներու համախմբումն է», կþըսէ պր. Մխիթարեան ու ան կþընդգծէ. «Ամերիկացին շատ հետաքրքրական խօսք մը ունի, որ շատ հաճախ լսած եմ եւ կը սիրեմ. ՛՛Fight for your right!՛՛ («Պայքարի՛ր իրաւունքիդ համար»): Իրաւունքը ձերն է, եկեղեցին դուք էք, առանց ձեզի այդ նստարանները թափուր են, այդ քահանան ալ սնանկ է: Այնպէս որ, պիտի գաք եւ գրաւէք ձեր եկեղեցին: Շատ պարզ է»:
Ըստ Հայ Եկեղեցւոյ կանոնադրութեան՝ եթէ եկեղեցական ծուխ մը քուէներու մեծամասնութեամբ ուզէ պաշտօնազուրկ ընել իրենց եկեղեցւոյ հովիւը, թեմական հոգեւոր առաջնորդը չի կրնար անոնց որոշումը բեկանել։ Անոր կը մնայ միայն յարգել եւ ընդունիլ ժողովրդավարական ընտրութիւններով՝ քուէներու մեծամասնութեամբ կայացած որոշումը որ կþառնուի եկեղեւոյ ծուխին (գաղութին կամ համայնքին) կողմէ։
Այս բոլորին համար պր. Մխիթարեանի ըսածը դիպուկ է. «ժողովուրդը՝ որպէս տէրը իր եկեղեցիին, ինք իր ըսելիքը պէտք է ունենայ, ինք իր կամքը պէտք է պարտադրէ, որովհետեւ եկեղեցին ինքն է: Առանց ժողովուրդի եկեղեցի չի կայ»:
Արդեն որոշ ժամանակէ ի վեր ներքին խօսակցութիւններ շրջանառութեան մէջ են Արեւմտեան Թեմի շրջանակներէն ներս թէ ի՛նչ պէտք է կատարուի որ Հայ Եկեղեցին եւ Արեւմտեան Թեմը փրկուին ամբողջական փլուզման վտանգէն։
Որո՞նք են մեր ժողովուրդին յաջորդ քայլերը.
Ներքեւի առաջադրանքները խտացումն են Արեւմտեան Թեմի անդամներու եւ զօրակիցներու հետ բազմատասնեակ զրոյցներու ընթացքին արտայայտուած գաղափարներու.

  1. Ձերբազատուիլ արք. Յովնան Տէրտէրեանէն իր գործընկեր Գարեգին Բ-էն եւ անոր արիւնակից եղբօր Մոսկուայի Եզրասէն արքեպիսկոպոսէն ու անոց կրօնական եւ աշխարհական կցորդներէն։
  2. Ամերուրեք լիակատարօրէն բանեցնել Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոնադրութիւնը եւ հետեւողականօրէն ու հավերժօրէն պահպանել ժողովրդավարութիւնը եկեղեցիէն ներս։
  3. Վերականգնել անարդարօրէն կարգալոյծ, փիլոնազուրկ կամ պաշտօնազուրկ եղած բոլոր հայ հոգեւորականներու իրաւունքները որոնք կամայականօրէն հերթական զոհերը դարձած են արք. Տէրտէրեանի, Գարեգին Բ-ի, Մոսկուայի Եզրաս արքեպիսկոպոսի ու իրենց կլանակիցներու միակողմաքնի, ոչ-կանոնադրական, ապօրինի եւ վրէժխնդիր որոշումներուն։
  4. Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու (եւ ինչու՞ չէ բոլոր հայկական հասարակական կարոյցներու) ի նպաստ անդամարշաւ կազմակերպել թարմ ուժ ներարելով եւ յատկապէս երիտասարդները ընդգրկելով ազգային կեանքէ ներս։ Անցնող քսան տարինե-րուն միացեալ Նահանգներու հայկական կրօ-նական եւ հասա-րակական կա-ռոյցները զլացան Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէ գաղթած նոր սե-րունդի անդամ-ներուն, իրենց շարքերէն ներս ընդգրկելու իրենց առաքելութեան մէջ։ Այս ալ գլխա-ւոր պատճառ-ներէն մէկն է որ Միացեալ Նա-հանգներու բան-տերու մէջ ունինք աւելի քան տաս-նըութ հազար (18.000) զանազան հանցագործութիւններու պատճառով կալանաւորուած հայ բանտարկեալներ որ ամբողջ ամերիկահայութեան պատմութեան մէջ աննախընթաց եւ խիստ ամօթալի երեւոյթ մըն է։ Հարկաւոր է որ բոլոր կրօնական եւ հասարակական կարոյցները իրենց թեւերը եւ դռները լայն բացած՝ ընդունին բոլոր հայորդիներուն առանց աշխարհա-մասային խտրականութեան որպէսզի յաջորդ քսանամեակին, եւս տասնըութ հազար (18.000) հայ երիտասարդներ հանցագործութիւններու եւ բանտերու մէջ չիյնան իրենց եւ իրենց ընտանիք-ներուն կեանքը քանդելով։
    Ինչպէս Չնացիները կþըսեն, «1.500 (հազար հինգ հարիւր) քայլ պահանջող ճանապարհորդութիւն մը կը սկսի առաջին քայլով»։
    Առաջին քայլը մեր գիթին տակը՝ այսինքն տեղական մակարդակի վրայ գոյութիւն ունեցող սխալները ուղղելն է։
    Որպէս առաջին քայլ, իւրաքանչիւր թեմական շրջան, իր համար, տեղական մակարդակի սխալներու ուղղում եւ ինքնամաքրում պէտք է կատարէ։
    Օրինակի համար, թող ֆրանսահայերը իրենց թեմի հետ կապուած տեղական խնդիրները լուծելու սկսին ըստ ֆրանսահայութեան ժողովրդավարական կամքին ու որոշումին։
    Երկրորդ օրինակը. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայութիւնը որ կը հանդիսանայ սփիւռքի ամենահզօր եւ ամենաշատ ներոյժ ունեցող համայնքը, իր հովանիին տակ գոյութիւն ունեցող բոլոր կարոյցները պահէ, պահպանէ եւ վտանգուածները փլուզումէ փրկէ։
    Ինչպէս արդէն հիմա շատերու ծանօթ է, ամերիկահայութեան մօտ կան փրկութեան չորս շարժումներ.
  5. Արեւմտեան Թեմի Փրկութիւն՝ արք. Յովնան Տէրտէրեանէն եւ իր կցորդներէն
  6. Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Շրջանի եւ Ամերիկայի Հայ Դատի Արեւմտեան Շրջանի Փրկութիւն՝ կուսակցական օլիգարխներ՝ Վիգէն եւ Նօրա Յովսէփեաններէն եւ իրենց կցորդներէն
  7. Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Փրկութիւն՝ Պերճ Սեդրակեանէն եւ իր կցորդներէն
  8. ՌԱԿ-ի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Փրկութիւն՝ Էտմոն Ազատեանէն եւ իր կցորդներէն։
    Սկսելով առաջին շարժումով՝ Արեւմտեան Թեմի հովանիին տակ գործող Հայ Եկեղեցին փրկել եւ հոգէբարոյապէս բարեզարդել իսկա-կան հոգեւոր առաջնորդով ու սպասաւորներով եւ իրենց ծխական պարտականութեան գիտա-կից, ուժեղ եւ բարի կամքի տէր՝ աշխարհա-կաններով։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *