Գրեց՝ Նազար Հ. Աշճեան, Կրտսեր

Կոչ՝ ուղղուած Լոս Անճելոսի «Արարատ Տարեցներու Տան» («ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ») անկախութեան ճակատագրով մտահոգ հայ համայնքին։
«ԱՐԱՐԱՏ ՏՈՒՆ»-ը իր տարեկան անդամակացական ժողովը կը կայացնէ 2020-ի Մարտ 29-ին, կ.ե. ժամը 3:00-ին, Grand Ballroom հանդիսասրահին մէջ, 15105 Mission Hills Road, Mission Hills, CA։
Այս Յանձնախումբը կոչ կþընէ համայն հայ համայնքին մասնակցիլ անդամակցութեան ժողովին եւ «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» անդամներուն կոչ կ’ընէ «ՈՉ» քուէարկել՝ կանոնադրութեան եւ ենթաօրէնսդրութեան մէջ առաջադրուող փոփոխութեան վերաբերեալ:
Այս տարեկան ժողովին, «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» Հոգաբարձուներու Խորհուրդը առաջարկած է փոփոխել կանոնադրութիւնը եւ բաղկացուցիչ յօդուածները: Այս առաջարկի նպատակն է ջնջել քուէարկութեան մասնակիցներու ամբողջ դասը: Անդամները լիազօրութիւն ունին իրենց քուէներով հոգաբարձուներ ընտրելու, փոփոխութեան ենթարկելու կանոնադրութեան հատուածները, կազմակերպութեան կանոնադրութիւնը եւ այլ դրոյթներ:
Անդամակցութիւնն է, որ Հոգաբարձուներու Խորհուրդին վրայ կը հսկէ եւ հաւասա-րակշռութիւնը կ’ապահովէ՝ օգտագործելով իրենց (սահմանադրական-Խմբ.) քուէար-կութեան իրաւունքը: Եթէ անդամակցութեան դասակարգը ջնջուի, Հոգաբարձուները կարիք պիտի չունենան անդամներու քուէներուն: Հոգաբարձուներու Խորհուրդը ազատ կ’ըլլայ (ինքնանշանակման կարգո—խմբ.) իրենք զիրենք հոգաբարձու նշանակելու (առանց հաշուետու ըլլալու անդամակցութեան—խմբ.):
Առաջարկուող փոփոխութիւնը լիովին կը զրկէ անդամներուն, իրենց քուէարկութեան իրաւունքէն, այն ինչը որ Հոգաբարձուներու Խորհուրդին իրաւունք կուտայ գործելու ազատօրէն՝ առանց անդամներու առջեւ հաշուետւութեան կանչուելու: Ասիկա Հոգաբարձուներու Խորհուրդին թոյլ կուտայ իրենց տրամադրութեան տակ առնելու «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» բազմամիլիոնոց տոլար արժող կալուածներու հարստութիւնը՝ մինչ ամբողջապէս ջնջելով հոգաբարձուներու հաշուտւողականութեան պարտաւորութիւնը անդամներու առաջ (վերջ տալով անդամակցութեան վերահսկողութեան — խմբ.):
«ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱԿՈՒԱԾ Է ՆԵԽԵԼՈՒ («ԿՈՌՈՒՄՊԱՑՆԵԼՈՒ»), ԲԱՑԱՐՁԱԿ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԲԱՑԱՐՁԱԿՕՐԷՆ ՆԵԽԵԼՈՒ («ԿՈՌՈՒՄ-ՊԱՑՆԵԼՈՒ»)»։


Լորտ Ճան Տալպըրկ-Աքթըն, Աքթընի Առաջին Իշխանը
Մենք բոլորս գիտենք այս յայտարարութեան մասին.
Հիմա յիշենք զայն յօգուտ «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ»‘ քուէարկելով «ՈՉ», Կիրակի, 2020-ի, Մարտի 29-ին կայացուելիք անդամներու ժողովին ժամանակ:
«ԱՐԱՐԱՏ ՏՈՒՆ»-ը հայ համայնքի տարեցներուն աջակցելու գործին մէջ երկար եւ հարուստ պատմութիւն ունի: Աւելի քան 70 տարի՝ «ԱՐԱՐԱՏ ՏՈՒՆ»ը զարգացած, աճած եւ ծաղկած է հայ համայնքի աջակցութեամբ եւ միշտ պահպանած է իր անկախութիւնը որեւէ կրօնական կամ քաղաքական կազմակերպութենէն: «ԱՐԱՐԱՏ ՏՈՒՆ»-ը կայ եւ միշտ ալ պիտի ըլլայ ոչ թէ սակաւ, այլեւ բոլոր տարեցներու, յատկապէս մեր համայնքի կարիքաւոր տարեցներու Տունը:
Մենք կոչ կþընենք «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» բոլոր անդամներուն մասնակցելու տարեկան ընդ-հանուր ժողովին՝ Կիրակի, 2020-ի Մարտի 29-ին, եւ քուէարկեն «ՈՉ» առաջարկուող փոփոխու-թեան դէմ:
Հիշեցէք, որ այս ժողովին մասնակցող անդամներն են որոնք միայն կրնան քուէարկել: Եկէք եւ «ՈՉ» քուեարկեցէք որպէսզի ձեր ձայնը լսուի:
Նազար Հ. Աշճեան, Կրտսեր — Վկայուած Հանրային Հաշուգէտ
Նախագահ՝
«Արարատ Տան» Անդամներու Յանձնաժողովի, որ դէմ է կանոնադրութեան եւ ենթաօրենսդրական յօդուածներու մէջ առաջարկուող փոփոխութիւններուն
Վկայուած Հանրային Հաշուգէտ Նազար Հ. Աշճեան, Կրտսեր երկար տարիներէ ի վեր Ցմահ Անդամ եւ Լոս Անճելոսի «Արարատ Տան» Հոգաբարձուներու Խորհուրդի նախկին նախագահ ու ներկայիս՝ «Արարատ Տան» Անդամներու Յանձնաժողովի Նախագահ, որ դէմ է կանոնադրութեան եւ ենթաօրէնսդրական յօդուածներու մէջ առաջարկուող փոփոխութիւններուն:
Ամերիկահայ հետեւեալ լրատուամիջոցները եւ տպագիր մամուլի անդամները ստացած են վերեւ նշուած յայտարարութիւնը որ հրապարակուեցաւ «Արարատ Տան» Անդամներու Յանձնաժողովի Նախագահ Նազար Հ. Աշճեան, Կրտսերի կողմէ, որ դէմ է կանոնադրութեան եւ ենթաօրէնսդրական յօդուածներու մէջ առաջարկուող փոփոխութիւններուն.
Ամերիկահայ հետեւեալ լրատուամիջոցները եւ տպագիր մամուլի անդամներու ցանկը՝ ըստ այբէնական կարգի.
«Էյ.Էյ.Պի.Սի.» Հեռուստակայան — Վրէժ Աղաճանեան
AABC TV — Vrej Agajanian
«Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգում» Ամսագիր
ACR- Armenian Church Reform Magazine
«Էյ. Էմ.Ճի.Էյ.» Հեռուստակայան — Էդուարդ Գալաճեան
Armenian Media Group of America AMGA TV — EDWARD KALAJIAN
«Արմինիըն Միրրըր Սփէքթէյթըր» — «Թ.Մ.Մ.»-Ռ.Ա.Կ. Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն — Էտմոն Ազատեան
Armenian Mirror-Spectator – TCC-ADL Edmond Azadian
«Հայ Ազգային Գիտակցութեան» Հեռուստայայտագիր — Վահէ Կարապետեան
Armenian National Awareness TV — Vahe Karapetian
«Արմինիըն Օպզըրվըր» — Օշին Քէշիշեան
Armenian Observe — Oshin Keshishian
«Արմինիըն Ուիքլի» եւ «Հայրենիք» Շաբաթաթերթերը — ՀՅԴ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (Արեւելեան ԱՄՆ)
Armenian Weekly & Hairenik Weekly
«Էյ.Ար.Թի.Էն.» Հեռուստակայան — Ռոբերտ Օղլախջեան
ARTN TV — Robert Oghlakhchyan
«Ասպարէզ» (անգլերէն բաժին) — ՀՅԴ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (Արեւմտեան ԱՄՆ)
Asbarez (English Edition) — Armenian Revolutionary Federation (ARF)
«Ասպարէզ» հայերէն բաժին) — ՀՅԴ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (Արեւմտեան ԱՄՆ)
Asbarez (Armenian Edition) — Armenian Revolutionary Federation (ARF)
«Քալիֆոռնիա Քուրիեր» — Յարութ Սասունեան
California Courier — Harut Sassounian
«Կակ Ռուլ» Հեռուստայայտագիր — Ուալի Սարգիսեան
Gag Rule TV – Wally Sarkeesian
«Կռունկ» Հայկական Լրատուական Ցանց
Groong Armenia News Network
«Հորիզոն» Հայկական Հեռուստակայան — Մայք Սարեան
Horizon Armenian TV – Mike Sarian
«Հայ Կեանք» Շաբաթաթերթ — Աբօ Չափարեան
Hye Kiank Armenian Weekly — Appo Jabarian
Միջազգային Քրիստոնեայ Ընտանեկան Հեռուստացանց
International Christian Family TV Network
«Մասիս» Շաբաթաթերթ — Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն
Massis Weekly — Social Democrat Hunchakian Party
«Մոլորակ» Շաբաթաթերթ — Ռիմա Գեւորգեան
Molorak Weekly – Rima Gevorkian
«նոր Օր» Հայկական Շաբաթաթերթ — Ռ.Ա.Կ. Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն (Արեւմտեան ԱՄՆ)
Nor Or Armenian Weekly — Ramgavar Party (ADL)
«ՓանԱրմինըն» Հեռուստակայան
PanArmenian TV
«Կլոպալիստ» Ֆիլմարտադրողական Ընկերութիւն — Փիթըր Մուսուրլեան
Globalist Films — Peter Musurlian
Հայաստանի Հանրային Հեռուստաընկերութիւն — Լիլիթ Սեդրակեան
Public TV Company of Armenia — Lilit Sedrakyan
«ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ԸՍՈՒԻ» Հեռուստայայտագիր — Արա Մանուկեան
TRUTH MUST BE TOLD TV – Ara Manoogian
«Իւ.Էս. Ամինիա» Հեռուստակայան — Արմինէ Ամիրեան
USArmenia TV — Armine Amiryan
«Իւ.Էս. Ամինիա» Հեռուստակայան — Ընդհանուր Տնօրինութիւն
USArmenia TV — General Management
«Իւ.Էս.Էյ. Արմինիըն Լայֆ» Շաբաթաթերթ — Աբօ Չափարեան
USA Armenian Life Magazine — Appo Jabarian
(Outlets listed in alphabetical order)