ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ ԵՒ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԸՆՏՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՏԵՂ ԶԵԿՈՅՑԸ
ԽՄԲԱԳՐՈՂ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
2020-ի Մարտ 4-ին (Կլենտէյլ / Փասատինա, Քալիֆորնիա) — Տեղական ընտրութիւններուն ամերիկահայ հասարակութեան աջակցութիւնը ստանալու համար որոշ քաղաքական թեկնածուներ դիմած եւ ստացած են «օրհնութիւն» Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Արք. Յովնան Տէրտէրեանէն:
Անոնք կը կարծէին, որ այդ օրհնութիւնը կրնար օգուտ տալ իրենց, բայց անոնք հանկարծակիի եկան Մարտի 3-ի ընտրութիւններէն ետք:
Երկուշաբթի, 17 Փետրուար, 2020-ին, Փասատինա քաղաքի քաղաքապետ Թերի Թորնեկ այցելած է Արեւմտեան Թեմ: Փասատինայի Ուսումնական Խորհուրդի (ընտրաշրջան 2) անդամ պրն. Ռոյ Պուլղուրճեանի հետ միասին պրն. Թորնեկ հանդիպեցաւ Թեմական առաջնորդին եւ համատեղ «քննարկեց Թեմի եւ Խորհուրդի միջեւ համագործակցութեան ուղիներ»:
Քաղաքապետի վերընտրութեան թեկնածու Թորնեկ գուցէ մտածած էր, որ Տէրտէրեանի աջակցութիւնը կրնայ դրդել Փասատինայի ամերիկահայ համայնքի բազմաթիւ անդամներուն՝ քուէարկելու իր օգտին:
Բայց Արք. Տէրտէրեանի հանրային բացասական կերպարի եւ արագօրէն անկում ունեցող ժողովրդականութեան հետեւանքով ամերիկահայ բազմաթիւ ընտրողներ ձեռնպահ մնացած էին քուէարկելէ 2020-ի Մարտի3-ին պարտութեան մատնուած պրն. Թորնեկի օգտին:
Այժմ պրն. Թորնեկի որոշ աջակիցներ զար-մացած են, թէ ինչո՞ւ իրենց ամերիկահայ խորհրդատուները չեն նախազգուշացուցած պրն. Թորնեկին ամերիկահայ համայքնի եւ ամերիկեան հիմնական խոշոր շրջանակներու մէջ տարածուած Արք. Տէրտէրեանի հանրային ժխտական կերպարի եւ լայնօրէն վարկազրկուածութեան մասին:
Տեղական շարք մը դիտորդներու համար, յաղթանակի մեծ հաւանականութիւն ունեցող Թորնեկ, պիտի դիւրաւ կրնար հաւաքել ձայներու աւելի քան 50%-ը, ինչն ալ անհրաժեշտ էր Փասատինայի մէջ մրցակցութեան մէջ լիարժեք յաղթանակ ունենալու համար:
Բայց անոր նախնական առաւելութիւնը անհետացաւ, քանի որ անոր մրցակից Վիկտոր Կօրտոն 4% -ով առաւելութիւն ձեռք բերաւ պր. Թորնեկի դէմ՝ մեծ ցնցում յառաջացնելով վերջինիս շրջանակէն ներս։ Չորեքշաբթի երեկոյեան, երբ յայտնեցին ընտրատեղամասերու 93% -ի արդիւնքները, պր. Կօրտոն ստացաւ ձայներու 46% -ը կամ՝ 11 461 ձայն՝ ընդդէմ պր. Թորնեկի 10 323 ձայներուն:
Այսպէսով՝ քաղաքապետ Թորնեկ ոսկիէ առիթ կորսնցուց կանխելու համար Նոյեմբերի երկրորդ փուլի ընտրութիւնները։ Որովհետեւ ան չի կրցաւ հաւաքել քուէներու 50 %-ը։
Փասատինայի բազմաթիւ ամերիկահայեր յայտարարած են, որ Թորնեկը սխալուած էր: Արք. Տէրտէրեանի հետ անոր կապը նոյնիսկ տհաճ հետեւանքներ պատճառած էին, ինչը հանգեցուցած է անոր վերընտրուելու առաջարկի վերաբերեալ չնախատեսուած հետեւանքներու:
Փետրուար 29-ին «Պալատական Նենգախաղեր» վերնագրով յօդուածի մը մէջ, Կլենտէյլի լրագրող Մայք Մոհիլ գրած է, որ «Կլենտէյլի Քաղաքապետ Արա Նաճարեան եւ անոր զինակից, Քաղ. Խորհուրդի անդամ Վարդան Կարպետ-եան յարձակած են իրենց ապագայ թշնամի՝ Արտի Քացախեանի վրայ, որ ընտրական պաշտօն կը զբաղցնէր: Անոնք յարձակած են քաղ. ծառայողի վրայ՝ քաղաքային աւագանիի կազմի մէջ ընդգրկւելու նոր ամսաթիւի մէջ թոյլ տուած սխալներու համար, որ իրականութեան մէջ յառաջացած են Մայք Կարսիայի ղեկավարութեան ներքոյ: Յուսալով որ միաւորներ կրնայ վաստակիլ՝ աւագանիի թեկնածու Կրեկ Աստուրեան դիմում ներկայացուց Խորհուրդին ամսաթիւի հետ կապուած սխալներու համար՝ ցանկանալով անարգել իր քաղաքական մրցակիցին՝ Արտի Քացախեանին եւ օգնել իր ընկեր Վարդան Կարպետեանին»:
Պր. Մոհիլ շարունակած է. «Մի քանի շաբաթ առաջ քաղաքապետ Նաճարեան բանաձեւ առաջադրեց գրաքննութեան ենթարկելու Արտի Քացախեանին` ամսաթիւի մէջ (իբրեւ թէ) թոյլ տուած սխալներու համար։ Սակայն անդամ Կարպետեանը (այդքան քաջութիւնը չունեցաւ) մասնակցելու այդ նենգախաղին: Կեղտոտ գործը մնաց Խորհրդի անդամ Վրէժ Աղաջանեանին»:
Փետրվար 29-ին, պր. Մոհիլ եզրափակած էր. «Եթէ վերընտրուի Վարդան Կարպետեան, ապա անհրաժեշտ կ՛ըլլայ երրորդ քուէն (Աղաջանեան, Նաճարեան եւ Կարպետեան՝) Աղաջանեանին նշանակելու քաղաքապետի պաշտօնին: Եթէ Աղաջանեանին նշանակուի նոր քաղաքապետ, ապա դա ամօթ կ՛ըլլայ ոչ միայն ամերիկահայ համայնքի, այլեւ ամբողջ Կլենտէյլի համար»:
Աւելի վաղ Մարտի 3-ին Կլենտէյլի մէջ գտնուող ամերիկահայ ընտրողներէն մէկը բողոքած էր, որ «Աղաջանեան, Նաճարեան եւ Կարպետեան եռեակը անարդարացիօրէն կը հալածեն Քացախեանին, որ շատ լաւ ճանաչում եւ յարգանք ունի Կլենտէյլի բոլոր բնակիչներու մօտ»: Ան կը յուսար, որ եռեակը չարաչար ձախողի:
Ինչպէս կը հաղորդուի, «Կարպետեան ջերմ կապեր կը պահպանէ Արեւմտեան Թեմի Արք. Տէրտէրեանի հետ՝ ձայներ ստանալու համար Կլենտէյլի բազմաթիւ ընտրողներէն, որոնք Արեւմտեան Թեմի անդամներ են: Բայց Կարպետեան անտեղ-եակ էր այն մասին, որ Տէրտէրեանը նոյնիսկ Թեմէն ներս անտեսուած ու վարկազրկուած է եւ կրնայ իրականութեան մէջ պատճառ դառնալ, որ Կար-պետեան կորցնէ արժեքաւոր ձայներ»:
«Փաստօրէն դա հենց այն էր, ինչն էլ պատահեց» ըսաւ այլ ընտրող հայրենակից մը։
Մարտ 4-ի գիշերուայ դրութեամբ, Կարպետեան, իր ճակատագիրը կապելով Տէրտէրեանին, պարտուեցաւ: Մինչ Քացախեան վաստակեց 11,351 ձայն եւ դարձաւ երեք յաղթանակողներէն մէկը։ Իսկ Կարպետեան մնաց չորրորդ դիրքի վրայ հաւաքելով ընդամենը 7,629 ձայն:
ԿԼԵՆՏԷՅԼ ՔԱՂԱՔԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ
ԵՒ ՅԱՏՈՒԿ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Քաղաքային խորհուրդի անդամ կանոնաւոր եւ անժամկետ (U / T աւարտը 3/3/2022)
PAULA DEVINE 23.04% 21,403
ARDY KASSAKHIAN 18.68% 17,501
DAN BROTMAN 17.89% 17,420
VARTAN GHARPETIAN 12.56% 11,235
SUSAN WOLFSON 11.81% 10,778
GREG ASTORIAN 7.76 % 7,002
LEONARD MANOUKIAN 4.69% 4,527
WILLIAM KESHISHYAN 3.57% 3,383
ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ ՄԷՋ
VICTOR M. GORDO 46.21% 11,461
TERRY TORNEK 41.63% 10,323
MAJOR WILLIAMS 8.40% 2,084
JASON HARDIN 3.76% 932

