Վրէժ Աղաջանեան ընտրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքապետ: Ըստ «Արմենփրես»-ի՝ այս մասին կը յայտնէ Massispost-ը:
Կլենտէյլի քաղաքապետի պաշտօնին Աղաջանեան կը փոխարինէ հեռացող քաղաքապետ Արա Նաճարեանին:
Վրէժ Աղաջանեան նախապէս զբաղեցուցած է Կլենտէյլի բնակարանային վարչութեան նախագահի եւ Պըրպանք-Կլենտէյլ-Փասատենա օդակայանի տնօրէններու խորհուրդի անդամի պաշտօնը, Ամերիկայի «Հայ ճարտարապետներու եւ գիտնականներու միութեան» անդամ է եւ նախկին նախագահ, Կլետէյլի ոստիկանութեան հիմնադրամի վարչութեան անդամ: Տարիներ շարունակ եղած է DM կրթական հիմնադրամի հաշուեքննիչ եւ Շուշիի գիշերօթիկ դպրոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահը:
Աղաջանեանը տեղական երկու հեռուստաընկերութիւններու գործադիր տնօրէն է: Ամուսնացած է, ունի երկու մեծահասակ երեխայ:
2014-2015 թուականներուն Կլենտէյլի քաղաքապետի պաշտօնը զբաղեցուցած է նաեւ ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան:
