Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, տեղի ունեցաւ Արաբական երկիրներու աղջկանց ճատրակի միջազգային առցանց մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 50 մասնակցողներ, Լիբանանէն, Յորդանանէն, Պահրէյնէն եւ այլ երկիրներէ:
Նանոր եւ Նայիրի Արնէլեան քոյրերը Լիբանանի համար ապահովեցին երկրորդութիւն՝ իրենց տարիքային դասաւորման մէջ:
Այս մրցաշարքին իրաւարարն էր, Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամ եւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ՝ Էլի Հուլիշեան:
Կը շնորհաւորենք Արնէլեան քոյրերուն ձեռք ձգած միջազգային այս նուաճումը:
