ՄԱՍ Ա.
ՀՐԱՇՔ ՏԻԿԻՆԸ՝ ՏԻԿԻՆ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ
Յարգելի խմբագիր, «ԶԱՐԹՕՆՔ» Օրաթերթի
Յուզումով կարդացի Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի ատենապետուհի Անահիտ Տանձիկեանի «Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Անխախտելի Է» գրութիւնը: «ԶԱՐԹՕՆՔ» Օրաթերթի Մայիս 28, 2020, 3րդ էջ։
Իրապէս որ, «Հայ եկեղեցիով մտահոգ ազնուափայլ եւ բազմաշնորհ» տիկ. Տանձիկեան, եկաւ անգամ մը եւս հաստատելու, որ «Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Անխախտելի Է»։
Արդեօ՞ք Հայ Առաքելական եկեղեցի ըսելով, տիկ Տանձիկեան նկատի ունի բոլոր առաքելական եկե-ղեցիները, թէ ոչ միայն գարեգին կտրիչ ներսիսյանի եկեղեցին։
Տիկ. Տանձիկեան, ո՞ւր եւ որմէ լսած էք, որ Հայ առաքելական Սուրբ եկեղեցին անխախտելի չէ։ Արդեօ՞ք, դուք շփոթում էք գահը գահակալին հետ։ Գիտենք, որ յատուկ համակրանքով մը կապուած էք, գարեգին կտրիչ ներսիսյանի հետ սակայն եկէք անկեղծ ըլլանք, որ այդ Ձեր համակրանքը չի բխիր անոր Ամենայն Հայոց կաթողիկոս ձեռնադրուած ըլլալու հանգանմանքէն, այլ՝ տարբեր հանգա-մանքներէ, որոնց մասին այս առիթով չենք ուզեր անդրադառնալ։
Այո՛, տիկ. Տանձիկեան, Հայ առաքելական Սուրբ եկեղեցին անխախտելի Է, սակայն ոչ գահակալը։ Բայց մանաւանդ գարեգին կարիճ ներսիսյանը, որ դուք ալ գիտէք, թէ ինչ պայմաններու տակ Սգ Լուսաւորչի Գահը բարձրացաւ։ Ինքնախաբէութեան կարիք չկայ։
Յարգանքներով՝
ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ

ՄԱՍ Բ.
ՏԻԿԻՆ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ, Ո՞ՒՐ ՄՆԱՑ
ԳԱՐԵԳԻՆ Բ.Ի Ս.ՄԻՒՌՈՆՈՎ ՕԾՈՒՄԸ
Տիկին Անահիտ Տանձիկեան «ԶԱՐԹՕՆՔ» Օրաթերթի մէջ գրած էր, թէ Գ Բըըը-ն օծուած է Ս. Հոգիով, օ՜հ։
Տիկին Տանձիկ, երեւի Ձեզ նման զարգացած, եկեղեցագէտ, կրօնագէտ ու այլ խօսքով ամէնագէտ անձնաւորութիւն մը կը մոռնայ, որ բոլոր քահանայ օծուողները Ս. Հոգիով, անոր խորհրդանիշն եղող Սրբալոյս Միւռոնով կօծուին: Սակայն ոչ բոլորն է որ Կ՚ԱՐԺԵՒՈՐԵՆ Ս. Միւռոնով իրենց տրուող շնորհները: Եթէ բոլորն ալ այդ շնորհներն արժեւորած ըլլային եւ հաւատարիմ մնացած ըլլային ԱՍՏՈՒԾՈՅ ու մարդոց առջեւ իրենց տուած ուխտերուն, առ այսօր ՈՉ ՄԷԿ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ պէտք էր կարգալոյծ յայտարարուէր, այդ շարքին՝ Գ Բըըը-ի կողմէ այդպիսին յայտարարուած շուրջ 8 տասնեակ անձինք: Այսինքն՝ տիկին դուք ինկած էք Ձեր իսկ հիւսած հակասութեան թակարդը:
Տիկին Տանձիկ, փորձեցէք մարդոց ապուշի տեղ չդնել: Այլապէս մեր համոզմամբ, որ դուք, Ձեր նման աղանդաւորներու հանգոյն, յոյսերնիդ դրած էք, Ձեզ նման տգէտ զանգուածին վրայ: Ձեր նմաններ եթէ չզգուշանան, քիչ կը մնայ որ յայտարարեն, թէ Գ Բըըը-ն անսխալական է, թէեւ նոյն միտքը կ՛արտայայտեն ուրիշ բառերով՝ Գ Բըըը-ն «կարմիր գիծ է», «Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հանգամանքը անքննելի է» եւ այլն:
Յարգելի տիկին, վերջերս իմացայ, որ ձեր ընտանիքին կը պատկանի “Dantzigian Home Automation Systems” ընկերութիւնը։
Ինչքան ճիշդ է ձեր ընկերութեան անգլերէն անուան լատինատառ յապաւման նոյնացումը Ձեր ուղեղի մակարդակին հետ՝ եթէ բառը կարդանք հայերէն՝ ՏՀԱՍ:
Եթէ Ձեզ համար գարեգին կոչեցեալը «Ամենայն Հայոց կաթողիկոս» է, Հայ ժողովուրդի մեծամասնութեան համար, ան՝ ամենայն վայոց ծայրապետ է։
Յարգանքներով՝
ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ


ՄԱՍ Գ.
ՏԻԿԻՆ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ, ԵԹԷ ՔԻՉ ՄԸ ԱՄՕԹԻ ԶԳԱՑՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱԾ ԸԼԼԱՅԻՔ…
Տիկ. Տանձիկ, դուք Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց Համախմբումի ատենապետուհին էք, ու նկատի ունենալով, որ այդ պաշտօնը ժառանգեցիք երկար տարիներ այդ պաշտօնին վրայ եղող Ձեր կեսուր՝ տիկ. Անգինէ Մանկասարեան-Տանձիկեանէն, որքան լաւ պիտի ըլլար եթէ տարիներու վրայ երկարող «Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց Համախմբում»ը որ երեւի թէ ատենապետութիւնը ժառանգական է, վերամկրտէիք «Ս. Էջմիածնի ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ Կրօնա-սէր տիկնանց Համախմբում» անունով։
Խօսելով «բազմաբեղուն ծառայութիւն մատու-ցած» Ձեր կեսուրի մասին, արդեօ՞ք հարկ կայ յիշեցնելու Ձերդ ազնւութեան անոր ու իր համախոհներու բանակով այն զզուելի արարքները զորս կատարեցին 1956 թուին, սրբապղծելով Անթիլիասի Մայր տաճարը։ Հայց. առաք. եկեղեցին։ Յիշեցումի կարգով նաեւ՝ եռագոյն անդրա-վարտիքները ցոյց տալով ու «ահա ձեր եռագոյն դրօշակը» ըսելով։ Ու հիմա ասպարէզ իջած էք պաշտպանելու, ըսելով, որ «Հայ առաքելական Սուրբ եկեղեցին անխախտելի է»։
Եթէ քիչ մը ամօթի զգացում ունեցած ըլլայիք «կոնդակակիր ու շքանշանակիր» տիկի՛ն, կամ պիտի լռէի՛ք, եւ կամ ալ պախարակէի՛ք մամոնային ծառայող Ձեր պաշտպանեալին՝ գարեգին կարիճ ներսիսյանին։
Յարգանքներով՝
ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ

ՄԱՍ Դ.
ՏԻԿԻՆ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ, ՈՉ ԹԷ ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՍԽԱԼ ԲԱՆ ՄԸ ԸՐԱԾ ԷՔ, ԱՅԼ՝ ԲԱԽՏԸ ՁԵԶ ՕԳՆԱԾ ՉԷ
Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց Համախմբումի ատենապետուհին տիկ. Տանձիկ։
“In the wrong place at the wrong time.” կ՚ըսեն Անգլերէն։ Ոչ թէ որովհետեւ սխալ բան մը ըրած էք, այլ՝ բախտը Ձեզ օգնած չէ։
Ուրիշ առիթով մը գրած էինք, (հաւանաբար Ձերդ սիրելիութեան ուշադրութենէն վրիպած է) ամէն եկեղեցի ունի իր տեղական հոգաբարձութիւնը, տիկնանց միութիւնը եւ այլ յարակից մարմիններ, որոնք կը հոգան պատկան եկեղեցւոյ կարիքները, կամաւորաբար։
Դժբախտաբար, Սովետական ժամանակահատուածին, այդ տարածքին մէջ գտնուող Հայց. առաք. եկեղեցին զրկուած էր նման վարչական կառոյցներէ ու բաւականացած էր վճարովի պաշտօնեաններով հոգալ Մայր Աթոռի, ինչպէս նաեւ իր հովանիին տակ գործող «Սովետական ազատ անկախ աշխարհի» եկեղեցիներու կարիքները։
Հիմա որ, վերստին անկախացած է մեր հայրենիքը՝ Հայաստան, ինչո՞ւ անցնող քսան տարիներուն, Ձեր «սիրեցեալ» կաթողիկոսը՝ գարեգին կտրիչ ներսիսյան չի ձեռնարկեց վարչական կամաւոր մարմիններ ստեղծել իր շուրջ, հոգալու Մայր Աթոռի ու եկեղեցիներու բազմատեսակ կարիքները ու կը շարունակէ ապաւինիլ արտասահմանեան մարմիններու։
Ի՞նչ է, Հայաստանի ու ներքին թեմերու մէջ ձեզ նման «հաւատացեալներ» գոյութիւն չունի՞ն։ Թէ՛ արտասահմանը կթան կով է։
Բացի նախկին Սովետական աշխարհի թեմերէն, աշխարհացրիւ մեր բոլոր թեմերը, ունին իրենց ներքին կանոնագրութիւնը։ Մինչեւ վերջերս, Հարաւային Ամերիկայի թեմերը բացառութիւն կը կազմէին։ Ինչո՞ւ Ձեր «սիրեցեալ» կաթողիկոսը աշխատանք չի տանիր կանոնագրութեամբ օժտելու ներքին թեմերը։
Ըսեմ, կազմակերպուած թեմ կը նշանակէ կարծիքներու բազմազանութիւն։ Կարծիքներու բազմազանութիւն կը նշանակէ վերջ տալ քմահաճոյքին, այս պարագային, կաթողիկոսը իրաւունք չունենար իր աղբերը, քրոջ տղան, իր համագիւղացին, թեմի մը առաջնորդ նշանակել։ Եւ ինք կը դադրի մենատէր մը ըլլալէ։
Յարգանքներով՝
ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ
Յ.Գ. Յուսամ փաղաքշական իմաստով ուղղուած խօսքերս հաճելի թուացին Ձերդ սիրելիութեան, տիկ. Տանձիկ։
ՆՈՅՆ

ՄԱՍ Ե. ԻՆՉՈ՞Ւ Եւ ԵՐԲ ՀԻՄՆՈՒԵՑԱՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ
Ան հիմնուած է իբրեւ շարունակութիւնը Պէյրութի առաջնորդանիստ Ս. Նշան եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան:
Վրդովելով Զարեհ եպս.ի կաթողիկոս ընտրութենէն, այս կնիկները դուրս կու գան միութենէն եւ «Օրինապահ միաբանութեան» յորդորով, 13 յունուար 1960-ին կը գումարեն իրենց հիմնադիր ժողովը՝ կաթողիկոսանալու հաւէսը փորը մնացած Խադ արք. Աջապահեանի նախագահութեամբ եւ Քա. Կէ. Պէ.ի գործակալ Դերենիկ եպս. Փոլատեանի ներկայութեամբ: Վերջինս ալ գրած է Համախմբումին կանոնադրու-թիւնը: Այսինքն, սովետ գործակալ մըն է ասոնց կանոնադրութեան հեղինակը, ամէն մեղքիս վրայ՝ նաեւ մանկապիղծ մը՝ Եզրասիկի նման: Եւ դեռ կը խօսին սրբութենէ եւ չեմ գիտեր ինչերէ…
Տիկ Տանձուհիին կեսուրը՝ Անգինէ Մանկասարեան-Տանձիկեանը, Գեղամին տիկինը, Համախմբումին փոխատենապետուհին եղած է 1962-1967-ին, իսկ 1967-էն մինչեւ մահանալը 1999-ին՝ անոր ատենապետուհին:
Համախմբումի պատմութիւնը ունի երեք գիրքեր:
Յարգանքներով՝ ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ
Առ այժմ…

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *