Երեւան, պուլկարահայը հրաւիրուած է Ս. Մկրտութեան խորհուրդին ներկայ գտնուելու։
Խրախճանքի ընթացքին, ինչպէս սովորութիւն է, օրուայ հանդիսավարը մէկ առ մէկ կը հրաւիրէ կնքահայրը, երեխայի հայրը, ծանօթներ ու բարեկամներ բաժակաճառ կատարելու։
Վերջապէս, հերթը կը հասնի տարեցի մը, որ ոտքի կանգնելով կը սկսի խօսիլ «հայրենական պատերազմի» մասին, ըսելով.- Մենք հայերս առաջինը եղանք, որ մտանք ու գրաւեցինք Պերլինը։
Վերջապէս, մի քանի գաւաթ կոնծած մեր պուլկարահայը ոտքի կ՛ելլէ ու իր խօսքը ուղղելով հանդիսավարին, կ՛ըսէ հետեւեալը.- Պարոն հանդիսավար, մեր ապրած երկրին մէջ սովորութիւն չունինք բաժակաճառ ըսելու, սակայն այս պիծան ստիպեց զիս երկու խօսք ըսելու։ Ծօ դու պիծա, (ծերուկ) ես քո մէրը, քոյրը…, Արարատը քթիդ տակն է չազատագրեցիր, հիմա կը հպարտանաս, որ Պերլինը գրաւել ես։ Ես քո մէրը, քոյրը…։
Վերջապէս կը հանդարտեցնեն բարկացած հիւրը ու կը ստիպեն որ հրաժեշտ առնէ։
Ի՞նչ թարգմանի առակս։
Տիկ. Տանձի՛կ, քթիդ տակ կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կեդրոնը Անթիլիասի մէջ։ Իսկ դուք, այսպէս կոչուած Ս. Էջմիածնի կրօնասէր տիկնանց համախմբումի անդամներդ, փոխանակ օգտակար ըլլալու տեղական կարիքներուն, կը փորձէք «օգտակար» ըլլալ ծովերէն անդին… ու հպարտանալ Պերլին մտած «պիծա»յի նման։
Արդեօ՞ք ձեր ճիգերը կը բխին սիրոյ զգացումներէն, թէ՞ հոգեկան տագնապներէ, որ ունիք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նկատմամբ։
Դուք տակաւին կը շարունակէք այն պայքարը, որ սկիզբ առաւ 1956 թուին, Երանաշնորհ Զարեհ Սքանչելիի ընտրութեան ու օծման առիթով։
Ձեր կիրքերը տակաւին չեն հանդարտած, վրէժխնդրութեամբ կը շարունակէք ձեր նախորդներու ապիկարութիւնները։
Ու եթէ մինչեւ այսօր չէք կարդացած Երջանկայիշատակ Վազգէն Ագի յետմահու յուշերը, պիտի թելադրէի կարդալ, որպէսզի իրազեկ դառնայիք վախճանեալի մտքերուն, ինչ կը վերաբերի Երանաշնորհ Զարեհ Սքանչելիին։
Իսկ եթէ տակաւին տեղեակ չէք, թէ ի՞նչ ըսած է Գէորգ Զ. կաթողիկոս Չէօրեքճեան Էջմիածին/Անթիլիաս յարաբերութեան մասին, տեղեկացնեմ.
«Անթիլիասը պէտք է պահել Էջմիածնի համար ու Էջմիածինը՝ Անթիլիասի համար»։
Իսկ 1956ին ձեր նշանաբանը եղաւ, կամ Խադ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը, կամ կը քանդենք Անթիլիասը։ Ահա ձեզի եկեղեցասիրութիւն։
Ու անցնող տասնամեակներուն Ս.Էջմիածնի կրօնասէր տիկնանց համախմբումի ծածկոյթին տակ եկեղեցասիրութիւն կը քարոզէք։
Տիկ. Տանձի՛կ, ինքախաբէութեան կրնաք դիմել, սակայն դիմացինը ապուշի տեղ մի՛ դնէք։ Ձեր բռնած մուկին չափ, մենք կատու բռնած ենք։ Լրջացէ՛ք։
Եթէ կ՛անդրադառնաք, մենք մէկ քարով երկու թռչուն կը զարնենք։
Յարգանքներով՝
ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ
