Ո՞ւր էին արեւմտեան աշխարհի ղեկավարները, քաղաքական թէ հոգե-ւոր, երբ հայոց ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդին պատկանող հազա-րաւոր եկեղեցիներ ախոռներու, սրճա-րաններու, մզկիթներու եւ այլ հանրային վայրերու վերածուեցան…
Կոստանդնուպոլսոյ յունաց Այա Սոֆիա պատմական Մայր Տաճարը մզկիթի վերածելու Անգարայի որոշումէն ետք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ հետեւեալ յայտարա-րութիւնը կատարեց.
«537 թուականին կառուցուած այս տաճարը բիւզանդական ճարտարապե-տական արուեստի գագաթը կը նկատուի։ Բիւզանդական կայսրութեան անկումով եւ Օսմանեան կայսրութեան գրաւումով, 1453-ին տաճարը վերածուած էր մզկիթի եւ ապա, 1935-ին՝ թանգարանի։
Անցնող օրերուն, եկեղեցիներու պետեր եւ ընդհանրապէս միջազգային շրջանակներ կոչ ուղղեցին Թուրքիոյ չդիմելու Այա Սոֆիան վերստին մզկիթի վերածելու քայլին եւ պահելու անոր ներկայ կարգավիճակը։ Հայ թէ օտար մամլոյ ներկայացուցիչներ ուզեցին Մեր տեսակէտը ունենալ այս մասին։ Մենք չուզեցինք կարծիք յայտնել՝ նախատեսելով թրքական դատարանին առնելիք որոշումին բնոյթը։ Կ՚ուզենք հետեւեալ ընդգծումները կատարել.-
Առաջին, Թուրքիան իր նախագահին ներկայ նախաձեռնութեան ճամբով, հոգեւոր ու մշակութային արժէքներ ոտնահարելու, միջազգային օրէնքով ճշդուած սկզբունքներ անտեսելու եւ պատմութիւնը նենգափոխելու իր վարքագիծը փաստօրէն կը շարունակէ։
Երկրորդ, մեկնելով ներկայի եւ ապագայի իր ներքին թէ արտաքին շահերէն, ինչպէս նաեւ աշխարհաքաղաքական նպատակներէն, Թուրքիան նոյնիսկ կ՚անտեսէ իր հին թէ նոր բարեկամներու թելադրութիւնը։
Երրորդ, Թուրքիա իր այս որոշումով գիտակցօրէն կը հարուածէ քրիստոնեայ-իսլամ փոխադարձ յարգանքի ու վստա-հութեան վրայ հիմնուած համակե-ցութիւնը՝ տեղական, շրջանային ու մի-ջազգային մակարդակներու վրայ, հակա-ռակ այս գծով կատարուած զգուշացում-ներուն։
Չորրորդ, Թուրքիա իր ներկայ քայլով կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու, թէ Արեւմուտքին եւ քրիստոնեայ համայնք-ներուն բացուելու իր ցոյց տուած նշանները կեղծ էին։
Հինգերորդ, ո՞ւր էին արեւմտեան աշխարհի ղեկավարները, քաղաքական թէ հոգեւոր, երբ հայոց ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդին պատկանող հազարաւոր եկեղեցիներ ախոռներու, սրճարաններու, մզկիթներու եւ այլ հանրային վայրերու վերածուեցան…։
Այո՛, ցեղասպանութիւնը ա՛յլապէս կը շարունակուի նո՛յն ցեղասպանին կողմէ, աշխարհի լռութեան դիմաց։ Օսմանեան կայսրութեան այլամերժ գաղափարա-խօսութիւնը ա՛յլապէս կը թափանցէ ամէն տեղ՝ արաբական աշխարհէն սկսեալ մինչեւ արեւմտեան երկիրներ, աշխարհի լռութեան դիմաց»։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *