Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի թեկնածու Էնթընի Պլինքըն յայտարարած է, որ իբրեւ ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցԹուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ձեռքբերումը «անընդունելի է»: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ահվալ»-ը:
«Մեր երկրի, այսպէս կոչուած, ռազմավարական գործընկերը իրականութեան մէջ կանգնած է Ռուսիոյ
մեր մեծագոյն ռազմավարական մրցակիցներէն մէկուն կողքին. ատիկա անընդունելի է», յայտարարած է Պլինքընպատասխանելով հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրահամի
Անգարայի կողմէ «Էս-400»-ներու ձեռքբերման մասին հարցումին:
Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Պոպ Մենենտես խօսած է նաեւ շրջանին մէջ Թուրքիոյ ապակայունացնող գործողութիւններուն մասին եւ յիշատակած Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ քայլերը, Կիպրոսի ու Լիպիոյ մերձակայ բացառիկ տնտեսական գօտին եւ վերջերս Թուրքիոյ կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին Ազրպէյճանի աջակցութիւնը:
Ծերակուտականը նաեւ աւելցուցած է, որ Թուրքիան այժմ բանտ կը նստեցնէ աւելի շատ փաստաբաններ եւ լրագրողներ, քան որեւէ այլ երկիր:
«Հարցը այն է, որ Թուրքիան շատ առումներով դաշնակից է, սակայն չի գործեր այնպէս, ինչպէս պէտք է դաշնակից մը գործէ: Եւ ասիկա (կը ծիծաղի) շատ, շատ կարեւոր մարտահրաւէր է մեզի համար: Եւ մենք այդ հարցին մէջ շատ յստակ դիրքորոշում ունինքե, իր կարգին աւելցուցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի թեկնածուն:
Թուրք պատմաբան Աքսել Չորլու «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է. «Տարիներ շարունակ Թուրքիան յաճախ «այսպէս կոչուած» արտայայտութիւնը օգտագործած է իր քննադատները մատնանշելու համար: Մինչդեռ ամերիկեան դիւանագիտութիւնը դաշնակից երկրին յղած ուղերձին մէջ հազուադէպօրէն օգտագործած է «այսպէս կոչուածե արտայայտութիւնը»:
Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը երեքշաբթի օր լսումներ կատարած է արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին Էնթընի Պլինքընի թեկնածութեան հաստատման համար: Իր ներածական յայտարարութեան ժամանակ Պլինքըն քննարկած է արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին մէջ իր առաջնահերթութիւնները:
Ան նիստի ընթացքին նաեւ խոստացած է Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը պահել Երուսաղէմի մէջ եւ շարունակել քաղաքը Իսրայէլի մայրաքաղաքը նկատել:
Խօսելով պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին մասինՊլինքը Ծերակոյտի անդամներուն ըսաւ. «Նախագահին եւ իմ կարծիքովս, Իսրայէլի իբրեւ հրէական ժողովրդավարական երկիր ապագան երաշխաւորելու եւ պաղեստինցիներուն պետութիւն տալու միակ ուղին երկու պետութիւններու լուծումն է»:
Պլինքըն նշեց, որ նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն կþուզէ, որ Միացեալ Նահանգներ իրենց բոլոր միջոցները օգտագործեն օտար գործընկերները «Հիւսիսային հոսք-2» կազի խողովակաշարէն հրաժարելու մղելու:
Ան յայտնեց, որ ամերիկեան նոր վարչակազմը պատրաստ է վերադառնալու Իրանի հետ հիւլէական համաձայնութեան, պայմանով որ Թեհրան դարձեալ յարգէ իր յանձնառութիւնները:
Պլինքըն ըսաւ, որ նորընտիր նախագահը «կը կարծէ, թէ եթէ Իրան վերստին յանձնառու դառնայ համաձայնութեան, ապա մենք եւս ատոր յանձնառու պիտի դառնանք: Սակայն ատոր պիտի դիմենք իբրեւ մեկնակէտ, մեր դաշնակիցներուն ու գործընկերներուն հետ, որոնք դարձեալ մեր կողքին պիտի ըլլան
ձգտելով աւելի ուժեղ եւ աւելի երկարատեւ համաձայնութեան»:
Ան յայտնեց, որ ատիկա «հաւանաբար ներառէ թեւաւոր հրթիռներու իրանեան ծրագիրը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ անոր քայքայիչ գործունէութիւնըենշելով, որ այդ պայմանները ,ներկայիս ապահովուած չեն»:
Պլինքըն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի
հիւլէական համաձայնագիրէն դուրս գալը «իրանեան հիւլէական սպառնալիքը բարդացուց»նշելով, որ Իրան «ներկայէն աւելի վտանգաւոր պիտի ըլլայ, եթէ հիւլէական զէնք ձեռք ձգէ կամ զայն շուտով արտադրելու եզրին ըլլայ»:
Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհրդատուի պաշտօնի թեկնածու Աւրել Հէյնզ իր կարգին յայտնեց, որ Իրանի դիմաց ,երկար ճամբայե կայ հիւլէական համաձայնագիրին լիակատար յանձնառութեան վերադառնալու համար:
Ֆրանսական ,Լը Ֆիկարօե օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ Նիւ Եորքի մէջ իրանցի պատուիրակի մը եւ Պայտընի վարչակարգի ներկայացուցիչի մը միջեւ գաղտնի բանակցութիւններ տեղի ունեցած են:
Յիշեցնենք, որ Իրանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Մահմուտ Վայեզի նախապէս հերքած էր, թէ Թեհրան կապի մէջ է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր վարչակազմին հետ
շեշտելով, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին հետ Իրանը երկկողմանի յարաբերութիւններ չէ հաստատած: «Իրանի քաղաքականութիւնը ամերիկեան նոր վարչակազմին հետ պարտաւորութիւն է պարտաւորութիւններու փոխանակման, քայլերու իրականացումքայլերու իրականացման եւ տուեալներու փոխանակում
տուեալներու փոխանակման դիմաց», ըսած էր ան:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ երէկ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Իրանի դէմ կիրարկած ծայրայեղ ճնշումներու քաղաքականութիւնը ամբողջովին ձախողեցաւ: Թրամփի քաղաքական կեանքը վերջ գտաւ, իսկ հիւլէական համաձայնութիւնը տակաւին գոյութիւն ունի, եւ գնդակը այժմ Միացեալ Նահանգներու դաշտին մէջ է»:
