Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը այժմ պէտք չէ քննարկել, այս նիւթին շուրջ քննարկումներու դաշտի որեւէ ելեկտրականացում կը յանգեցնէ հզօր ելեկտրական հոսքի: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուս-իոյ անվտանգութեան խորհուրդի ղեկա-վարի տեղակալ Տմիթրի Մետվետեւ:
«Այսօր բոլորին համար շատ ակնյայտ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը իրօք չէ լուծուած, սակայն ատիկա այժմ կարելի չէ քննարկել, որովհետեւ կարգավիճակի շուրջ քննարկումներու այս դաշտի որեւէ ելեկտրա-կանացում կը յանգեցնէ հզօր ելեկտրական հոսքի յառաջացման», ըսած է ան:
Մետվետեւ իր խօսքին մէջ շեշտած է, որ այս հարցին մէջ տագնապի կողմերուն դիրքորոշ-ումները «շատ տարբեր են, նոյնիսկ Հայաս-տանի մէջ տակաւին քննարկումներ տեղի կ՛ունենան»:
«Ես պիտի յիշեցնեմ, որ Հայաստանը չէ ճանչցած Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը: Չես գիտեր ինչու, անոնք կը մոռնան այդ մասին, սակայն իրականութեան մէջ այդպէս է: Հետեւաբար, աւելի լաւ է կարգավիճակի հարցը յետաձգել հետագային», աւելցուցած է Մետվետեւ:
«Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ Մետվետեւ նաեւ կոչ ուղղած էռուս-թրքական միացեալ կեդրոնի ստեղծումը «երկարաժամկէտ քաղաքականութեան տարր» չնկատելու: «Ասիկա նոյնպէս ընդհանուր կայունացման տարր է: Սակայն ես ասիկա չէի գնահատեր իբրեւ երկարաժամկէտ քաղաքականութեան տարր կամ դաւադրութեան տեսութիւն չէի կառուցեր», նշած է Մետվետեւ ռուս լրագրողներու հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի տագնապին մէջ Թուրքիոյ դերը չի՞ վախցներ Ռուսիան:
Անոր համաձայն, անհրաժեշտ է հաշուի առնել մեր շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող իրողութ-իւնները, իսկ անոնք այնպիսին են, որ այսօր հարցը կարելի է քննարկել նաեւ Թուրքիոյ գործ-ընկերներուն հետ:
«Թուրքիան մեր դրացին է եւ շատ կարեւոր գործընկերը: Եւ Ազրպէյճանի համար շատ մտերիմ երկիր է: Այդ գործօնը անկարելի է անտեսել», յայտարարած է ան:
Անոր համաձայն, Մոսկուան եւ Անգարան արդիւնաւէտ երկխօսութիւն կառուցած են, երկու երկիրներու նախագահները մշտապէս կը հաղորդակցին այդ նիւթով, որոշում տրուած է գործերու ընդհանուր վիճակի վերահսկողութեան յատուկ կեդրոն ստեղծելու մասին, որուն կը մասնակցին թուրք եւ ռուս զինուորներ:
Յիշեցնենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի վերահսկողութեան ռուս-թրքական միացեալ կեդրոնը բացուած է 30 յունուարին` Քիյամատինլի բնակավայրի շրջանին մէջ, 11 նոյեմբեր 2020-ին Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարներուն կողմէ ստորագրուած յուշագիրին հիմամբ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *