Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակութիւն հաստատած կռփամարտիկ Ազատ Յովհաննիսեան, նախորդ շաբաթավերջին արձանագրեց իր 19-րդ յաղթանակըարհեստավարժ ռինկի վրայ (19-3-0): Քալիֆորնիոյ նահանգին մէջ տեղի ունեցած 10 ռաունտնոց մենամարտին ընթացքին, Յովհաննիսեան 8-րդ ռաունտին նաք աութի ենթարկեց մեքսիքացի իր մրցակիցը
Էնրիքէ Պերնախը (24-13-0):
32 տարեկան Յովհաննիսեան իր նախորդ մենամարտը կատարած էր 5 սեպտեմբեր 2019-ին, երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ յաղթած էր վենեզուելացի Ֆրանքլին Մանզալինային:
Նշենք, որ հայ կռփամարտիկը, որ իր 19 յաղթանակներէն երեքը արձանագրած է նաք աութով եւ ցարդ կը մնայ անպարտելի, 2011-էն ի վեր իր ելոյթները կը կատարէ «Կոլտըն Պոյ» ընկերութեան հետ:
