ԳՐԵՑ՝ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի համացանցային կայքէջէն եւ հայկական այլ մամուլներէն կ՚իմանանք, որ Փետրուար 23-26-ին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողով ընդլայնուած կազմով: Ասկէ առաջ մի քանի անգամ արտայայտ-ուած ենք այս տխրահռչակ ժողովի մասին, սակայն եւ այնպէս մեզի կը թուի որ մեր մեկնութիւններն ու կոչերը հանդիպած են փակ աչքերու եւ խուլ ականջներու:
Մեր նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ յստակ կերպով ցոյց տուած էինք որ 1945-էն ի վեր ո՛չ մէկ կանոնագրութիւն վաւերացուած ու հաստատուած է Ազգային Եկեղեցական Ժողովին կողմէ՝ առ ի գործադրութիւն: Հետեւաբար բացորոշ եւ անվարան կերպով կրնանք յայտարարել որ Գ.Հ.Խ.ի անդամներուն նշանակովի հանգամանքը ըստ էութեան անօրինական է եւ անվաւեր: Քաջ գիտակցելով այս ճշմարտութեան եւ իրողութեան, առաւել եւս դատապարտելի է Գ.Հ.Խ.ի՝ ինքնա-սիրութիւնը կորսնցուցած եկեղեցական եւ աշխարհական անդամներուն կրաւորական եւ ստրկական վիճակը, որոնք քաջութիւնը չունին ըսելու որ իրենց ժողովը խորհրդակցական հանգամանքէն անդին չի կրնար անցնիլ եւ հետեւաբար իրենց բոլոր որոշումներն ալ սահմանափակուած են ըլլալու միայն խորհրդակցութիւն եւ ո՛չ օրէնք:
Պաշտօնական հաղորդագրութենէն կ՚իմանանք որ ժողովի ընթացքին մասնաւոր քննարկման առարկայ դարձած են կարեւոր նիւթեր, որոնց կ՚արժէ անդրադառնալ եւ գնահատականներ տալ կատարուած աշխատանքներուն, եթէ անշուշտ կան գործնական քայլեր:
Ա.- Յետ պատերազմեան Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, որոնց մէջ կարեւոր կը նկատուին գերիներու անյապաղ վերադարձը եւ անյայտ կորսուածներու հետ առնջուած խնդիրները: Համատարած այս ազգային ցաւը կը մտահոգէ իւրաքանչիւր հայ անկասկած, բայց եւ այնպէս Հայց Եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը, այլ խօսքով Մայր Աթոռը գործնական ի՞նչ քայլերու դիմեց մեղմացնելու մեր բոլորին տառապանքները: Արդեօ՞ք դիմեց Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Կիրիլ Պատրիարքին եւ խնդրեց անոր միջնորդութիւնը: Արդեօ՞ք կապ հաստատեց Ատրպէյճանի կրօնապետ Ալահշիւքիրին հետ, որուն անձնապէս կը ճանչնայ եւ խնդրեց անոր միջնորդութիւնը: Շա՜տ դիւրին է խօսիլ մեր մարտահրաւէրներու մասին, սակայն գործնական ի՚նչ քայլեր կ՚առնենք զանոնք յաջողցնելու համար. որովհետեւ խօսքը կը ցնդի, գործն է մնայուն:
Բ.- Արտագաղթի վտանգ: Այս ահաւոր չարիքին հանդէպ Մայր Աթոռի ցուցաբերուած անպատասխանատու լռութիւնը տարիներու ընթացքին, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ մեղսակցութիւն: Հայաստան կը պարպուի քաղաքական եւ ընկերային զանազան պատճառներով: Մեզ կրկնապէս անհանգիստ ընողը գիտական, կրթական եւ մշակութային մեր ներոյժի արտահոսքն է դէպի «հիւրընկալ» երկիրներ: Երիտասարդ ոյժերու հեռացումով՝ կը ստեղծենք ծանր պայմաններ մեր ազգային գոյութեան եւ անվտանգութեան ծիրէն ներս: Ո՞վ պիտի պաշտպանէ մեր հայրենիքի սահմանները: Ո՞ւր կ՚երթան մեր երիտասարդ մայրերը որոնք պիտի ծնին մեր ապագայ զինուորները: Անգամ մը եւս կ՚արժէ այստեղ յիշեցնել մեր ընթերցողներուն՝ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի սրտամորմոք խօսքերը. «Արտագաղթը հայրենիքից 1915 թուի ցեղասպանութիւնից յետոյ, ամենամեծ ոչ բնական աղէտն է… Նա մեր հողի կամաւոր զիջումն է Թուրքիայի»: Պիտի արթննա՞նք արդեօք մեր մահաքունէն:
Գ.- Արցախի սրբավայրերու պաշտպանութեան եւ պահպանութեան ուղղութեամբ իրականացուած քայլեր: Այստեղ կ՚արժէ յիշեցնել մեր ընթերցողներուն որ 2004 տարուայ Ապրիլ ամսուն, Մոսկուայի Դանիէլիան (Danilovski Monastir) աթոռանիստ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ հովուապետերու հանդիպումը իրենց պատուիրակներով: Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատրիարք Ալեքսի, Ալահշիւքիւր՝ կրօնապետ Ատրպէյճանի եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս ամենայն հայոց, Լավրովեան ծրագրի համաձայնութիւն տուին վերադառձնելու «բռնագրաւուած» շրջանները: Կրնա՞յ ըլլալ որ այդ օր այ՚դ պահուն, Գարեգին Բ. Կաթողիկոս չէր մտածեր մեր սրբավայրերու մասին եւ հիմայ գլխի է եկած թէ ի՞նչ պիտի ըլլան մեր դարաւոր վանքերն ու մշակութային ժառանգութիւնները:
Դ.- Յետպատերազմեան եւ համավարակային պայմաններու տակ եկեղեցւոյ հովուական կեանքի կազմակերպումը: Ծիծաղի՞լ թէ լալ ու ողբալ: բազմիցս անձանագրած ենք թէ Հայց Եկեղեցին ո՚չ մէկ ճիգ կը թափէ հովուական կեանքը վերակենսաւորելու աշխատանքին մէջ: Հայց. Եկեղեցւոյ արդի վիճակը, մասնա-ւորաբար ժողովուրդը կրօնական գետնի վրայ դաստիարակելու առումով, ողբալի վիճակ մը կը ներկայացնէ: Եկեղեցւոյ բեմը/խորանը որ խօսուն վկայարանը պէտք է ըլլայ մեր Մայրենի Եկեղեցիին, դժբախտաբար կորսնցուցած է իր հրապոյրն ու արժէքը: Աւետարանի ոգիով, խորունկ վերլուծութեամբ, ծրա-գրեալ եւ պատրաստուած քարոզախօ-սութիւններ՝ բացառութիւն են մեր եկեղեցւոյ մէջ:
Պէտք է անվարան խոստովանիլ որ մեր Եկեղեցւոյ ժողովուրդը առ հասարակ չի ներշնչուիր իր հոգեւոր պաշտօնեաներէն: Հոգեւոր պաշտօնեան տեսակ մը մեքենայ է անոնց աչքին, խորհրդակատար/ծիսակատար մը՝ պահանջուած ձեւակա-նութիւններ գոհացնելու համար: Սքեմաւորուիլ, եկեղեցական ձեւանալ՝ չի նշանակեր որ ենթական հոգեւոր պաշտօնեայ դարձաւ: Կ՛արժէ յիշատակել այստեղ Առակախօս Վարդան Այգեկցիի առակներէն մէկը. «Կատուին փիլոն տուեր են՝ կարծեր է որ կրօնաւոր եղաւ»: Ահաւասիկ այս է այսօրուան եկեղեցականութեան սին հոգեբանութիւնը:
Ե.- Մայր Աթոռի 2020-ի գործունէութեան տեղեկագիրը: Եթէ իսկապէս ժողովրդավարական եկեղեցի ենք, անպայման որ այդ գործունէութեան մասին ժողովուրդը պէտք է իմանայ: Տակաւին օր մը չենք հանդիպած տեղեկագրի ամբողջական յստակ ներկայացման, որովհետեւ մեր եկեղեցւոյ մէջ կը պակսի հաշուետուութիւնն ու թափանցիկութիւնը: Եկեղեցին պարտաւոր է հաշիւ տալու իր ժողովուրդին, որովհետեւ եկեղեցին նոյն ինքն ժողովուրդն է:
Զ.- Մայր Տաճարի վերանորոգման համար հանգանակութեան կազմակերպում: Ամէն անգամ որ հանգանակութեան մասին զեկուցում կամ հաղորդագրութիւն մը տեսնեմ մամուլին մէջ, անպայման ընկեր Փանջունին կը յիշեմ «մի քիչ փող ուղղարկեցէք». Հաղորդագրութեան մէջ լայն տեղ տրուած է Մայր Աթոռի շինարարական աշխատանքներու մասին, երբ երկու քայլ անդին ընտանիքներ թիթեղածածկ, կիսափուլ, խոնաւ տուներու մէջ կ՚ապրին: Ինչո՞ւ այս անտեղի շռայլութիւնը: ի՞նչ յանձնառութիւն առաւ Մայր Աթոռը օգնելու այս վշտաբեկ կարօտեալներուն: Դադրեցուցէ՛ք այսուհետեւ ձեր անձնական փառքերը հիւսող, ձեր եսերը շոյող վեհարաններու, առաջնորդարաններու եւ վանական շէնքերու շինութիւնը: Շինեցէ՛ք տուներ տնազուրկներուն, որբերուն եւ կարօտեալներուն համար, որպէսզի ձեր վարձատրութիւնը ստանաք Ամենակալէն ինչպէս Աւետարանը կուսուցանէ:
Անգամ մը եւս կ՚արժէ այստեղ ամրագրել, որ Հայց. Եկեղեցին եղաւ մեր գոյութենական պայքարի ամրակուռ բերդը, որ պահեց մեզ դարերու ընթացքին, կուրծք տալով կրօնական եւ քաղաքական բոլոր ոտնձգութիւններուն եւ արշաւանքներուն: Ժամանակն է որ արթննանք, հասկնանք եւ ըմբռնենք իրողութիւնն ու ճշմարտութիւնը, թէ ՄԵ՛ՆՔ ԵՆՔ ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ իր անցեալով, ներկայով եւ ապագայով: Հայց. Եկեղեցին է՛ եւ կը մնայ ու կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդի ազատ խիղճը, եւ կը խորհրդանշէ անոր հաւատքի նուիրականութիւններու ակը:
Անաստուածութեամբ դաստիարակուած սերունդ մը, որ միայն իշխանութիւն կը հետապնդէ բրտութեամբ եւ բռնութեամբ, չի՛ կրնար ղեկավարել Եկեղեցին, որ հիմնուած է սիրոյ, եղբայրութեան, համերաշխութեան, հաւատարմութեան գերագոյն սկզբունքներու վրայ: Եկեղեցականութիւնը՝ որպէս յանձնառու աւանդապահ մեր դարաւոր սկզբունքներուն, պարտաւոր է հաւատացեալը մօտեցնել իր ինքնութեան եւ հաւատքին, եւ ո՚չ թէ հեռացնել զայն իր անյարիր եւ այլանդակ, ո՚չ քրիստոնավայել գործունէութեամբ եւ կենցաղով : Այլ խօսքով՝ ՎԵ՛ՐՋ՝ տիրելու եւ ղեկավարելու անյագուրդ կիրքերուն:
Ժամանակը հասած է որ բարոյական սկզբունքներով տոգորուած նուիրեալ եւ հաւատաւոր անձինք ձեռք առնեն Եկեղեցին եւ աշխատանք տանին վերականգնելու հայուն հաւատքը դէպի իր Մայր Եկեղեցին: Դուրս շպրտել այն հոգեւորականները որոնք կը չարաշահեն հայ ժողովուրդին ակորնչելի կապը իր պապերու հաւատքին հետ: Անհրաժեշտ է կատարել աշխատանքային նոր բաժանում, որպէսզի Հայը, նամանաւանդ Սփիւռքահայը գոյատեւէ իր հազարամեայ հաւատքով, եւ այդ հաւատքին կապուած իր ոսկեղինիկ Սահակ-Մեսրոպեան լեզուով եւ մշակոյթով:
Ժողովի ընթացքին՝ բազում մտահոգութիւներու առընթեր ներկայացուեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ յստակ առաքելութիւնը «Ստեղծուած իրավիճակում Հայց. Առաքելական Եկեղեցին պիտի շարունակի ամենայն ջանք ի գործ դնել լարուած մթնոլորտի լիցքաթափման եւ ներհասարակական ու միասնութեան ու համերաշխութեան վերականգնման ուղղութեամբ»: Հիմա հարց տանք թէ ինչու՞ այս գնահատելի յայտարարութիւնը անցեալին չներկայացուեցաւ հանրութեան եւ անոր փոխարէն Մայր Աթոռը պահանջեց վարչապետին հրաժարականը: Այսօր՝ բոլոր ժամանակներէ աւելի երբ հայրենիքը ապակառուցողական անկայուն վիճակի մէջ է, եկեղեցին պէտք է զերծ մնայ քաղաքական որեւէ գունաւորումէ, հակառակ պարագային ան կը դառնայ հաւաքական խաթարումի եւ այլասերումի թատերաբեմ:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
15 Մարտ 2021