ԳՐԵՑ՝ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
Ձախէն աջ` Արսէն Ծ. Վրդ. Աւետիքեան, Երուանդ Ծ. Վրդ. Աբէլեան, Գրիգոր Վրդ. Փիտէճեան, Թորգոմ Վրդ. Հանէշեան, Վարդան Արք. Տէմիրճեան, Վահրամ Ծ. Վրդ. Եղիայեան եւ Ներսէս Արք. Բախտիկեան:
Ամէն անգամ որ մտածեմ այս նուիրեալներու մասին, յիշատակներու ամբողջ յորձանք մը կը ողողէ էութիւնս եւ հոգեպէս կը փոխադրուիմ Անթիլիաս, մտաբերելով Դպրեվանքի քաղցր յիշատակները: Երկարատեւ ազգակործան եւ ապազգային պայքարներէ ետք, 1956 թուականին Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Զարեհ Եպս. Փայասլեան արժանապէս ընտրուած եւ օծուած էր գահակալ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 1952-էն ի վեր թափուր մնացած Աթոռին:

Ընդդիմադիր միաբաններու հեռանալով, տկարացած էին Միաբանութեան հիմերն ու կենսունակութիւնը: Հետեւաբար անհրաժեշտ էր նոր նուիրեալներով անմիջապէս լրացնել Միաբանութեան շարքերը: Եւ ահաւասիկ նոյն՝ 1956թ. աշնան տենդագին, չըսելու համար տագնապալից, կոչ կ՚ուղղուէր Դպրեվանքի Ընծայարանի վերին՝ Ե. եւ Զ. կարգերու վեց ուսանողներուն, –աւարտական վերջին՝ Է. կարգը ուսանողներ չունէր այդ տարին,– որպէսզի կուսակրօնութեան ուխտագիր ներկայացնելով նուիրուին ազգին ծառայութեան՝ հոգեւորական կեանքի փշոտ ճամբով…: Այդ օրերու դպրեվանքի տեսուչ՝ Գարեգին Վրդ. Սարգիսեան ծնրադիր եւ արտասուաթոր աչքերով դիմած էր երիտասարդ ուսանողներուն, ըսելով. «Տղա՛ք, դո՛ւք միայն պիտի փրկէք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը…: Իմ փափաքս է որ անպայման սարկաւագ, եւ ապա աբեղայ ձեռնադրուիք: Ապագան փայլուն է ձեր բոլորին առջեւ…»: Անշուշտ, աւելի ետք ժամանակը ցոյց պիտի տար թէ տրուած խոստումներն ու հաւաստումները դատարկ էին…:
Այդպէս էր ահա, որ այդ վեց տղաքը յանուն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի անսասանութեան ու տեւականութեան, յանուն զայն արտաքին ու ներքին ոտնձգութիւններէ զերծ պահելու ՄԵԾ ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ, ամէն անձնական վերապահութիւն մէկ կողմ հրելով՝ որոշեցին իրենց երիտասարդ կեանքերը դնել ժողովուրդի, Եկեղեցիի եւ Կիլիկեան Սուրբ Աթոռի ծառայութեան զոհասեղանին…: Անոնց սարկաւագական ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ նոյն տարուան Նոյեմբերին, ձեռամբ Լիբանանի թեմի օրուան առաջնորդ Խորէն Եպիսկոպոս Բարոյեանի (հետագային՝ Խորէն Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ): Ու Զարեհ Վեհափառի գահակալութենէն տակաւին տարի մը չանցած, առանց նոյնիսկ սպասելու ուսումնական տարեշրջանի աւարտին, նոյն վեցերը, որոնց միացաւ աշխարհական դասէն՝ նախկին ուսուցիչ-տնօրէն Սարգիս (հետագային՝ Ներսէս Արք.) Բախտիկեանը, Վեհափառին կողմէ հապճեպօրէն 1957 Յունիս 2-ին ձեռնադրուեցան կուսակրօն քահանայ…:
Նուիրեալներու այս առաջին հոյլին, ահաւասիկ, կը պատկանի հանգուցեալ Երուանդ Աբէլեան: Կարճ ժամանակ մը վանական եւ ուսուցչական պաշտօններ վարելէ ետք Կաթողիկոսարանէն ներս եւ ի Պէյրութ, 1959 դեկտեմբերին կը մեկնի Կիպրոս՝ որպէս Կաթողիկոսական Փոխանորդ այդ թեմին, ուր եւ կը մնայ մինչեւ 1969 թուական, սիրուելով ու յարգուելով բոլորին կողմէ, իր բարեխիղճ մեղմ եւ հեզահամբոյր ազնիւ նկարագրին եւ նուիրեալ ծառայութեան համար:
1968 եւ 1969 թուականներուն, մասնաւորաբար Ծննդեան եւ Զատկական տօներուն, Կիպրոսի Լառնագայի համայնքը մնայուն հոգեւոր հովիւ չունենալուն համար, Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Երուանդ Ծ. Վրդ. Աբէլեան, Անթիլիասէն զիս կը հրաւիրէր տօնական այդ գեղեցիկ արարողութիւններուն մասնակցութիւնս բերելու: Յաջորդաբար չորս այցելութիւններս պատճառ դարձան որ անձնական եղբայրական կապերս խորանան Երուանդին հետ եւ նոյն ջերմութեամբ եւ հրազատութեամբ մնացին մինչեւ իր կեանքին վերջին վայրկեանները:
Երուանդին ճակատագիրը եկեղեցւոյ սպասաւորութեան դաշտէն ներս ուրիշ բան չէր կրնար ըլլալ եթէ ոչ՝ յար եւ նման միւս բոլոր միաբաններու ճակատագրին, որոնք հիասթափ, իրենց կօշիկներուն փոշիները թօթուելով հեռացան եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտէն, չդիմանալով ազգային «ղեկավարութեան» սանձարձակ հակականոնական եւ սահմանադրական ապականած գործելակերպին, որ դժբախտաբար մինչեւ այսօր կը շարունակուի…
1969 թուականին Երուանդ կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ որպէս առաջնոր-դական փոխանորդ այդ թեմին: Երուանդին կրկին հանդիպեցայ 1971 թուականի Յունիսին, երբ Նիւ Եորքի ճամբով կը մեկնէի Լոս Անճէլըս որպէս Հոլիվուտի Ամէնօրեայ Վարժարանի տեսուչ (այժմ Ռոզ եւ Ալէքս Փիլիպոս վարժարան) եւ նորաստեղծ համայնքի հովիւ: Եղբայ-րական իր խրատները որոնք կու գային իր տարիներու փորձառութենէն, զիս կը զգուշացնէին «ղեկավար» կոչուած մենաշնորհեալ վաշխառուներէն:
1972-ի սկիզբը, կարճ ժամանակով պաշտօնապէս Նիւ Եորք ղրկուեցայ, չըսելու համար աքսորուեցայ, ուր ուրախութեամբ զիս կրկին դիմաւորեց միաբանակից եղբայրս Երուանդ Ծ. Վրդ. Աբէլեանը, որ այդ օրերուն Առաջնորդական Փոխանորդն էր Հիւսիսային Ամերիկայի Կիլիկեան Թեմին –-Արեւմտեան թեմ գոյութիւն չունէր տակաւին: Նիւթէն չշեղելու համար միայն յայտնեմ որ 1973 թուականին Երուանդ դառնութեամբ հեռացաւ իր հոգեւոր ծառայութեան դաշտէն, չդիմանալով նեխած մթնոլորտին: 1976-ին Երուանդ իր կողակցին հետ Արեւելեան ափէն փոխադրուեցաւ Լոս Անճէլըս եւ իմ տանս մէջ մնացին վեց ամիսներ մինչեւ որ իրենց յարմար բնակարան մը գնեցինք ուր եւ ապրեցաւ մինչեւ իր կեանքին վերջին օրերը:
Իր հովուապետութեան կարճ ժամանակաշրջանին Զարեհ Կաթողիկոս իր նկարագրի վեհութեամբ եւ անբասիր հոգեւորականի տիպարով՝ չափով մը կրցաւ վերահաստատել նօսրացող միաբանութեան շարքերը նոր նուիրեալներով: Դժբախտաբար սակայն՝ իր մահէն ետք հեռացողներուն շարքերը ստուարացան – Թորգոմ Վրդ. Հանէշեան, Վահրամ Ծ. Վրդ. Եղիայեան, Երուանդ Ծ. Վրդ. Աբէլեան, Գրիգոր Վրդ. Փիտէճեան, Տրդատ Վրդ. Քէշիշեան, Մաշտոց Վրդ. Յովսէփեան, Եզնիկ Վրդ. Բալայեան, Գուրգէն Վրդ. Թրթռեան, Բաբգէն Վրդ. Թօփճեան, Պետրոս Վրդ. Պէրպէրեան, Գեղամ Վրդ. Պաղտասարեան, Արշաւիր Վրդ. Գաբուճեան, Արարատ Վրդ, Թոսունեան, Համազասպ Վրդ. Քիւրքճեան, Նաւասարդ Վրդ. Մարտոյեան, Վրոյր Վրդ. Տէմիրճեան, Առէն Աբղ. Միհրանեան, Վազգէն Աբեղայ Հէճինեան, Մաշտոց Վրդ. Թօփալեան, Ներսէս Վրդ. Մերճանեան, Մովսէս Աբղ. Պոյաճեան, Ներսեհ Աբղ. Շէխուկեան, Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեան, Վարանդ Վրդ. Քորթմոսեան եւ այլք…ու այսպէս պիտի շարուակուի շարքը հեռացողներուն, որոնք պիտի նախընտրեն ապրիլ կեանքը գիտակցաբար եւ ո՛չ թէ ինքնախաբէութեամբ: Ընդհանրապէս այս նիւթի կապակցութեամբ յաւելեալ ծանօթութիւններ ունենալ փափաքող մեր ընթերցողներուն կը թելադրենք այցելել հետեւեալ կայքէջը. http://vanagan.com/ եւ կարդալ Վարդապետի մը Ոդիսականը խորագրով գիրքը:
Ի՞նչ պէտք է ընել վերարժեւորելու համար Ազգին եւ Եկեղեցիին փոխ-յարաբերութիւնները: Քաղաքական, եկեղեցական, մշակութային եւ այլ հաստատութիւններ անհրաժեշտ է որ կազմակերպեն հրապարակային քննարկումներ եւ հաշիւ պահանջեն ա՛յն մենաշնորհեալներէն, եկեղեցական կամ աշխարհական, որոնք կեղծ բարեսիրութեան անուան տակ կը կեղեքեն ժողովուրդին ազնիւ զգացումները: Արդեօ՞ք պիտի գտնուի մէկը որ մարտահրաւէր կարդայ ազգային մենաշնորհեալ ջոջերուն եւ ամիրաներուն ու հաշիւ պահանջէ թէ ինչո՞ւ այս նուիրեալները հեռացան ծառայութեան դաշտէն եւ մենք ձեռնածալ անտարբեր դիտեցինք այս բոլորը:
Երանական հանգի՜ստ մեզմէ յաւէտ բաժնուած բոլոր միաբաններուն…
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
21 Մարտ 2021, Լոս Անճէլըս