ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի
Մի քանի ամիս անցած է 2020-ի 44-օրեայ թուրք-Ատրպէյճանական հակահայկական յարձակումէն:
Հակառակ որ Արցախի Հանրապետութեան մէջ դադարեցուած են ակտիւ ռազմական գործողութիւնները, Ատրպէյճանն այժմ հերթական անգամ պատերազմ կը հրահրէ Հայաստանի դէմ:
Արդեն մի քանի ամիս է, որ Ատրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւ շարունակ կը սպառնայ Հայաստանի դէմ իր պատերազմական հռետորաբանութեամբ հպարտանալով, որ եթէ Հայաստան իր հարաւային տարածաշրջանի մէջ Պաքուին չտրամադրէ ազատ միջանցք փաստօրէն կտրելով Հայաստանը հարաւային հարեւան՝ Իրանէն, «ապայ Ատրպէյճանական ուժերը այդ կþընեն ռազմական ուժով»:
Եթէ հայկական զինուած ուժերը աւելի պատրաստուած ըլլային եւ Առաջին Արցախեան ազատամարտին (1992-1994) նման, Ատրպէյճանին հասցնէին երկրորդ խոշոր պարտութիւնը, Պաքուն չէր համարձակուէր քիթը խոթել Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի մէջ:
USA Armenian Life -ի եւ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ շաբաթաթերթի հետսհետէ մեծ թիւ կազմող բազմաթիւ ամերիկահայ ընթերցողներ եւ հեռուստադիտողներ (armenianlife.com, USA Armenian Life Facebook Page, USA Armenian Life E-Magazine (e-blast edition) եւ USA Armenian Life TV հաճախ կը հարցնեն. «Ի՞նչ սխալներ գործուեցան 2020-ին հայերու դէմ 44-օրեայ Թուրքոյ/Ատրպէյճանի յարձակումի ընթացքին»:
Քանի որ ողբերգական պատերազմի հետեւանքներու վերաբերեալ հանրային քննարկումը եւ հաւաքական յիշողութիւնը դեռ կը շարունակուին, ամերիկահայերը, եւ, իրոք, ողջ սփիւռքը, այժմ հնարաւորութիւն ունին ազդելու Հայաստանի՝ որպէս անկախ երկիր եւ ինքնիշխան պետութիւն, իր ռազմավարական վերագնահատման վրայ Կովկասի տարածաշրջանի մէջ:
Տամոկլեան թուրի պէս՝ հայրէնիքիեւ սփիւռքի մէջ իւրաքանչիւր մտահոգ հայի վրայ կախուած է մի մեծ հարցում մը. «Որոն՞ք են հայկական ռազմական պարտութեան պատճառները որոնք այդքան հսկայ մարդկային եւ հողային կորուստներ պատճառեցին»։
Այլ հիմնական հարցումներ, որոնք կը տրուին.
Ովքե՞ր են վերջնական մեղաւորները:
Աւելի քան երեք տասնամեակ, ինչո՞ւ Հայաստանի բարձրաստիճան զինւորական ղեկավարները նախընտեցին անտեսել բազմաթիւ կարմիր դրօշներ նոր ռազմական դիմակայունութեան կամ համապարփակ պատերազմի մէջ Հայաստանի անպատրաստութեան մասին:
Արդէօ՞ք բոլոր հայ զօրավարները նոյն նտադրութիւնը չունէին: Թէ՞ կարեւոր հատուած մը համագործակցեցաւ ներքին եւ արտաքին մութ ուժերու հետ, որոնք կամայ թէ ակամայ կը խարխլէին հայկական ռազմական ջանքերը:
«ԱՄՆ Հայ Կեանքի» ընթերցողներու եւ հեռուստադիտողներու համաշխարհային համայնքը արդարացիօրէն իրէնց ամենահաւաստի նորութիւններու եւ վերլուծութեան աղբիւրէն կþակնկալեն ուսումնասիրել եւ ջրի երես հանել մութի մէջ մնացած իրողութիւնները եւ թաքնուած գործոնները, որպէսզի աշխարհասփիւռ հայերը աւելի պատրաստուած լըլլան նոր մարտահրաւէրներու դէմ:
Այս առումով, «ԱՄՆ Հայ Կեանքը» կը վերահաստատէ իր ընթերցողներու նկատմամբ պարտաւորութիւնը՝ անոնց ճշմարտութիւնը բերելու եւ այն հիմնական գործոնները, որոնք բարձր հաւանականութեամբ նպաստած են 2020-ի աղէտին։ Վերլուծութիւնը համատեղ կիրականացուի խմբագրական կազմի եւ ռազմական բարձրագոյն փորձագէտ-վերլուծաբաններու կողմէ:
Իրականացման եղանակն այն է, որ ռազմական գերագոյն փորձագէտները կը պատրաստուին անձնապէս վերլուծութիւն կատարել այս կարեւոր խնդրի վերաբերեալ: Ասիկա դէպքի վայրի հաղորդում է, եւ մենք պարտաւոր ենք ձեր առջեւ: Դուք, ընթերցողներ, ի վերջոյ, իմ ղեկավարներն եք: Դուք իրաւունք ունիք օգնելու եւ միգուցէ խրախուսելու նոյն մտքի մարդոց, որոնք ժամանակի ընթացքին կրնան օգնել Հայաստանին այս դժուարագոյն ժամանակահատուածի ընթացքին, աշխարհի մէջ ռազմավարական դիրքի հիմնաւոր վերագնահատում կատարելու հարցին մէջ:
Ինչ վերաբերի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին, ապա Հայաստանի տնտեսութեան եւ ատոր տնտեսական շարժիչներու վերագնահատումը կենսական է:
Այս առումով կարեւոր է, որ ֆրանսահայերն ու ամերիկահայերը լիազօրէն Ուաշինկթընին եւ Փարիզին‘ առաջ քաշելու տնտեսական աճի ծրագիր‘ Հայաստանի համար Մարշալի ծրագիր, որը կրնայ օգնել Հայաստանի տնտեսութեան՝ դառնալու շատ աւելի դինամիկ, աւելի բազմաաշերտ եւ աւելի արդիւնաւետ՝ աւելի լաւ արդիւնքներ տալով ՀՆԱ-ի (Համախառն Ազգային Արտադրանքի) տեսանկիւնէն եւ, ի վերջոյ, Հայաստանին եւ Արցախին հնարաւորութիւն տալով իրականացնել կենսունակ ժողովրդագրական արշաւ‘ կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ, Հայաստանի բնակչութեան աճը արագացնելու համար երկնիշ թուով, աւելի մեծ ծնելիութեան տեմպերու եւ կայուն հայրէնադարձութեան միջոցներով:
Քանի որ հետպատերազմեան շրջանը կը շարունակուի նշանաւորուիլ մեղադրանքներով, փաստերու որոնումը պէտք է ծառայէ որպէս մեր ազգի առաջնորդող լոյս:
Ներկայիս նախկին ռեժիմի ուժերը՝ նախագահ Տէր-Պետրոսեան, նախագահ Քոչարեան եւ նախագահ Սարգսեան միասնաբար Փաշինեանի ներկայ ռեժիմին կը մեղադրեն վերջինիս՝ «Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դէմ պարտուողական պատերազմ վարելու համար»:
Փաշինեանի վարչակարգը կը հակադարձէ հակաամբաստանութիւններով որ վերջին 30+ տարիներու ընթացքին նախկին գողապետական օլիգարխները, լայնամասշտաբ ապօրինի իւրացումներ եւ հայկական բանակի բիւճէէն բացայայտ դրամագողութիւն կատարած են:
Երրորդ ուժը‘ հայ ազգայնական ուժերը, որոնք հսկայ մեծամասնութիւն կը կազմեն ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ Սփիւռքի տարածքին, հետսհետէ աւելի կը բարձրաձայնեն պնդելով, որ բոլոր չորս ռեժիմները‘ Տէր-Պետրոսեան (1991-1998), Քոչարեան (1998-2008), Սարգսեան (2008-2018) եւ Փաշինեանը (2018-էն առ այսօր) լիարժեք հետաքննութեան պէտք է ենթարկուին հետաքննող անկախ յանձնաժողովի մը կողմէ:
Հայաստանի Հանրապետութեան հայրէնասեր համակիրները նաեւ կը մեղադրեն որոշ հայ զօրավարներու՝ «հին օլիգարխիկ ռեժիմներու մնացորդը» ըլլալու մէջ:
Երեք նախկին նախագահներու ենթակայ շարք զօրավարներ եւ գործակատար աշխատակիցներ նոյնպէս կը մեղադրուին պատերազմական ողջ ընթացքի մէջ հայկական զինուած ուժերու ակտիւ սաբոտաժի համար,
- «ակտիւօրէն մեկնելով տարբեր ռազմաճակատներ՝ հայ զինւորներու շրջանի մէջ ապստամբութեան գործողութիւններ իրականացնելու մէջ»:
- առաջնագծի զինւորներու շրջանի մէջ կեղծ քարոզչութիւն տարածելով այն մասին, որ իբրեւ թէ «Փաշինեանն արդեն վաճառել է այս հողերը թշնամուն: Հետեւաբար, օգուտ չկայ կռուելուեւ անիմաստ մեռնելու մէջ»: եւ որ «այսպէս թէ այնպէս, Արցախի հողերը «կը վերադարձուին» Ատրպէյճանին»:
- խոչընդոտելով հայ զինծառայողներու զօրակոչման եւ (կամ) տեղակայման գործընթացը Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր մարզերէն ներս:
- արգելափակելով հայ զինւորներու շարասիւնները դէպի առաջնագիծ:
- արգելք ըլլալ ռազմական բարձր ճարտարուեստագիտական համակարգերու տեղակայումը Արցախի օդային տարածքը թշնամու ռազմական անօդաչու թռչող սարքերէն եւ կործանիչներէն պաշտպանելու համար.
- կատարելով «դաւաճանութիւն Հայաստանի թշնամիներու փոխանցելով ռազմական գաղտնիքներ»:
Այս մեղադրանքները բոլորը ճի՞շտ են:
Ի՞նչ կ՛ըլլայ, եթէ այս մեղադրանքներու միայն մէկ մասը իրական դուրս գայ: Ատիկա բաւարա՞ր է պատերազմի աղտիալի արդիւնքի վրայ ազդելու համար:
Որպէսզի հայ ազգն կարենայ անցնիլ դէպի աւելի լաւ ապագայ, անհրաժեշտ է, որ ճշմարտութիւնը բացայայտուի: Քանի որ հայերը պէտք է դասեր քաղեն իրէնց անհատական ու հաւաքական սխալներէն: Անոնք պէտք է հոգ տանին, որ լաւ կառավարման մեխանիզմներ ձեւաւորուին, որոնք կրնան օգնել Հայաստանին արմատախիլ ընելու նեխածութիւնը-«կոռուպցիան», նեպոտիզմը, վատ կառավարումը, վատորակ պետական տնօրինում եւ ժողովուրդի կամքի բացահայտ առեւանգում ժողովրդավարական գործընթացներու տապալման միջոցով:
Որպէս ազգի անբաժանելի մասնիկ, USA Armenian Life եւ «Հայ Կեանքի» ինչպէս նաեւ աւելի լայն սփիւռքի հայ ազատ մամուլի ընթերցողները արժանի են լաւ տեղեկացուած ըլլալ գետնի վրայ առկայ փաստերու մասին: