Հայաստանը ներկայացնող կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան բաւական տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ Սպանիոյ ճատրակի միջազգային մրցաշարքին: Գրիգորեան առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով բաժնեց 2-3-րդ դիրքերը, սակայն լրացուցիչ կէտերուն շնորհիւ գրաւեց երկրորդ դիրքը: Տիտղոսին տիրացաւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը, որ ապահովեց 8 կէտ: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 150 ճատրակ խաղացողներ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *