2020 թուականի աշնան Ատրպէյճան-Թուրքիա-ԻՊ-ը (Իսլամական պետութիւն ահաբեկիչներ) առանց դրդումի ահաբեկչական յարձակումներ իրականացուցին Արցախի Հանրապետութեան հայերու դէմ։ Ատրպէյճան-Թուրքիա-ԻՊ-ը շահարկեցին 2020 թուականի Covid-19 համաճարակը եւ ԱՄՆ-ի զբաղուածութիւնը Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններով եւ օգտագործեցին որպէս քաղաքական ծածկոյթ՝ իրականացնելու Հայոց Երկրորդ եւ Վերջին Ցեղասպանութիւնը։ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ժամանակ Թուրքիան օգտագործեց համաշխարհային պատերազմը որպէս ծխածածկոյթ՝ իրականացնելու Առաջին Ցեղասպանութիւնը (1915-1923): Բազմաթիւ տեղեկութիւններու համաձայն՝ նախկին գողապետութեան մի քանի տարրեր, ներկայ կառավարութեան սօրոսական գլոբալիստներու հետ միասին, ակտիւօրէն սաբոտաժի ենթարկած են Արցախի մէջ հայկական ռազմական պաշտպանութիւնը՝ դաւաճանական «օգնութեան» ձեռք մեկնելով Պաքուին եւ Անգարային: Հայաստանի «բեմադրուած» ռազմական «պարտութիւնն» այժմ կը շահարկուի Երեւանի ոխերիմ թշնամիներու՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութենէն առաւելագոյն զիջումներ կորզելու համար։ 2020 թուականի Ատրպէյճանական եւ թուրքական պետական ահաբեկիչներու յարձակումներէ յետոյ բազմաթիւ հայրենի եւ սփյուռքի հայեր, վախնալով հին ռեժիմի գողապետութեան իշխանութեան վերադարձէ, ակտիւօրէն կը յորդորէին վարչապետ Փաշինեանին «չհրաժարիլ»՝ արդիւնաւետօրէն դէմ կենալու համար հին գողապետութեան իշխանութեան վերադարձին: Ո՞րն էր հայրենիքի եւ սփյուռքահայ զանգուածներու նման պատճառաբանութեան շարժիչ ուժը։ Արդէօ՞ք հին ռեժիմի վերադարձը իշխանութեան ընտրադաշտէ դուրս էր: Նորմալ պայմաններու մէջ, ժողովրդավարութեան պայմաններու մէջ, որեւէ ռեժիմ, որ կը կրէ ռազմական պարտութիւն, ենթակայ է հրաժարականի եւ ընտրութիւններուն միջոցով փոխարինուելու նոր կառավարութեան մը կողմէ, որպէսզի օգնէ տուժած պետութեան դուրս բերելու հետպատերազմեան ցածր բարոյականութեան ճահիճէ: Սակայն Հայաստանի պարագային, քաղաքական իրողութիւններու թելադրանքը ժամանակաւորապէս կ՛արգիլէ նման ընտրութիւն մը, քանի որ Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութիւնը յայտնուած է տապալուած Փաշինեանի կառավարութեան եւ հին ռեժիմի գողապետութեան միջեւ։ Նման ընտրութիւնն անընդունելի կըլլայ թէ՛ Հայրենիքի, թէ՛ Սփիւռքի հայութեան ահռելի մեծամասնութեան համար։ Գրութիւնը պատին է։ Երկրագնդի գրեթէ բոլոր անկիւններու մէջ բարձր ու յստակ հնչող ուղերձը կը թելադրէ՝ «ՈՉ ՎԵՐԱԴԱՐՁ» նախկին նախագահներու ձախողած գողապաետական ռեժիմներուն յանձինս՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսյանի (1991-1998 թթ.), Ռոբերտ Քոչարյանի (1998-2008 թթ.) եւ Սերժ Սարգսյանի (2008-2018 թթ.): Պատճառը, որ Հայաստանի մէջ ընտրազանգուածը չունէր ղեկավարութեան փոփոխութեան մասին մտածելու իրաւունքը, առողջ հայրենասիրական ուժերէ կազմուած լաւ կառուցուած դաշինքի բացակայութիւնն է, որ կտնար Հայաստանը տանիլ դէպի նոր դարաշրջան. վերակառուցման պատուաւոր փուլ։ ՆԵՐԿԱՅ ՓՈՒԼ. Փաշինեանի կառավարութիւնը միջազգային ասպարէզի մէջ կը տանի ծանր քաղաքական եւ դիւանագիտական պայքար՝ 1) Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմաններու սահմանազատման եւ ապասահմանափակման գործընթացի վերաբերեալ. 2) Պաքուի անարդար պահանջներուն հակազդել Հայաստանի ինքնիշխան տարածքով ցամաքային միջանցք տրամադրելու մասին, որ կը կապէ Ատրպէյճանը Նախիջեւանի հետ. 3) Հակադարձելով Անգարայի պահանջներուն՝ պաշտոնապէս ճանաչնալ Թուրքիայի եւ Հայաստանի միջեւ ներկայ սահմանը, փաստացի հրաժարելով արեւելեան եւ արեւմտեան Հայաստանի հողերու ապօրինի թուրքական բռնագրաւումէն բղխող տարածքային պահանջներէն. եւ հրաժարիլ 1915- 1923 թուականներուն թուրքերու կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան փոխհատուցման, անշարժ եւ անձնական ունեցուածքի անօրինական բռնագրաւումէ: Ներկայ ընդդիմութիւնը կ՛ուժեղացնէ՞, թէ՞ կը թուլացնէ Հայաստանի ներկայ իշխանութեան դիրքերը։ Ընդդիմութիւնը պէտք է կտրականապէս դէմ ըլլայ որեւէ տեսակի պատմական անուղղելի եւ մշտապէս վնասող զիջումներու հանդեպ Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանին։

Որեւէ առողջ ընդդիմութիւն պէտք է ձեռնպահ մնայ թշնամու ազգային շահերուն կամա կամ ակամա ծառայելէ՝ ի վնաս հայ ազգային շահերու։ Հայկական ոչ մէկ ընդդիմութիւն պէտք չէ խաթարէ զոյգ հայկական հանրապետութիւններու ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնն ու պաշտպանութիւնը: Մենք՝ կարեկցող եւ առողջ ընդդիմութեան շարքերու մէջ, պէտք է ամեն ինչ ընենք պաշտօնական Երեւանի քաղաքական դիրքերը ամրապնդելու եւ չխաթարելու համար։ Ներկայ ընդդիմութիւնը, որ կը գլխավորէ հին գողապետութիւնն, կը փորձէ շահագործել «Ռուսաստանի խաղաքարտը»՝ ձեւացնելով հաւատարմութիւն Մոսկուային, որպէսզի հասնի իրենց իշխանութեան վերադարձին նախկին նախագահներ՝ն մէկին յանձինս Տեր-Պետրոսյանին, Քոչարյանին կամ Սարգսյանին եւ անոնց գործընկերներուն՝ ինչպիսին է Հայաստանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ): Հիմնական դաշնակցական կուսակցութեան սփյուռքաբնակ եւ հայաստան/ արցախցի բազմաթիւ անդամներ եւ համակիրներ դժգոհ են խորապէս կոռումպացուած եւ լայնօրէն վարկաբեկուած նախկին խորհրդային քաղաքացիներէ, որոնք առեւանգած են ՀՅԴ-ն եւ դիմակաւորուած որպէս «իսկական» դաշնակցականներ: Եկած է ժամանակը, որ քաղաքացիական հասարակութեան բոլոր շերտերէ եկող հայրենասիրական ուժերը յառաջ ընթանան եւ մէկ կողմ դնեն եւ՛ սորոսական, եւ՛ հին գողապետական թեւերը: Ի դեպ, վերջերս Լոս Անճելոսի մէջ գործող ՀՅԴ կազմակերպիչները բողոքի ցոյց կազմակերպեցին իշխող ՙՔաղաքացիական Պայմանագիր՚-ի եւ Փաշինեանի ռեժիմի դէմ։ 700,000 ամերիկահայերէ մասնակցած են համայնքի միայն 75-ը (այո, եոթանասունհինգ): Ատիկա յստակ ցուցում է, որ Քոչարյան-Սարգսյան-Հայաստանի ՀՅԴ-ի օրոք գործող ընդդիմութիւնը շատ վատ դիրք ունի ամերիկահայ սփյիւռքի մէջ եւ անոր կորիզ՝ Լոս Անճելոսի մէջ: Հայաստանի ընդդիմութիւնն այլեւս պէտք չէ առեւանգուի ճղճիմ փոքրամասնութիւն դարձած հին ռեժիմի ուժերու կողմէ. Հայաստանի ընտրազանգուածը պէտք է քուէարկէ իրական ընդդիմութեան ստեղծման օգտին: Հայաստանին անհրաժեշտ են հայրենասեր ուժեր թէ՛ իշխանութեան, թէ՛ ընդդիմութեան ներսը։

ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ

Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝

«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *