Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի երէկ Թեհրանի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Եթէ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի արգելափակման քաղաքականութիւն ըլլայ, Իսլամական հանրապետութիւնը ատոր դէմ պիտի ըլլայ, որովհետեւ այդ սահմանը կը նկատուի հաղորդակցութեան ուղի, որ հազարաւոր տարիներէ ի վեր եղած է»:
Խամենէի նաեւ յայտնեց, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ որեւէ զինուորական յարձակում «Սուրիոյ ու Թուրքիոյ պիտի վնասէ եւ ի նպաստ ահաբեկիչներուն պիտի ըլլայ»աւելցնելով. «Պէտք է ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ, սակայն Սուրիոյ մէջ զինուորական յարձակումը ահաբեկիչներուն պիտի նպաստէ, հակառակ անոր, որ անոնք որոշ խմբաւորումով մը սահմանափակուած չեն»: «Թուրքիոյ անվտանգութիւնը կը նկատենք մեր անվտանգութեան մէկ մասը, եւ դուք պէտք է Սուրիոյ անվտանգութիւնը նկատէք ձեր անվտանգութեան մէկ մասը, եւ պէտք է Սուրիոյ հարցը լուծել բանակցութեան ճամբով, եւ Իրանը, Սուրիան եւ Ռուսիան պէտք է այս հարցին վերջ տան երկխօսութեամբ»: Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը նաեւ Էրտողանին յայտնեց. «Պաղեստինը իսլամական աշխարհին մէջ թիւ մէկ դատն է, եւ պէտք չէ Ամերիկային ու սիոնական գոյացութեան վստահիլ»: Էրտողան իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի Իրանի հիւլէական համաձայնութեան մէջ օրինական պահանջին, եւ թուրք ներդրողները քաջալերեց Իրանի մէջ ներդրում կատարելու: «Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումները Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ մասնաւորաբար Ամերիկայի նման արեւմտեան երկիրներու կողմէ ծանր զէնքերով աջակցութիւն կը վայելեն», նշեց Էրտողան նախատեսելով, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը «քաղաքական գործողութեան մը նախաձեռնէ»:
Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ Ասթանայի ձեւաչափի ժողովը լաւ արդիւնքներ տայ:
Միւս կողմէ, Թեհրանի մէջ գումարուեցաւ Թուրքիա-Իրան բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի 7-րդ նիստը: Իրան եւ Թեհրան տարբեր մարզերու մէջ տնտեսական համագործակցութեան համաձայ նագիրներ ստորագրեցիններկայութեամբ երկու երկիրներու նախագահներուն Իպրահիմ Ռայիսիի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի:
Ռայիսի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ երկու երկիրները համաձայնութիւններու մակարդակը բարձրացնելու լուրջ կամք ունիննշելով. «Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտրական յարաբերութիւնները պէտք եղած մակարդակին վրայ չեն, եւ զանոնք կարելի է 30 միլիառ տոլարի սահմաններուն բարձրացնել»: Ռայիսի յայտնեց, որ ստորագրուած համաձայնութիւնը կը ներառէ միացեալ գործարաններու կառուցումը եւ Թուրքիոյ իրանեան կազով մատակարարումը 25 տարիով երկարաձգումը: Ան շեշտեց երկու երկիրներուն միջեւ սահմանի անվտանգութեան պաշտպանութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը նշելով. «Արեւմուտքը ահաբեկչութեան հետ երկակի չափանիշներով կը գործէ, իսկ Իրան կոչ կ՛ուղղէ պայքարելու ահաբեկչութեան դէմինչ անուան տակ ալ անիկա ըլլայ»: «Իրան եւ Թուրքիա Սուրիոյ հողերուն ամբողջականութիւնը կը հաստատեն», ըսաւ Ռայիսի աւելցնելով. «Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գործակ-ցութիւնը կրնայ շրջանի անվտանգութեան եւ միջազգային անվտանգութեան մէջ դեր ունենալ»: Ան յոյս յայտնեց, որ ստորագրուած ռազմավարական փաստաթուղթը Թեհրանի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու զար-գացման յանգեցնէ:
Էրտողան իր կարգին յայտնեց, որ խորհրդակցութիւնները երկու եր-կիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու մակարդակը պիտի բարձրացնեն, եւ գնահատեց Իրանի նախագահիԻրանի եւ դրացի երկիրներուն միջեւ գործակցութեան տեսլականը: «Մեր հասարակաց նպատակը մեր միջեւ տարեկան ապրանքաշրջանառութիւնը 30 միլիառ տոլարի հասցնելն է», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը աւելցնելով. «Կրնանք Իրանի հետ պաշտպանական եւ հեղուկ կազի մար-զերուն մէջ միացեալ քայլեր առնել»:
Ան ըսաւ, որ Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ «հիւսիսային Սուրիոյ եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ գործող ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ միացեալ պայքարի» համաձայնութիւն գոյացած է:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *