ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային
համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրա-գրին կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 17 Սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ «Աշխարհի Կինը. Արմէն Օհանեան՝ «Շամախեցի Պարուհին» (A Woman of the World: Armen Ohanian, the ‘Dancer of Shamakha’) հատորին առցանց ներկայացումը անոր հեղինակներուն՝ Վարդան Մատթէոսեանի եւ Արծուի Բախչինեանի առաջնորդութեամբ։
Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի հրատարակչատան հայկական մատենա-շարի 16րդ հատորը հանդիսացող այս գործով, հեղինակները կը ներկայացնեն արտասովոր հայուհիի մը՝ պարուհի եւ գրագէտ Արմէն Օհանեանի իւրայա-տուկ կեանքը։ Օհանեան դերասանուհի եղած է Կովկասի մէջ, թատրոնի բեմադրիչ՝ Պարսկաստանի մէջ, գրագէտՖրանսայի մէջ, եւ գրականագէտ ու թարգմանիչ՝ Մեքսիքայի մէջ
հանդիսանալով բազմաթիւ մշակոյթներու կամուրջ մը։ Ան աւելի շատ հռչակուած է՝ իբրեւ պարուհի Ասիայէն մինչեւ Ափրիկէ, Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկա՝ «Շամախեցի պարուհի» եւ «Պարսիկ պարուհի» մակդիրներով։ Անոր պարերը մաս կազմած են Արեւմուտքի մէջ տարածուող Մերձաւոր եւ Հեռաւոր Արեւելքի պարերու այն ալիքին, որոնց մեկնաբանները իրենց բնիկ մշակոյթէն սնած պարարուեստ կը ներկայացնէին։
Նշանաւոր նկարիչներ եւ քանդակագործներ պատկերած են Արմէն Օհանեանը, որուն մասին վկայած են շատ մը յայտնի ժամանակակիցներ իրենց նամակներուն եւ յուշերուն մէջ։ Անոր կեանքը անցած է երկիրներու, լեզուներու եւ մշակոյթներու սահմանները (գրած է չորս լեզուներով՝ հայերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն, իսկ գործերը հրատարակուած են առնուազն տասնչորս երկիրներու մէջ) եւ ընդգծած՝ «սփիւռք» հասկացութեան հետ միահիւսուած տարրեր, ինչպէս՝ անդրազգայնութիւն, բազմալեզուութիւն, բազմամշակութայնութիւն եւ հայրենիքի բազմակողմանի ըմբռնում։
Ներկայացման մասնակցելու համար այցելել https://bit.ly/armenianstudiesohanian կայքէջը:
