Պաքուն ԵԱՀԿ-ն կը մեղադրէ «Ազրպէյճանի հետ չհամագործակցելու» յանցանքով եւ կը սպառնայ չքննարկել կառոյցի յաջորդ տարուան պիւտճէի նախագիծը»:
«Փոխանակ խաղաղութեան հաստատման հասնին, ներդրում ունին շրջանին մէջ վստահութեան ամրապնդման հարցին մէջ, կը հրաժարին համագործակցիլ Ազրպէյճանի հետ եւ նախապատուութիւն կու տան «կարիքներու գնահատման» միակողմանի այդ առաքելութեանարդէն նախապէս որոշուած նպատակներով ու արդիւնքներով: Ատիկա հակառակ արդիւնքը պիտի տայ», կը նշուի ԵԱՀԿ-ի մէջ Ազրպէյճանի ներկայացուցչութեան անունով ԵԱՀԿ-ի մնայուն խորհուրդին մէջ կազմակերպութեան 2023 թուականի պիւտճէի քննարկման ժամանակ տարածուած յայտարարութեան մէջ: «ԵԱՀԿ-ը կը հանդիսանայ 57 պետութիւն-մասնակիցներու ընդհանուր համախմբումը: Մենք դէմ պիտի ըլլանք ԵԱՀԿ-ի փաստաթուղթերու եւ որոշումներու կոպտագոյն խախտումներուն ու անտեսման եւ դէմ պիտի ըլլանք համագործակցութեան ոգին խաթարելու որեւէ փորձի», յայտարարած է միջազգային կառոյցին մէջ ազրպէյճանական ներկայացուցչութիւնը սպառնալով չքննարկել ԵԱՀԿ-ի յաջորդ տարուան պիւտճէի նախագիծը:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս հինգշաբթի օր արձագանգելով ԵԱՀԿ-ի առաքելութեան` Հայաստան կատարելիք այցելութեան, յայտարարած է, թէ այդ որոշումը ԵԱՀԿ-ի որեւէ կառոյց չէ քննարկած: «Հայաստանի կարիքները գնահատող ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւն» կոչուող որեւէ խումբ չունի ԵԱՀԿ-ի լիազօրութիւն, որեւէ ձեւով չի կրնար կապ ունենալ ԵԱՀԿ-ի հետ, եւ անոր ոչ մէկ արդիւնք կամ զեկուցում պիտի ընդունի իբրեւ ԵԱՀԿ-ի փաստաթուղթ», յայտարարած է Ազրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութիւնը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *