Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած խառն մենամարտերու «ԱՔԱ-147»-ի մրցաշարքի գլխաւոր մենամարտին ընթացքին Ռուսիան ներկայացնող հայ մարտիկ Էդուարդ Վարդանեան 2-րդ ռաունտին թեքնիք նաք աութով յաղթեց իր ռուս մրցակիցին` Եուսուֆ Ռայիսովին:
Այս մրցումը կ՛իյնայ թեթեւ քաշային կարգին մէջ:
Իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 31 տարեկան Էդուարդ Վարդանեան, որ ցարդ կատարած է 28 մենամարտ, արձանագրած է 24 յաղթանակ եւ կրած 4 պարտութիւն:
Իսկ Ռայիսով 22 մրցումի ընթացքին արձանագրած է 19 յաղթանակ եւ կրած 3 պարտութիւն:
