Ֆլօրա Սարեան անչափ հարազատօրէն կը ներկայացնէ իր ստեղծած կերպարներու էութիւնը, հոգեբանութիւնը, պայքարի ոգին ու կեանքը ե՛ւ արեւմտեան, ե՛ւ արեւելեան Հայաստանի մէջ։ Նոյնպէս բռնագաղթի ճանապարհին: Սարեան հմտօրէն մտերմիկ եւ հարազատ կապ կը ստեղծէ ընթերցողի եւ մօտաւոր անցեալի, ինչպէս նաեւ ժամանակակից հայոց պատմութեան միջեւ: Ակնթարթի մը մէջ, հեղինակը ընթերցողին կը տեղափոխէ հարիւր տարի ետ ու հեզասահ գրելաոճով անոր կ՛առաջնորդէ երէկուան՝ օսմանեան լուծին տակ հիւծուող, սակայն դիմադրող Արեւմտեան Հայաստանը եւ նոյն գրական հմտութեամբ կամուրջ կը ստեղծէ պատմական Հայաստանի եւ ժամանակակից Հայկական զոյգ պետութիւններու ազգաբնակչութեան կեանքի իրականութեանց միջեւ: Հեղինակին տքնաջան աշխատանքին եւ գրական կարողականութեան շնորհիւ է, որ երկու լեզուաոճերը միասնաբար կը տողանցեն ընթերցողին առջեւ՝ թէկուզ առանձնայատուկ ինքնութեամբ, սակայն նոյն ապրումներով եւ ոգիով։ Հեղինակին պատմելաոճը հարուստ համայնապատկեր մը կը ստեղծէ ընթերցողի ներաշխարհին մէջ՝ անոր հեշտօրէն տեղափոխելով հեռաւոր եւ մօտաւոր անցեալ։ Պատմական անցուդարձերու հերոսներն ու հերոսուհիները կը վերակենդանանան իրենց իւրայատուկ կերպարներով։ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանով ու անոր յուշերով ապրող ընթերցողներու համար, եւ այն ընթերցողներուն՝ որոնք կը փափաքին իրենց ներաշխարհը հարստացնել սեփական էութիւնը շաղախելով այն հայ կերպարներուն հետ որոնք կը մաքարէին երէկուան՝ օսմանեան լուծին տակ եւ մերօրեայ հերոս ժողովուրդին, որ անթուլ պայքար կը մղէ, ՙՉգրված Օրենքը՚ զոդող օղակ մըն է: Իսկ նախավերջնաբանը՝ գօտեպնդիչ: Հեղինակին կողմէ շառահիւսուած հոգեմտաւոր քարտես դէպի պայծառ ապագայ. ՙՄտածեցի՝ նրա ու այդ սերունդի կյանքի արդար պայքարի երթը դեռ երկար է շարունակվելու, որ նրանց քայլերի դոփյունի արձագանքը դեռ երկար է լսվելու ողջ աշխարհում, որտեղ հայի անունն է հնչելու …՚:

Աբօ Չափարեան Լոս Անճելոս, ԱՄՆ

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *