Հայաստանի ֆութպոլի փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւան աւարտեց իր ելոյթները«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով: Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմը, որ զտումի Գ. հանգրուանի երթի մրցումին կրած էր 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը
նորվեկիական Պոտօ Կլիմթէն, դարձի մրցումին եւս կրեց նոյն արդիւնքով պարտութիւն մը, այս անգամ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած մրցումին:
Հիւր կազմը իր կոլերը նշանակեց 43-րդ (փենալթիով), 49-րդ եւ 54-րդ վայրկեաններուն:
Նշենք, որ «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի նախորդ երկու հանգրուաններուն, Հայաստանի ֆութպոլի 15-ակի ախոյեանը երկուքական անգամ յաղթած էր էսթոնական Նարվա Թրանսին (2-0 եւ 3-0) եւ շուէտական Քալմարին (2-1 եւ 2-1):
Այսպիսով, եւրոպական մրցաշարքերուն գծով Հայաստանի վերջին ներկայացուցիչը եւս հեռացաւ անոնցմէ:
