Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 18 դեկտեմբերին ընդունած է Միջազգային ճգնաժամային խումբի նախագահ Քոմֆորթ Էրոն: 

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն, հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են շրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցերու շուրջ: 

Ըստ աղբիւրին, նախարար Միրզոյեան անդրադարձած է Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան ու տեւական խաղաղութեան հաստատման, դրացիներու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մօտեցումներուն, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ վերջին զարգացումներուն: Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշման հիմքին մէջ դրուած հիմնարար սկզբունքները` տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման, Խորհրդային Միութեան ամէնէն վերջին քարտէսներուն հիման վրայ սահմանազատման գործընթացի ապահովման եւ ինքնիշխանութեան ու իրաւազօրութեան ներքեւ, հաւասարութեան, փոխադարձութեան սկզբունքներով շրջանային կապուղիներու ապաշրջափակման վերաբերեալ: 

Կը նշուի, որ միտքեր փոխանակուած են Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ցեղային զտման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակի, այդ շարքին` Արցախի 100 հազարէ աւելի բռնի տեղահանուած հայ բնակչութեան կարիքներու եւ իրաւունքներու հասցէագրման առնչուող հարցերու, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի կայունութեամբ հետաքրքրուած միջազգային գործընկերներու հետ փոխադարձ գործակցութեան կարեւորութեան շուրջ: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *