19էն 27 Յունուար, Իտալիոյ Թրիեսթէ քաղաքի միջազգային 35րդ փառատօնին, Շողակաթ Վարդանեանի «1489» ֆիլմը արժանացաւ «Լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէն» մրցանակին։
Յիշեցնենք, որ նախապէս Վարդանեանի նոյն ֆիլմը Ամսթերտամի միջազգային վաւերագրական ժապաւէններու փառատօնին (IDFA) արժանացած էր երկու մրցանակներու։
Ֆիլմին ժամանակագրական շրջանը 2020-2022 տարիներն են. անիկա 44օրեայ պատերազմի 7րդ օրը անհետացած Սողոմոնի՝ Շողակաթի եղբօր որոնման պատմութիւնն է։