Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան հետ այցելեց Գեղարքունիքի մարզի Նորաբակ գիւղը:
«Եւրոպական Միութեան առաքելութեան հետ Նորաբակի հայ գիւղա- ցիներուն կողքին՝ ռազմական շփման գիծէն 4 քիլոմեթր հեռու», «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է Տըքոթինյի՝ աւելցնելով. «Եւրոպացի դիտորդներուն ներկայութիւնը կը հանգստացնէ այս մեկուսացած եւ խոցելի բնակչութիւնը: Այս շօշափելի ապացոյց է, որ անոնք մոռցուած չեն աշխարհի կողմէ»: