Ստորեւ կը ներկայացնենք 2024 թուականի Մայիսի 24-ի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատեսային հաղորդաշարին արտագրուած «թեքսթ»ը: «ԲԱԳՐԱՏԻԿԻ ՍՆԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ… Եւ ռոբիկի, սերժիկի ու կտրիճիկի տաւուշեան կրկէսի «սխրալի» աւարտը». Բացայայտումներ՝ Աբօ Չափարեանի եւ յայտնի հրապարակախօս եւ հետզօտող Ոսկան Մխիթարեանի կողմէ: 

Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը ելեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ ուղարկել usarmenianlife@ gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխացեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն: 

Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժանորդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի տպագիր տարբերակին՝ ամէն շաբաթ ԱՄՆ փոստով ստանալու համար, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան կամ գրասենեակի կամ փոստարկղի հասցէն: 

YouTube-ի մէջ դիտելու համար օգտագործեցէ՛ք հետեւեալ յղումը 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ- Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ, անունս Աբօ Չափարեան է։ 

Իմ զրուցակիցն է յայտնի հրապարակախօս Ոսկան Մխիթարեանը։ 

Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերջին մի քանի տարիներուն զգալի յառաջդիմութիւն արձանագրեց, հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններուն, իր արտաքին զինակցութիւնը բազմազան դարձնելու եւ լճացած վիճակէն դուրս գալու: 

Հակառակ որ 2020-ի 44-օրեայի արհաւիրքը ծանր նստած էր հայ ժողովուրդին վրայ, բայց հայ քաղաքական շրջանակները, յատկապէս առողջ նոր սերունդը, որ ես բազմիցս ոսկէ սերունդ որակած եմ եւ կը շարունակեմ որակել, շրջահայեաց ըլլալով, իմացայ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չ›ի կրնար, չէր կրնար եւ պիտի չկարենայ գոյատեւել, եթէ այդպէս ռուսական «մոնոփոլիա»յի տակ մնայ։ Ձեռնարկուեցան քայլեր Եւրոմիութեան հետ զինակցութիւնը զարգացնելու, նոյնպէս` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հետ, ինչու չէ նաեւ Իրանին հետ եւ բազմաթիւ այլ երկիրներու՝ ներառեալ Ուքրանիան, Հնդկաստանը եւ բազմաթիւ այլ երկիրներ։ 

Այս քայլերը Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը տեղաւորէ ժողովրդավարական շղթայի ամէնէն կարեւոր տարածաշրջանին մէջ, ժողովրդավարական այն շղթան, որ կը սկսի սքանտինաւեան երկիրներէն, անցնելով պալթեան երկիրներ, ապա Ուքրաինա, Վրաստան եւ Հայաստան։ Այս երկիրները նախկին սովետական ժամանակներէն միշտ ալ ազգային իղձ, փափաք ունեցած են, որպէսզի անկախութիւն իրականացնեն եւ ինքնիշխանութեան հովանիի ներքոյ, եւ անշուշտ պաշտպանունակութեան հովանիին ներքոյ, զարգացնեն ե›ւ իրենց տնտեսութիւնը ե›ւ ռազմական դրութիւնը։ 

Այս զարգացումներու լոյսին տակ պէտք է դիտել, թէ ինչ «սցենար» կը փորձեն իրականացնել Հայաստան աշխարհէն ներս։ Երկու շաբաթ առաջ մենք խօսեցանք այսպէս կոչուած «տաւուշեան կրկէս»ի մասին եւ անոր յաջորդեց «բագրատիկի արշաւանքները» խորագիրը կրող հաղորդաշարը եւ այսօր հասած ենք այն օրուան, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը խաչմերուկի առաջ կը գտնուի։ 

Հարցս, պարոն Մխիթարեան, ի՞նչպիսի նորագոյն զարգացումներ նկատեցիք վերջին օրերուն եւ ի՞նչպիսի հեռանկար կը տեսնէք Հայաստանի Հանրապետութեան համար: 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ -Պարոն Չափարեան, խօսքս ուղղելէ առաջ, ձեր յաջորդ խորագիրը տամ՝ «Բագրատիկի սնանկութիւնը»։ 

Շատ պարզ է։ Հրապարակ ելան, ցոյց տուին թէ ինչ կրնան ընել։ Մէջտեղն է։ Բոլորս ալ կը տառապինք այս հարցերով, բայց մէջտեղն է։ Երեւցող գիւղը ոչ հեռադիտակի պէտք ունի, ոչ ալ առաջնորդի։ Ձախողած են։ Բայց հոս կարեւոր հարցը, պարոն Չափարեան, Բագրատ սրբազանը չէ միայն։ Բագրատ սրբազանին ետին կանգնած ոչ ազգայնական ուժերը, եթէ ազգայնական ըլլային, անկասկած որ երկու չէ, տասը անգամ կը մտածէին իրեն զօրավիգ կենալու պարագային։ Հետեւաբար, այսօր ձախողած է Բագրատ սրբազանի արշաւը, այսպէս ըսենք։ 

Ամէնէն տխուր իրողութիւնը այն է, որ ձախողելէն ետքը, ինքզինք աւելիով վարկաբեկելու համար, նոր քայլ մը կʼառաջարկէ ժողովուրդին։ Մայիս 26ին նոր արշաւ պիտի ընէ։ Ի՞նչ պիտի ընես, Բագրատ սրբազան։ Ի՞նչ ըրիր, որ ի՞նչ կրնաս ընել։ Այս բոլորին մէջ մեր մտահոգութիւնը ոչ դուն ես, ոչ իշխանութիւնն է, ոչ ալ քու ետին կանգնող ուժերն են, մասնաւորաբար քու «պոս»դ՝ Գարեգին կաթողիկոսը։ Դուն քու արշաւովդ դէմ ես քու ժողովուրդիդ։ 

Միշտ կը կրկնենք, իշխանութիւնները կու գան, կʼերթան, բագրատները կու գան, կʼերթան, գարեգիններն ալ կու գան, կʼերթան, հայրենիքը պիտի մնայ։ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին պիտի մնայ, որ իր պետութեան զօրավիգ կանգնի։ Այս բոլորին գիտակ չէ՞ք դուք, որ կապարը ձեռքերնիդ, առաջ կը հրահրէք ժողովուրդը այսօրուայ իշխանութեան դէմ։ Ի՞նչ է ձեր նպատակը։ Բոլոր անոնք, որոնք քեզ կը քաջալերեն «ձիթէնիի ճիւղեր»ով, կը կարծես որ պիտի շարունակե՞ն քեզ քաջալերել։ Թէ այս բոլորը կʼընեն, որպէսզի իրենք այն ինչ որ տարիներու ընթացքին գողցան եւ կուտակեցին, պահեն զայն, վերադառնալով աթոռին։ 

Աթոռատենչութեան հիւանդութիւն մը կայ այստեղ, Բագրատ սրբազան, որուն զոհն ես դուն։ Քու մատներովդ շագանակը կը հանեն կրակին վրայէն։ Քու «պոս»դ ալ նոյն բանը կʼընէ քեզի հանդէպ։ Լաւ կʼըլլայ, որ զղջաս ըրածիդ համար եւ 26-ին անգամ մըն ալ չելլես բեմ, ինքզինքդ աւելիով խայտառակելու համար:։ 

Սեւ հագուստէն անցար ճերմակ պարեգօտի։ Նոր Քրիստո՞սն ես, թէ՞ նոր Ղեւոնդ Երէցն ես։ Սիրելի սրբազան, դուն առաքելական եկեղեցւոյ վարկը ոչ թէ 25 սէնթի վերածեցիր, 1 սէնթի վերածեցիր, այն եկեղեցին, որ դարերու ընթացքին պահած է իր ժողովուրդը, երբ քաղաքականութիւն, պետութիւն չենք ունեցած։ Ո›չ պարսիկները, ո›չ արաբները, ո›չ բիւզանդացիները, չեն կրցած մեզ ստրկացնել։ 

Այսօր, երբ որոշ չափով, միշտ չակերտներու կʼըսեմ, «ինքնանկախութիւն» ունինք, այնքան ատեն, որ մենք մեր սահմանները տակաւին չենք պաշտպաներ, «անկախ» բառը լաւ կʼըլլայ, որ չգործածենք։ Ինքնանկախ այս պետութեան փորձենք օգնել. գիտենք իրենց տկար կողմերը, բայց օգնենք, ի շահ հայրենիքին, փոխանակ ժողովուրդը հրահրելու իշխանութեան դէմ։ Կա՞յ մէկը, որ չի գիտեր` այս խեղճ ու կրակ ժողովուրդը, որ կը բերէք հրապարակ, կաշառուած է։ Յստակօրէն այս բոլորը արձանագրուած են։ Մենք մեր ականջներով լսած ենք ղարաբաղցի մեր եղբայրներէն, թէ որքան գումար ստացած են։ Ասոնք մէկ կողմ դնեմ։ Իմ մտահոգութիւնս երկրի իշխանութիւնն է։ Քանի՞ անգամ պիտի յիշեցնենք ձեզի, որ թշնամին դուրսն է։ Երկու կողմէն պաշարուած ենք։ Մեր դարաւոր թշնամիներն են Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը։ Յիշեցէք Կոլտա Մայէրի խօսքը, ոսկի խօսքերը՝ «ինչպէս ես ազնիւ, բարի դրացիութիւն ընեմ մէկու մը հետ, որ կը փորձէ զիս ոչնչացնել»։ Սորվեցէք, եղբայր։ Պատմութիւնը մի կրկնէք։ Այսօր թշնամին դուրսն է։ Դուք զձեզ վարկաբեկեցիք կրկնակի, հազարապատիկ կերպով։ Իշխանութիւնը վարկաբեկելով, դուք զձեզ կը վարկաբեկէք։ Միշտ կը կրկնենք, իշխանութիւնները փոփոխական են անցողական են։ Համբերեցէք, երկիրը ոտքի կանգնի։ 

Եւ ասոր մէջ կարեւոր դեր պէտք է ունենար Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, որ բոլորիս համար, անխտիր, սրբութիւն սրբոց է։ Չմոռնաք, որ հայութեան 95 տոկոսը Առաքելական եկեղեցւոյ կը պատկանի։ Հետեւաբար, անիկա պատճառներէն մէկն է, որ Հայաստանի օրէնսդրութեան մէջ շատ յստակ կերպով ըսուած է, թէ պետութիւնը ինչ յատուկ վերաբերունք ունի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամբ։ Դժբախտաբար, դուն, Բագրատ սրբազան, եւ քու «պոս»դ, «շէֆ»դ՝ Գարեգին կաթողիկոս, վարկաբեկեցիք Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին։ Մենք մտահոգ ենք մեր եկեղեցիով։ Դուք, որպէս սքեմաւոր հոգեւորականներ, իրաւունք չունիք եկեղեցւոյ խորանը արատաւորելու։ Չ›ի բաւեր, որ 8 տարի է, Մայր եկեղեցին՝ սրբութիւն սրբոցը, հոն, ուր իջեւանեցաւ Տէրը, փակած էք մինչեւ այսօր։ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին որքան դժուարութիւններու առջեւ կը կանգնի այսօր, կանոնագրային որքան խախտումներ կան այսօր եկեղեցւոյ մէջ. կարելի է ժամերով խօսիլ այս մասին։ Դժբախտաբար, մեր ժամերը այդքան երկար չեն։ 

Այդ բոլորը կը պատահին, որովհետեւ Գարեգին կաթողիկոս, համագործակցաբար այդ աւազակախումբին, այս օրերուն հասցուց Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ անդաստանը։ Մենք երբեք դէմ չենք մեր Մայր Աթոռին։ Մենք դէմ ենք այն սքեմաւոր եկեղեցականներուն, որոնք կը շահագործեն իրենց սքեմը, յանուն իրենց անհատական եւ այլ շահերու, մութ շահերու։ 

Դուն, այսօր, Բագրատ սրբազան, զոհն ես քու այդ փառասիրութեանդ։ Կարծեցիր, որ այս մարդիկ քեզ վարչապետ պիտի ընտրեն։ Քու ո՞ր արժանիքիդ համար, Բագրատ սրբազան։ Ո՞ր պատրաստութեանդ համար։ Քաղաքական ասպարէզէն ներս ի՞նչ կոչում ունիս, ի՞նչ հասկացողութիւն ունիս, ի՞նչ պատրաստութիւն ունիս, որ կը յանդգնիս յայտարարելու եւ շատեր քու կողքիդ կանգնած, նախկին վարչակարգի մէջ աշխատող մարդիկ, որոնց մէջ տխուր է նաեւ տեսնել Վարդան Օսկանեանը, որ յայտարարեց, թէ Բագրատ սրբազան մեր նոր վարչապետն է։ Հո՞ս հասանք, Բագրատ սրբազան։ Սիրելի Վարդան, հո՞ս հասանք. մարդ չմնաց` Բագրատ սրբազանը վարչապետ պիտի ընենք։ 

Սիրելիներ, դադրեցէք ժողովուրդին կեանքը փոթորկելէ։ Թշնամին դուրսն է։ Արդէն կը փոթորկեն մեր բոլորին հոգիները, ըլլայ հայրենիքէն ներս, ըլլայ սփիւռքին մէջ։ Դուք պարտաւոր էք այս բոլորին խոր գիտակցութիւնը ունենալ եւ աշխատիլ այդ ուղղութեամբ։ Քու եւ քու մեծաւորիդ՝ Գարեգին կաթողիկոսին միակ ընելիքը պիտի ըլլայ հայ եկեղեցին կարգի բերել։ Կʼուզե՞ս յիշեցնենք քեզի, որ Գարեգին կաթողիկոս 140-է աւելի արժանաւոր եկեղեցականներու կարգը առած է` արքեպիսկոպոս, եպիսկոպոս, վարդապետ, քահանայ, սարկաւագ։ Եղբայր, եկեղեցին բարեկարգեցէք։ Բարեզարդեցէք եկեղեցին։ Ձեր գործը չէ քաղաքականութիւնը։ Այո, երկրին քաղաքացին էք. ըսելիք կրնաք ունենալ։ Բայց փոխանակ ձեր ըսելիքները յստակ ընելու, որը պէտք էր Աւետարանէն բխէր, որպէս միութիւն, համերաշխութիւն եւ սէր, ճիշդ հակառակը կը գործածէք։ Հոս է, որ մենք կը վրդովուինք ձեզի դէմ` եկեղեցականութեան դէմ, անպարկեշտ եկեղեցականութեան դէմ, որ կը յանդգնի ժողովուրդը հրահրել իր իշխանութեան դէմ։ Իշխանութիւն մը, որ ընտրուած է ժողովուրդին կողմէն։ Գալ անգամ մի ընտրէք այս իշխանութիւնը։ Ժողովուրդը պիտի ըսէ իր խօսքը։ Ինչպէս որ միշտ կը կրկնենք՝ ժողովուրդը նաեւ պիտի ըսէ իր խօսքը Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ կեանքէն, անդաստանէն ներս։ Որովհետեւ մեր եկեղեցին ժողովրդավարական է։ ժողովրդավարական այս եկեղեցին դուք խայտառակած էք։ Մենատիրութիւն ըրած է Գարեգին կաթողիկոս, եւ ամէն տեղ սանձարձակ կը գործէ։ Ժամանակը հասած է, որ ժողովուրդը ոտքի կանգնի։ Քեզի նման փերեզակները արտաքսէ եկեղեցիէն եւ ղրկէ ապաշխարութեան։ Նոյն բանը պէտք է ընեն Մայր Աթոռի անդաստանէն ներս գործող այն եկեղեցականները, որոնք ստրկամիտ են եւ կը գործեն Գարեգին կաթողիկոսի հրահանգով։ Ժամանակը հասած է, որ Մայր Աթոռը մաքրենք։ Որպէսզի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին վերստանձնէ իր այդ բարձր դիրքը, զօրավիգ կանգնելով հայրենի իշխանութեան, որովհետեւ ամէն բանէ վեր է հայրենիքը՝ ինձմէ, քեզմէ եւ քու կաթողիկոսէդ։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ- Շնորհակալութիւն, պարոն Մխիթարեան։ 

Ըստ երեւոյթին, Գարեգին Բ. չկաթողիկոսը կարգազուրկ եւ պաշտօնազուրկ ընելէն ետքը Բագրատ սրբազանը եւ նոյնպէս այլ անբարոյականութեան գիրկը նստած եկեղեցականները, պէտք չէ մոռնայ, որ ինքն ալ վերջաւորութեան ինքզինքը կարգազուրկ ընէ եւ հրաժարի, պաշտօնազրկէ ինքզինքը, որպէսզի նոր հորիզոններ բացուին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ համար։ 

Ըստ երեւոյթին, Գարեգին Բ.ն եւ իր «կլան»ը, այսպէս կոչուած «ղարաբաղեան կլան»ը, միասին զինակցութիւն իրականացուցած են։ Արդէն նոր, վերջին տարիներուն բացայայտուեցաւ, որ այդ զինակցութիւնը մի քանի տասնամեակ է որ կը գործէ, եւ այդ թաքուն զինակցութիւնը առաջին անգամ իր դիմագիծը պարզեց Հոկտեմբեր 27, 1999ին, երբ «մասսայական» պետական այրերու սպանութիւն գործադրուեցաւ Հայաստանի Ազգային Ժողովէն ներս։ Այդ օրը ոչ թէ Հայաստան աշխարհը կորսնցուց իր փայլուն ղեկավարները, յանձինս վարչապետ Վազգէն Սարգսեանին եւ Կարէն Դեմիրճեանին եւ այլ առողջ մտածող եւ գործող պետական այրերուն, այլ նաեւ կորսնցուց իր ապագան։ Առնուազն 30 տարի ետ գնաց Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ 

Եւ հիմա, ըստ երեւոյթին, քանի որ հայ ազգը արտերկրի եւ հայրենի իր ժողովուրդով, երբ կը պատրաստուի նոր հորիզոններ իրականացնել, դէպի նոր փայլուն հորիզոններ նաւարկել, դարձեալ ներքին 5-րդ շարասեան հին գողապետականներուն գլխաւոր դերակատարներէն Ռոպերթ Քոչարեան իր դէմքը եւս մէկ անգամ կը բացայայտէ։ Դիտենք այս տեսանիւթը եւ ականատես ըլլանք այն մարդու խօսքին, որ միշտ ալ փափաքած է եւ հրապարակաւ ալ յայտարարած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մինչեւ «քոք»ը պիտի մաշեցնէ եւ, ըստ երեւոյթին, այս անգամին նոյն այդ անձնաւորութիւնը նովին գործով մինչեւ «քոք»ը կը մաշեցնէ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, իրեն «քակէպէշնիկ» գործակիցներու հետ համագործակցաբար (չակերտեալ անշուշտ), եւ որոնց հերթին Գարեգին Բ.ն եւ Բագրատիկը, շատ հաւանաբար, եւ անշուշտ ուրիշներ։ Դիտենք եւ այս զրոյցը կը շարունակենք։ 

ՌՈՊԵՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆ – …Կը կարողանայ ինչ որ տեղ կամուրջներ փնտռել եւ փորձել միաւորել մեր ազգին, լաւագոյն տարբերակը Հայ Առաքելական Եկեղեցու որեւէ յարգանք վայելող սրբազանը կը լինի։ Հենց այս օրհասական պահին նման թեկնածուն կը լինէր լաւագոյնը, իմ համոզմամբ։ Պէտք է բաւարար զանգուած, որը պէտք է դուրս գայ փողոց, եւ այդ փողոցը չպէտք է լինի իմ մասին կամ որեւէ այլի մասին։ Եթէ այդպէս լինի, մենք ոչինչի չենք հասնելու։ Այդ փողոցը պէտք է լինի իշխանութիւնը հեռացնելու մասին։ Եթէ հասկացաք, մենք չպէտք է փողոց հանենք, ասենք` «էս ա, դուրս ենք գալիս Քոչարեանը իշխանութեան բերելու համար»։ Հենց մենք նման թեմաներով սկսենք հանդէս գալ, եթէ այդպէս լինի, մենք ոչինչի չենք հասնելու։» 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ- Վստահ եմ, որ բոլորդ ալ ծիծաղով մտիկ ըրիք այս ելոյթը, մեր նախկին նախագահի ելոյթը։ Նոյն լայն ժպիտը իմ դէմքիս վրայ է, որովհետեւ կրնա՞ք երեւակայել, որ լաւագոյն թեկնածու կը նկատէ Բագրատ սրբազանին։ Կը նշանակէ, որ սնանկութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին։ Կը նշանակէ, որ ոչ մէկ թեկնածու ունին, ոչ ալ յստակ ծրագիր ունին վերադառնալու իրենց աթոռներուն, որպէսզի կարենան իրեն յափշտակածը պահել։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ- Ըստ երեւոյթին, պարոն Մխիթարեանին առաջարկած խորագիրը` «Բագրատիկի սնանկութիւնը», շատ տեղին է եւ, ըստ երեւոյթին, այստեղ նաեւ եւս մէկ աւանդական սփիւռքեան կառոյց մը իր սնանկութեան մէջ կը ճապաղի։ Եւ այդ կառոյցին անունը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն է։ 

1980-ականներուն Օլեկ Քալուկին անունով սովետական «քակէպէ»ի ղեկավար, որ հետագային անցաւ Արեւմուտքի կողմը, իր յուշերուն մէջը յստակ կերպով բացայայտած է, թէ ի՞նչպէս սովետական «քակէպէ»ի գործակալները կրցած են համոզել եւ զինուորագրել, անդամագրել Դաշնակցութենէն ներս այնքան թիւով դաշնակցականներ, որ հետագային Օլեկ Քալուկինը կը գրէ, որ կրցած են Դաշնակցութեան մէջ ազգային ջիղը քարուքանդ ընել եւ պայքարը դադրեցնել տալ յօգուտ հայ ժողովուրդին։ Այդ փաստը նկատի առնելով եւ բաղդատելով այսօրուայ եւ նախորդ 20-30 տարուայ վարուելակերպին հետ Հայաստանէն ներս, պիտի տեսնենք, որ նորմալ շարունակութիւնը կը կատարուի եւ պէտք չէ զարմանալ։ 

Բազմաթիւ աւանդական սփիւռքահայ դաշնակցականներ, որ միշտ կապի մէջ են ձեր խոնարհ ծառային հետ, անընդհատ իրենց զայրոյթը կը յայտնեն, թէ ի՞նչ նպատակով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ղեկավարը՝ Տէր Խաչատուրեան կոչեցեալը, ի՞նչ երեսով «քակէպէյշնիկ» Գարեգին Բ. չկաթողիկոսին կողքը կը յայտնուի, եւ վերջերս յայտնուած է հերթական եւս մէկ անգամ։ 

Այստեղ պէտք է խօսք մը ըսել ճշգրիտ կերպով արտացոլելու համար սփիւռքէն ներս տիրող իրական պատկերը։ Ես առանձինս չեմ. ով որ կʼուզէ իրեն համար ստուգէ եւ հաստատէ, թող բարի գտնուի, ըստ բախտի, ոչ աւելի քան տասը աւանդական սփիւռքահայի հետ թող զրոյց վարէ եւ տեսնէ, թէ արդեօք նոյն եզրակացութեան կը հասնի՞նք։ Բացառութեամբ կարգ մը ազնուահոգի եւ առողջ մտածող կառոյցներու եւ որոնց հերթին Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը, պէտք է ըսեմ, որ այսօրուայ դրութեամբ սփիւռքի աւանդական կառոյցները, սկսած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէն, իր «մետիա»յով եւ որոնց հերթին «Ասպարէզ»ը, որ անընդհատ ահազանգ կը հնչեցնեն եւ անընդհատ ուռճացած կերպով ծայրայեղ դժբախտութիւն պատճառող լրատուական գործելաձեւով տրամադրութիւնները քարուքանդ կը փորձեն ընել սփիւռքեան շրջանակներէն ներս, անամօթաբար կը յայտնուին 5-րդ շարասեան հին գողապետականներուն կողքին: Եթէ ժամանակ ըլլայ, պիտի ցոյց տանք մի քանի լուսանկարներ, որպէսզի դուք տեսնէք. այս լուսանկարները հին չեն, նոր են։ Անցեալին այսպիսի լուսանկարներ յայտնուած են, ջուրին երես ելած են, բայց հիմա ամէնէն կարեւորը պէտք է նշել, որ աւանդական սփիւռքեան կառոյցները խոշոր մասով, մեծաւ մասամբ սպառած են, եւ ես լիովին համաձայն եմ Փարիզի մէջ քաղաքագէտ եւ ժուռնալիստ Կայծ Մինասեանի այն խօսքին հետ, որ եթէ ճիշդ հասկցած եմ, կʼըսէ՝ Դաշնակցութեան համար երկու ճանապարհ կայ` մէկը դագաղը, միւսը գերեզմանը։ 

Դժբախտաբար, այս «կյոզալ» կուսակցութիւնը այս օրին հասցուցին պատեհապաշտները, մեր նորօրեայ պատեհապաշտները, եւ փոխանակ լաւ նպատակի համար գործի մղեն, մինչեւ հիմա իրենց իշխանատենչութեան պատճառով կը շարունակեն արշաւ։ Արշաւ` որո՞ւն դէմ. արշաւ` իշխանութեան աթոռին հասնելու։ Արշաւ, որպէսզի 5-րդ շարասեան օգտակար ըլլան, որ իրենց թալանածը պահպանեն։ Արշաւ` հայ ժողովուրդին դէմ։ Անհաւատալի, բայց իրաւ։ Բազմաթիւ սփիւռքեան արտերկրի տարածաշրջաններէն ներս, որոնք աւանդական հասկացողութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համակիրներու մեծ բանակներ ունեցած էին, հիմա արդէն այդ բանակները անհետացած են եւ եթէ այսպէս շարունակեն, արդէն պարոն Կայծ Մինասեանի բնութագրումը շատ հեռու չէ իրականութիւն դառնալէ։ Եղբայր, եթէ մարդ ռուս ժողովուրդին հանդէպ սէր, յարգանք ունի, լաւ բան է, առողջ բան է սէր, յարգանք ունենալը, բայց հակահայ, հակապետական նպատակներ հետապնդող Փութինի գործիք դառնալը դաւաճանութիւն է։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ – Սիրելիներ, այս առիթով կʼուզեմ յիշեցնել ձեզի, որ մեծ պատկերը տեսնենք։ Մեր կեդրոնացումը ըլլայ այդ մեծ պատկերին վրայ, որովհետեւ երկու գերպետութիւններ կը փորձեն Կովկասի վրայ իրենց հեղինակութիւնը բանեցնել։ Մենք զոհը չերթանք անոր։ Հայաստան բանալի է դէպի Ծայրագոյն Արեւելք եւ Ծայրագոյն Արեւելքի ժողովուրդին համար՝ դէպի Եւրոպա։ Խելացի գտնուինք, սիրելիներ։ Զիրար սիրենք։ Զիրար յարգենք եւ նաեւ յարգենք մենք զմեզ։ Այդ յարգանքի մէջէն յարգած պիտի ըլլանք նաեւ մեր պետութիւնը եւ մեր եկեղեցին։ 

(վերջ)

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *