Վարդգէս Գուրուեան
«Մարդ է պէտք որը կը կարողանայ ինչ որ տեղ կամուրջներ փնտռել եւ փորձել միաւորել մեր ազգին: Լաւագոյն տարբերակը Հայ Առաքելական Եկեղեցու որեւէ յարգանք վայելող Սրբազանը կը լինի: … Պէտք է բաւարար զանգուած որը պէտք է դուրս գայ փողոց : Այդ փողոցը չպէտք է լինի իմ մասին … Եթէ այդպէս լինի, մենք ոչինչի չենք հասնելու: Այլ փողոցը պէտք է լինի իշխանութիւն հեռացնելու մասին: Հասկացա՞ք: Մենք չպէտք է փողոց հանենք ասենք էս ա, դուրս ենք գալիս Քոչարեանը իշխանութեան բերելու համար: Եթէ այդպէս լինի, մենք ոչինչի չենք հասնելու:»
Ռոպէրդ Քոչարեան
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ
Բոլորս ալ գիտենք վերջին շաբաթներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն մասին:
Ոմանք կրնան համաձայն ըլլալ այդ շարժումին, ուրիշներ՝ ո՛չ:
Մինչ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները, առաջնորդութեամբ ազգընտիր Վարչապետ Պրն. Նիկոլ Փաշինեանին, կը փորձեն Հայաստանի սահմանները վերարտադրել եւ յստակացնել ըստ Սովետական Միութեան վերջին քարտէզներուն, անդին խումբ մը արկածախնդիրներ ամէն ճիգ կը գործադրեն այդ գործընթացը խանգարելու:
Վարչապետը շատ յստակ յայտարարեց որ Հայաստանի պետական սահմաններէն ոչ մէկ սանդիմեդր հող պիտի զիչի Ատրպէյճանին (Վարչապետ Փաշինեանի խօսքերով՝ միլիմեդր առ միլիմեդր կը չափուին սահմանները), մինչ ընդիմադիրները կը պնդեն որ արդէն իսկ միակողմանի կերպով իշխանութիւնները սկսած են հող զիջել (կ›իմանանք որ 25 հեկտար հող վերադարձուած է Կիրանց գիւղին …):
Մինչ սահմանազատման եւ սահմանագծման բանակցութիւնները կը տարուէին Տավուշի շրջանին մէջ, Բագրատ Արք. Գալստանեան, Տավուշի համայնքի որպէս Հոգեւոր Առաջնորդ, շարժում մը սկսաւ, իբր թէ հողային զիչումները կանխելու նպատակով: Ան յստակօրէն յայտարարեց որ իր նպատակը իշխանափոխութիւն չէ, այլ Հայաստանի սահմանները ապահովելը: Երբ իրեն հարցուցին թէ ո՞ւր է Հայաստանի սահմանները, ան պատասխանեց թէ «հոն ուր որ հայ զինուորը կանգնած է, հոն է Հայաստանի սահմանը»: Ուրեմն, նոյն տրամաբանութեամբ, Ազերիներն ալ պիտի ըսեն որ Ատրպէյճանի սահմանները հոն են՝ ուր որ կանգնած են Ազերի զինուորները (անշուշտ իրաւունք վերապահելով աւելի յառաջանալ): Այսպիսով, արդէն իսկ Բագրատ «Սրբազան»ը ընդունած եղաւ որ Ատրպէյճանը իրաւունքը ունի իր գրաւած հայկական հողերը իրեն պահելու: Իսկ երազել որ Հայաստանը օր մը կրնայ զէնքի ուժով այդ հողերը, ինչո՞ւ չէ նաեւ Արցախը եւ Արեւմտահայաստանը վերագրաւել, պատերազմելով Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Պելառուսիոյ, Փաքիստանի, Իսրայէլի, արաբ վարձկաններու եւ թրքական միւս պետութիւններու դէմ … սպասենք այդ երանելի օրուան:
Բագրատ «Սրբազան»ը երբ Երեւան հասաւ, իր առաջին ելոյթին արդէն իսկ պահանջեց մեր ազգընտիր Վարչապետին հրաժարականը, եւ վեհանձնօրէն «մէկ ժամ» ժամանակ տուաւ անոր: Բնականաբար ցոյցին մասնակցողները կուրօրէն՝ բայց բուռն կերպով ծափահարեցին:
Շարժումը Հովանաւորողները
Հետաքրքրական էր գիտնալ թէ որո՞նք կը հովանաւորէին այս հակապետական շարժումը: Շատ մեծ դիւանագէտ կամ քաղաքագէտ ըլլալու պէտք չկայ հաստատելու որ «նախկինները», Քոչարեանականները, Սերժականներն ու Դաշնակցականները հրահրողներն ու հովանաւորողներն էին եւ են այս իրարանցման:
Անշուշտ կայ տակաւին յայտնի օտար ուժերը որոնք «վերէն» կը հովանաւորեն այս «հովանաւորողներ»ը: Բնականաբար, որպէս «եկեղեցական», Բագրատ «Սրբազան»ը պէտք էր իր մեծաւորին «օրհնութիւններ»ն ալ ունենար որպէսզի երբեմն սեւ, երբեմն ճերմակ եւ երբեմն ալ սրճագոյն սգեմներով շարժումը «ղեկավարէր»: Իր մէկ հարցազրոյցի ժամանակ ան ըսաւ.- «Վեհափառ Հայրապետի հետ պէտք է խօսեմ հասկանալու համար ի վերջոյ մենք այդպէ՞ս ենք գնալու թէ այլ ճանապարհով»: Բացատրելու պէտք կա՞յ:
Կը ցաւիմ ըսելու որ Վազգէն Վեհափառէն ետք, Էջմիածինը իր հեղինակութիւնը տակաւ կորսնցուցած է հասարակութեան մօտ: Անհաւատալի բաներ կը պատմուին եկեղեցւոյ ներկայ իշխանութիւններուն մասին, եւ նոյնիսկ հայաստանցիները Էջմիածինը կը նկատեն որպէս «Մաֆիօզ» կազմակերպութիւն: ՌԴ նախագահ Փութինը երբ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին մետալով մը կը «պատուէր», արդէն այդ ինքնին ցոյց կու տար որ Էջմիածնի ներկայ Մեծաւորը սկսած էր Ռուսիոյ Դաշնութեան շահերուն ծառայել: Ոմանք կը հարցնեն որ ո՞ւր էր Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Քոչարեանին եւ Սարգիսեանին իշխանութեան օրերուն …. Յաճախ զինք կը տեսնէինք այդ «ընտրուած նախագահ»ներուն կողքին, հանրային կառոյցի մը բացումին ժամանակ, միշտ անոնց հետ գործակցողի եւ զիրենք օրհնողի դիրքին վրայ:
Հայաստանը «Ռուսական Բրոդեկտորա՞տ»
Եթէ աւելի լայն բանանք մեր կարկինը, պիտի տեսնենք որ Արցախի հարցին հետ կապակցութիւն ունեցող անցուդարձերը եւ նախկին նախագահ Քոչարեանի հրապարակային յայտարարութիւնը (վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ), թէ «Հայաստանը կրնայ Ռուսական Դաշնութեան «ռայոն» դառնալ», կը յստականայ թէ օձին գլուխը ո՞ւր է: Քոչարեանի բառերով ՝« Այսօր մենք փաստացի Ռուսաստանի բրոդեկտարատն ենք հարաւային Կովկասում միջանցք, եթէ դա է այն գինը որը պէտք է տանք, այո պէտք է տանք»: Ուրեմն, «Զանգեզուրի Միջանցք»ը պէտք է տանք Ազերիներուն որպէս գին՝ մեր Ռուսիոյ Դաշնութեան անդամակցութեան: Քոչարեանը եւ իր գործակիցները պատրաստ էին Հայաստանը նուիրել Ռուսիոյ:
Շատ մը քաղաքական մեկնաբաններ, ինչպէս նաեւ անկեղծ հայրենասէրներ, յստակ կը տեսնէին որ Արցախի հարցով եւ հիմա ալ «սահմանագծման» հարցով, նախկինները եւ ներկայ մոլորեալները կը փորձեն Ատրպէյճանի հետ պատերազմ հրահրել, որպէսզի, որպէս արդիւնք, ներկայ իշխանութիւնը տապալի եւ իրենք նշանակուին Հայաստանի իշխանութեան ղեկավարները: Կը յիշէ՛ք, վստահ եմ, թէ ինչպէ՞ս Արցախի մէջ իշխանափոխութիւն եղաւ: Միայն 3 ձայն ունեցող Դաշնակացական պատգամաւորը Արցախի Խորհրդարանի Նախագահ նշանակուեցաւ, ապա քանի մը օր ետք, ընտրեալ Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին հրաժարեցուցին եւ անծանօթ դաշնակցականամիտ Շահրամանեան մը նախագահ նշանակեցին: Տա՞սը թէ տասներկու օր ետք, այդ նոր «նախագահ»ը Արցախը յանձնեց Ատրպէյճանին եւ … Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մեղադրուեցաւ որպէս Արցախը յանձնող վարչապետ … : Երբեք Էջմիածնի կամ Անթլիասի Կաթողիկոսները դատապարտութեան խօսք ըսի՞ն Արցախը յանձնողներուն հասցէի… :
Հիմա, վստահ կրնաք ըլլալ որ եթէ վաղը «իշխանափոխութիւն» տեղի ունենայ եւ նոյնանման մարդուկներ իշխանութիւնը ձեռք առնեն, քանի մը օրէն (հաւանաբար քանի մը շաբաթէն), Սիւնիքը կը յանձնուի Ատրպէյճանին, Հայաստանի մնացած մասնիկը կը ներգրաւուի Ռուսական Դաշնութեան կողմէ եւ Հայաստանը կը վերածուի Ռուսական Դաշնութեան ծայրագաւառ, ՀՀ երկրորդ նախագահին «վարչապետութեամբ»:
Ո՞ւր էին կղերականները
Էջմիածնի Վեհափառ Հայրապետի հովանաւորութիւնը վայելող այս կղերականը, կամ կղերականները ո՞ւր էին երբ դէպի Արցախ Լաչինի Միջանցքը փակուած էր Ազերի ստահակներու կողմէ: Ինչո՞ւ Էջմիածնի Կաթողիկոսը, կամ Բագրատ «Սրբազան»ը, քանի մը հարիւր կղերականներու եւ քաղաքացիներու հետ սահման չգնաց որպէսզի միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը անգամ մը եւս կեդրոնացնէր իր ժողովուրդին տառապանքին վրայ, իսկ հիմա, հակապետական շարժումը կը ղեկավարուի Էջմիածինէն: Ո՞ւր էին Բագրատ «Սրբազան»ն ու իր նմանները երբ բռնահանուած Արցախցիները Գորիս հասան, անօթի ու ծառաւ, կարօտ՝ պատառ մը հացի: Արդեօ՞ք Էջմիածնի Գահակալը կղերապետութիւն կ›ուզէ հաստատել Հայաստանի «մնացեալ» հողամասին վրայ: Այս՝ Սահմանադրութեան լուրջ խախտում է: Եկեղեցին իրաւունք չունի միջամտելու քաղաքական հարցերուն:
Բագրատ «Սրբազան»ը յայտարարեց՝ «Ես հավատում եմ հոգեւոր Հայաստանը հաղթելու է Նոր Հայաստանին»: Մեծերը կը յիշեն որ 1960-ական թուականներուն, երբ Սովետական Հայաստանի հանդէպ Դաշնակցութիւնը թոյն կը թափեր, առաջ կը քշէին «Հոգեւոր» կամ «Հոգեկան Հայաստան»ի գաղափարը: Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած որբերու սերունդը հազիւ սկսած էր ինքզինք գտնել եւ իր ֆիզիքական եւ հոգեկան ցաւը մասամբ դարմանել Սովետական՝ բայց իրա՛ւ, գործնակա՛ն, հողեղէ՛ն Հայաստանով, անոնք, իրենց կուսակցական նեղ շահերուն համար կը փորձէին հայկական գաղութները բաժնել Հայաստանէն, Հայաստանի իրականութենէն եւ մոլորեցնել զանոնք «Հոգեկան Հայաստան»ի զառանցանքներով: Հիմա, Բագրատ «Սրբազան»ն է նոյն խաղը խաղցողը, այս անգամ, Հայաստանի ժողովուրդը մոլորեցնել փորձելով «Հոգեկան Հայաստան»ի առասպելով: Բագրատ «Սրբազան»ը իր ջուրը ո՞ր աղբիւրէն կը խմէ … :
Կղերականի հովանաւորութեամբ եւ առաջնորդութեամբ այս շարժումը արդէն իսկ թունաւորած է Հայաստաի եւ Սփիւռքի հայորդիներուն հոգիները: «Սէր», «Միասնութիւն», «Հայաստան», «Հայրենիք», «Աստուած» ածականներով սկսած այս շարժումը միայն ատելութիւն եւ բաժանում բերած է հայութեան:
Օրինակ մը տալու համար, կը ցաւիմ որ ստիպուած եմ այս «շարժում»ի մասնակից Տիկին Տաթեւ Մուրատեանի գրառումը վերարտադրել հոս … «Տա Աստված լինի իշխանափոխություն, ու դրանից հետո Հայաստանում մի աշխարհ մարդ պէտքա լուսահոգի Վահան Հովհաննիսյանի ասած լեգենդար խոսքի համաձայն՝ ԾԵԾՎԻ դալաններում, ստորացվի, որոշները պէտքա վտարվեն ու զրկվեն ՀՀ անձնագրից, որոշներ սատկեն բանտում ու որոշները պարզապէս ամեն Աստծո օր ամեն տեղ ստորացվեն ու թուք ու մուր ուտեն, ես դա անելու եմ»: Անհանդուրժողականութիւնը, խտրականութիւնը եւ ատելութիւնը իրարու հանդէպ՝ աննախադէպ է: Հայաստանէն փաստաբան Լուսինէ Հակոբյան կը կարծէ թէ «քանի որ այս շարժումը եկեղեցին է առաջնորդում, գոնէ իսկապէս էտ խօսոյթից զերծ պէտք է մնան»: Թիրախաւորուած են ոչ միայն իշխանութիւնները, այլ նաեւ անոնք՝ որոնք իրենց տեսակէտներուն համաձայն չեն – պարզ ու մաքուր, շարքային քաղաքացիները: Թիրախաւորուած են նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան բոլոր ներկայացուցիչները որոնք չեն մասնակցիր այս շարժումին: Անոնք որոնք Հայաստանեան լուրերուն կը հետեւին եւ մանաւանդ մտիկ կ›ընեն Բագրատ «Սրբազան»ին, պիտի վկայեն որ ան աղմկարար է, կառուցողական խօսք չունի, անորոշ է իր օրակարգը, խարխափումներու մէջ է, ամէն օր «խորհրդակցութիւններու մէջ է» զինք ֆինանսաւորողներուն հետ, հայհոյանքներն ու վիրաւորանքները շատ են:
Այս թոհուբոհին մէջ նշանաւոր են … կիները: Բազմաթիւ օրինակներ կան ուր հայ կիները ահաւոր հայհոյանքներով կը դիմեն ոստիկաններուն (մայրս պիտի ըսէր՝ «ճինկենէ կնիկներ»): Կին մը շատ արհամարանքով հայհոյանքներ կը «թափէր» ոստիկաններուն, որոնք լուռ կը մնային, եւ անտարբեր՝ արհամարհանքներուն: Դիմացէն կին մը սկսաւ բղաւել «գոնէ մի բան պատասխանէք, գոնէ ասէք ռատ եղեք»: Ուրիշ մը՝ «սատկէք», ուրիշ մը, յարգելիսի, քանի որ մենք յարգելի չենք ձեզ համար»:
Ուրիշ մը՝ «Ատրպէյճանցի ոչխարներ», ուրիշ մը ոստիկանին ապտակելու ժամանակ գլխարկին զարկաւ: Ոստիկանին գլխարկին զարնելն ու գետին ձգելը լուրջ յանցանք է, որովհետեւ գլխարկը պետութիւնն ու հայրենիքը կը խորհրդանշէ: Հիմա, ոստիկանութիւնը իրաւունք ունի՞ այդ կնկան ձեռբակալելու եւ ոստիկանատուն տանելու, յետոյ ալ պատժելու: Դուք եղեք դատաւորը:
Փաստաբան Լուսինէ Հակոբյանը այս հարցերուն մէջ մեծ կը գնահատէ Վարչապետին պատասխանատուութիւնը: «Եթէ ան ժամանակին պատժէր նախկին թալանչիները, երկիրը այս վիճակին հասցնողները, հիմա տարբեր կ›ըլլային երեւոյթները»: Մարդիկ «անպատժելիութեան» մթնոլորտէն մեծապէս կ›օգտուին, ժխտականօրէն: Անձնական փորձարութենես գիտեմ որ կարգ մը հայաստանցիներ «ազատ խօսքի իրաւունքը» կը շփոթեն «ազատ հայհոյելու» անպատկառ անպատասխանատուութեան հետ:
Դրամական Վարձատրութիւն …
Ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու, այս ցոյցերուն մասնակցողմերուն մեծ մասը 2000-3000 դրամի վարձատրութիւն ստացած են: Արցախցիներու խումբ մըն ալ կայ որ, ձանձրախտէ տառապելով, 3000 դրամի դիմաց դաւաճանած են այն վարչապետին՝ որ տարիներով, հայաստանցիին բերնէն կտրելով զիրենք կերակրած է: Տակաւին, շատ մը «նախկինական» գործարանատէրեր, իրենց պաշտօնեաներուն եւ գործաւորներուն կը ստիպեն որ ցոյցերուն մասնակցին, այլապէս գործէ կը հեռացուին: Կը ճանչնամ նման անձնաւորութիւններ: Սկզբունքի տէր մարդիկ մերժած են եւ գործէ արձակուած:
Կը զարմանամ: Հայաստանցիներուն մէջ ինչո՞ւ շատ են դրամով գնուողներուն թիւը: Քուէարկութիւններուն ժամանակ 5000 դրամով (մօտ 13 տոլար) իր ձայնը, հոգին, իր զաւակներուն ապագան ու հայրենիքը ծախող մարդը ինչպէ՞ս կրնայ համարձակութիւն ունենալ եւ որպէս քաղաքացի իրաւունք պահանջել այն իշխանութենէն՝ որուն դէմ քուէարկած է ի դիմաց քանի մը տոլարի: Տակաւին, կան «հայ»եր, որոնք 200 տոլարի կամ մերկ աղջկայ նկար մը ունենալու դիմաց, մեր ոխերիմ թշնամիին համար մահաբեր լրտեսութիւն կը կատարեն:
«Ազգային Ժողովրդական Բեւեռ»
Բագրատ «Սրբազան»ին զօրակցութիւն յայտնող խմբակներէն մէկն ալ «Ազգային Ժողովրդական Բեւեռ»ի մարդիկն են: Այս մարդոցմէ խումբ մը, 24 Ապրիլ 2024-ին, Մոնթէպէլլոյի Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ, յուշահանդէսէն անմիջապէս ետք, գզգզոց սկսան: Գանգուր մազերը լէմոնի գոյն դեղին ներկած կին մը կը ճչար որ «Ռուսիան է մեր միակ դաշնակիցը»: Մինչ այդ, բեմին վրայ գտնուող Արցախի դրօշակը հովէն վար ինկաւ: Գացի, վերցուցի եւ զետեղեցի իր պատուանդանին մէջ: «Բեւեռ»ակին մը բեմ ելաւ եւ Արցախի դրօշակը վար առաւ: Գացի եւ կնկան ձեռքէն «հո՛ս տուր» պոռալով՝ դրօշակը առի: Մինչ այդ, կապոյտ «թի-շըրթ»ով «Բեւեռական» երիտասարդ մը վազելով եկաւ եւ ձեռքը բռունցք կազմած սպառնալով դրօշակը ձեռքես խլեց ու … բարեբախտաբար ինծի չդպաւ, այլապէս … : Ասոնք այն մարդիկն են որ Հայաստանի իշխանութիւնները պիտի տապալեն Երեւանի մէջ ընտանիքի տէր ոստիկանապետ սպաննելով, հեռատեսիլներէն անիմաստ եւ անէծքախառն խօսքեր արտասանելով, թոյն սրսկելով միամիտ քաղաքացիներու հոգիներուն վրայ: Մեղայ: «Բեւեռ»ականները 24 Ապրիլ 2024-ին, անպատուեցին եւ սրբապղծեցին մեր մէկ ու կէս միլիոն արեւմտահայ նահատակներուն սուրբ յիշատակը: Ամօ՛թ իրենց:
Մինչ ուրիշ, քաղաքակիրթ թէ կիսաքաղաքակիրթ երկիրներու մէջ, ճգնաժամային պահերուն հակառակորդ կուսակցութիւններն ու հոսանքները կը միաւորուին երկիրը պաշտպանելու, Հայաստանի մէջ, այս մարդիկը, նախկինները իրենց պնակալէզներով, «Սրբազան»ները իրենց սեւազգեստ ու դաւադիր կղերականներով, միամիտներն ու դրամասէր ծախուածները խռովութիւններ կը ստեղծեն, իշխանափոխութիւն կը պահանջեն, դիրք կը բռնեն պետութեան եւ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած իշխանաւորներուն դէմ՝ երկիրը խառնակելու, թշնամիին յարձակելու առիթներ ստեղծելով:
Վե՛րջ տուէք այս անընդունելի խառնակչութեան:
Ամօ՛թ է:
Դաւաճանութիւն է:
Լոս Անճելըս