Ի՞նչ գործնական քայլերու կը դիմէ իրաւաբան Յովսէփ Կանիմեանը փրկելու համար հայ եկեղեցին կամ արդեոք, ի՞նքն ալ մեղսակից է

Posted on January. 3. 2020

«Թագաւորի նման» զեխ կեանք ապրելու իրենց քմայաճոյքը իրականցնելու սիրոյն, առաջնորդ Յովնան Տէրտէրեան եւ առաջնորդարանի գիտունիկը՝ Յարութ Մարգարյան ու իրենց նման կոռումպացուած որոշ հոգեւորական եւ որոշ աշխարհական աշխատակիցներ պատրաստ են «ամեն ինչի գնալու» ստախօսութիւն, գողութիւն եւ ապերախտութիւն գործելով իրենց ոչ-հոգեւորականի եւ ոչ-քրիստոնեայի վայել նպատակներուն հասնելու համար։


Եւ իրենց ի՛սկ հաստատած օրէնսդրութեամբ՝ «եթէ հոգեւորական մը ստախօսութիւն գործէ ապա ան կը դադրի հոգեւորական ըլլալէ», հետեւաբար քանի որ Յովնան Տէրտէրեան եւ իր ոհմակիցները նոյն մեղքերը գործած են արդեոք Արեւմտեան Առաջնորդարանի ազգային խորհուրդի ատենապետ (հիմաէ նախկին) Յովսէփ Կանիմեանը եւ իր գլխաւորած առաջնորդական խորհուրդը ի՞նչ կը մտածեն եւ ի՞նչ է իրենց կեցուածքը այս կործանրար տարրերու առնչութեամբ։
Նկատի առնենք նաեւ այն հանգամանքը, որ Յովսէփ Կանիմեանը իրաւաբան է եւ հետեւաբար ան քաջատեղեակ պէտք է ըլլայ իր պատասխանատւութեան տարողութեան վերաբերեալ։
Արդեոք ի՞նչքան ժամանակ դեռ եւս իրաւաբան Յովսէփ Կանիմեանը այս կործանրար տարրերուն պիտի թոյլատրէ շարունակելու Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ իրենց աւերիչ եւ վարկաբեկիչ ընթացքը։
Ի՞նչ գործնական քայլերու կը դիմէ իրաւաբան Յովսէփ Կանիմեանը փրկելու համար հայ եկեղեցին կամ արդեոք, ի՞նքն ալ մեղսակից է։
Աբօ Չափարեան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *