ՆԱՄԱԿԱՆԻ

Posted on January. 3. 2020

«Ձուկը գլուխէն կը հոտի»

10-04-19

Թանկագին Գլխաւոր Խմբագիր՝
Պր. Աբօ Չափարեան,

Շատ հպարտ եմ, այնքան հպարտ եմ, որ ամեն ինչ տեղին ըսուած եւ գրուած խօսքերը եւ փաստերը կը հրատարակէք անվախօրէն եւ ուղղամտօրէն: Ցանկալի է որ մեր միւս թերթերն ալ քաջօրէն ճշմարտութիւնը տարածեն:
Բոլորիս պարտականութիւնն է որ ամեն ինչ որ կ’ընենք եւ կ’ըսենք մեր ազգին օգուտ բերէ: Յարգանք Ձեզի որ դուք՝ որպէս հետազօտող լրագրող, Ձեր պարտականութիւնը լիլուլի կը կատարէք մեր ազգին սիրոյն: Շատ կարեւոր է, որ Ձեր նման անկեղծ եւ անվախ մարդիկ ունենանք:
Մեր սուրբ ազգին հերոսները, որ իրենց կեանքը զոհեցին, մեր ազգին պատիւն են եւ ասկէ վերջը անոնց ոգիով պէտք է բոլորս առաջնորդուինք:
Բայց սուտ հոգեւորական՝ Յովնան Տէրտէրեանը եւ իր շքախումբը որ մեզի այսքան ատեն այսպէս՝ կեղծիքներով խաբած են պէտք է դիմակազերծուին:
Վարձքդ կատար, որ անոր ըրածներուն կը հետեւիս ու կը տեղեկագրես: Ձեր նման բազմաթիւ անվախ եւ լուսամիտ հայորդիներ ինչպիսիք են Փրօֆ. Անտրու Տէմիրճեան, հրապարագիր Ոսկան Մխիթարեան, ՄԱԿ-ի խորհրդատու եւ Համաշխարհային առողջ կառավարման մասնագէտ Դոկտ. Կարպիս Քօրաճեան որ իրենց խորիմաստ եւ ճշմարտախօս տեսութիւնները ընթերցող-ներու հետ կը կիսեն: Բոլորդ ալ երկար ապրիք:
Հարկաւոր է ամեն ինչ ընել այդ մարդուն՝ Յովնան Տէրտրէեանին նմաններէն եւ ոչ մէկը այլեւս չի գայ մեր ազգին պատմութեան մէջ:
Շատ շնորհակալ եմ, որ ստացայ USA ARMENIANLIFE-ի, Հոկտեմբեր 4-11-ի թիւը, որ կեդրոնացած է «Խրիմեան Հայրիկ»ի անուան պատւոյ գիրին Տէրտէրեանի նման մէկու մը տալուն առթիւ:
Մեր համայքնին եւ ժողովուրդին համար USA ARMENIANLIFE-ի եւ «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»ի նման հայկական մամուլը ունենալը չափէն աւելի կարեւոր է եւ ինչու չէ՝ կենսական:
Ես շատ հպարտ եմ Ձեզմով եւ բոլոր այն յօդուածներով որոնք կը հրատարակուին USA ARMENIANLIFE-ի եւ «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»ի մէջ:
Յոյսով ենք որ հայկական մամուլի միւս լրագրողերն ու լրատուամիջոց-ները շուտով կը միանան այս սուրբ արշաւին հանուն ազգի եւ արդարութեան:
Մեր բոլորին պարտականութիւնն է որ մեր կարողութիւնները միացնենք Ձեր նմաններուն որպէսզի միասնաբար՝ մեր լաւագոյնը կարենանք ընել մեր ազգի, պետականութեան եւ համայն հայության համար: Մի միայն Ձեր նմանններն են որ կրնան, ձեր նմաններու ձեռքով, միտքով եւ գրիչով մեր ազգին լուսաբանել եւ առթուն պահել:
Շատ քաջալերական է որ մեր հայրենի ժեղովուրդը կրցաւ իրականցնել համազգային յեղափոխութիւն որ ճամբան կը յարդէ դէպի պայծառ ապագայ: Մեր նախկին ղեկավարները չարաշահեցին մեր ժողովուրդին վստահութիւնը:
Ինչո՞ւ պէտք մինչեւ հիմա Գիւմրի, Սպիտակի եւ այլ շրջաններու մէջ մենք պէտք տնազուրկ ընտանիքներ ունենանք երբ մեր եկեղեցական եւ պետական ղեկավարները զեխ կեանք կþունենան չարաշահելով այն օգնութիւնները որ մեր ժողովուրդը հաւաքած է:
Բոլորն ալ պէտք է հաուշուետւութեան կանչուին եւ արդարաւոթեան բերուին: Իմ առաջադրանքն է որ բոլորս ալ ուր որ ալ ըլլանք մեր նիւթական եւ բարոյական պարտականութիւնները շարունակենք կատարել որպէսզի իրարու թիկունք կանգնելով իւրաքանչիւր հայրենի եւ սփիւռքի հայու կեանքը պահպանենք եւ բարելաւենք: Ոչ մէկ հայ հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ պէտք չէ անյուսալի վիճակի մէջ յայտնուի:
Պէտք է ամեն ինչ ընենք որ մեր հայրենիքը եւ աշխարհսփիւռ հայութիւնը տեւապէս հզօրացնենք տնտեսապէս, սոցիալապէս, քաղաքականապէս եւ զինւորապէս: Թող ամեն հայ իր ուխտը կատարէ եւ մայր հայրենիքը տեսնէ ու առաւել հաւատքով ապրի եւ իր ազգը ապրեցնէ: Ազգային գիտակցութիւնը աղբիւրն է մեր հաւաքական հզօրացման եւ բարգաւաճման: Թող շարունակուի ազգահաւաքը եւ հողահաւաքը:
Ձեր բոլորին վարձքը կատար:
Շատ ուրախ եւ շնորհակալ եմ, որ Ձեր նման ազգասէրներու միջոցով իրականութիւնը եւ ազգի ներքին թշնամիները կը բացայայտուին որոնք աւելի վտանգաւոր են քան արտաքին թշնամին:
Մեր ազգին համար, այս 21-րդ դարուն մէջ այսպիսի շարժում մը ունենալը եւ զօրացնելը շատ կենսական է:
Ամենայն յարգանոք,
Վահէ Գազանճեան
Լոս Անճելըս, Քալիֆոռնիա
Received via telephone

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *