Ինչո՞ւ է Երուսաղեմի Հայոց Պատրիարքը լուռ կը մնայ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի փիլոնազրկման եւ հրաժարման իր սկզբնական պահանջի վրայ

Posted on December. 7. 2019

ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
Գլխաւոր խմբագիր
ԱՄՆ «Հայ Կեանք»ի

2014-ի հրապարակային յայտարարութեան մը ընթացքին Գարեգին Բ-ն, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Արեւմտեան Թեմի արք. Յովնան Տէրտէրեանի նման կրօնական նեխած ղեկավարներու մասին, Երուսաղեմի Հայոց Պատրիարք արք. Նուրհան Մանուկ-եան ըսած է «գարշապար լիզողներ»:
Գարեգին Բ-ին ուղղուած իր խիստ նամակին մէջ՝ արք. Մանուկեան գած էր. «Վեհափառ, եթէ կը յիշէք, մի քանի տարի առաջ, երբ մեծ հպարտութեամբ, եւ արդարացիօրէն այդպէս էիք, ինծի ցոյց կուտայիք այն գեղեցիկ շէնքերը, որոնք դուք կառուցած էք Մայր Աթոռի տարածքին: Ես ձեզի ըսի, որ ֆիզիկական շէնքերու հաւասար եւ աւելի կարեւոր է, որ ամրապնդուի հոգեւոր հիմքը։ Եւ Դուք ինծի ապահովեցուցիք, որ այդ նոյնպէս տեղի կ’ունենայ: …Այնուամենայնիւ, եկաւ ժամանակը պարզելու, որ Ձեզի համար կարեւոր եւ հետաքրքրաշարժ են մակերեսային եւ ֆինանսական երեւոյթերը»:
2014-ի նամակին մէջ՝ Արք. Մանուկեանը կոչ ըրաւ որ Գարեգին Բ-ին ինքնափիլոնազրկուի եւ հրաժարական տայ:
Արագ առաջ՝ մինչեւ 2019 թուականը: Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի փիլոնազրկման եւ հրաժարման իր սկզբնական պահանջին յաջորդող տարիներու ընթացքին՝ Արք. Մանուկեան հիմնականօրէն լռութիւն պահպանած է:
Արդէօք բա՞ն մը պատահեցաւ յօգուտ Պատրիարք Մանուկեանի՝ «գործարարներ՝» Գարեգին Բ-ի եւ արք. Յովնան Տէրտէրեանի միջոցով, որ գուցէ ստիպեց պատրիարքին նահանջել Գարեգին Բ-ի հրաժարականի մասին իր կեցուածքէն եւ պահանջէն եւ նոյնպէս՝ հեռու մնալ Գարեգին Բ-ին եւ Արք. Տէրտէրեանի նման անոր կլանակիցներուն քննադատական որակումէն որպէս «ոտք լիզողներ»:
Հետեւեալ զարգացումները արդէօ՞ք զուգադիպութիւններ են կամ՝ «ձիերու (բարիքներու) փոխանակման» գաղտնի առեւտուր:

  • ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ «ՆՈՒԷՐ» ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻՆ. Արդէօ՞ք սա զուգադիպութիւն է: Կամ արդէօ՞ք Գարեգին Բ-ի վարագոյրներու ետեւէն «գործարքներու» անուղղակի արդիւնք է նախկին՝ Սարգսեանի կառավարութեան մէջ իր «օլիգարխիկ» զինակիցների հետ։ Պատրիարք Մանուկեան կաթողիկոսի դէմ որպէս նեխած կրօնական ղեկավար խիստ քննադատութիւններէն որոշ ժամանակ ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին Նախագահ Սերժ Սարգիսեանի կառավարութիւնը միլիոն տոլարի դրամաշնորհ տրամադրեց Երուսաղեմի Հայոց Պատրիարքութեան:
  • ԵՐԿՈՒ ԴՐԱՄԱՀԱՒՔՆԵՐ, ԵՐԿՈՒ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ՏԱրինԵրու ընթացքին ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱնի ՀԱՄԱՐ, ԳԱՐԵՔԻՆ Բ-ի ԿԼԱՆԱՆԱԿԻՑ՝ Արեւմտեան թեմի արք. ՅՈՎՆԱՆ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ.
    Առաջին դրամահաւաքը. 2018-ի վերջերուն, արք. Տէրտէրեան սուսիկ-փուսիկ՝ ընդունելութիւն եւ չհրապարակուած դրամահաւաք կազմակերպեց Արք. Մանուկեանի Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի համար:
    Երկրորդ դրամահաւաքը՝ 2019-ի վերջերուն:
    Իրար լաւ հասկնալու համար, պէտք է ըսել որ գովելի է, որ մէկ քրիստոնէական հայկական նուիրապետութիւն մը (Էջմիածնի Սուրբ Աթոռը) կարիքի ժամին օգնէ մէկ այլ նուիրապետութեան մը: Բայց երբ դրդապատճառը պարզ չէ, այն կարելի չէ՞ հեշտութեամբ դիտարկել որպէս «լռութեան» գնում (Գարեգին Բի եւ արք. Տէտէրեանի կողմէ) անուղղակիօրէն տրուած «կոշտ» փող հասցէագրուած քննադատութիւնը կատա-րողի մը (Երուսաղեմի արք. Մանուկեանի): Ժամանակը ցոյց կուտայ ամեն բան։
    Անցեալ տարեվերջէն սկսեալ՝ Արեւմտեան թեմի մէջ «կոռուպցիայի» եւ «Խնամի-Ծանօթ-Բարեկամութեան» նեխած իրավիճակը վատթարացած է եւ առաւել տուժած է արք. Տէրտէրեանի համբաւը հայ հասարակութեան մօտ անոր կողմէ բազմատասնեակ լուրջ հանցանքներու պատճառով:
    Զարմանալի է, թէ ինչպէս է, որ Արք. Մանուկեան, որ արք. Յովնան Տէրտէրեանի նման տարրերուն պիտակաւորած էր որպես «գարշապար լիզողներ» ընդամենը մի քանի տարի առաջ, սակայն այժմ ինքիրեն թոյլ կուտայ անոր հետ սերտօրէն համագործակցիլ թեմէն ներս ընդունե-լութիւն-դրամահաւաք կազմակերպելու համար:
    Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը, որ բազմաթիւ դարերու ընթացքին, նախախնամական դեր կատարած է հայ ազգի ճակատագրին մէջ, արժանի է շատ աւելի լաւին:
    Ամերիկահայ համայնքէն ներս կազմուած է այն կարծիքը, որ երւեէ նպատակի համար որեւէ դրամահաւաք, որ կ’առնչուի արք. Տէրտէրեանին կամ Գարեգին Բ-ին հետ ենթակայ է չարաշահման եւ ֆոնտերու սխալ կառավարման: Այն նաեւ կը համարուի հակառակ արդիւնք տուող:
    Հայոց Պատրիարքարանի բարի համբաւը, անունն ու հեղինակութիւնը պէտք չէ կապուած ըլլան լայնօրէն վարկաբեկուած Գարեգին Բ-ն եւ արք. Տէրտէրեանի նման անձերու հետ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *