Զուիցերիացի Հարիւր Երեւելիներու Վկայութիւնը 1915 Թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

Posted on May. 7. 2023

(Անհերքելի փաստաթուղթ մը Զուիցերիոյ դաշնային արխիւէն)

Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան

Երիտթրքական կառավարութեան կողմէ հայ ազգաբնակչութեան դէմ կազմակերպ­ուած համատարած ցեղասպանութեան սահմռկեցուցիչ տեղեկութիւնները Զուիցերիա կը հասնին համեմատաբար շատ աւելի ուշ, քան եղած էր պարագան սուլթանական զանգ­ուածային կոտորածներու 1894-1896 թուականներու եւ ապա 1909 թուականի Ատանա­յի եւ շրջակայից մէջ տեղի ունեցած եղեռնագործութիւններուն։

Պատճառը՝ Երիտթուրք դահիճներու բոլոր մանրամասնութեանց մէջ բծախնդրօրէն ծրագրած եւ, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, գաղտնաբար մեկնարկած տարա­գրու­թիւնները, մահու-աքսորներն ու նախճիր-եղեռններն էին, որոնք իրագործուեցան ամ­բողջ Արեւմտեան Հայաստանի, Դաշտային եւ Լեռնային Կիլիկիոյ տարածքին, մին­չեւ Սուրիոյ մահահոտ աւազուտները՝ Տէր Զօր, վերջին հանգրուանը ցեղասպանուող հա­յութեան։

Համատարած տարագրութիւններու եւ ջարդերու մասին եւրոպական մամուլին մէջ տեղեկութիւններու ուշացումին հիմնական պատճառներէն մին էր նաեւ Կայսերական Գերմանիոյ դիւանագիտութեան թրքանպաստ գործունէութիւնը, որ Ա. Համաշխար­հային Պատերազմին Օսմանեան Կայսրութեան հետ իբրեւ ռազմական դաշնակից պե­տութիւն՝ բոլոր միջոցներով արգելք հանդիսացած էր այդ լուրերու արագ տարածումին։

Ա. Աշխարհամարտին սկիզբը, Օսմանեան Կայսրութեան քաղաքական գործունէու­թիւնը արտաքնապէս այն տպաւորութիւնը կը թողեր, որ որդեգրած է համեմատաբար չէզոք դիրքորոշում մը։ Սոյնը սակայն իր վտանգաւոր ուղին կ’առնէ, երբ Երիտթուրքեր 2 Օգոստոս 1914 թուականին Կայսերական Գերմանիոյ հետ ստորագրելով գաղտնի հա­մաձայնագիր մը՝ կը պարտաւորուին հուսկ ներգրաւուելու Ա. Համաշխարհային Պա­տերազմի գործընթացին մէջ ի նպատ միջին ուժերուն՝ գերմանա-աւստրիական խմբա­ւորումին։ Բռնկած այս աշխարհամարտը երիտթուրքերու մշակած համաթուրա­նական գաղափարախօսութեան իրագործումին լաւագոյն առիթը կ’ընձեռէ՝ զաւթելով Անդրկով­կասը՝ հասնելու մինչեւ Կեդրոնական Ասիա։

Բաց աստի, այսպէս կը ստեղծուէր երկրորդ պատեհութիւն մը եւս պատերազմի ընդ­հանուր աղմուկին մէջ, մեծ տէրութիւններու ուշադրութենէն հեռու, ի նպաստ համա­թուրանականութեան վերջնականապէս լուծելու Հայկական Հարցը՝ ընդմիշտ վերաց­նելով ենթական կամ հարցին գոյութեան բուն պատճառ հանդիսացող հայ ազգաբնակ­չութիւնը։

Երիտթուրք ոճրագործները, Յունուար 1915 թ.

Մինչ այդ, 22 Յունուար 1913 թուականին, Երիտթուրքերը յաջողած էին պետական հար­ուածով մը տապալել Մեհմետ Քամիլ Փաշայի ազատախոհ նկատուող կառա­վարու­թիւնը, որուն տեղ նշանակուած էր երիտթրքական նոր կառավարութիւն մը՝ Շեւքեթ Փաշայի գլխաւորութեամբ։ 11 Յունիս 1913 թուականին վերջինիս դէմ կա­տարուած ահաբեկչական ոճիրէն ետք, ստեղծուած էր եռապետութիւն մը եւ իշխանութեան գլուխ անցած էին Երիտթուրքերու ծայրայեղական վտանգաւոր պա­րագլուխներէն Իսմայիլ Էնվեր՝ ռազմական նախարարի, Մեհմետ Թալէաթ՝ ներքին գործոց նախարարի, իսկ Ահ­մետ Ճեմալ՝ ծովակալութեան նախարարի պաշտօններով։

Հակառակ այն փաստին, որ վերոյիշեալ երրորդութեան կողմէ արդէն սահմանուած էր ռազմական իշխանութիւն մը, տակաւին Կ.Պոլսոյ մէջ մինչեւ 13 Մարտ 1915 թուականը իր գործունէութիւնը կը շարունակէր այսպէս յորջորջուած Օսմանեան Խորհրդարանը։ Վերջինիս բարձումով հուսկ իր մահահանգոյն սկիզբը կ’առնէր Հայոց Ցեղասպանու­թեան երկրորդ փուլը։ Առանց ներքին քաղաքական ընդդիմութեան, եւ պատերազմի բերումով արտաքին աշխարհէն «կտրուած», երիտթրքական կառավարութիւնը կը սան­ձազերծէ իր ժահրաթոր ատելութիւնը՝ իրագործելով նախապէս իր ազգայնապաշ­տական մտածումներուն մէջ սաղմնաւորուած հայ ազգաբնակչութեան ոչնչացման ծրագիրը։

Երիտթուրք պարագլուխներու գաղտնաժողովը եւ յանցագործութեան «տասը պատուիրան­ները»

Սոյնը կը մշակուի Ա. Համաշխարհային Պատերազմը սկսելէ ետք, 1915 թուականի Յուն­ուարի կէսերուն՝ Թալէաթի նախագահութեամբ եւ Երիտթուրք պա­րագլուխներու՝ Էն­վերի, Նազըմի, Պեհաէտտին Շաքիրի, Ճաւիտի, Հասան Ֆեհմիի, Իս­մայիլ Ճանփո­լատի եւ այլոց մասնակցու­թեամբ գումարուած գաղտնաժողովի ընթաց­քին, որ ցեղաս­պանա­գիտութեան մէջ յայտ­նի է «տասը պատուիրաններ»[1] եզրոյթով։

Այսպիսի մահագոյժ ծրագրի մը գոյութեան մասին հայ հանրութիւնը առաջին անգամ տեղեակ կը դառնայ 1919 թուականին, երբ ան օսմաներէնէ հայերէնի թարգմանուելով ամբողջու­թեամբ կը հրապարակուի Կ.Պոլսոյ հայ մամուլի էջերուն մէջ[2]։ Լէօ, զայն քա­ղելով «Վերջին լուր» թերթէն, կը վերա­հրատարակէ «Թիւրքահայ յեղափոխութեան գա­ղափարաբանու­թիւնը» խորագրով իր աշխատասիրութեան Բ. հատորին մէջ[3]։ Բնա­կանաբար, առկայ կարեւորագոյն նիւթին հետագային կ’անդրադառնան նաեւ շարք մը պատմաբաններ եւ ցեղասպանագէտներ, որոնց մէջ հարկ է նշել Արթիւր Պէյլէրեանը, Վահագն Տատրեանը եւ Ռուբէն Սաֆրաստ­եանը։

Պատմութեան յայտնի է, որ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ բնիկ հայ ազգաբնակչու­թիւնը բնաջնջելու ծրագիրը առաջին անգամ քննարկուած է 29 Սեպտեմբերէն մինչեւ 9 Հոկ­տեմբեր 1911 թուականին գումարուած «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակ­ցու­թեան 4-րդ համագումարի նիստերուն ընթացքին։ Այս մտադրութիւնը, ահաւասիկ, Երիտ­թուրքերու վերոնշեալ գաղտնաժողովին մէջ արդէն կը կենսագործուի՝ վերածուե­լով յստակ ծրագրի մը.

  1. «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան կանոնակարգի 3-րդ եւ 4-րդ կէտերը օգտագործելով՝ փակել բոլոր հայկական միութիւնները եւ ձերբակալել բոլոր անոնք, որոնք երբեւէ գործած են կառավարութեան դէմ, եւ ուղարկել զա­նոնք այնպիսի նահանգներ, ինչպիսիք են Պաղտատ կամ Մուսուլ, եւ ոչնչացնել զանոնք ճանապարհին կամ տեղւոյն վրայ։
  2. Բռնագրաւել հայոց բոլոր տեսակի զէնքերը։
  3. Համապատասխան ու մասնաւոր միջոցներով հայերու դէմ գրգռել մահմետա­կաններու կարծիքը. այնպիսի վայրեր, ինչպիսիք են Վանը, Էրզրումը եւ Ատա­նան, ուր հայերը փաստօրէն արդէն արժանացեր են մահմետականներու ատե­լութեան, հրահրել կազմակերպուած կոտորածներ, ինչպէս ռուսերը ըրին Պա­քուի մէջ։
  4. Էրզրումի, Վանի, Մեմուրեթ-իւլ-Ազիզի եւ Պիթլիսի նահանգներուն մէջ [կոտո­րածներու] գործադրումը թողել ժողովուրդին, զօրքերն ու կարգապահական ուժերը իբրեւ թէ ջարդերը արգիլելու գործածել, իսկ ընդհակառակը՝ Ատանայի, Սվազի, Պրուսայի, Նիկոդեմիոյ եւ Զմիւռնիոյ մէջ մահմետականներուն օգնել զինուած ուժերով։
Stamboul, dimanche,
12 jenvier 1919, p. 3
  1. Բնաջնջումը գործադրել մասնաւորաբար յիսունէն վար բոլոր այրերու, հոգեւո­րականներու եւ ուսուցիչներու վրայ, թողելով աղջիկներն ու երեխաները մահ­մետականացնելու նպատակով։
  2. Տեղահանել փախչիլ յաջողածներուն ընտանիքները եւ միջոցներ ձեռնարկել երկրին հետ անոնց կապը բոլորովին խզելու համար։
  3. Հայ կառավարական պաշտօնեաները, պատճառաբանելով թէ լրտեսութիւն ըրած են, վտարել բոլոր պաշտօնատուներէն։
  4. Բանակին մէջ գտնուող բոլոր հայերը սպաննել՝ իրականացումը թողելով զին­ուած ուժերուն։
  5. Բոլոր գործողութիւնները ամէնուրեք միաժամանակ սկսիլ եւ, այսպէս, ինքնա­պաշտպանութեան դիմելու ժամանակ չթողել։
  6. Նկատի ունենալով այս հրահանգներուն խիստ գաղտնի բնոյթը, մեծապէս ու­շա­դիր ըլլալ, որ անոնք մնան ընդամէնը մէկ-երկու հոգիի միջեւ»[4]։

Եթէ ցարդ հայատեացութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ գաղափարա­խօսութիւն մը, հայ տարրը խտրականութեան ենթարկելու կամ զայն ընդամէնը ռայայի մը կար­գավիճակով հանդուրժելն էր, այժմ այս ծրագրով կը վերածուի մահաբեր զէնքի, որուն կենսագործումը այնուհետեւ Դամկոլեան սուրի նման հայ ժողովուրդի գլխուն վրայ կախուած վերահաս օրհասական մըն էր։

«Տեղահանութեան մասին ժամանակա­ւոր օրէնք»-ը

Ամբողջ կայսրութեան տա­րածքին արդէն իսկ իրագործուող հայոց զանգուածային տարագրութիւններուն եւ կո­տորածներուն «օրի­նա­կան» տեսք մը տալու նպատակով ներքին գործոց նախարար Թա­լէաթի նախաձեռ­նու­թեամբ երիտթրքական կառավա­րութիւնը 30 Մայիս 1915 թուակա­նին կը վաւե­րացնէ 4 յօդուածներէ կազմուած «Տեղա­հանութեան մասին ժամանակա­ւոր օրէնք»-ը։

Հայրենի անուանի արեւելագէտ-պատմաբան Ռուբէն Սաֆրաստեան կ’առաջադրէ այն համոզիչ տեսակէտը, թէ նշուած ժամանակաւոր օրէնքը կը հետապնդէր Երիտթուրքե­րու պետական յանցագործութիւնը սքօղելու նպատակ[5]։

Արդարեւ, յանցագործներ սովորաբար կը փորձեն կոծկել իրենց յանցագործութիւնը։ Նոյն հոգեբա­նութեամբ ու գործելաոճով կը վարուին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր պա­տասխանատուները, երբ կ’անդրադառնան, թէ ի վերջոյ պատասխանա­տւութեան պիտի ենթարկուին իրենց թոյլ տուած պետական յանցագործութեան հա­մար։ Յիրաւի, 24 Մայիս 1915 թուականին, Անթանթ-ի երեք տէրութիւնները՝ Ռուսիա, Մեծն Բրիտանիա եւ Ֆրանսա, բողոքի յուշագիր մը կը յղեն երիտթրքական կառավա­րու­թեան` սպառնալով հետապնդել զայն «մարդկայնու­թեան եւ քաղաքակրթու­թեան դէմ յանցագործութիւն»-ներու մեղադրանքով։ Այս յուշագրին մէջ նաեւ առանձնապէս կը նշուի, որ պատերազմի աւարտին հայ ժողովուրդին դէմ իրագործուած բռնութիւն­ներուն համար յանցագործներ անձամբ պիտի ենթարկուին պատասխանատւութեան[6]։

Նոյն օրը անոնք ֆրանսերէն լեզուով շարադրուած այս յուշագիրը Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ «Հաւաս» հեռագրային ծառայութեան միջոցով կ’առա­քեն Կ.Պոլիս եւ Պեռլին։ Սակայն նկատի ունենալով, որ պատերազմին պատճառով Անթան­թ-ի երեք տէրութիւնները դիւանագիտական յարաբերութիւն չունէին Օսման­եան Կայս­րութեան հետ, նշուած ազդարարագիրը չէր կրնար պաշտօնապէս եւ անձամբ յանձնուիլ երիտթրքական կառավարութեան ներկայացուցիչներուն, ուստի կարիքը կը զգացուէր իրականացնել զայն երրորդ կողմի մը միջոցով։ Այսպէս, անոր ֆրանսերէն բնագիրը 28 Մայիս 1915 թուականին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ’ուղարկէ Ուաշինկթըն, ուրկէ ան կը փոխանցուի Կ.Պոլիս տեղակայուած ամերիկեան դեսպանա­տան, որովհետեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները տակաւին ներգրա­ւուած չէր Ա. Հա­մաշ­խարհային Պատերազմին մէջ։ Այս ճամբով, ուրեմն, 29 Մայիս 1915 թուականին, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաու վերոնշեալ բողոքի յուշագիրը, աւելի ճիշդ՝ ազդա­րարագիրը, ան­ձամբ կը յանձնէ Օսմանեան Կայսրութեան մեծ վեզիր Սայիտ Հալիմ փաշային[7]։

Անտարակոյս, առակայ ազդարարագիրը ծանրակշիռ մեղադրանք մըն էր՝ ուղղուած երիտ­թրքական իշխանութեան պարագլուխներուն, որոնք պատերազմի աւարտին «մարդ­կայնու­թեան եւ քաղաքակրթու­թեան դէմ յանցագործութիւն»-ներու համար անձնա­պէս պիտի ենթարկուէին պատասխանատւութեան։ Բնականաբար, ներքին գործոց նա­խա­րար Թալէաթ փաշան առաջիններէն էր, որ խիստ պիտի անհանգստա­նար եւ մատ­նուէր խուճապի։ Ան ստոյգ գիտակից էր իր յանցագործութեան, քանի որ ինք տուած էր տարագրութեանց եւ եղեռնագործութիւններուն հրամանները։ Սոյնը ան խոստո­վանած է իր հաւատարիմ ընկերներէն Խալիլ Պէյ Մենթեշէին՝ «Միութիւն եւ Յառաջդի­մութիւն» կուսակցութեան նոյնքան արիւնախանձ առաջնորդներէն մէկուն, որ այս մասին հետա­գային նշած է իր յուշերուն մէջ։ Այսպէս, Թալէաթ կը փորձէ յան­ցագործութիւնը բարդել նաեւ ուրիշներու վրայ, որպէսզի ինք չդառնայ Հայոց Ցեղաս­պանութեան միակ մեղա­ւորը։ Հետեւաբար, ան պարտադրելով իր հեղինակութիւնը եւ բոլոր միջոցները գործի դնելով՝ կ’աշխատի, որ կառավարութիւնը այս ուղղութեամբ իսկոյն որոշումներ ընդունի, վաւերացնէ օրի­նական, այսպէս կոչուած՝ յանցագործու­թիւնը կոծկելու պատրուակ մը, որուն արդիւնքը կը հանդիսանայ վերոնշեալ «Տեղահա­նութեան մասին օրէնք»-ը։ Սոյնը կ’ըն­դուն­ուի 27 Մայիսին եւ ուժի մէջ կը մտնէ 1 Յու­նիս 1915 թուականին, որ կը վաւե­րացուի սուլթան Մեհմետ Ե. Ռեշատի, մեծ վեզիր Սայիտ Հալիմ փաշայի եւ պատերազմի նախա­րար Էնվեր փաշայի ստորագրութիւն­ներով։ Ստորեւ այդ օրէնքը.

  1. «Պատերազմական դրութեան ժամանակ բանակներու, զօրաբանակներու եւ զօ­րամիաւորնե­րու հրամանատարներն ու անոնց տեղակալները, նաեւ առան­ձին դիրքերու հրա­մանատարները լիազօրուած եւ պարտաւոր են օգտագործելու ռազմական ուժե­րը, առանց յապաղելու կիրառելով խստագոյն պատիժներ՝ իր սաղմին մէջ խեղդելու համար որեւէ ըմբոստութիւն, երբ իսկոյն կը յայտնա­բե­րեն, թէ բնակչութիւնը որեւէ ձեւով կ’ընդդիմանայ կառավարութեան հրահանգ­ներուն եւ երկրի պաշտպանութեան, կարգ ու կանոնի պահպանման վերաբեր­եալ միջո­ցա­ռումներուն։
  2. Բանակներու եւ առանձին զօրաբանակներու, նաեւ զօ­րամիաւորնե­րու հրա­մա­նատարները կրնան ռազմական անհրաժեշտութեան, լրտեսութեան կամ դաւա­ճանութեան յայտնաբերման պարագային գիւղերու եւ գիւղաքաղաք­ներու բնակ­չութիւնը առանձին-առանձին կամ զանգուածաբար այլ վայրեր ուղարկել եւ զանոնք վերաբնակեցնել այնտեղ։
  3. Սոյն օրէնքը հրապարակման օրն իսկ կը մտնէ գործադրութեան մէջ։
  4. Այս օրէնքի դրոյթներուն գործադրութեան համար պատասխանատու են գլխա­ւոր հրամանատարի տեղակալը եւ ռազմական նախարարը»[8]։

Հակառակ այն փաստին, որ մէջբերուած «Տեղահա­նութեան մասին օրէնք»-ին մէջ ոչ մէկ տեղ կը նշուի հայ անունը, բայց եւ այնպէս մի­անգամայն ստոյգ է, որ ան ուղղակի առնչուած է արեւմտահա­յութեան դէմ իրա­գործուող բռնարարքներուն եւ միայն այդ է հիմնարար դրդապատճառը առկայ օրէնքի ընդուն­ման։

Թէեւ վերոգրեալ օրէնքը մէկ կողմէն կոչ­ուած էր կոծկելու հայոց դէմ իր մահահան­գոյն ըն­թացքն առած եղեռնագործութիւնը, միւս կող­մէն՝ կանխելու միանձնեայ պատասխանա­տւու­թիւնը, որ միանշա­նակ պիտի բարդուէր Թալէաթի անձին վրայ, այսու­ամե­նայնիւ այդ առաջին հերթին կ’օգ­տագործուէր՝ ներգրաւե­լու համար նաեւ թրքական զին­ուած ուժե­րը հայ ժողովուրդի բնա­ջնջման ծրագրի իրակա­նացման գործ­ընթացին մէջ։

Ճակատամարտ, Երկուշաբթի, 13 Յունուար 1919, էջ 2

1915 թուականի Յունիսին, թրքական բա­նակի հրա­մանատարութիւնը տեղական իշ­խանու­թիւններուն կը հրահանգէ, որ անոնք պարտա­ւոր են գործադրե­լու օրէնքը. եթէ մահմետա­կաններ համարձակին տարա­գրուած հայերը իրենց տուները ընդու­նելով ապաս­­տան տալու, «ապա անոնք պէտք է կախա­ղան հանուին իրենց տուներուն առ­ջեւ, իսկ տունե­րը՝ հրկիզ­ուին»։ Ան տեղա­կան իշխանութիւն­ներէն խստիւ կը պա­հանջէ ցուցա­բերել այնպիսի նախան­ձայու­զութիւն մը, որ «ոչ մէկ հայ զերծ չմնայ տա­րագրուելէ»։ Թուրք եւ մահմետա­կան բնակ­չութեան նաեւ սպառնալից կը նա­խազգու­շացնէ, որ այն միւ­սիւլմանները, որոնք կը փորձեն պաշտպանել հայ­երը, «եթէ զինուո­րականներ են, ապա կը զրկուին իրենց կոչու­մէն ու անյապաղ կը կանգնին դատա­րանի առջեւ, իսկ եթէ քաղաքացիական ծառայող­ներ են, իսկոյն կը հեռացուին իրենց զբաղեցուցած պաշտօն­ներէն եւ կը կանգ­նին զինուո­րական դա­տարանի առ­ջեւ»։ 

Ա. Համաշխարհային Պատերազմի աւար­տին, համա­ձայն վերոնշեալ 24 Մայիս 1915 թուա­կանի ազդարարութեան, թէ «մարդ­կայնու­թեան եւ քաղաքակրթու­թեան դէմ յանցագործու­թիւն»-ներու մեղադրանքով պատե­րազմի յանցագործները անձնապէս պա­տասխանատւութեան պիտի ենթարկուին, Ֆրանսա եւ, առաջին հերթին, Մեծն Բրի­տանիա, Կ.Պոլսոյ գրաւումէն ետք, ճնշում կը բանեցնեն օսմանեան նոր կա­ռավարու­թեան վրայ՝ ընթացք տալու Երիտթուրք պարա­գլուխներու դատավարու­թեան։ Սոյնը կ’իրականանայ 28 Ապրիլէն մինչեւ 25 Յունիս 1919 թուա­կանին։ Այս առթիւ,– հակա­ռակ այն իրողութեան, որ իթթիհատական պա­րագլուխներ իրենց իրագործած խոշորա­գոյն եղեռնագործութիւններու փաստաթուղ­թերուն մեծ մասը ար­դէն ոչնչացուցած էին,– կը բացայայտուին պատերազմական յանցագործու­թիւն­նե­րու, զանգուածային կո­տորած­ներու, սպանդ­ներու, տարագրութիւն­ներու, ոճիր­ներու վերաբերեալ մեղա­դրա­­կան ապա­ցոյցներ՝ ծածկագիր հեռագրեր, պաշտօ­նական գրութիւններ, հրահանգ­ներ, հրա­մաններ, ականատեսներու վկայու­թիւններ եւ այլն։

«Հա­յաջինջ ծրագրի մը մանրամասնութիւնները»

Այսպէս, Հայոց Ցեղասպա­նութեան վերաբերեալ կը յատնաբերուի նաեւ այլ փաստա­թուղթ մը, որ «Ճակա­տա­մարտ» թերթը իր 13 Յուն­ուար 1919 թուա­կանի թիւին մէջ կը հրապարակէ՝ զայն թարգ­մանաբար ար­տատպելով նոյնպէս Կ.Պոլիս տպագրուող «Stamboul» ֆրանսատառ թերթի 12 Յուն­ուար 1919 թիւէն։ «Ճա­կատա­մարտ» զայն հայ հանրութեան կը ներկա­յացնէ «Թանկա­գին փաստաթուղթ մը. Հա­յաջինջ ծրագրի մը մանրամասնութիւնները» խորագրով.

«Ներքին Գործոց Նախարարութիւն

Վարչութիւն աշիրէթներու եւ Գաղթականներու զետեղման Յանձնաժողովի։

Թիւ 61 – 666

Հայերու իսլամացման եւ հաւատափոխներու անշարժ կալուածներու մասին հետե­ւելիք հրահանգներ։ Այս հրահանգները կազմուած են ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնութեան մատուցած տեղեկագրին վրայ։

Ա.– Կ’ընդունուի հաւատափոխութիւնը իրենց բնակավայրերուն մէջ մնացած ու չտարագրուած հայերուն։

Բ.– Նմանապէս կ’ընդունուի հաւատափոխութիւնը անոնց, որ տարագրութեան ատեն մասնաւոր հրամանով վար դրուած են իրենց ճամբուն վրայ եւ կամ իրենց տուները եւ կամ ոեւէ տեղ մը ղրկուած են։

Գ.– Այն հայերը, որոնց հաւատափոխութիւնը ընդունուած է վերի պայման­ներուն համաձայն, պիտի ստանան իրենց ինչքերը եւ կամ, եթէ ծախուած են, անոնց փոխարժէքը։

Դ.– Յարմար դատուած է, որ տարագրութեան միջոցին իրենց մնացած վայ­րերուն մէջ իսլամներու հետ ամուսնացած կիներուն եւ աղջիկներուն տուներ տրուին լքուած շէնքերէն։

Ե.– Երբ գաւառներու, գիւղերու եւ թաղերու բնակիչները անհատաբար կամ զանգ­ուածաբար իսլամացման խնդիր ներկայացնեն, պէտք է հաւատափոխու­թեան ձեւակերպումները կատարել, զանոնք թուրք գիւղերու մէջ բաժնելէ ետք, պայմանով որ անոնց թիւը այդ տեղերու իսլամ բնակչութեան թիւին հետ բաղդատուած չանցնի հինգ առ հարիւր համեմատութիւնը։

Զ.– Եթէ որոշ տեղ մը մնալու արտօնուած տղաքներու պատկանող ինչքերու վա­ճառման արդիւնքը ամբողջապէս կամ մասամբ յատկացուած է անոնց ծնողքնե­րու պարտքերուն, այդ կորուստներու փոխարէն, վերեւ յիշուած տղաքներուն պիտի տրուի պետութեան անուան արձանագրուած, լքեալ գոյքերէն բան մը։

21 Հոկտեմբեր 1331»[9]։

Այսպէս, նշուած հրահանգը ակնյայտ կը դարձնէ, որ հայերու զանգուածային տարա­գրութիւններուն եւ կոտորածներուն զուգահեռ Իթթիհատի պարագլուխները կը գոր­ծադրեն նաեւ ձուլման քաղաքականութիւն մը՝ յատկապէս հայ կիները, աղջիկներն ու երե­խաները կրօնափոխելու ծրագիր։ Ցեղասպանութեան համատեղ կրօնափոխու­թեան այս ծրագիրը գործադրուած է մասնաւորաբար այն վայրերուն մէջ, ուր ոճրա­գործ վոհ­մակը համոզուած եղած է մահմետական մեծամասնութեան մէջ հայերու պարտադիր ձուլումին, այ­լապէս միանշանակ նախընտրութիւնը տրուած է ֆիզիքական ոչնչացումին, միշտ հե­տապանդելով միեւնոյն նպատակը՝ արեւմտահայութիւնը ամբող­ջապէս արմատախիլ ընել իր հազարամեակներու բնօրրանէն։

Զուիցերիացի հարիւր երեւելի անձնաւորութիւններու ստորագրութեամբ կոչը ուղղուած զուիցերիացի ժողովուրդին,
Սեպտ.-Հոկտ., 1915 թ.

Ցեղասպանագիտութեան յայտնի է, որ 1 Յուլիս 1915 թուականին տրուած հեռա­գրով Թալէաթ կը հրահանգէ վերջ տալ հայերու կրօնափո­խութեան գործընթացին՝ հա­մարե­լով, որ կեղծ է անոնց իսլամանալու վերաբերեալ ցուցաբերած պատրաստա­կամութիւնը։ Ան, փաստօրէն, ամենամոլեռանդ իրագոր­ծողներէն մին էր իթթիհա­տական արիւնկզակ պարա­գլուխներու վերոյիշեալ գաղտնի համաժողովի ըն­դունած ծրագրին՝ ոչ մէկ հայ թո­ղուլ արեւմտ­եան Հայաս­տանի եւ Կիլիկիոյ ամբողջ տարածքին, Հայկական հար­ցը ի նպաստ Օսմանեան Կայսրութեան միանգամընդմիշտ լուծել կարենալու համար՝ վե­րացնել հարցին գոյու­թեան դրդապատճառը հանդիսացող ենթական։      

Այս առնչութեամբ հակասականը այն է, որ, չորս ամիս անց, կրօնափոխութիւնը կրկին կ’արտօնուի եւ ան կը վերահսկուի ուղղակի Թալէաթի կողմէ՝ մասնաւոր եւ կամա­յական արտօնու­թիւններ շնորհելու միջոցով միայն այն հայ կանանց, որոնք այրիացած են, նաեւ այն աղջիկներու պարագային, որոնք ճարահատ կամ բռնի կ’ամուսնա­նային մահմետականներու հետ։ Որբացած մանկահասակ աղջիկներն ու տղաքը նոյնպէս կ’են­­թարկուէին կրօնափոխութեան՝ թրքական որբանոցներու կամ իսլամ ընտանիքնե­րու մէջ։ Թերեւս բախտաւոր պէտք է համարել այն բիւրաւոր երեխաները, որոնց կեան­քը այս ճամբով խնայուեցաւ, մինչդեռ բիւր-բիւրոց մնացորդացը անխնայ բնա­ջնջուե­ցաւ մահու աքսորի ճամբաներուն վրայ կամ արիւնռուշտ եղռնագործներու դիւային կիրքերուն պատճառով։

Եզրակացնելով՝ պէտք է ըսել, որ Երիտթուրքեր, Օսմանեան Կայսրութեան իշխա­նու­թիւնը իւրացնելէ ետք, Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրագործելու համար կը սահմանեն քանի մը օրէնքներ,– անոնց մեծ մասը ստոյգ իրենց իսկ ձեռքով ոչնչացուելով անհետացած է,– որոնց մէջ ոմանք ինչքան ալ փորձեն սքօղել կամ պատերազմական պայ­մաններ պատրուակելով արդարացնեն օսման­եան կառավարութեան ձեռնարկած բռնարարք­ները, միեւնոյն է, այս եւ նմանատիպ օրէնքներուն եւ հրահանգներուն ամ­բող­ջութիւնը ան­մարդկային դժխեմ գործողութիւններու իրականութիւն մը կը պարզէ, որ ոչ այլ ինչ է, քան  «մարդկայ­նութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ» իրականացած պե­տական ծան­րագոյն յանցագործու­թիւն մը։

Երիտթուրքերու յանցագործ գաղափարախօսութիւնը

Արդարեւ, պետական յանցագործութեան առաջնորդող ամենայն չարեաց թունաւոր ար­մա­տը արդէն ի սկզբանէ առկայ էր Երիտթուրքերու գաղափարախօսութեան մէջ։ Անոնք մանաւանդ Ա. Աշխարհարամարտի սկիզբը կը ներկայացնէին «տարամերժ հայ­րենա­սիրութեան» տեսակ մը, որ ամբողջապէս կը բացառէր Օսմանեան Կայսրու­թեան այլ­ազգ, մասնաւորաբար ոչ իսլամ ժողովուրդները՝ վերապահելով բոլոր մենաշնորհ­ները միմիայն օսմանցի թուրք ժողովուրդին։ Սոյնը յստակ արտայայտուած էր 11  Նոյ­եմբեր 1914 թուականի այն ելոյթին մէջ, ուր ի նպաստ պատերազմին խանդավառ կը տարափողուէր.  

«Պէտք չէ մոռնանք, որ եթէ մենք մեր մասնակցութիւնը կը բերենք այս պատե­րազմին, այդ միայն մեզի սպառնացող վտանգէն փրկուելու համար չէ։ Մենք կը հետապնդենք շատ աւելի կարեւոր նպատակ մը, որ մեր ազգային իտէալին իրա­կանացումն է։ Մեր ժողովուրդին եւ մեր հայրենիքին ազգային իտէալը այն է, որ մենք պէտք է ոչնչացնենք թշնամին եւ հաստատենք բնական սահման մը, որ մեզի թոյլ կու տայ միաւորուելու նոյն ցեղի մեր եղբայրներուն հետ։ Աւելին՝ մեր կրօ­նական աշխարհահայեացքը մեզի կը պատ­ուիրէ ազատագրել իսլամական աշ­խարհը անհաւատներու գերիշխանութենէն… Մենք կը պայքարինք մեր հայ­րենիքին, մեր կրօնին եւ մեր ազգային իտէալներուն համար»[10]։

Պետական յանցագործութիւն իրագործելու վտանգը նախօրօք առկայ էր Երիտթուր­քերու փանթուրանական եւ համաիսլամական հզօր կայսրութիւն մը ստեղծելու ծաւա­լապաշտական նկրտումներուն մէջ, որուն «բնական» սահմանները պիտի ընդլայնուէին անդրկովկասեան ամբողջ երկրամասով ու հասնէին մինչեւ Միջին Ասիոյ տափաստան­ները, ընդ­հուպ մինչեւ սահմանագիծը չինական պարիսպներուն։ Այս գաղափարախօ­սութիւնը նաեւ այսօր հետեւողականօրէն կը պարզէ Թուրքիոյ ծաւալապաշտ ու յար­ձա­կողապաշտ քաղաքական նոյն իրավիճակը՝ փաստացի ցոյց տալով, որ ան երբեք հրա­ժարած չէ իր դարաւոր իտէալին իրա­կանացումը հետապնդելէ՝ ըլլայ փանթուրա­նական հին թէ նոր կայսրութեան մը ստեղծելու անդիմադրելի մոլուցքէն։

Կոչ ուղղուած Զուիցերիոյ ժողովուրդին

1915 թուականի Մայիսի վերջերը, երբ Զուիցերիոյ մէջ տպագրուող ազդեցիկ քանի մը թերթեր երիտթրքական կառավարութեան հայերու դէմ իրագործած նոր ոճիրներու եւ տեղահանութիւններու վերաբերեալ առաջին լուրերը կը հաղորդեն, իսկոյն բոլոր օրա­թերթե­րը գրեթէ ամէն օր կը սկսին անդրադառնալ Օսմանեան Կայսրութեան տարած­քին հայ ժողովուրդի բնաջնջման մասին։ 18 Յուլիս 1915-ին, «Basler Nachrichten» թեր­թը կը վկայէ, թէ «Թուրքիոյ մէջ հայերու դէմ հալածանքները լայնածաւալ չափերով կը կատար­ուին…»։ 25 Օգոստոսին, «Journal de Genève» թերթը կը հրապարակէ յօդուած մը «Les massacres d’Arménie» խորագրով, որուն մէջ մանրամասն տեղեկութիւններ կը հաղոր­դէ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած զանգուածային կոտորածներու եւ տե­ղա­հանութիւններու մասին՝ վերջաւորութեան աւելցնելով. «Ի դէպ, միանգամայն հա­ւաստի աղբիւրներէ յայտնի է, որ թրքական կառավարութիւնը յայտարարած է, թէ հայ ժողովուր­դի ամբողջական եւ վերջնական բնաջնջումը անհրաժեշտութիւն է, ուստի ոչ ոք կրնայ զայն շեղել այս ծրագրի իրականացումէն»։

1915-ի ամռան, Գերմանիայէն Կ.Պոլիս մեկնելու ճանապարհին, դոկտ. Եոհաննէս Լեփ­սիուս Պազելի մէջ կը հանդիպի դոկտ. Անտրէաս Վիշեր-Օէրիին, դոկտ. Ալպերթ Օէրի-Փրայսվերքին եւ դոկտ. Էմմանուէլ Ռիկկենպախին, ապա Ժընեւի մէջ Լէոփոլտ Ֆաւ­րին՝ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վերաբերեալ նախնական տե­ղե­կութիւններ փոխանակելու համար: Ան Յունիսի սկիզբը Պեռլինի մէջ Կայսերական Գեր­մանիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն տեղեկացած էր հայերու զանգուա­ծա­յին տարագրութիւններուն եւ ջարդերուն մասին, ուստի ծրագրած էր ուղեւորուիլ ուղղակի դէպքերուն վայրը՝ ճշգրիտ պատկերացում կազմելու նպատակով։ Սակայն թրքական կառավարութիւնը մերժած էր իրեն տրամադրել համապատասխան այցա­գիր մը՝ բացի Կ.Պոլիսէն ճամբորդել կարենալու համար երկրին խորքերը։ Եոհաննէս Լեփ­սիուս Կ.Պոլսէն վերադար­ձին «Basler Nachrichten» թերթին մէջ 16 Սեպտեմբեր 1915 թուա­կանին կը հրատարակէ «Ժողովուր­դի մը բնաջնջումը» խորագրով մանրա­մասն զեկոյց մը։ Ան սոյն նախա­ձեռնութիւնը կ’իրականացնէ զուիցերիական եւ ոչ թէ գերմանական թերթի մը միջոցով, որովհետեւ այդ յօդուա­ծին հրապարակումը ստոյգ անկարելի պիտի ըլլար Օսման­եան Կայս­րութեան հետ ռազ­մական դաշնակից Կայսե­րա­կան Գերմանիոյ գրա­քննու­թեան պատ­ճառով։

Այս ամբողջ ժամանակահատուածին՝ 1894-էն մինչեւ 1915/16 թուականները, նաեւ հե­տեւեալ տարիներուն, Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ յատկապէս եկեղեցական մարդա­սիրական կազմակերպութիւն­ներ իրենց ականաւոր ներկայացուցիչներով սերտօրէն կը գործակցէին միմեանց հետ, իրենց կողմէ կեանքի կոչուած նպաստամատոյց կա­ռոյցներու միջոցաւ օգնութեան ձեռք մեկնելու Օսմանեան Կայսրութեան տա­րածքին ցե­ղասպանուող իրենց հաւատակից քոյ­րերուն եւ եղբայրներուն։

Էմմանուէլ Ռիկկենպախ, որ Պազելի մէջ հրատարակուող «Mitteilungen über Armenien» (Տեղեկութիւններ Հայաս­տանի մասին) թերթին խմբագիրն էր, առաջինը կը հանդիսա­նայ 15 Օգոստոս 1915 թուականին հրապարակելու հրատապ կոչ մը ուղղուած հայ ժո­ղովուրդի բարեկամ Զուիցերիոյ ժողովուրդին՝ նպաստամատոյց շտապ օգնութիւններ կազմակերպելու նպատակով։ Իսկոյն անոր օրինակին կը հետեւին Զուիցերիոյ զանա­զան քաղաքներու եւ շրջաններու մէջ սուլթանական զանգուածային կոտորածներէն ի վեր արդէն տեղակայուած եւ գործող հայանպաստ յանձնախումբերը, որոնք Սեպտեմ­բեր/Հոկտեմբեր 1915 թուականին կը հրապարակեն պատմական կարեւոր նշանակու­թիւն ունեցող կոչ մը ուղղուած զուիցերիացի ժողովուրդին։ Սոյնը իր մէջ կը ցոլացնէ բարոյական նկարագրի տէր եւ կրօնազգած ճշմարիտ ապրումներ կրող մարդոց բացա­ռիկ կեցուածքը՝ դրսեւորելով անկեղծ կարեկցութիւն մահուան հոգեվարքի դատա­պարտուած քրիստոնեայ ժողովուր­դի մը հանդէպ, բայց միաժամանակ կը ներկայացնէ անհերքելի վկայութիւն մը 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրո­ղութեան մասին, որ յականէ յանուանէ կը ստորագրուի զուիցերիացի հարիւր երե­ւելի անձնաւորութեանց կողմէ։ Նկատի ունենալով Հայ Դատին եւ մեր համահայկա­կան պայքարին հա­մար առկայ փաստաթուղթին շահեկանութիւնը, նաեւ անոր պատ­մական վաւերականու­թիւնը, զայն թարգմանաբար առաջին անգամ ըլլալով կը ներկա­յացնենք ստորեւ.      

«Կոչ`  Զուիցերիոյ ժողովուրդին

Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր 1915

Մինչ պատերազմը իր վրայ կը կեդրոնացնէ ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը եւ կը ներ­գրաւէ եւրոպա­կան մեծ տէրութիւններուն բոլոր ուժերը, Թուրքիոյ մէջ տեղի կ’ու­նենան այնպիսի իրադարձութիւններ, որոնք զարհուրելի են նոյնիսկ սարսա­փելիին սովոր մեր ժամա­նակին համար ու կը գերա­զանցեն այն, որ այդտեղ պատա­հած է անցեալին։

Սոյնը ոչ այլ ինչ է, քան ամբողջ քրիստոնեայ ժողովուրդի մը՝ հայերու համակարգ­ուած բնաջնջումը, որ այժմ կ’իրագործուի՝ հաստատելու համար իսլամի կա­տարեալ տիրա­պետու­թիւնը թրքական կայսրութեան մէջ։

Հարիւր հազարաւոր հայեր արդէն կա՛մ սպաննուած, կա՛մ իրենց հայրե­նիքէն դէպի Միջագետքի տափաստանները տարագրուած, կամ ալ թշուառօրէն ոչնչացուած պէտք է ըլլան ուրիշ վայրերու մէջ։ Մեծ թիւով՝ մասնաւորաբար կանայք եւ երեխա­ներ ստիպ­ուած եղած են ընդունելու իսլամը։

Սոյն իրողութիւնները հաստատուած են այն մարդոց արժանա­հաւատ վկայութիւն­ներով եւ տեղեկա­գրութիւններով, որոնք բոլոր առումներով անբասիր են եւ իրենց գիտելիք­ները քաղած են ականատեսի սեփական վկայութիւններով։  

Ներքոյ ստորագրեալները ոչ միայն կը փափաքին Զուիցերիոյ ժողովուրդին գործուն օժան­դակութիւնը խնդրել` մեղմացնելու համար այն մեծ կարիքը, որ կը տիրէ տա­րա­բախտ հայ ժողովուրդի վերապ­րողներուն մէջ, այլ անոնք պարտք կը զգան նաեւ ամ­բողջ աշ­խարհին ուշադրութիւնը հրաւի­րել այս իրադարձութիւններուն վրայ՝ դի­մելով բոլոր երկիրներու հասա­րակական կար­ծիքին, որպէսզի այն, ինչ այժմ տակա­ւին կա­րելի է ընել Կ.Պոլսոյ մէջ, անմիջապէս ձեռնարկուի վերապրող հայերու պաշտպանու­թեան համար։

Pfr. H. Andres, Bern.

Prof. C. Béguelin,

Rektor der Universität Neuenburg.

Prof. Br. Bloch, Basel.

Prof. P. Böhringer, Basel.

E. Bonhôte, Nat.-Rat, Neuenburg.

Fel. Bonjour, Nat.-Rat, Lausanne.

L. Bonnard, Syndic, Nyon.

Prof. E. Bovet, Zürich.

H. Boveyron, Grossratspräsident, Genf.

A. Brüstlein, Adv., Bern.

Chr. Buchmann-Schardt, Basel.

Prof. G. Castellaz, Freiburg.

Francesco Chiesa, Lugano.

Prof. Rob. Chodat, Genf.

Dr. H. Christ-Socin, Riehen.

Th. Diethelm, St. Gallen.

Prof. N. Dubois, Neuenburg.

Pfarrer E. Dusseiller, Genf.

Prof. L. Emery, Lausanne.

Pfr. E. Etter, Rorschach.

Nat.-Rat H. Eugster-Züst, Speicher.

Dir. Em. Favre, Waadt.

Leopold Favre, Genf.

H. Fazy, Nat.-Rat, Genf.

Pfr. H. Fichter, Basel.

Pfr. P. Flury, Schiers.

Dr. J. Fragnière, apostol. Protonotar, Freiburg.

Pfr. Osk. Frei, Alt St. Johann.

Pfr. K. Fueter, Olten.

Dekan J. Ganz, Zürich.

Prof. Luc. Gautier, Genf.

Dr. Rud. Geigy, Basel.

Prof. Ph. Godet, Neuenburg.

Kirchenrat U. Guhl, Frauenfeld.

C. Gutzwiller, Basel.

Stadtammann H. Hässig, Aarau.

Pfr. J. Hauri, Davos.

Dr. Friedr. Hegar, Zürich.

Dr. Karl Henking, Schaffhausen.

Dr. Eduard Herzog, Bischof der christkatholischen Kirche der Schweiz, Bern.

Prof. Andreas Heusler, Basel.

Alt Pfarrer Hugendubel, Bern.

Stadtrat Aug. Huggler, Bern.

Dir. E. ImHof, Schaffhausen.

Dozent Dr. Hans Iselin, Basel.

Pfr. C. Juchler, Herisau.

Pfr. Paul H. Kind, Schwanden.

Prof. K. Kirchhofer, Schaffhausen.

Stadtrat Conr. Leu, Schaffhausen.

Alt Reg.-Rat F. Manatschal, Chur.

Prof. K. Marti, Bern.

Prof. Alf. Martin, Genf.

Dekan J. Meier, Frauenfeld.

A. de Meuron, Nat.-Rat, Lausanne.

Prof. G. Meyer von Knonau, Zürich.

Pfr. E. Miescher, Basel.

G. de Montenach, Staatsrat, Freiburg.

Pfarrer Alex. Morel, Bern.

Prof. Paul Moriaud, Genf.

Oberrichter P. Müri, Aarau.

Dr. Musy, Staatsratspräsident, Freiburg.

Prof. Ed. Naville, Genf.

Gust. Naville, Zürich.

E. Perrier, Staatsanwalt, Freiburg.

Pfr. C. Pestalozzi, St. Gallen.

Dr. Pestalozzi-Pfyffer, Zug.

E. Picot, Bundesrichter, Lausanne.

Prof. Conradin Planta, Chur.

Ed. Quartier la Tente, Staatsrat, Neuenburg.

Prof. de Quervain, Basel.

Prof. Ragaz, Zürich.

Gonzague de Reynold, Freiburg.

Dr. Eug. Richard, alt Ständerat, Genf.

Pfr. A. Rothenberger, St. Gallen.

Dr. César Roux, Lausanne.

Pfr. E. Ryser, Bern.

Alfred Sarasin, Basel.

Stadtrat Samuel Scherz, Bern.

Pfr. A. Schlatter, Herisau.

Pfr. Th. Schlatter, St. Gallen.

Pfr. E. Schnyder, Schaffhausen.

Pfr. Emil Schultze, Chur.

Pfr. A. Salis, Basel.

Ed. Secrétan, Nat.-Rat, Lausanne.

P. Seippel, Genf.

Prof. G. Senn, Basel.

Prof. Fr. Siebenmann, Basel.

J. Sigg, Nat.-Rat, Genf.

Pfr. Ant. Spehn, Zürich.

Pfr. E. Staehelin, Basel.

Dir. Rud. Staub, Baden.

Dr. von Tavel-Stettler, Bern.

E. Usteri-Pestalozzi, Zürich.

Dir. Virieux, Lausanne.

Prof. Eberh. Vischer, Basel.

Dr. Wilhelm Vischer, Basel.

Jean von Wattenwyl, Bern.

Ständerat Dr. O. Wettstein, Zürich.

Pfr. G. Witzemann, Rothrist.

Alt Pfarrer Leo v. Wyss, Thalwil.

Հայութեան մնացորդացին համար հարկ է Զուիցերիոյ մէջ անյապաղ նիւթական օժանդակու­թեան հաւաք ձեռնարկել։ Այս նպատակով արդէն իսկ կան յանձնաժո­ղով­ներ եւ ուրիշներ եւս պիտի կազմուին»։

1915 թուականի Ապրիլ 24-ին եւ հետեւեալ օրերուն, Կ.Պոլսոյ մէջ կը ձերբակալուի հայ մտաւորականու­թեան եւ ազգի երեւելիներուն մեծ մասը, ու աքսորուելով Թուրքիոյ խո­րերը՝ հետզհետէ վայրագաբար կ’ոչնչացուի Երիտթուրք պարագլուխներու հրահան­գով եւ իթթիհատա­կան ոճրագործներու ձեռքով։ Մինչեւ Մայիսի վերջն արդէն իր համա­տարած եւ կոր­ծանարար ընթացքը վերցուցած էր հայ ազգաբնակչութեան տեղահա­նումներու, մահու աքսորի եւ կոտորածներու լայն թափը։

Այսօր, երբ յետադարձ հայեացքով մը մեր կեանքին մէջ կ’այժմէականացնենք հայ ժո­ղո­վուրդի միլիոն ու միլիոն նահատակներուն յիշատակը, անոնք, սրբադասուած կամ ոչ, մէկ պատգամ կը թելադրեն մեզի՝ արդարութիւն պահանջել այնքան բիրտ եւ անի­րաւ դարձած աշխարհէն, եւ որպէս պահանջատէր վաղ թէ ուշ հասնիլ մեր պապերու սուրբ երազի իրականացման։ Մենք ենք կրողը յիշելու պատասխանատւութեան՝ նախ մեր միլիոնաւոր զոհերուն, ապա մենք մեզի համար։ Մեր անձնական եւ ազգային հա­ւա­քական յի­շողութեան մէջ պարտաւոր ենք վառ պահելու այն պատմութիւնը, որ ներ­կայ է, եւ անցեալը, որ անցած չէ։ Պէտք է միշտ յիշել ու ըլլալ զգաստ՝ կանխարգիլել կարենալու համար մեզի սպառնացող վտանգը եւ թոյլ չտալ, որ աղէտալի պատմու­թիւնը վե­րստին կրկնուի մեր ժո­ղովուրդի կեանքին մէջ։ Մեզմէ կախուած է ամէն ինչ՝ վառ պահելու եւ ժամանակի քայ­քայիչ օրէնքին եւ մոռացութեան դէմ պաշտպանելու համար յիշելու իրաւուն­քը, որ յարաճուն ուժ եւ պայքար, բայց ստոյգ յաղթանակ մըն է միաժամանակ։   

Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան

Ժընեւ, 5 Մայիս 2023 


[1] Սաֆրաստյան, Ռուբեն, «Օսմանյան Կայսրություն. Ցեղասպանության ծրագրի ծագումնաբա­նությու­նը (1876‒1920 թթ.)», Երևան, 1009, էջ 168։

[2] Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 168‒169։

[3] Տե՛ս Լէօ, «Թիւրքահայ յեղափոխութեան գաղափարաբանութիւնը», Փարիզ, 1935, էջ 153‒154։

[4] Հմմտ. նոյնը։ Dadrian V. N., «The secret Young-Turk Ittihadist conference and the decision for the World War I Genocide of the Armenians – Holocaust and Genocide Studies», Vol. 7, No. 2, 1993, 173‒201. Տե՛ս Սաֆրաստյան, Ռուբեն, նոյն տեղը, էջ 169‒171։

[5] Տե՛ս Սաֆրաստյան, Ռուբեն, նոյն տեղը, էջ 175‒176, 189։

[6] Տե՛ս «Neue Zürcher Zeitung», 24.5.1915; «Basler Nachrichten», 25.5.1915; «Der Bund», 26.5.1915; «Journal de Genève», 26.5.1915. Սաֆրաստյան, Ռուբեն, նոյն տեղը, էջ 174։

[7] Տե՛ս Սաֆրաստյան, Ռուբեն, նոյն տեղը, էջ 174‒175։

[8] Հմմտ. Gottschlich J., Beihilfe zum Völkermord, Deutschlands Rolle bei der Vernichtung der Armenier, Frei­burg, 2015, S. 311‒312; Տե՛ս Սաֆրաստյան, Ռուբեն, նոյն տեղը, էջ 188։

[9] Հմմտ. «Ճակատամարտ», Երկուշաբթի, 13 Յունուար 1919, էջ 2։

[10] Հմմտ. Ternon Y., «Tabu Armenien, Geschichte eines Völkermords», Berlin, 1981, S. 151.

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *