Արդէօ՞ք փաստաբաններ՝ Կիրակոսի եւ Քապաթեքի գործընկեր Շանթ Գառնիկեան դաւադրութեան մեղսակից է NY Life եւ AXA ապահովագրական ընկերութիւններու Ցեղասպանութեան զոհերու հատուցման ֆոնդի թալանի մէջ

Posted on September. 23. 2023

Հետաքննութիւնները oր ըստ օրէ առաւել կը խորանան New York Life եւ AXA ֆրանսական ապահովագրական ընկերութեանց Ցեղասպանութեան զոհերու հատուցման ֆոնդի միլիոնաւոր տոլարներու թալանի գործով:
Ամերիկայի մէջ եւ ամբողջ աշխարհով մէկ՝ արագօրէն մեծ թիւ կազմող ընթերցողներ եւ հեռուստադիտողներ այժմ՝ ուշադի՛ր կը հետեւին այս հետաքննութիւններուն: Շատերը ցնցուած են նեխուածութեան (կոռուպցիայի) եւ ԽԾԲ-ութեան («Խնամի-Ծանօթ-Բարեկամութեան», «նեպոտիզմի» nepotism) համաճարակային առկայութեամբ, որ դրսե-ւորուած է դատական հայցերը նախաձեռնող փաստաբաններ՝ Մարք Կիրակոսի, Պրայըն Ս. Քապաթեքի եւ Վարդգէս Եղիայեանի կողմէ:
USA Armenian Life Magazine-ի կողմէ ձէռք բերուած դատական փաստաթուղթերը ցոյց կուտան, որ նեխուածութիւնն ու ԽԾԲ-ութիւնը ամենուր գերակշիռ ներկայութիւն եղած են New York Life/AXA ընկերութիւններու Ցեղասպանութեան զոհերու հատուցման ֆոնդի բաշխման գործընթացի մէջ:
Դատական փաստաթուղթերը յստակօրէն ցոյց կուտան, որ սերտ շփում եւ համագործակցութիւն եղած է Նիւ Եորք Լայֆ-ի եւ Աքսայի դէմ հայցի փաստաբաններ՝ Մարք Կիրակոսի – Պրայըն Ս. Քապաթեքի եւ հատուցման ֆոնդի գործակատար՝ Բարսեղ Քարթալեանի ու անոր վերակացու գործակից այժմ կարգազուրկ փաստաբան Պերճ Պօյաճեանի միջեւ:
Սերտ կապեր կային նաեւ Պօյաճեանի եւ մէկ այլ դերակատարի՝ Աւօ Աւետիս Մարգարեանի միջեւ, որ Pacific Western Bank դրամատան պաշտօնեայ էր, որ Պօյաճեանին հնարաւորութիւն տուաւ կանխի-կացնել «cash ընել» հատուցման ֆոնդէն՝ բազմաթիւ կեղծ չեքեր:


Շատերս քաջատեղեակ ենք, որ արեան դրամները թալանողները սերտ կապեր ունին Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան Տէրտէրեանի հետ։
Վերջերս ջրի երես դուրս եկաւ անցեալին անյայտ մնացած եւս մէկ խաղացող մը՝ Պրայըն Ս. Քապաթեքի «պաշտպան փաստաբան» Շանթ Գառնիկեան: Դատական փաստաթուղթերու համաձայն՝ Գառնիկեան յայտնուած է որպէս ենթակայ մը, որ կարծես հետեւողականօրէն զբաղուած է կոպիտ խեղաթիւրումներով, ինքնահակասող պնդումներով՝ հանդէս գալով յօգուտ իր ղեկավար՝ Պրայըն Քապաթեքին:
Ըստ դատարանի արձանագրութիւններուն՝ Գառնիկեան համառօրէն կը փորձէ օգնել Պրայըն Քապաթեքին անջատուելու՝ եւ՛ Բարսեղ Քարթալեանէն, եւ՛ Պերճ Պօյաճեանէն այն պահէն սկսեալ, երբ այդ երկուքը ճանաչցուեցան որպէս ցեղասպանութեան զոհերու հատուցման ֆոնդը թալանողներ:
Լայնածաւալ բառախաղերու եւ լարախաղացութեան միջոցով Գառնիկեան նաեւ կը պղտորէ ջուրը Լօյօլայի իրաւաբանական համալսարանին միլիոնաւոր տոլարներ տրամադրելու հարցի մէջ որ բազմաթիւ հայերու մօտ զարմանք եւ զայրոյթ յառաջացուց:
Որոշ ժամանակ առաջ LA Times-ի հետաքննող լրագրողներ Հարիեթ Ռայըն եւ Մաթ Համիլթըն հարցուցած էին պարոն Քապաթեքին. ՙՙԱւելի ուշ, այն բանէն յետոյ, երբ ի յայտ եկան պահանջներու գումարի հետ կապուած խնդիրներու ապացոյցներ, դուք հայցերու գործընթացի մասին ըսիք. «Մենք (հայցի փաստաբաններս) կապ չունէինք անոր հետ» եւ Քարթալեանին անուանեցիք «իրենց աշխատողն է», այսինքն՝ ֆրանսական խորհուրդին: Կը փորձէիք նուազագոյնի հասցնել ձեր դերակատարութիւնը, երբ խնդիրներ յառաջացան: Կը խնդրեմ, որ բացատրէք»:
Քապաթեքի փոխարէն՝ պատասխանելով, Քառնիկեան գրած էր. «Այս հարցի նախադրեալը կեղծ է։ Պարոն Քապաթեք, Քարթալեանին աշխատանքի չէ ընդունած։ Քարթալեան աշխատանքի ընդունուած է որպէս պահանջներու գործակատար New York Life-ի հատուցման խորհուրդի կողմէ՝ պրն Եղի-այեանի կողմէ, խորհուրդի եւ միւս փաստաբանի հետ ծանօթանալէ յետոյ»:


Հետագայ նամակագրութեան մը մէջ, LA Times-ի լրագրողներ Ռայըն եւ Համիլթըն նշեցին, որ պարոն Քառնիկեան գրած է, որ Պրայըն Քապաթեք «չէ վարձած Քարթալեանին» եւ միայն ապահոված է անոր «պատրաստակամութիւնը՝ որպէս AXA-ի հատուցման (ֆրանսական) Խորհուրդի գործակատար, եթէ Խորհուրդը անոր աշխատանքի ուզէր ընդունիլ»:
LA Times-ի լրագրողներ Տիկին Ռայըն եւ պարոն Համիլթըն Քապաթեքին հրաւիրած են համաձայնեցնել այդ յայտարարութիւնը այն փաստի հետ, որ 2006 թուականին Պրայըն Քապաթեք գործընկեր փաստաբանին ուղուած նամակի մը մէջ գրած է. «հատուցման խորհուրդի գործակատարը պէտք է ըլլայ Բարսեղ Քարթալեանը: Միայն կը մնայ ճշտել ճիշտ գինը եւ պիւտճէն»:
LA Times-ի լրագրողները աւելացուցած են. «2006 թուականի Դեկտեմբերին, Խորհուրդի նշանակումէն ութ ամիս առաջ, Պրայըն Քապաթեք հրահանգեց այն ժամանակուայ իր օգնական աշխատակցին. «Պատրաստեցէ՛ք [մտադրութեան նամակ] Բարսեղ [Քարթալեանի] հետ: Ապահովեցուցէ՛ք, որ պարզ է, որ մենք անոր աշխատանքի կը վերցնենք AXA-ի հատուցման ֆոնդի խորհուրդի անունէն»: 2007 թուականի Մարտի 29-ի փոխըմբռնման նամակի մը մէջ Պրայըն Քապաթեք փաստաթուղթը նկարագրեց որպէս «համաձայնութիւն» փաստաբաններու ընկերութիւններու եւ Քարթալեանի միջեւ, որ «պարզութիւն կ՛ապահովէ» մեր գործարար յարաբերութիւններուն…» Նամակին մէջ, Պրայըն [Քապաթեք] կը յիշուի որպէս Քարթալեանի հետ կապի անձ եւ կը սահմանէ անոր ամսական աշխատավարձը «գործընթացի տեւողութեան համար» եւ կը սահմանէ անոր պարտականութիւնները: Ան չի յիշեր AXA-ի հատուցման ֆրանսական խորհուր-դի անունը։ Ան չի նշեր Քարթալեանի՝ որպէս գործակատար գործելու համաձայնութեան ապահովումը կամ խորհուրդը ստեղծուելէն յետոյ անոր ազատուելու հաւանականութիւնը»:

(Առանձին կարդալ «Հրապարակախօս եւ հետազօտող լրագրող Ոսկան
Մխիթարեանի կողմէ բացայայտումը փաստաբան Գառնիկեանի ճշմարտութեան չհամապատասխանող անհիմն պնդումներուն» էջ_)

Պայթուցիկ տեղեկութիւն.
LA Times-ի լրագրողներն այնուհետեւ գրած են. «Իրաւապահ մարմիններուն ներկայացուած յուշագրի մէջ ֆրանսական խորհուրդի անդամները նշած են, որ «ամերիկացի փաստաբանները» [Քապաթեք եւ Կիրակոս] իրենց
տեղեկացուցած են 2007 թուականի Սեպտեմբերի 7-ին, Լոս Անճելոսի գրասենեակի գոյութեան մասին: Նոյն օրն իսկ՝ խորհուրդի անդամներն իրաւապահ մարմիններուն տեղեկացուցին, փաստաբանները նաեւ ըսին, որ Քարթալեան աշխատանքի ընդունուած է մէկ տարուայ ժամկէտով, որ պէտք է ներառեր հայցերու ողջ գործընթացը, ինչպէս նախատեսուած էր այն ժամանակ»:
Ինչպէս ընթերցողներն ու հեռուստադիտողները այժմ յստակօրէն կը տեսնեն, դատարանի արձանագրութիւնները ցոյց կուտան, որ պարոն Քապաթեք միակողմանիօրէն աշխատանքի ընդունած է Բարսեղ Քարթալեանին որպէս «գործակատար»՝ ֆրանսական Խորհուրդի ստեղծումէն ութ ամիս առաջ, փաստացիօրէն զաւթելով Ֆրանսայի Խորհուրդի իրաւունքները՝ աշխատանքի ընդունելու համապատասխան հաւատարմագրերով եւ պաշտօնի համար որակաւորում ունեցող թեկնածուին:
Եւ երբ հատուցման գործակատար Բարսեղ Քարթալեանին հանցանքի վրայ բռնեցին, Կիրակոսն ու Քապաթեքը միասին համախոհ ձեւացան եւ համաձայնեցան «ստիպելու» Բարսեղ Քարթալեանին հետաքնչական հարցապնդման «deposition»ի ենթարկուիլ:
Այնուամենայնիւ, եւ՛ Կիրակոս եւ՛ Քարթալեան շուր եկան եւ անուղղակիօրէն հանդէս եկան որպէս Քարթալեանի «պաշտպան փաստաբաններ» իրենց կցորդ փաստաբաններու միջոցով:
LA Times-ի լրագրողներ՝ Ռայըն եւ Համիլթըն աւելի խորացուցին իրենց հետաքննութիւնը:


Անոնք գրեցին. «2011թ. Նոյեմբերի 18-ին Եղիայեանի փաստաբան Ռոման Սիլպրֆելտ դատարանին հորդորեց կարգադրել պարոն Քարթալեանի հետաքնչական հարցապնդման «deposition»ի ենթարկել եւ գրեց Պրայըն Քապաթեքի եւ Մարք Կիրակոսի վարքագծի մասին՝ կապուած Քարթալեանին հարցաքննելու անոնց ընդդիմացման. «Ամիսներ առաջ դատարանը յանձնարարեց, որ պարոն Քարթալեան նստի փաստաբանի հետ՝ քննարկելու AXA հատուցման Վարչարարութիւնը՝ դատարանի մէջ այդ պահանջելու սպառնալիքով եւ երդման ներքոյ, եթէ ան ինքնակամ չներկայանայ: Ան չպատասխանեց Եղիայեանի փաստաբան՝ Մայքլ Գեյբելսոնի զանգին, բայց, ի վերջոյ, կամաւոր ներկայացաւ Կիրակոսի խնդրանքով»:
Ըստ պարոն Սիլպըրֆելտի «Երբ ան ժամանած է փորձաքննութեան, պարոն Քարթալեանը մերժած է թոյլ տալ դատարանի թղթակցին՝ ձայնագրել եւ արտագրել քննութիւնը: Կիրակոսի եւ Քապաթեքի իրաւաբանական ընկերութիւններու փաստաբաններն ալ նոյնպէս արգելք կեցան ձայնագրութեան ու արտագրման: Եւ երբ հարցումը բաւական սուր դարձաւ, Կիրակոսի փաստաբանները Քարթալեանին սրահէն դուրս բերին ընդմիջումներու համար, որոնք տեւեցին մինչեւ քառասունհինգ րոպէ: Փորձաքննութիւնը տեղի ունեցաւ մի քանի ժամուայ ընթացքին, բազմաթիւ օրերու երկայնքին, տարածուած՝ շաբաթներու վրայ: Բայց, ի վերջոյ, պարոն Քարթալեանէն չէին կրցած պահանջել երդման տակ պատասխանել հարցումներուն, որպէսզի ամբողջութեամբ պարզուէր հատուցման գործընթացը»:
Ռայըն եւ Համիլթըն ընդգծած են. «2012թ. Յունուարի 30-ի նիստին, Եղի այեանի փաստաբան՝ Սիլպըրֆելտն էր, եւ ոչ թէ Պրայըն Քապաթեքը, որ դատաւորէն պահանջեց կարգադրութիւն՝ Քարթալեանին ի պաշտօնէ հարցապնդելու համար: (Կիրակոս ներկայ չէր դատարանէն ներս:) Պրայըն Քապաթեք դատական նիստին երկիմաստ յայտարարութիւններ ըրաւ: Ան մէկ կողմէ ըսաւ, որ կ՛ուզէ հասնիլ ամեն ինչի հատակը, բայց միւս կողմէ՝ նշեց, որ Քարթալեանն արդեն ժամերով հարցաքննուած է, եւ ինքը կողմնակից է միայն «սահմանափակ» հարցաքննութեան»։


Տիկին Ռայըն եւ պարոն Համիլթըն այնուհետեւ նշեցին, որ «2012 թուականի Մայիսին, հարցաքննութիւնը «առաջին կէտը չէր, որտեղ ներգրաւուած էր
Պերճ Պօյաճեանը», ինչպէս ցոյց կուտային էլեկտրոնային նամակները եւ իրաւապահ մարմիններուն փոխանցուած արձանագրութիւնները: Անոնք ցոյց կուտար հետաքննութիւնը, ամիսներ առաջ Եղիայեան եւ անոր համախոհները հետաքննած են դրամատնային հաշուեցոյցերը, նշելով Պօյաճեանի հաստատումը բազմաթիւ հայցւորներու չեքերու վերաբերեալ եւ սկսած են փնտրել այդ հայցւորներուն, Հայաստանի մէջ եւ այլուր՝ անոնց հարցաքննելու համար օրինակ՝ Իվետա Քալանթարեանն է, որու հետ Եղիայեան եւ անոր գործընկերները նամակագրած են 2012թ. Յունուարին: Քալանթարեանին տրուած չեքը, որ ան 2012 թուականի Մարտին ստորագրած է նոտարական կարգով հաստատուած յայտարարագիր՝ երդուելով, որ իրեն թոյլտւութիւն չէ տրուած գանձելու իր չեքերը»։
Հաշուի առնելով պարոն Գառնիկեանի կողմէ LA Times-ի հետաքննող լրագրողներ՝ Ռայընի եւ Համիլթընի հետ ունեցած իր նամակագրութեան լայնածաւալ բանաւոր լարախաղացութիւնը, արդարացի է հարցնել. Արդէօ՞ք պարոն Քապաթեքի «վստահուած փաստաբան» Շանթ Գառնիկեան բացայայտօրէն կը պղտորէ ջուրը, որպէսզի պաշտպանէ իր շեֆին եւ պարոն Կիրակոսին՝ ցեղասպանութեան զոհերու հատուցման հիմնադրամի զանգուածային թալանի լուրջ հետեւանքներէն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *