Ի՞նչ կը պատահի Հայաստանին, եթէ տեղի ունենայ 1917 թուականի նման Ռուսաստանի «անակնկալ» դուրսբերումը Հարաւային Կովկասէն

Posted on September. 23. 2023

Գրեց՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ

Գործադիր Հրատարակիչ և Գլխավոր Խմբագիր «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» – ի և USA «ARMENIAN LIFE» – ի

USA Armenian Life Magazine (English-language print edition)
Hye Kiank Armenian Weekly (Armenian-language print edition)
USA Armenian Life E-Newsletter (Electronic Distribution — e-blast)
USA Armenian Life FACEBOOK | www.armenianlife.com
TV Host, USA Armenian Life TV on AMGA

Խմբագրի Ծանօթ. Սեպտ. 17, 2023, ֆրանսահայ «l’Institut Tchobanian») www.tchobanian. org ռազմավարական ուսումնասիրութիւններու հրատարակչական կայքէջը ֆրանսերէնով լոյս ընծայեց Աբօ Չափարեանի յօդուածը վերնագրուած՝ «Ի՞նչ կը պատահի Հայաստանին, եթէ տեղի ունենայ 1917 թուականի նման Ռուսաստանի «անակնկալ» դուրսբերումը Հարաւային Կովկասէն»։ Այդ յօդուածի անգլերէն բնօրինակը հրապա-րակուած է 2022 թուականի Օգոստոսի սկզբին USA Armenian Life-ի մէջ:
Յօդուածի հրապարակումէն ի վեր, անընդհատ սրուող ուքրանական հակամարտութիւնը կայծ տուած է արագ զարգացող գործընթացի մը՝ անկանխատեսելի հետեւանքներով տարածաշրջանի եւ հաւանաբար, աշխարհի համար։ Յօդուածի հեղինակը USA Armenian Life-ի գլխաւոր խմբագիր Չափարեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Վարուժան Սիրաբեանին եւ («l’Institut Tchobanian») www.tchobanian.org հրատարակչական կայքէջի խմբագրութեան։ Շնորհակալութիւն նաեւ Ժան Տօրեանին անգլերենէ՝ ֆրանսերէնի թարգմանութեան համար: L’Institut Tchobanian-ը անկախ կեդրոն է, որ նուիրուած է Եվրոպայի, Փոքր Ասիոյ, Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի ռազմավարական ուսումնասիրութիւններուն: Ճիշտ ժամանակին հնրարաւոր չեղաւ հայերէն տարբերակը ընթերցողին ուշադրութեան յանձնել: Թէկուզ ուշ, ստորեւ՝ տեսնել հայերէն տարբերակը:

Երեւանի, Մոսկուայի, Փարիզի եւ Ուաշինկթընի լաւատեղեակ աղբիւրներու համաձայն, վերջին շաբաթներուն, Ուքրանիայի մէջ հաւանական մեծ կորուստներու պատճառով, Ռուսաստանի նախագահ Վլադիմիր Պուտինը հրամայած է «անակնկալօրէն» կրճատել ռուսական խաղաղապահ ուժերու թիւը Արցախի մէջ։
2020 թուականի աշնանային Արցախեան 44-օրայ պատերազմէն յետոյ,
2020 թուականի Նոյեմբերի 10-ին Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ ստորագրուած զինադադարի համաձայնագրի համաձայն, Ռուսաստանն ուղարկեց մօտ 2000 հոգինոց խաղաղապահ զօրախումբ։
2022 թուականի սկզբին ռուսական ներկայութիւնը ընդլայնուեցաւ՝ կազմելով մօտ 5000 զինծառայողներու բրիգադ, որ տրամադրուած էր «Ռուսաստանի ցամաքային զօրքերու 15-րդ առանձին շարժահրաձգային բրիգադի կողմէ՝ տարածաշրջան»:
2022 թուականի Մարտ-Յունիսին Ռուսաստանի կողմէ լրացուցիչ ուժերու տեղակայման նախորդած էր Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախա-րարութեան Մարտի 26-ի յայտարարութիւնը, որով Ատրպէյճանը կը մեղադրում էր «պայմանագիրը խախտելու մէջ»։ Ատրպէյճանական բանակին կոչ եղած է «նահանջել նախկին դիրքերը» եւ հեռանալ «ռուսական խաղաղապահ զօրախմբի պատասխանատւութեան գօտիէն»։
Այժմ, ռուսական ռազմական ներկայութեան «անակնկալ» կրճատմամբ, շարք մը ռազմական փորձագէտներ եւ դիտորդներ կը կարծեն, որ Հայաստան/Արցախը կը դիմակալեն Ատրպէյճանա-թուրքական նոր շահագործման յստակ հնարաւորութեան. 1) Ամերիկայի եւ Ռուսաստանի գերզբաղուածութիւնը ուքրանական պատերազմով՝ մէկ կողմէ՝ Ռուսիոյ եւ միւս կողմէ՝ Ուքրանիայի ու անոնց արեւմտեան դաշնակիցներու միջեւ, 2) Ամերիկայի գերզբաղուածութիւնը Հարաւչինական ծովի, Թայուանի եւ Չինաստանի ճգնաժամով, 3) Արեւմուտքի գերզբաղուածութիւնը եւրոպական ուժանիւթի ճգնաժամով:
1916-1917 թուականներուն, որպէս Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին Մերձաւոր Արեւելքի թատրոնի մաս, Կովկասեան արշաւը կը ներառէր զինուած հակամարտութիւններ Ռուսական կայսրութեան եւ Թուրքական Օսմանեան կայսրութեան միջեւ՝ ամբողջ սահմանի երկայնքին սկսած Հարաւային Կովկասի Արեւելեան Հայաստանէն մինչեւ Հայկական լեռնաշխարհը, Թուրքիայի կողմէ բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանի տարածաշրջանէն ներս՝ հասնելով մինչեւ Տրապիզոն, Բիթլիս, Մուշ եւ Վան։ Ցամաքային պատերազմն ուղեկցուած էր Սեւ ծովի մէջ ծովային բախումներով։ Այնուամենայնիւ, 1917 թուականի Փետրուարին, ռուսական յա
ռաջխաղացումը կասեցուեցաւ եւ ռուսական ուժերը դուրս բերուեցան՝ Ռուսաստանի մէջ բոլշեւիկեան յեղափոխութեան անմիջական հետեւանքով:
Հիմա, հաշիւի առնելով Ուքրանիոյ մէջ Ռուսաստանի համար հնարաւոր անբարենպաստ զարգացումները, ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ Ատրպէյճանը, Թուրքիան եւ անոնց ահաբեկչական վարձկանները, ինչպիսին է ԴԱԻՇ-ը, հաւատան, որ ունին ռազմական հնարաւորութիւններ ներխուժելու ոչ միայն Արցախ, այլ նաեւ՝ Հայաստան:
Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՅ ԸՆԵԼ ՀԱՅ ԱԶԳԸ.
Ի սկզբանէ, բազմաթիւ հայեր խորապէս համոզուած են, որ «Արեւմուտքի արագ քաղաքական եւ ռազմական միջամտութեան բացա-կայութեան դէպքին Արեւմուտքը պէտք է հասկանայ, եթէ աշխարհի հայերը հետամուտ ըլլան իրանական եւ հնդկական ռազմական ներկայութեան Հայաստանէն ներս»:
Հայ դիտորդները կը պնդեն, որ «ժամացոյցը արագ կ՛ընթանայ՝ ի վնաս Հայաստանի, եւ Հայաստան/Արցախը ու աշխարհի հայերը պէտք է արագ գործեն։ Realpolitik-ը մասնաւոր տիրոյթ կամ որեւէ պետութեան առանձ նաշնորհումը չէ։ Ատիկա համընդհանուր քաղաքական, ռազմական եւ տնտեսական տարբերակ է, եւ ան պէտք է օգտագործուի նաեւ պաշտօնական Երեւանի եւ Ստեփանակերտի կողմէ»։
Աշխարհի հայերը պէտք է մէկ կողմ դնեն իրենց մանր անհամաձայն-ութիւնները եւ կեդրոնանան Հայաստանի փրկութեան վրայ եւ այն, ինչ մնացած է Արցախի Հանրապետութենէն։
Որպէս գործնական քայլ՝ հայերը պէտք է շտապ ձեւաւորեն Արտակարգ իրավիճակներու արձագանքման ազգային կոմիտէներ ամբողջ աշխարհի մէջ եւ ընեն հնարաւոր, որպէսզի օգնեն Հայաստանի եւ Արցախի հայերուն պաշտպանուելու ցեղասպան երկեակ՝ Ատրպէյճանէն, Թուրքիայէն եւ իրենց ահաբեկչական ԴԱԻՇ վարձկաններէ։ Նաեւ՝ զօրակցիլ հայկական զոյգ հանրապետութիւններուն՝ ամրապնդելու իրենց ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ եւ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ։ Բազմաթիւ ամերիկահայեր աջակցած են Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախմբի (ANCA), Ամերիկայի Հայկական Համագումարի (AAA) եւ Ամերիկեան Հայկական Ազգային Անվտանգութեան Ինստիտուտի (AANSI) գործունէութեան: Միշտ օգտակար է նախաձեռնող ըլլալ, սակայն աշխարհի հայերը պէտք է աւելին ընեն Հայաստանի/Արցախի համար:
ԲՈԼՈՐ ՏԱՐԲԵՐԱԿՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ՊԱՀՊԱՆՈՒԻՆ.
Հայերը նաեւ կը կարծեն, որ «Քաղաքացիական Բանակը պէտք է զէնք
կրելու իրաւունք ունենայ՝ պաշտպանուելու համար Ատրպէյճանա-թուրքական Հայաստանի հարաւային Սիւնիքի մարզի հաւանական ներխուժման դէմ, որ կը կապէ երկիրը իր հարաւային հարեւան Իրանի հետ:
Բացի այդ, «Հաւանաբար ժամանակն է կատարել շախմատային ցնցող քայլ. նախաձեռնել «ճոճուող դարպասի» գործընթաց մը՝ մեր օգտին: Իրանը դարեր շարունակ հանդուրժողականութիւն ցուցաբերած է իր իշխանութեան տակ գտնուող էթնիկ հայերու հանդեպ: Թէեւ ոմանց կողմէ Իրանը կրնայ դիտուիլ որպէս ոչ հանրաճանաչ դաշնակից համաշխարհային յարթակի վրայ, որ հեշտութեամբ կը վհուկացուի արեւմտեան մամուլի մէջ, անոնք այլ հակամարտութիւններու յարթակներու վրայ թուրքերու հետ թշնամական յարաբերութիւններ ունին եւ չեն համընկիր ոչ Արեւմուտքի, ոչ ալ Ռուսաստանի շահերուն: Թէեւ կան տնտեսական կապեր, Իրանը Ատրպէյճանի մտերիմ բարեկամը չէ եւ արդեն պատրաստակամութիւն յայտնած է միջամտել, եթէ թուրքերը շարժուին Սիւնիքի մարզը Հայաստանէն խլելու համար: Եւ ամենակարեւորը, որ Ատրպէյճանա-թուրքական այս երկրորդ յարձակումը Արցախի վրայ գոյութեան հարց կը յառաջացնէ ամբողջ հայութեան համար, ուստի որեւէ անկատար դաշնակիցի որեւէ օգնութիւն նախընտրելի է, քան թուրքերու հետապնդած էթնիկ զտումները եւ բառակոյտերու «օրհնութիւնները» միւս համաշխարհային տիրութիւններու կողմէ», – կը գրէ Փարիզի մէջ հաստատուած միջազգային յարաբերութիւններու անկախ մեկ-նաբան Էտուարտ Սասուն այս շաբաթուայ ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔի մէջ (տես «Բարբարոսները դարպասներու մօտ» էջ E12):
Հայրենիքի եւ Սփիւռքի հայութեան ճնշող մեծամասնութիւնը կ՛ընդգծէ, որ Հայաստանն ունի երկու կարմիր գիծ ընդդէմ Ատրպէյճան-Թուրքիային.
(1) Հայաստանն ու աշխարհի հայերը կը մերժեն Թուրքիոյ պահանջած միջանցքը Արեւմտեան Ատրպէյճանի եւ այժմ Ատրպէյճանի կողմէ բռնազաւթուած Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան (ՆԻՀ) միջեւ, որ կը կապէ Հայաստանը Իրանին: Սակայն Հայաստանը պատրաստ է բանալ Ատրպէյճանի եւ ՆԻՀ-ի միջեւ ճանապարհները.
(2) Հայաստանն ու աշխարհասփիւռ հայութիւնը կտրականպէս կը մերժեն Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) անհետացումը հետապնդող ազերա-թրքական քաղաքականութիւնը: Արցախը միշտ հայկական եղած է։ Ոչ միայն հայերն են որ այդպէս համոզուած են, այլ ատիկա պատմական փաստ է: Այդպէս է։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *