Ազգային Դաստիարակութիւն

Posted on January. 20. 2024

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան

«Ազգ» կը նշանակէ ժողովուրդ մը, որ կը բնորոշուի իր հողին, մշակոյթին եւ լեզուին նոյնութեամբ: Ազգ մը կազմող մարդիկ  իրարու  կապուած  են արենակցական, ազգականական եւ սերնդական կապերով: Անոնք պատմական ծագում մը, հայրենիք մը եւ հասարակաց մշակոյթ մը ունին, ինչպէս նաեւ որոշ տոհմիկ աւանդութիւններ: Իսկ «ազգային» կը նշանակէ ազգին վերաբերող, ազգին յատուկ եւ ազգով բնորոշուող:

Ինչ կը վերաբերի «Դաստիարակութիւն» բառին, կը նշանակէ կրթութիւն, մտքի եւ հոգիի, վարք ու բարքի, կեանքի ու կենցաղի որոշ ուղղութիւն տալ:

Ազգային դաստիարակութիւն ջամբել կը նշանակէ ազգ անունը կրող հաւաքականութիւնը դաստիարակել եւ կրթել, անոր մէջ ներմուծել ազգային ոգի եւ նկարագիր, զայն ներշնչել եւ ուղղել իր իտէալներու, ձգտումներու եւ նպատակի ճանապարհին վերջնավայրը՝ բանիւ, գործով եւ կեանքի օրինակով:

Արդ, ինչպէ՞ս պիտի դաստիարակենք մեր նոր սերունդները ընտիր հայեր ըլլալու համար: Ինչպէ՞ս պիտի ստեղծենք անոնց մէջ հայկական ինքնութեան հպարտութիւնը: Ազգային դաստիարակութեան համար կ’ուզենք այստեղ յիշել հետեւեալ մի քանի կարեւոր ազդակները կամ միջոցները.-

1. Հայ Մշակոյթ:  Մշակոյթը ժողովուրդի մը հոգեկան, մտաւոր եւ նիւթական ստեղծագործութեան արդիւնքն է. անոր հանճարի խտացումն ու թանձրացումը, ազգային կենսունակութեան ներուժը, անոր ձգտումներուն, յոյզերուն, խռովքներուն, տառապանքներուն ու բերկրանքներուն համադրոյթն է արուեստի եւ լեզուի միջոցով արտայայտուած:

Ազգային մշակոյթով ժողովուրդ մը հաղորդակից կ’ըլլայ ու կը միանայ մարդկութեան: Միեւնոյն ժամանակ ազգային մշակոյթը կ’ամրապնդէ ու կ’ապահովէ ժողովուրդի մը գոյութեան հիմերը: Գոնէ հայ ազգի պարագային, կրնանք անվարան ըսել, թէ հայ մշակոյթը հայութեան համար ինքնապաշտպանութեան ամէնէն ամուր եւ զօրեղ խարիսխներէն մէկը եղած է: 

Հայ մշակոյթով է որ կրնանք հայ նոր սերունդներուն ճանչցնել մեր անցեալը՝ դարերու մութին մէջէն լոյսի բերելով հերոսական դէմքերը մեր նախահայրերուն, որոնք աշխատած ու պայքարած են, որպէս զի իրենց յաջորդները ազգային դիմագիծ ունենան:

Հայ մշակոյթով է, որ պիտի կրնանք վեր հանել մեր անցեալի փառաւոր էջերը, մեր ցեղին ձիրքերուն ստեղծագործ մնայուն արժէքները: Եւ այսպէս ընելով պիտի ջանանք ազգային հպարտութիւն ստեղծել մեր նորագոյն սերունդներու սրտին մէջ, թէ իրենք շքեղ անցեալ ունեցող ժողովուրդի մը զաւակներն են – յաջորդները Հայկ Նահապետի, Մեծն Տիգրանի, Գրիգոր Լուսաւորիչի, Քաջն Վարդանի եւ լուսափայլ այլ հերոսներու, որոնց դէմքերը կ’իշխեն դարերուն:

2. Հայրենիքը: Հայրենիքը ամրակուռ կռուանն է հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ յառաջդիմութեան: Ան հզօր վկայութիւնն է մեր ցեղային հանճարի յաւերժական տոկունութեան եւ ապահով գրաւականը մեր գալիքին:

Հայաստանը, դիւթական եւ հմայիչ այն հողն է, որ մեր ազգային յոյսերուն, երազներուն ու տեսիլքներուն գումարը կը խտացնէ: Պատմութեան արիւններէն ու աւերներէն ժառանգ մնացած այն պատառ մը հողն է որ կը կոչենք Մայր Հայաստան :

Ամէն լի-իրաւ հայու համար հայրենիքը սոսկ որեւէ երկրամաս մը չէ, այլ արարատեան այն հողամասը որ մեր ցեղի դարաւոր քրտինքով եւ արիւնով մկրտուած է:

Ամէն հայրենասէր հայ իր խօսքով, կեանքի օրինակով եւ գործնական հայրենասիրութեամբ կրնայ հայրենիքի հանդէպ սէր, ներշնչում եւ նուիրում ստեղծել նոր սերունդի հայ տղոց եւ աղջիկներու կեանքին մէջ: Ասիկա ազգային դաստիարակութիւն ջամբելու ազդու միջոցներէն մէկն է:

3.   Հայ Եկեղեցին: Հայ Եկեղեցին դարեր շարունակ բախտորոշ ազդեցութիւն ունեցած է հայ ազգի հոգեւոր, ազգային, քաղաքական, ընտանեկան, ընկերային եւ մշակութային կեանքին վրայ: Ան հզօր ազդակ մը եղած է հայ ազգի քաղաքակրթութեան եւ ստեղծագործ յառաջդիմութ- եան:

Հայ Եկեղեցին նաեւ եղած է հզօր ազդակ մը հայ ազգային-քաղաքական կեանքի ղեկավարման մէջ: Երբ պետութիւն ունեցանք, ան գործեց պետութեան հետ ձեռք-ձեռքի: Իսկ երբ մեր պետականութիւնը կորսնցուցինք, ան ստանձնեց հայ ժողովուրդի հոգածութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն:

Դարձեալ, Հայ Եկեղեցին իբրեւ քրիստոնէական ընտիր դաստիարակութիւն ջամբող հաստատութիւն, դարեր շարունակ դարձած է հայ ժողովուրդի մէջ քրիստոնեայ նկարագիր կերտող ուժեղ ազդակ մը: Դարեր շարունակ, ան դարբնեց հայ հոգին՝ Քրիստոսի, Իր առաքեալներուն, հայ սուրբերուն ու մարտիրոսներուն ոգիով:

Սիրել եւ սիրցնել զայն ամէն հայ քրիստոնեային վսեմ պարտականութիւնը ըլլալու է:

4.   Հայ Լեզուն: Աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուինք հայ լեզուն մեր ինքնութիւնը պահող ու պաշտպանող վահանն է, մեր արմատներուն աւիշ հասցնող միջոցը, ուր թագնուած են բոլոր առանձնայատկութիւնները, որոնցմէ անձ մը կը տարբերի ուրիշ անձէ մը՝ իր զգալու, խորհելու արտայայտուելու եղանակով, աշխարհ ընկալումով եւ լեզուամտածողութեամբ:

Հայ լեզուին սպառնացող վտանգը մասնաւորաբար սփիւռքահայուն համար բացայայտ է. հարց մը, որ խօսելով, գիտակցելով եւ մտահոգուելով չի դարմանուիր, չի լուծուիր, այլ որչափ հնարաւոր է, դրական աշխատանքով: Իսկ դրական աշխատանքը կ’ենթադրէ հայ դպրոցներ հիմնել՝ հայերէն խօսելու, հայերէն գրելու եւ կարդալու համար: Դրական աշխատանքը կը պահանջէ նաեւ որ հայ տունը իրօք հա՛յ տուն ըլլայ, ուր հայկական մթնոլորտ տիրէ, ուր խօսակցական լեզուն հայերէն ըլլայ, ուր տիրեն հայկական աւանդութիւններն ու բարեմասնութիւնները, ուր հայ լեզուով փոխանցուին հայ ոգին ու հայկական արժէքները:

5.  Հայ Դատ: 1915 – 1923 տարիներուն տեղի ունեցող հայկական Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք, Արեւմտահայաստանի հայութիւնը ոչ միայն բրտօրէն արմատախլուեցաւ իր երեք հազարամեայ հայրենի հողէն, այլեւ աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն անմեղ զոհեր տուաւ: Այսպէս, հայութեան ֆիզիքական բնաջնջման ծրագիրներու իրագործումով, Արեւմտահայաստանն ու Կիլիկիան բոլորովին բռնագրաւուեցան իրենց իրաւական տէրերէն եւ հայ ժողովուրդին գրեթէ կէսը բնաջնջուեցաւ…:

Հայ Դատ եւ ազգային պահանջատիրութիւն սերտօրէն աղերսուած են իրարու: Թուրք պետութենէն հայ ազգին պահանջքը հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումն է, ինչպէս նաեւ հայկական հողերու վերադարձը իր բուն իրաւատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին: Եւ այս արդար դատը անժամանցելի է փոյթ չէ թէ աւելի քան դար մը անցած է Մեծ Ոճիրէն:

Բայց, դատ մը շահելու համար անհրաժեշտ է իրազեկ ըլլալ անոր ներքին եւ արտաքին բոլոր փուլերուն: Եւ որովհետեւ Հայ Դատը ամէն հայու դատն է, անոր հետապնդումը կը պահանջէ մեզմէ՝ լաւ ճանչնալ այդ Դատը եւ ապա լաւ ճանչցնել զայն հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, մանաւանդ մեր նոր սերունդին:

Այս ամէնը անբաժանելի մաս կը կազմեն ազգային դաստիարակութեան:

Արդ, Հայ Մշակոյթ, Հայրենիք, Հայ Եկեղեցի, Հայ Լեզու եւ Հայ Դատ կարեւոր ազդակներ եւ միջոցներ են ազգային դաստիարակութեան, որոնց միջոցով պիտի կրնանք դաստիարակել նոր սերունդները ընտիր հայեր ըլլալու եւ իրենց հայկական ինքնութեան հպարտութիւնը իրենց հետ պտտցնելու ամենուրէք:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *