Եօթը Մահացու Մեղքերը (Մեծ Պահք)

Posted on March. 9. 2024

Գրեց՝ ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Յամի Տեառն 6-րդ դարու վերջաւորութեան Հռոմի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ամէնէն նշանաւոր պապերէն մէկը` Մեծն Գրիգոր պապ (Pope Gregory the Great) մարդկային եօթը մոլութիւններ վերցնելով` զանոնք կոչեց «Եօթը մահացու մեղքեր»: Ի վաղուց յետէ, հին Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներ հետեւեալ եօթը մոլութիւնները կը սեպեն շատ լուրջ մեղքեր. հպարտութիւն, նախանձ, բարկութիւն, ծուլութիւն, ագահութիւն, որկրամոլութիւն եւ բղջախոհութիւն: 

Ստորեւ հակիրճ ակնարկ մը նետենք իւրաքանչիւրին վրայ: 

1.- Հպարտութիւն (Pride).- Հպարտութիւնը տարբեր ձեւերով կ’արտայայտուի մարդոց կեանքին մէջ: Կայ մտաւորական հպարտութիւն, երբ մէկը ինք իր իմացական կարողութեամբ կը սոնքայ իր գիտական պաշարով եւ իր ակադեմական տիտղոսներով. իր կատարած նուաճումներով կը պար- ծենայ եւ վերէն վար կը նայի ուրիշներուն: 

Կայ նաեւ ընկերային հպարտութիւն, երբ մէկը մեծ համարումով կը նայի ընկերութեան մէջ վայելած իր դիրքին: Կայ ֆիզիքական ուժի հպարտութիւն, երբ անձ մը կամ հաւաքականութիւն մը գերադաս կը սեպէ իր ունեցած ֆիզիքական կամ ռազմական կարողութիւնը: Կայ նաեւ բարոյական կամ հոգեւոր հպարտութիւն մը, երբ անհատ մը կամ հաւաքականութիւն մը բարոյապէս եւ հոգեւորապէս գերադաս կը նկատէ ինքզինք եւ ցած աչքով կամ հոգեկան արհամարհանքով կը դիտէ ուրիշները: 

Աստուածաշունչը կը քննադատէ մարդկային հպարտութիւնը, ամբարտաւանութիւնը, պարծենկոտութիւնը, յոխորտանքը: Առակաց Գիրքը կը գրէ. «Փլուզումէն առաջ մարդուն սիրտը կը հպարտանայ» (Առակ 18: 12), «սրտի հպարտութիւնը մեղք է» (Առակ. 21. 4): Աստուածաշունչը մեզի կը յայտնէ, որ Բաբելոնի ամբարտաւան մարդիկ ուզեցին մինչեւ երկինք բարձրացող աշտարակ մը կառուցել, որպէսզի Աստուծոյ հետ մրցին, բայց Աստուած անոնց հպարտութիւնը պատժեց` անոնց լեզուները խառնակելով եւ զանոնք ցրուելով ամբողջ երկրագունդի մակերեսին: 

Յակոբոս առաքեալ իր թուղթին մէջ կը գրէ. «Աստուած կ’ընդդիմանայ ամբարտաւաններուն, բայց շնորհք կու տայ խոնարհներուն» (Յակոբոս. 4 . 6):

2.- Նախանձ (Envy).- Նախանձը, որ կրնայ մարդոց անուններն ու համբաւը արատաւորել, ատելութիւն սերմանել եւ տուներ քանդել, ահաւոր մոլութիւն մը եւ մահացու մեղք մըն է: 

Աշխարհահռչակ գրագէտ Շէյքսփիր նախանձը կը նկարագրէ որպէս «կանաչ աչքով հրէշ մը, որ հեգնանքով կը նայի այն միսին, որմէ ինք կը սնանի»: 

Թէեւ Աստուածաշունչ մատեանը կը դատապարտէ նախանձը, սակայն ուշագրաւ է մատնանշել, որ նոյնիսկ Ս. Գրային կարգ մը հերոսներ զերծ մնացած չեն այս սարսափելի մեղքէն: Օրինակի համար, Սառա չկրցաւ Հա- գարի հանդէպ իր տածած նախանձին յաղթահարել: Ռաքէլի եւ Լիայի փոխ- յարաբերութիւնները կը յատկանշուին նախանձի յարատեւ մրցակցութեան զգացումներով: Յովսէփ Գեղեցիկի կեանքը գրեթէ գուբի մը մէջ պիտի վերջանար իր եղբայրներուն անսանձ նախանձին պատճառով: 

Վաղեմի իմաստուն առակագիր Եզովբոս իր մէկ առակով պերճախօսօրէն կը նկարագրէ նախանձոտ մարդ մը: Այդ մարդուն երազի մը մէջ կը յայտնուի, թէ ի՛նչ փափաք եւ բաղձանք խնդրէ, պիտի շնորհուի իրեն մէկ պայմանով, 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *