Պահրէյնի մայրաքաղաք Մանամայի մէջ սկսաւ 2024-ի աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը: 

61 քկ կշիռի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Գառնիկ Չոլաքեան երկամարտի մրցումներուն 7-րդ դիրքը գրաւած է: Բ. խմբակին մէջ ան առաջին դիրքը գրաւած էր (130+150 քկ), սակայն Ա. խմբակին արդիւնքներէն ետք ան 7-րդ դիրքը գրաւեց: 

Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար կրկնակի եւ երիտասարդներու աշխարհի ախոյեան Չոլաքեան արաշէի մրցումներուն կրցաւ փոքր պրոնզէ մետալ շահիլ: 

Առաջին դիրքը գրաւեց հիւսիսային քորէացի Փաք Միոն Ճին` երկամարտի (132+173) արդիւնքով: 

Նշենք, որ Պահրէյնի թագաւորութեան Ողիմպիական կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար Ֆարես Մուսթաֆա Քահուճէի հրաւէրով, Մանամայի մէջ գտնուող Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան մրցաշարքի բացումէն առաջ ներկայ գտնուած էր ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնի համագումարին: 

Համագումարի ընթացքին ստորագրուած փաստաթուղթով վաւերացուած էր Հայաստանի իրաւունքը` կազմակերպելու 2027-ի աշխարհի ախոյեանութիւնը, ինչպէս նաեւ նշուած էին երկկողմանի պարտաւորութիւնները այդ մրցաշարքին ժամանակ: 

Նշուած է նաեւ, որ ըստ էութեան, Հայաստան 2027-ին պիտի դառնայ մարզական մեծ կեդրոն, ուր, բացի ծանրաբարձութեան ախոյեանութենէն տեղի պիտի ունենան նաեւ ֆրանսախօս երկիրներու խաղերը եւ Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութիւնը: Համագումարին մասնակիցները հրաւիրուած են այդ օրերը անցընելու մայրաքաղաք Երեւանի մէջ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *