Փարիզի 33-րդ Ողիմպիական Խաղեր. Փակման Հանդիսութիւնը, Յաջորդին` Լոս Անճելըս

Posted on August. 23. 2024

Կիրակի ուշ գիշերին տեղի ունեցաւ 33-րդ Ողիմպիական խաղերու փակման հանդիսութիւնը Փարիզի մէջ, ուր Սեն Տընի դաշտը վերածուեցաւ փառատօնի վայրի: 

Սեն Տընիի դաշտին հերոսներէն էր ամերիկացի դերասան Թոմ Քրուզ, որ «Միշըն Իմփոսիպըլ»-ի դերը առած օրէն իջաւ դաշտ, եւ երգչուհի Պիլի Այլիշի հետ Ողիմպիականի պաշտօնը ստանձնեցին: Քրուզ անմիջապէս ձեռնուելէ ետք բեմին վրայ գտնուող աթլեթներուն, Ողիմպիականի դրօշը ստանձնեց Սիմոն Պայլզէն, իր մոթորսիքլեթին ետեւը ամրացուց զայն եւ դուրս եկաւ մարզական աւանէն: Քրուզ անցաւ Էյֆըլ աշտարակէն դէպի օդանաւ մը, ապա սքայտայվ կատարեց «Հոլիվուտ Հիլզի»-ի վրայ: Ան 3 օղակներ աւելցուց Հոլիվուտի նշանակին վրայ` զայն վերածելով Ողիմպիականի 5 օղակներուն: Անշուշտ նախապէս նկատուած վիտէօ մըն էր Քրուզի` դաշտէն դուրս գալէն ետք տեսարանը: Ուրեմն պատգամը յստակ է, եւ Լոս Անճելըս, որ 2028-ին պիտի հիւրընկալէ 34-րդ ամառնային Ողիմպիականի խաղերը, կը խոստանայ ըլլալ յաջող մրցաշարք մը, ինչպէս էր պարագան Փարիզին, ուր մօտ երկուքուկէս շաբաթ հետաքրքրական, գեղեցիկ եւ լաւ կազմակերպուած մրցաշարք մը տեղի ունեցաւ: 

Ողիմպիականի նախագահ Թոմաս Պախ նոյնիսկ կատակով «Սենսէյշընըլ» բառով գոված էր Փարիզի խաղերը` միեւնոյն ժամանակ Սեն գետը յիշելով, հակառակ անոր որ այդքան ալ մաքուր չէր գետը այս խաղերուն ժամանակ: 

Հազարաւոր աթլեթներ պատեցին եւ երգեցին` տօնելով այս անմոռանալի Ողիմպիականին յաջողութիւնը: 

Պախ իր խօսքին մէջ նշեց, որ այս խաղերը խաղաղութիւն չկրցան բերել աշխարհին, սակայն մշակոյթի խաղաղութիւնը կրնայ օգնել հետզհետէ աւելի խաղաղ աշխարհ ունենալու: 

Դաշտին տօնակատարութեան մասնակցեցան նաեւ Ռետ Հաթ Չիլլի Փեփըրզ (ռոքի խումբ) ռափի երգիչ Սնուփ Տակ Ողիմպիական օղակներով տափատներ հագած, մինչ Տաքթըր Տրէ Քալիֆորնիոյ ծովեզերքէն կը մաս- նակցէր, ինչպէս ցոյց տուին դաշտին պաստառները: 

Այս բոլորը Քալիֆորնիոյ բնակիչներ են, ինչպէս Հ. Ե. Ր., որ Ամերիկայի քայ- լերգը երգեց «Սթատ տը Ֆրանս»-ի վրայ, որ ողողուած էր 70 հազար հա- մակիրներով: 

Դաշտի հանդիսատեսները յանկարծ բարձրացուցին իրենց ճիչերը, երբ ֆրանսացի լուղորդ Լէոն Մարշան սկիզբը Ողիմպիական ջահը Փարիզի Թոփլըրի Կարտընէն ստանձնած էր եւ դաշտ ներկայանալէ ետք զայն մարեց` յայտարարելով խաղերուն աւարտը: 

Ֆրանսացի լուղորդը, որ Ողիմպիականի ամէնէն շատ ոսկի մետալները շահեցաւ, շահած էր պրոնզէ մետալ մը: 

Չինացի լուղորդ Եուֆէյ Չիժան 2024-ի Ողիմպիականի ամէնէն շատ մետալները շահեցաւ` ձեռք ձգելով 6 մետալ (1 արծաթ եւ 5 պրոնզ): 

Նշենք, որ մետալներու դասաւորման մէջ Միացեալ Նահանգներ 1 կէտի առաւելութեամբ յաղթելէ ետք պասքեթպոլի աղջկանց աւարտական խաղին (Ֆրանսայի դէմ), կրցած էր շահիլ Ողիմպիականի վերջին մետալը, մետալ մը, որուն շնորհիւ ամերիկացիները գերազանցեցին Չինաստանը, որ նոյնքան (40) ոսկի մետալներ շահած էր, սակայն Միացեալ Նահանգներ արծաթէ շատ աւելի մետալներ շահած էին, քան Չինաստան (44-27): 

Հայաստանի ողիմպիական հաւաքականը մետալներ հաւաքած 91 հաւաքականներու 66-րդ դիրքը գրաւած էր` շահելով 3 արծաթ եւ 1 պրոնզ մետալ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *