ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Բարի երեկոյ կը մաղթեմ մեր հեռուստադիտողներուն։ 

Այսօր բացառիկ ելոյթ տեղի պիտի ունենայ, որովհետեւ մեր լսարանի ամէնանգամեայ աշխատակիցս, Հայ Կեանք շաբաթաթերթի խմբագրապետ Աբօ Չափարեան կը գտնուի հայրենիք, Երեւանի մէջ։ Եւ որովհետեւ ականջալուր եւ ականատես վկան է այս օրերուն տեղի ունեցած վերիվայրումներուն, ես իմ հարցումս առաջին առիթով իրեն պիտի ուղղեմ։ 

Պարոն Չափարեան, նկատի ունենալով, որ հայրենի օդը կը շնչէք եւ մօտէն կը հետեւիք քաղաքական, մանաւանդ յեղաշրջման փորձէն ետքը, յեղափոխական այդ արարքներէն ետքը` ինչպիսի՞ զարգացումներ կան այսօր հայրենիքէն ներս, եւ ի՞նչ ձեւով պիտի ուզէիք դուք այդ բոլորը հրամցնել մեր հեռուստադիտողներուն։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Շնորհակալութիւն, պարոն Մխիթարեան։ Նաեւ շնորհակալութիւն AMG հեռուստակայանի տնօրէնութեան, յատկապէս պարոն Էտուարտ Գալայճեանին եւ Կարինէ Կեպէնեանին, այս թեքնիք հնարաւորութեան համար, որ մենք ուղիղ եթերով կը կապուինք մայր հայրենիքէն, մայրաքաղաք Երեւանէն, ուր բաւականին հետաքրքրական քաղաքական զարգացումներ տեղի ունեցան իմ ներկայ եղած ժամանակ։ 

Ինչպէս որ շատերս գիտենք, Յունիսի 25ին հին գողապետականները, օգնութեամբ ռուսական երեք գործակալութիւններուն` GRU (որ «կը ըռու» կʼըսեն), FSB եւ SVR, այդ երեք գործակալութիւններու ուղեկցութեամբ, ըստ արժանահաւատ աղբիւրներու (եւ այս արժանահաւատ աղբիւրները բաւականին ուժեղ, հաւաստի աղբիւրներ են), թէ ինչպիսի բծախնդրութեամբ այդ գործակալութիւնները, համագործակցութեամբ (պէտք է ըսել անշուշտ` համագործակցութիւնը չակերտեալ), մեղսակցութեամբ, դաւադիր մեղսակցութեամբ հին գողապետական նախագահներուն, յանձինս Քոչարեանին եւ Սերժ Սարգիսեանին եւ իրենց թուլաներուն, ինչպիսի բաներ փորձեցին կատարել․ այդ բոլորին մէջ ամէնէն գլխաւոր դերակատարը այս պարագային Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին բռնազաւթածներն են՝ Գարեգին, Յովնան Տէրտէրեան, Եզրաս, որ Գարեգինի արիւնակից եղբայրն է եւ իրենց հետ մեղսակից եւ դաւադիր գործողութիւններու մասնակցող տեղական գլխաւոր դերակատարները՝ այսպէս կոչուած եպիսկոպոսներ, որոնց գլխաւորագոյնը, ըստ երեւոյթին Վազգէն Գալստանեանն է, որ յայտնի է Բագրատ Գալստանեան եպիսկոպոս անունով։ 

Արդէն մենք տեսանք թէ ինչպիսի խրոխտ քայլերով հայկական պետականութեան իրաւապահ մարմինները վճռական կերպով, մէկը միւսի ետեւէն, իրենց ունեցած փաստերի հիման վրայ, ձերբակալութիւններ իրականացուցին։ Ես հանդիպումներ ունեցայ զանազան պետական գործիչներու հետ, ներառեալ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան մշտական յանձնաժողովի փոխ նախագահ պարոն Արմէն Խաչատրեանի հետ, որ ամէն կերպ հաւաստիացուց, որ այս ձերբակալութիւնները ամբողջական չեն, եւ պիտի որ այս ձերբակալութիւնները շարունակուին։ 

Մինչեւ այսօր՝ Յուլիս 4ին կատարուած ձերբակալութիւնները կʼարտացոլան դեռ մէկ կարեւոր հատուածը եւ այդ ձերբակալութիւնները պիտի համալրուին ամբողջական այլ ձերբակալութիւններով, որովհետեւ ասիկա համակարգուած եւ խորունկ, թաքուն կերպով պատրաստուած պետական յեղաշրջման փորձ մըն էր, որ ձախողեցաւ, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով, ինչպէս որ պարոն Խաչատրեանը իր տեսութիւնը յայտնեց, հայկական պետականութիւնը արդէն բռնած է իրական ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան եւ իրական պաշտպանութեան ճանապարհը, թէկուզ այդ ճանապարհը կարճ չէ, մարաթոնեան ճանապարհ է, բայց ինչպէս որ չինական ասացուածքը կʼըսէ՝ 1500 քայլ պահանջող ճանապարհորդութիւնը կը սկսի առաջին քայլով։ 

Երբ պարոն Խաչատրեանին հարց տուի, թէ արդեօք կարելի է համաձայն գտնուիլ բազմաթիւ հայորդիներու այն կարծիքին, որ հայկական պետականութիւնը այս փուլին յաղթանակեց, որովհետեւ կարողացաւ իր իրաւապահ մարմիններու ականջալուր եւ բծախնդիր աշխատանքի շնորհիւ ձախողութեան մատնել յեղաշրջման փորձը՝ ան տուաւ հաստատական պատասխանՊէտք է ըսել, որ այս յեղաշրջման փորձը նաեւ ժողովուրդի լայն խաւերուն մէջ բաւականին խիստ անդրադարձի արժանացաւ, դատապարտումի արժանացաւ եւ ըստ վերջին վիճակագրութիւններու, հին գողապետականներու ունեցած ժողովրդականութիւնը արդէն ճղճիմ դարձած է։ 

Եթէ 2021ի Յունիսի խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններուն ընտրակաշառքներու միջոցաւ հին գողապետականները կարողացան Ազգային Ժողովէն ներս շուրջ 30-27 այդպիսի թուաքանակով մանդատ ապահովել, աթոռներ ապահովել՝ ընտրակաշառքի միջոցաւ գոյացած 26-25 տոկոս քուէներու, ապա ուրեմն նոյնիսկ եթէ այսօր արտակարգ ընտրութիւններ ըլլային, հանրային կարծիքը կʼարտացոլայ հետեւեալ պատկերը․ մօտաւորապէս 4 տոկոս հին գողապետականները ձայն կʼունենան եւ մօտաւորապէս 55-50 տոկոս իշխող կուսակցութիւնը եւ մնացածը կʼունենան Եւրոմիութեան դաշինքի ջատագով քաղաքական ուժերը եւ այս ձեւով Հայաստանի Հանրապետութիւնը կʼօժտուի իշխող կուսակցութեան վերլուծութեամբ, սակայն կեղծ ընդդիմութիւնը մէջտեղէն կը վերանայ։ 

Իսկ անկէ զատ, մտավախութիւն կայ ժողովուրդի մօտ, որ յանկարծ Վրաստանի սցենարը չկրկնուի, երբ ռուսական գործակալութիւնները ամէն կերպ ապատեղեկատուութեան միջոցաւ կարողացան այնպիսի մաքիավելիք աշխատանք տանիլ, կամ քաղաքական աքթեր ընել ընտրութիւններու ժամանակ, երբ Վրաստանի ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան համար պայքարող այդ լայն մասսան պարտութեան մատնուեցաւ։ 

Բայց այստեղ պէտք է նշել, որ տարածաշրջանի ժողովուրդները բաւականին խոշոր մասշտաբի զարթօնք կʼապրին։ Մենք տեսանք ինչ կատարուեցաւ Մոլտովայի մէջ, երբ ռուսական թեւը ջախջախիչ պարտութիւն կրեց։ Նոյնպէս եւ Ռումանիոյ մէջ, ինչպէս որ շատերս գիտենք։ Հիմա ռուսական գործօնը արեւելեան եւ հարաւ արեւելեան Եւրոպայի մէջ, որուն կիզակէտը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, ըստ երեւոյթին բաւականին տկարացած է, ու այդ պատճառով զարտուղի միջոցներու կը դիմէ եւ ինչպէս որ պարոն Արմէն Խաչատրեանը նշեց, քանի որ նորմալ ընտրութիւններու ճանապարհով ռսաստրուկ, հին գողապետականները չեն կարողանայ ռեւանշիզմով իշխանութեան գալ, ատոր համար Բագրատ, որուն աշխարհական անունը Վազգէն Գալստանեան է եւ իրեն հետ միւս դերակատարները, գլխաւորութեամբ Գարեգին Բ.ին եւ հեռակայ կարգով սփիւռքի թեմերէն նեցուկ կանգնող զանազան թեմակալ առաջնորդներ, յանձինս Քանատայի առաջնորդին, Ռումանիա – Պուլկարիայի առաջնորդին, արեւմտեան թեմի առաջնորդը Յովնան Տէրտէրեանին եւ Գարեգինի, Յովնան Տէրտէրեանի եւ Եզրասի կողմէ գլխաւորուող՝ այդ մաֆիայի պատկանող, այդ համակարգին պատկանող այսպէս կոչուած այլ կղերականներ, միշտ պատրաստ են նեցուկ կանգնելու ընդհանուր գործին, որ ամէն կերպ իշխանափոխութիւն ըլլայ, թէկուզ բռնազաւթելով իշխանութիւնը, թէկուզ սահմանադրական կարգը խախտելով, եւ այդ ձեւով իշխանութեան տիրանան։ Ատոր համար լայն ժողովրդական լայն խաւերու մէջ մտահոգութիւն կայ եւս մէկ «հոկտեմբեր 27»ի գործադրման վտանգի վերաբերեալ, եւ պէտք է ըսել, որ իրաւապահ մարմինները ականջալուր են եւ աչալուրջ կերպով կը վերահսկեն։ 

Սա նոր մակարդակ կը բերէ հայկական պետականութեան ինքնիշխանութեան եւ պաշտպանութեան գործընթացի մէջ, յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ամէնէն կարեւորը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն եւ հայ ազգին, ի հայրենիք եւ ի սփիւռս աշխարհի։ 

Իսկ ինչ կը վերաբերի վերջին օրերու թեմական առաջնորդներուն, որ Գարեգինի գործընկերներն են, որ սկսած են մէկը միւսին ետեւէն ժամանել Հայաստան, այդ մասին պիտի թողնեմ որ պարոն Մխիթարեան դուք ձեր տեսութիւնը ներկայացնէք եւ մեր ժողովուրդին լուսաբանէք, թէ ինչպիսի ճանապարհային քարտէս առկայ է, ըստ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ օրէնսդրութեան։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Պարոն Չափարեան, կը կարծեմ, որ բաւական յստակ եղաւ մեր ժողովուրդին, թէ մեր յայտարարութիւններով, եւ թէ մամուլի տեսնող յօդուածներով։ Ուրեմն ժողովուրդին համար յստակ դարձաւ, որ այն ինչ որ կը պատահի այսօր, դերակատարն են հոգեւորականները, որոնք սպասաւորներն են եկեղեցւոյ։ Հետեւաբար, կարելի է յստակ կերպով ըսել, որ իշխանութիւնը որեւէ հարց չունի եկեղեցւոյ հետ։ Իշխանութեան հարցը այն սպասաւորներու հետ է, այն եկեղեցականներու հետ է, որոնք յեղափոխութեան կոչեր կատարեցին, օրհնութեամբ Գարեգին կաթողիկոսի։ 

Այսօր յստակ է իրենց դիրքը։ Կորսնցուցած են իրենց հեղինակութիւնը։ Ցաւով կʼարտայայտուինք այս մասին, որովհետեւ իրենք ստեղծեցին այս կացութիւնը։ Վերջին 25 տարիներուն, այն օրէն, որ Գարեգին կաթողիկոս բռնագրաւեց Գրիգոր Լուսաւորչի Աթոռը, երբեք ազգային եկեղեցական ժողով տեղի չունեցաւ, որպէսզի եկեղեցին 21րդ դարու սեմին ինքնաքննութեան երթայ, եւ տեսնէ թէ ինչ թերացումներ կան եւ ի՞նչ պէտք է կատարեն, որպէսզի ժողովուրդը սիրաշահին դէպի եկեղեցի։ 

Ի վերջոյ, կա՞յ մէկը, որ կրնայ ուրանալ, որ եկեղեցին ողնասիւնն է հայ ժողովուրդի ինքնութեան։ Հետեւաբար, այսօր կոչ ընելով եւ արտասահմանի թեմական առաջնորդներու վազքը դէպի հայրենիք բան մը պիտի չփոխէ, որովհետեւ եթէ բծախնդրութիւն ունէին հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ, պէտք էր մինչեւ հիմա կոչ ուղղէին կաթողիկոսին, ըսելու որ մենք եպիսկոպոսներս ժողով կʼուզենք, որպէսզի վերատեսութեան ենթարկենք այն ճանապարհը, որ բաւական բորբոքած է եւ ժողովուրդ կը կորսնցնենք։ 

Հիմա կʼարթննան մեր եպիսկոպոսները, երբ որ լախթի հարուած եկած է իրենց գլխուն։ Եւ այդ հարուածը իրենք պարտաւորեցուցին որ իշխանութիւնը իրենց գլխուն զարնէ։ Շատ պարզ է։ Թող չմեղադրեն իշխանութիւնը։ Մեր ժողովուրդը յոգնեցաւ այս սուտէն, բամբասանքէն, անէծքէն։ Տակաւին այսօր կը կարդայի, այդ քահանան, որ ընտանիքը թողած, զաւակները թողած, եկաւ վեղար ստացաւ, այսօր տէր կը կանգնի իր արեան գնով Գարեգին կաթողիկոսին եւ կոչ կʼուղղէ իշխանութեան, որ՝ «մեզ պէտք է տանիք սպաննէք, որպէսզի կարենաք Գարեգին կաթողիկոսին հասնիլ»։ Կրնա՞ք երեւակայել, մէկը որ օրէնքը ամէն ձեւով խախտած է, ոչ միայն կրօնական օրէնքը, մարդկային օրէնքը, ընտանիքը թողած է, կինը, երեխաները թողած, եկեր է տէր կը կանգի։ Տէր կը կանգնի որո՞ւ։ Ո՞վ է հալածուողը։ Իրեն պէս անպատկառ եկեղեցականներն են, որ ժողովուրդին հալածանքին ենթակայ են։ 

Հետեւաբար, այս եպիսկոպոսներու ներկայութիւնը ոչինչ կըսէ։ Պարզապէս Գարեգին կաթողիկոս կը փորձէ միջոցներ գտնել ինքզինքը ամրացնելու այդ աթոռին վրայ։ Բայց սիրելիներ, ժամանակը հասած է, ինք 25 տարի ունէր ինքզինքը արժեւորելու։ Չէ արժեւորած։ Կա՞յ մէկը կրնայ հակառակը փաստել։ Պէտք չունինք խօսելու։ Կին ունի, երեխայ ունի, մոռցէք այդ բոլորը։ Կանոնագրային խախտումները մեծ են։ Եւ շատ մեծ։ Սպաննութիւններ կատարուած են եկեղեցիէն ներս։ Ներսէս Պոզապալեան արքեպիսկոպոսի մասին ո՞վ գրեց, ո՞վ խօսեցաւ։ Սուրբ Էջիմածնի մէջ գլխուն զարկին եւ սպաննեցին։ Չորս ամիս քոմա մնալէն ետք։ Ո՞ւր երթայ մեր եկեղեցին։ Ժողովուրդը իրաւունք չունի՞ այս բոլորին մասին պահանջելու։ Գրիգորիս արքեպիսկոպոս Քիեւի մէջ, պանդոկի մէջ մերկ գտան՝ մեռած։ Բան մը չգրեցին այդ մասին։ Արսէն արքեպիսկոս Պէրպէրեան իր տան մէջ մահացաւ շատ ծածուկ հարցերով, մէկը չի գիտեր ինչ պատահեցաւ։ Մենք գիտենք որ առաւօտեան ժամը 6:30ին բուժքոյր մը եկաւ հիւանդանոցէն, ո՞վ ղրկած էր, յայտնի չէ, ասեղ մը զարկին, եւ Արսէն արքեպիսկոպոս անյետացաւ այս աշխարհէն։ 

Սիրելիներ, շատ բաներ կան։ Այնպէս որ չենք ուզեր մանրամասն մտնել, կին ունի, երեխայ ունի, 10 հատ ունի, 5 հատ ունի։ Ասոնք չեն հարցերը։ Եկեղեցին փլուզման եզրին չէ, եկեղեցին ճահիճի մէջ է։ Եւ չի բաւեր որ եկեղեցւոյ այս ճահիճէն հանելու փորձ ընելու փոխարէն, եկած են յեղափոխութիւն կը քարոզեն ժողովուրդին։ Յանուն ինչի՞։ Ո՞վ է ձեզի իրաւունք տուողը։ Ուրտեղէ՞ն կը ստանաք ձեր հրահանգը, որ երկիրը փոթորկեցնէք, երբ արդէն յօշոտուած է երկիրը։ Պարտուած պատերազմ ենք։ Եւ առանց ամօթի, ելած էք եկեղեցւոյ զանգերը հնչեցնելու, որ ահազանգ կայ։ Ինչի՞ ահազանգ, սիրելիներ։ Պատերազմի ատեն հնչեցնէիք ահազանգերը եկեղեցւոյ եւ ըսէիք որ եկեղեցին, ժողովուրդը ճգնաժամի մէջ է, ոչ թէ երբ որ եկած են օրէնքի սահմաններու մէջ պահանջելու այդ երկու տխրահռչակ արքեպիսկոպոսները, որոնք այսօր արժանաւորապէս բանտի մէջ են, որոնք յեղափոխութիւն կը քարոզեն։ Չի բաւեր յեղափոխութիւն, առանց ամչնալու, նաեւ կʼըսեն որ պէտք է սպաննութիւններ կատարենք։ 

Կը յիշէք չէ՞ բոլորդ, Բագրատ սրբազան պիտի կիւլլէ եղեր, այս թրքերէն բառով, փոխանակ ըսելու որ երկու փամփուշտ, պիտի կիւլլէ, մարդ պիտի սպաննեն, պասերը պիտի այրեն։ Ա՞յս է մեր հոգեւորականութիւնը։ Սիրելիներ, արքեպիսկոպոսներ, եպիսկոպոսներ, խօսքս ձեզի է, անարգուածներու մասին չէ, եթէ իսկապէս արժանապատուութիւնը ունիք դուք, ժողովուրդին սէր մատակարարեցէք, կարեկցութիւն ցոյց տուէք այս ժողովուրդին, համերաշխութիւն, համբերութիւն։ 

Երէկ տակաւին լսեցի եւ ահաւոր խոր զգացումներու մէջ մտայ, երբ որ լսեցի որ այս վերջին գոնէ 30-25 տարուայ մէջ մէկ միլիոն (ինծի փոխանցողը այս լուրը բժիշկ է), մէկ միլիոն վիժում կատարուած է, կամաւոր վիժում Հայաստանէն ներս։ Սիրելիներ, օր մը լսեցի՞ք, որ եկեղեցին այս մասին խօսի։ Գիտէ՞ք ինչ մեծ սրբապղծութիւն է։ Ի՞նչ պատահած է մեր ժողովուրդին։ Այդ մէկ միլիոնը պիտի ըլլային մեր զինուորները։ Այսօր պիտի ըլլային 2 միլիոն թերեւս։ Ո՞ւր է եկեղեցին՝ այս մասին չի խօսիր։ Այնպիսի հարցեր կան մեր երկրէն ներս, որ եկեղեցին պարտաւոր է այս բոլորին մասին խօսելու, փոխանակ ելլելու եւ յեղափոխութիւն քարոզելու․ յանուն ինչի՞ յեղափոխութիւն։ 

Յեղափոխութիւնը եկեղեցիէն ներս պէտք է, հոգեւորական կեանքէն ներս պէտք է։ Ժողովուրդը կը տեսնէ ձեր ցոփ կենցաղը։ Չէք արժեցուցած դուք զձեզ։ Ձեր սքէմին տակ, վեղարին տակ մի պահուըտիք։ Կարեւոր չէ մեզի ձեր կիները, ձեր երեխաները, կարեւոր է որ դուք հոգեւոր սպասաւորութեան մէջ ըլլաք։ Սա կը նշանակէ, որ եկեղեցին լուրջ ինքնաքննութեան պէտք ունի։ Մեր հոգեւորականները ապաշխարհութեան պէտք ունին։ Պէտք է վերանորոգենք եկեղեցին։ Կարելի չէ այս ընթացքով։ Մեղք է մեր ժողովուրդին։ Տառապեալ է մեր ժողովուրդը։ Եւ այսօր, երբ այսպիսի տագնապներ, փոթորիկներ կան, դուք աւելի կը սաստկացնէք։ Ընդհակառակը պիտի ըլլայիք Քրիստոսի օրինակով, բարի նաւապետը։ 

Նայեցէք ձեր չորս կողմը, աղանդաւորները կը վխտան։ Հոն աւելի մարդ կայ, քան 1700ամեայ առաքելական եկեղեցին։ Կը մտածէ՞ք այս մասին։ Երբ որ արքեպիսկոպոսը կʼըսէ որ Աւետարան քարոզելը բողոքականներուն գործն է, ի՞նչ կը սպասեմ ես այդպիսի արքեպիսկոպոսէն, որ չեմ զարմանար, օր մը հետագային կաթողիկոսական թեկնածու ըլլայ։ 

Հետեւաբար, մեր ժողովուրդին կոչ կʼընենք շատ յստակ կերպով, մեր եպիսկոպոսները դժբախտաբար քաջութիւնը չունին, ես անձնապէս շատ խօսած եմ ինծի մօտիկ եպիսկոպոս, արքեպիսկոպոսներուն հետ, բայց ոեւէ մէկը քաջութիւն չունի։ Երեք հոգի կը բաւէ որ քով քովի գան, եւ պարտադրեն, որ Գարեգին կաթողիկոս անպայման ազգային եկեղեցական ժողով ընէ, որպէսզի եկեղեցին վերանորոգուի։ 25 տարուայ մէջ մթութեան մէջ ենք այս տիքթաթոր վիճակէն։ Մենատիրութենէն պէտք է ազատինք։ Մեղք են բոլոր այն հոգեւորականները, որոնք արտաքսուեցան եկեղեցիէն։ 8-7ը հոս են։ Չի կարելի։ Սուրը ձեռքը, ձախ-աջ կը ճօճէ Գարեգին կաթողիկոս։ Բայց ո՞վ հաշիւ պիտի պահանջէ։ Այո, կʼուզենք որ ազգային եկեղեցական ժողով ըլլայ, օրինական ձեւով, բայց չէ եղած 25 տարի է։ 

Ի՞նչ ապահովութիւն ունի այսօր ժողովուրդը, որ այս հաւաքուող եպիսկոպոս, արքեպիսկոպոսները նման կոչ մը պիտի ընեն։ Ես ձեզի կը վստահեցնեմ, որ պիտի չըլլայ։ Եւ հետեւաբար, ատոր համար անցեալ անգամ ալ կրկնեցի, անգամ մը եւս ձեզի յիշեցնեմ. «Հարկ լուծէ զօրէնս»։ Այնքան ատեն որ եկեղեցականները քաջութիւն չունին եւ ստրկացած հաւաքուած են Գարեգին կաթողիկոսի շուրջ, պիտի չյանդգնին եւ պիտի չուզեն, որովհետեւ բոլորն ալ տխուր անցեալ ունին, ցաւ ի սիրտ, կը մնայ ժողովուրդին որ ինքը տէր կանգնի իր եկեղեցիին։ Ի վերջոյ եկեղեցի կը նշանակէ ժողովուրդ, չի նշանակեր հոգեւորականներ։ 

Մտիկ մի ընէք Աջապահեանի պէս մէկը, որ կʼըսէ որ «եթէ ես ուզեմ, ձեզի եկեղեցի չեմ արտօներ որ մտնէք»։ Դուն ո՞վ ես, Աջապահեան արքեպիսկոպոս, որ կրնաս ժողովուրդին այդ ըսել։ Ամէն մի հաւատացեալ քեզմէ աւելի իրաւունք ունի այդ եկեղեցւոյ տէր կանգնելու, դուն միայն սպասաւորն ես, ամսականաւոր սպասաւորն ես, ձրին ալ չես։ Հետեւաբար այդ ամբարտաւանութիւնդ քեզի այսօր ճաղերու ետին դրաւ, որտեւ արժանի ես։ Մոռցար, որ դուն ծունկի եկած ես խորանի առջեւ, ծառայելու խորանի ճամբով ժողովուրդին։ Բան մը չըրիք, քթիդ տակը տակաւին խրճիթներ կան, երկրաշարժէն մնացած։ Այդ ժողովուրդին տէր կանգնեցէք, ձեր մտահոգութիւնը միայն մամոնան է, փառքն է, ուրիշ բան մը չէ։ Մտահոգուած չէք եկեղեցւոյ ապագայով։ Ձեզի պէս շատերը եկան, գացած են։ Չմոռնաք, եկեղեցին կայ, եւ պիտի մնայ։ 

Մեր մտահոգութիւնը այն է, որ եկեղեցին իր կարեւոր դերը ունենայ ձեռք ձեռքի իշխանութեան հետ, որովհետեւ այդ սերտ գործակցութիւնը ժողովուրդը ոչ թէ մէկ քայլ, տասը քայլ առաջ կրնայ տանիլ։ 

Այս առիթով նաեւ կոչ կʼուղղեմ Արամ կաթողիկոսին։ Տակաւին երէկ էր, շատ մօտիկ անցեալին, պատերազմէն յետոյ Գարեգին կաթողիկոսին հետ ելան, բարձրաձայն յայտարարեցին որ վարչապետը հրաժարի։ Ասի նոյն Արամ կաթողիկոսը, որ վարչապետին Լիբանան այցելութեան ատեն խոշոր բառեր գործածեց գնահատելու վարչապետը։ Ալ այդ բոլորը կեղծի՞ք են թէ ոչ, դուք որոշեցէք այդ մասին։ Բայց այսօր զարմանալին այն է, որ տակաւին շաբաթ, երկու շաբաթ առաջ ըսաւ՝ «մենք Էջմիածնի կողքին ենք եւ զօրավիգ կը կանգնինք»։ Այո, Արամ կաթողիկոս, պէտք է այդպէս ըսէիր։ Այդ ուրիշ հարց, որ 50 տարի Կիլիկիան Աթոռը, իր ղեկավարներուն հետ Էջիմածինը հալածած է, բայց այսօր, ձեր պայմանները փոխուած են, ձեզ ղեկավարող մարմինները նոր ղեկավարներ ունին, եւ այդ բոլորով կոչ կʼուղղէք որ զօրավիգ պիտի կանգնիք։ 

Ի՞նչ պատահեցաւ երկու օր առաջ։ Տիսքը 180 աստիճանով փոխուած է։ Հիմա կոչ կ՛ուղղէք որ նստինք՝ հասկացողութեան գանք։ Լաւ, եթէ հայրական յորդոր մը ունէիք, ինչո՞ւ ատիկա նախապէս չըրիք, որպէս հոգեւոր պետ, նուիրապետական աթոռի մը ղեկավար, եւ փոթորիկ ստեղծեցիք։ Չհասկցանք։ Որովհետեւ եկեղեցին գործածուեցաւ նախկին իշխանաւորներու կողմէ եւ այսօր բոլորդ ալ նկատեցիք ձախողութիւնը։ Ոչ միայն ձախողեցաք, այլ արատաւորեցիք եկեղեցւոյ պատիւը։ Դեռ չեմ ալ ըսեր հոգեւորականութեան պատիւը, որտեւ հոգեւորականութիւնը ինքը պատիւ չէ ձգած։ Իր կենցաղով բան մը չէ փաստած, որ ժողովուրդը այդ սէրը իր հանդէպ ունենայ։ Եւ ամէն անգամ որ կը լսեմ սեւ սատանաներ, սքէմաւոր սատանաներ, ես ամօթ կը զգամ, որ մեր ժողովուրդը այդ բոլորը բարձրաձայն կʼարտասանէ։ Կʼարտասանէ, որովհետեւ այդ ցոյց տուիք, սիրելիներ։ Սէր չցուցիք եւ հիմա տակաւին կը յանդգնիք ըսելու, որ եկեղեցին ձեզ պիտի անիծէ։ Անիծեցէք մինչեւ առտու։ Ի՞նչ պիտի փոխէք կացութենէն։ Փոխանակ ըսելու որ մենք պիտի ապաշխարհենք եւ ձեզի համար պիտի աղօթենք, որ մեր երկիրը երկու քայլ առաջ երթայ, անէծքի մասին կը խօսիք։ Սուրբ Գրքին ո՞ր էջին մէջ կարդացեր էք դուք ատիկա։ Վերջ տուէք այս բոլորին, սիրելիներ։ Նստեցէք, այո, լաւ էր խօսքը, առաջարկը Արամ կաթողիկոսին, նստեցէք, հասկացողութեան եկէք, եկեղեցին փրկեցէք այս հոգեւորականութեան ձեռքէն, ժամանակը հասած է։ Փախուստ չկայ։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Պարոն Մխիթարեան, այս վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ, պէտք է ըսել, որ ժողովրդական լայն խաւեր ուժեղ կերպով, հզօր կերպով կը դատապարտեն այս կեղծ հոգեւորականները, որոնք Սովետի ժամանակներէն, Քա․Կէ․Պէ․իշնիկ, այս բառը կը գործածեն ժողովուրդին մաս կազմող, գիտակից քաղաքացիները, Քա․Կէ․Պէ․իշնիկներ կʼըսեն, նկարագրելու համար Գարեգին Բ.ին, Եզրասին, Մոսկուայի Եզրասին, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Յովնան Տէրտէրեանին, Գալստանեան Վազգէն աշխարհական անունով բագրատիկին, որուն մասին մենք բազմիցս իր սրբազան պայքարի, այսպէս կոչուած սրբազան պայքարի նկարագրականը ներկայացուցած էինք՝ «բագրատիկի արշաւանքները» անունին տակ եւ այլն,։ Քաղաքացիները կը դատապարտեն եւ կը պահանջեն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմինները եւ դատաիրաւական համակարգը, առանց նոյնիսկ սպասելու արտակարգ ազգային կրօնական ընդհանուր ժողովի գումարումին, դատէ, ձերբակալելէ ետքը դատէ եւ որպէս քաղաքացի, պատասխանատուութեան ենթարկէ օրէնքի խստագոյն պայմաններով, որովհետեւ այս մարդիկ, Գարեգին Բ., Եզրասը եւ հեռակայ կարգով միւս թեմական առաջնորդները եւ տեղւոյն վրայ Վազգէն Գալստանեանը, որ նաեւ ծանօթ է Բագրատ Գալստանեան արքեպիսկոպոս անունով, իրենց քաղաքացիական կարգավիճակի մէջ նոյնիսկ, յանցագործութիւններ գործած են, պետական յեղաշրջման առթիւ եւ այլ յանցագործութիւններու առթիւ, որ դուք քիչ առաջ նշեցիք, եւ որոնց կարգին են սպաննութիւնները։ 

Ուրեմն որպէսզի մենք մօտաւոր գաղափար մը կազմենք, թէ ինչպիսի տրամադրութիւններ կան, ես պիտի առաջարկէի կարճ տեսանիւթը ներկայացնենք եւ մեր հեռուստադիտողները իրազեկուին Հայաստանի քաղաքացիներու մօտ ստեղծուած տրամադրութիւններուն։ 

Տեսանիւթ. 

Հարց. Դուք ինչպէ՞ս էք վերաբերւում էլեկտրոցանցերի պետականացմանը։ 

Ա Քաղաքացի. Դրական։ 

Հարց. Ինչպէ՞ս կ՛ազդի։ 

Ա Քաղաքացի. Պետականացում ի՞նչ է նշանակում։ 

Հարց. Այսինքն պետութիւնն է կառավարելու էլեկտրոցանցերը։ 

Ա Քաղաքացի. Իրա հիմնական տնտեսական աղբիւրները պետութիւնը ինքը պիտի պահի։ Հայաստանը, ժողովուրդը պէտք է պահի իր հումքը, ընդերքը, իրենն է։ «Ինչպէ՞ս ես տեսնում» ի՞նչ է նշանակում։ Ես տեսնում եմ որ պէտք է պահուի։ Ժողովուրդի հարստութիւնն է դա։ Գետերը, գետերից բան են, չէ՞, ստանում, էլեկտրոէներգիա են, չէ՞, ստանում։ ՀԷԿերը։ Գետերը ո՞ւմն են։ Բա ինչու չեն սեփականաշնորհում Սեւանայ լիճը, Հրազդան գետը։ Իսկ որտեղ որ շահոյթ ունեն, բան են անում, հա՞, անհատները։ Չէ, չի կարելի, ես էդպէս եմ հասկանում։ 

Հարց. Մի հարց էլ։ Այս ընթացքում հոգեւորականներ են ձերբակալուել, յեղաշրջման կոչով, ահաբեկչութեան մեղադրանքով։ Դրան ինչպէ՞ս էք վերաբերւում։ 

Ա Քաղաքացի. Նորմալ։ Թող հոգեւորականը իրան հոգեւորականի պէս պահի։ Սահմանադրութիւնը էդպէս չի՞ մեր։ Չի՞ ասում որ պէտք է ամէն մարդ իր գործով զբաղուի։ Հոգեւորականը պէտք է հոգու սնունդ տայ ժողովուրդին, ոչ թէ մտնի քաղաքականութիւն՝ ասի սրան նշանակէք, ես եմ գալիս, կամ միւսն է գալիս։ Էդպէս ինձ թւում է ճիշդ չէ։ 

Բ․ Քաղաքացի. Շատ դրական։ 

Հարց. Ինչո՞ւ։ 

Պատասխան. Փորձէք ինքներդ ստուգէք, հարցում արէք։ ՀԷՑը մինչեւ առ այսօր իր ենթակայաններում քանի՞ անգամ է իւղը փոխել պաստանցիաների (ենթակայաններու)։ Այդքան բան։ 

Գ․ Քաղաքացի. Շատ լաւ, շատ ճիշդ է։ Այդպէս։ Ես սիրում եմ ամէն ինչը մերը լինի, ազգային։ 

Դ․ Քաղաքացի. Ուզում եմ որ սեփականացնեն։ 

Հարց. Ինչո՞ւ։ 

Դ․ Քաղաքացի. Աւելի լաւ կը լինի ինձ թւում է։ 

Հարց. Իսկ այս ընթացքում հոգեւորականներ են ձերբակալուել։ Ըստ ձեզ, դա նորմա՞լ է։ 

Դ․ Քաղաքացի. Դէ դա նորմալ չի։ Չի կարելի, հոգեւորական ձերբակալել չի կարելի։ 

Հարց. Բայց ահաբեկչութեան մէջ են մեղադրւում։ 

Դ․ Քաղաքացի. Դէ որ ահաբեկչութիւն է, պէտք է պատժել։ Բայց չպիտի պահեն երկու ամիս ու թողնեն։ Եթէ իրօք այդպէս բան է եղել, պիտի անպայման պատժուի։ 

Հարց. Ինչպէ՞ս էք վերաբերւում ՀԷՑի պետականացմանը։ 

Ե․ Քաղաքացի. Դրական։ Թող վերադարձնեն ամէն ինչ։ 

Հարց. Ի՞նչ կը տայ դա Հայաստանին։ 

Ե․ Քաղաքացի. Ի՞նչ կը տայ։ Դրական բան կը տայ։ Ի՞նչ կը տայ։ 

Հարց. Իսկ կը ներէք, այս ընթացքում հոգեւորականներ են ձերբակալուել։ Դրան ինչպէ՞ս էք վերաբերւում։ Յեղաշրջման մեղադրանքով։ 

Ե․ Քաղաքացի. Շատ ճիշդ են արել։ Ստեղ ժողովուրդը սխալ պատկերացում ունեն։ Բայց… Ո՞նց ձեւակերպեմ։ Խօսքը եկեղեցականների մասին չի, խօսքը նրանց պարտականութիւնները ճիշդ չկատարելու մասին է։ Էտքան բան։ Նրանք պէտք է ընդհանրապէս վերանան մեր եկեղեցուց։ Զ․ Քաղաքացի. Էդ շատ տհաճ է։ Որտեւ հոգեւորական բառը էդ մարդկանց չի սազում։ Դրանք փողոցային ինչ որ թափթփուկի նման են իրենց պահում, խօսում, ո՞ւմ դէմ են խօսում. պետութեան դէմ, ժողովուրդի դէմ, եւայլն, եւայլն։ Էդ այլանդակութիւն է էլի։ Հոգեւորականը բարոյական իրաւունք չունի այդ աստիճանի անբարոյական վարուելակերպ ու խօսելակերպ ունենայ։ Չի կարելի։ 

Հարց. Ըստ ձեզ ինչո՞ւ Ռոպերթ Քոչարեանը կամ Սերժ Սարգսեանը այստեղ չեն ու չեն պաշտպանում նրանց։ 

Զ․ Քաղաքացի. Դէ գիտէ՞ք ինչ։ Երեւի որ կարողանային պաշտպանելու, վաղուց աւելի կը սկսէին պաշտպանել ու նորից իրենք կը գային իշխանութեան, որպէսզի էս խեղճ ժողովրդին ու երկիրը թալանէին։ Ոնց որ իրենք են արել։ Ամէն մէկը 10 տարի ինչ կարողացաւ տարաւ էս ժողովրդից, էս երկրից։ 

Է․ Քաղաքացի. Ես մտածում եմ, որ դա դրական է, բայց դա պէտք լինի սահմանադրութեամբ որոշմամբ։ Եթէ պետութիւնը որոշել է որ սահմանադրութեան մէջ կայ կէտ, որ մասնաւոր սեկտըրները, դա կապ չունի ում է պատկանում, Կարապետեաններն են թէ այլ անձինք, եթէ դա պէտք է պետականացուի, ուրեմն ես դրական եմ վերաբերւում դրան։ Իսկ եթէ չկայ նման օրէնք ընդունուած պետութեան կողմից, մշակուած ղեկավարութեան եւ կառավարութեան կողմից, ուրեմն դա բացասական է։ 

Ը․ Քաղաքացի. Հոգեւորականի վարչապետի թեկնածու լինելը դա աբսուրտ է էլի։ 

Հարց. Հիմա էլ Ռոպերթ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանի խմբակցութիւնները Միքայէլ Արքեպիսկոպոսին են առաջարկում լինել, չնայած նա համաձայն չէ։ 

Ը․ Քաղաքացի. Շատ էլ որ առաջարկում են։ Բա ժողովուրդը, ժողովուրդի ձայնը, հաշիւ չի՞։ Ես առհասարակ կողմ եմ հետեւեալին։ Վարչապետ լինի թէ նախագահ լինի, սա էտապներով անցած, կիրթ, նորմալ, ճիշդ քաղաքական դաստիարակութիւն ստացած եւ տեխնիկական դաստիարակութիւն ստացած անձ պիտի լինի, որ հասկանայ էս ամէն ինչը ճի՞շդ է։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Սիրելիներ, դիտելէ ետք այս տեսաերիզը, անգամ մը եւս կը հաւատանք, որ ժամանակը հասած է, որ Մայր Աթոռը մաքրուի, Գարեգին կաթողիկոս այդտեղէն հեռանայ եւ ընտրուի տեղապահ մը, որպէսզի գետին պատրաստուի արժանաւոր անձի մը, որ գրաւէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աթոռը, որպէսզի հայ եկեղեցին այդ ճահիճէն դուրս ելլէ եւ անգամ մը եւս իր սպասաւորութեան ճանապարհին հրաշքներ գործէ մեր ժողովուրդի կեանքին 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *