Փառանձեմ Ֆագրաճեան Տէմիրճեան

Սուրիահայութիւնը ծանր ու ցաւալի օրեր ապրեցաւ աւելի քան տասնամեակ մը: Թաղեր աւերուեցան Հալէպի մէջ, եկեղեցիներ ու դպրոցներ վնասուեցան, Լաքաթիոյի եւ Քեսապի գիւղերը ենթարկուեցան յարձակումներու։ Տասնեակ ընտանիքներ զրկուեցան երդիքէ եւ ապրուստի միջոցներէ։ Մեր ժողովուրդին առօրեան եղաւ լի անորոշութեամբ եւ վախով։ Յոյսով ենք որ այսօրուան յարաբերաբար խաղաղ կեանքը կը շարունակուի եւ Հալէպը կը վերագտնէ իր երբեմնի կենսուակութիւնը: Այդ ահաւոր օրերէն բազմաթիւ տխուր դէպքեր երկար պիտի մնան հալէպահայութեան յիշողութեան մէջ: Այս դէպքերէն մէկուն ականատես ու ականջալուր ըլլալով, կը ներկայացնեմ այն մօր պատկերը, որուն զաւակը թիրախ դարձած էր դարանակալ փամփուշտի մը: Փամփուշտի ձայները յաճախ կը ճեղքէին Հալէպի լուռ գիշերները։ Զաւկին տուն վերադարձի ճամբուն վրայ՝ արձակազէնի մը քմահաճ փամփուշտը կը կտրէր խոստմնալից ապագայի մը ճամբան. Երիտասարդը՝ առաջին տարուայ համալսարանական ուսանող, անտրտունջ կ’իյնայր մայթին վրայ։ Գանկը ճեղքած փամփուշտը երիտասարդը կը մատնէր մահաքունի: Հալէպի բժիշկները յոյսերնին կտրած, մօրը կը թելադրեն գործիքները անջատել: Սակայն, մայրը չի յանձնուիր: Խնդրոյ առարկայ էր մէկ հատիկ զաւակը, որուն հոգատարութեան բեռը կրած էր երկար տարիներ, երբ ինք այրի մնացած էր իր նորածին երեխային հետ: Իր հարազատներու միջոցով եւ բարեսիրական հաստատութիւններու օգնութեամբ, ան կապ կը հաստատէ Լիբանանցի բժիշկներու հետ, որոնք կը յուսադրեն զինք: Հիւանդը կը փոխադրուի Լիբանան: Երկար ամիսներ բժշկական զանազան քննութիւններէ ետք, բժիշկները որոշում կու տան գործողութեան ենթարկելու հիւանդը՝ յիսուն տոկոս յաջողութեան խոստումով: Գործողութիւնը յաջող կ’ընթանայ, բայց երիտասարդը մահաքունէն չ’արթննար. ամիսներու ընթացքին մարմինը կը հիւծի եւ օր մըն ալ կը մարի: Այս անհամբեր ամիսներուն, մայրը՝ միշտ յոյսով, զաւկին կողքին նստած կը խօսէր անոր հետ՝ պատմութիւններ, յուշեր, երազներ պատմելով անոր: Կը հաւատար, թէ զաւակը զինք կը լսէ: Զաւկին քովէն կը հեռանար միայն երբ ստիպուած էր աշխատանքի երթալու: Զաւկին մահուան օրը զարմանալի խաղաղութիւն մը կար մօր դէմքին. կարծես անոր արցունքներու աղբիւրը չորցած էր, որմէ անընդհատ արցունքներ կը վազէին այտերէն վար երբ տակաւին տղան անկողինի կը ծառայէր: «Ամէն բան կատարուեցաւ», կ’ըսէ ան: Շաբաթ մը ետք հանդիպեցայ մօր՝ երբ ան կ’ուղղուէր դէպի գերեզմանատուն, իր երիտասարդ զաւկին այցելութեան, որ խունկ ծխէր անոր շիրիմին ու աղօթէր անոր հոգւոյն համար: Առաջարկեցի ընկերանալ՝ նեցուկ կանգնելու նպատակաւ, գուցէ կարենայի մեղմել անոր սիրտը կիզող կրակը: Հասանք գերեզման: Մայրը՝ ծնրադրելով զաւկին չոր եւ պաղ շիրիմին քով, կարծես կը փորձէր ջերմացնել այդ գերեզմանը, որ գրկած էր իր զաւակը իբրեւ ապաստան՝ հեռու այս աշխարհի չարագործութիւններէն: Մայրը՝ հառաչելով սկսաւ խօսիլ իր զաւկին հետ՝ «Իմ թանկագին որդեակս, թող մարմինդ հանգչի այս հողին մէջ, իսկ հոգիդ՝ արքայութեան, այլեւս դուն Աստուծոյ ձեռքերուն մէջն ես, եւ որեւէ չար բան չի կրնար հասնիլ քեզի: Բաժանումը ահաւոր է եւ անկարող եմ զայն տանելու տղա՛ս, ինքզինքս կը մխիթարեմ մտածելով, թէ Աստուծոյ պարգեւն էիր ինծի շնորհուած, եւ ես կարելիս ըրի այդ պարգեւին տէր դառնալու, լաւագոյն սնունդը, կրթութիւնն ու խնամքը տալու. ինծի կը մնան ուրախ յիշատակներ, եւ այդ յիշատակներով պիտի ապրիմ ինծի շնորհուած օրերը այս աշխարհին վրայ մինչեւ Աստուած զիս ալ առնէ իր քովը, եւ դարձեալ միանամ քեզի: Մինչեւ այդ օրը, կըխոստանամ այցելել քեզի ամէն օր եւ քեզի հետ կիսել առօրեաս, ինչպէս նախապէս՝ երբ ուրախ, աշխոյժ եւ կայտար համալսարան կ’երթայիր, նաեւ հիւանդ անկողինիդ կողքին, նոյնպէս հիմա շիրիմիդ մօտ»: Երբ մթնշաղը իջաւ, յոգնած եւ նուաղած մայրը հրաժեշտ տուաւ իր զաւկին՝ տուած խոստումը կատարելու վճռականութեամբ: Վերադարձանք՝ սակայն յուզուած, ես բառեր չէի գտներ արտասանելու, մայրը ըսաւ. «Աստուծոյ կամքը թող օրհնեալ ըլլայ, Իրն էր ինծի պարգեւեց հոգալու եւ իմ կեանքս ծաղկեցնելու, իսկ երբ ժամանակը հասաւ զինք Իր մօտ կանչեց»: Իսկ ես, կանգնած կը դիտէի այս առաքինի մայրը՝ խառն զգացումներու մէջ կորսուած: Չեմ կրնար ըսել՝ յուզուա՞ծ էի թէ համոզուած, տխո՞ւր էի թէ ուրախ, որովհետեւ այս մօր պատգամը շատ բան կը փոխանցէր: Ան Աստուածավախ, նուիրուած, զոհուած եւ տառապած մայր մըն էր, սակայն կարող՝ յաղթահարելու այս աշխարհի չարչարանքները: Անմիջապէս մտաբերեցի Աստուածաշունչէն համար մը, ուղղուած Պօղոս առաքեալին: Բ. Կորնթացիս 12.9-ի մէջ Տէրը կ’ըսէ. «Իմ շնորհքս հերիք է քեզի, վասն զի իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի»:

Փառանձեմ Ֆագրաճեան Տէմիրճեան

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *