Posted on May. 25. 2019
21 մայիսին` ֆրանսահայ աշխար-հահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան տարեդարձին նախօրէին, Ազնաւուր ընտանիքի Փարիզի առաջին բնակարանի պատին յուշատախտակ մը տեղադրուած է:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը, բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած են Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկոն, քաղաքային իշխանութիւններու եւ ֆրանսահայ համայնքի ներկայա-ցուցիչներ, նշանաւոր անձնաւորու-թիւններ եւ, բնականաբար, Ազնաւուր ընտանիքի անդամները:
Յուշատախտակը տեղադրուած է Փարիզի 6-րդ շրջանի Մսիօ լը Փրենս 36 հասցէին, ուր Փարիզ հասնելէ ետք բնակութիւն հաստատած է Ազնաւուրեան ընտանիքը, ուր Շարլ Ազնաւուր անցուցած է իր մանկութիւնը:
«Զգացուած եմ, որ մեր սերունդներուն համար զետեղուեցաւ աշխարհահռչակ հայու յուշատախտակը, ինչպէս նաեւ շնորհակալ եմ Ֆրանսային` իր զա-ւակները չմոռնալու համար», «Հայերն այսօր»-ին հետ զրոյցին ըսաւ ձեռնարկին ներկայ ֆրանսաբնակ օփերայի երգիչ Ատամ Պարրոն:
Աւելցնենք, որ մեծանուն արուես-տագէտի ծննդեան տարեդարձին ընդա-ռաջ եւ ամբողջ տարուան ընթացքին աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ անոր արուեստին նուիրուած ձեռ-նարկներ` ցուցահանդէսներ, համերգներ, յուշարձաններու բացում, հանրային վայրերու, հաստատութիւններու անուա-նակոչութիւն պիտի կազմակերպուին:
22 մայիսին կ՛ամբողջանայ յայտնի արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուրի 95-ամեակը: