Ինչպէս բազում հին ասացուածքներ՝ «Խօսքն արծաթ կ՚արժէ, լռութիւնը՝ ոսկի» արտա-յայտութիւնը ժամանակի մշուշի մէջ կորսնցուցած է իրծագումն ու նշանակութիւնը: Ոմանք կ՚ըսեն, որ անոր տարբերակները օգտագործուած են Հին Եգիպ-տոսի մէջ: Այսպիսով, ան պէտք է որ սկիզբառած ըլլայ աւելի հին ժամանակներէն, երբ մարդկութիւնը սկսաւ կայք հաստատել գիւղերու ու քաղաքներու մէջ՝ սկիզբ դնելով քաղաքակրթութեանծննդավայրին, ինչպէս որ առաջինը եղած է է Հայկական Լեռնաշխարհի մէջ:
Առաջին անգամ ասացուածքը գրաւոր ձեւով ներկայացնելով՝ անգլիացի բանաստեղծ Թօմաս Քարլայլը, որ թարգմանած է այդ արտայայտութիւնը գերմաներէնէն իր « Sartor Resartus» վէպին մէջ, կը մեկնաբանէ, թէ ինչպէս կերպարներէն մէկը մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ լռութեան արժանիքները: Տարիներու ընթացքին ամբողջական տարբերակը («Խօսքն արծաթ արժէ, լռութիւնը՝ ոսկի») դեռեւս երբեմն կ՚օգտագործուի: Այնուամենայնիւ, աւելի կարճ ձեւը («Լռութիւնը ոսկի է») այժմ աւելի լայն տարածում ունի:
Արդյօ՞ք «Լռութիւնը» իսկապէս «Ոսկի է», երբ խօսքը կը վերաբերի դատարանի մէջ քաղաքացիական եւ քրէական գործերուն, առաւել եւս հանրայինկարծիքի դատարանէն ներս: Եկէք պարզաբանենք այս հետաքրքրական հարցումը:
Հակառակ «Լռութիւնը ոսկի է» արտայայտութեան ՝ «Լռութիւնը համաձայնութեան նշան է» ասացուածքը ընդհանուր օրէնքի մէկ այլ հին սկզբունք մըն է: Այդ սկզբունքէն կը բխի լայնօրէն կիրառւող օրինական սկզբունք մը՝ Օրէնք լուռ խոստովանութեան մասին: Այս վարկածի հիմքի մէջ ինկած է ան, որ անմեղ մարդը բարձրաձայն ու յստակ կերպով կը ժխտէ իր դէմ ուղղուած լուրջ մեղադրանքը: Այդ կանոնը կ՚ըսէ, որ եթէ կասկածեալը կը լռէիրեն դէմ առաջադրուող մեղադրանքին առջեւ, ապա ան ենթադրաբար կ՚ընդունի յանցանքը, որուն մէջ ան կը մեղադրուի: Հետաքրքրական է, որ նման լռութիւնը դատարանի մէջ կրնայ ներկայացուիլ որպէս «մեղաւորութեան ցուցանիշ՝» մեղադրական եզրակացութիւն: Այլ կերպ ըսած, «Ան, ով կը լռէ, ուրեմն պէտք է համաձայնի», ճանաչէ իւր մեղքը: Քալիֆոռնիոյ Գերագոյն Դատարանը վերջերս կայացուցած վճիռին մէջ ընդունեց, որլռութիւնը կրնայ ըլլալ մեղաւորութեան ապացոյց:
Այժմ, եկէք դիտարկենք ասիկա քաղաքացիական հանցագործութեան վերջին դէպքի վերաբերեալ: Անոնց համար, որոնք ծանօթ չեն դէպքին, թոյլ տուէք հակիրճ ձեւով անդրադառնալ: Առարկայական ապացոյցներու հիման վրայ USA Armenian Life շաբաթաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր եւՀրատարակիչ պրն. Աբօ Չափարեանը յայտնած էր (2019-ի Դեկտեմբերի 28-Յունուարի 3-ի թիւին մէջ) «Grey Wolves» («Գորշ Գայլեր») կազմակերպութեան ղեկավարի եւ Ամէնայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի միջեւ մտերմիկ յարաբերութիւններու մասին: Այնուհետեւ կրքերը բորբոքուեցան: Արքեպիսկոպոս Յովնան Տէրտէրեանը նախաձեռնեց անամօթաբար թոյլ չտալ պրն. Չափարեանին հրատարակել Վեհափառին վարկաբեկող այլ պատմութիւններ: Այս միջադէպը տեւեց երկար ժամանակ, որու ընթացքին շատ հայեր սկսան հրապարակաւ իրենց բողոքները բարձրաձայնել մեր շարք մը բարձրաստիճան հայ հոգեւորականներու անօրինականութիւններու մասին: Ուժգնօրէն առաջ քաշուեցաւ «ՆորՀայաստան, Նոր Հայրապէտ» նախաձեռնութիւնը:
Արքեպիսկոպոս Յովնան Տէրտէրեանի կցորդներու կողմէ պրն. Չափարեանի դէմ մահուան սպառնալիքը նպատակ կը հետապնդէր լռեցնել անոր իրհրատարակած յօդուածին համար, որ բացայայտած էր Գարեգին Բ-ի ջերմ յարաբերութիւնները թուրքական «Գորշ Գայլեր» կազմակերպութեանղեկավարի հետ, որ յայտնի է որպէս հայ ժողովուրդի ոխերիմ թշնամի: Ինչպէս բոլորս ալ գիտենք, Հրանտ Դինքի արիւնը դեռեւս տաք է անոնցձեռքերուն վրայ:
Հակադարձ մեղադրանք ներկայացնելու, ապօրինութիւնների մասին լուրջ մեղադրանքները բացայայտ հերքելու փոխարէն՝ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը ուղարկած էր իր կողմնակից/թիկնապահներէն երեքին՝ մահուան սպառնալիքով լռեցնելու պրն. Աբօ Չափարեանին: Չնայած իր եւԱմէնայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի հեղինակութեանը երկրի մէջ, ան անմիտ քայլ առաւ պատժելու համար պրն. Չափարեանին՝ կոռուպցիայի վերաբերեալ վարկաբեկող մեղադրանքները հերքելու փոխարէն: Կը մտածէք՝ ինչպիսի՜ պարզամիտ քայլ: Ի դէպ, այդ երեք անձինք այժմհետախուզման մէջ են Պըրպանքի ոստիկանութեան բաժնի կողմէ՝ անմեղ լրագրող-հրատարակչին դէմ մահուան սպառնալիք կարդալու համար:
Ի տարբերութիւն իր գործընկերներէն շատերու, Պրն. Չափարեան ռիսկի դիմեցբացայայտելով Սուրբ Էջմիածնի, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհի մէջ իր մասնաճիւղեր՝ թեմական առաջնորդութիւններու, մասնաւորապէս Արեւմտեան ԱՄՆ-ի, եւ Ռուսաստանի, որոշ հոգեւորականներու անօրինականութիւններու մասին: Անոնք ալ փորձեցին վախցնել պրն. Չափարեանին: Այնուամենայնիւ, պրն. Չափարեանը սկզբունքայնօրէն պինդ մնաց իրականացնելու ԱՄՆ-ի սահմանադրութեան Առաջին Օրէնքի կողմէ երաշխաւորուած Խօսքի եւ Մամուլի Ազատութիւնը: Որպէս ազատ մամուլի մեծապէս յաջողած անդամ, հրատարակիչ, Աբօ Չաբարեանը մինչեւ այսօր անհերքելի մնացած ճշմարտութիւն կը ներկայացնէ Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի մասին 2015 թուականէն ի վեր: Ան այդ կ՚ընէ անհատական մեծ ռիսկերով, ինչպիսիք են անհատականութեան սպանութեան թիրախ դառնալ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի եւ/կամ իր կցորդներու կամ գործակալներու կողմէ: 2016 թ. Տէրտէրեան նոյնիսկ փորձած է ետ վերցնել տալ Չափարեանի ստացած «Էլլիս Այլընտ Պատւոյ» մետալը: Սակայն անոր չարոգի եւ սխալ փորձերըպարտութեան ենթարկուեցան հեղինակաւոր ամերիկեան ազդեցիկ կազմակերպութեան ղեկավարութեան կողմէ։ Հազար ափսոս, եթէ այդպէս կը վերաբերուին մարդու մը հետ, որ յայտնի է համայնքէն ներս որպէս կայուն անձնաւորութեամբ եւ եռանդուն անհատականութեամբ օժտուած անհատ մը եւ տարիներու ընթացքին բազմաթիւ մասնագիտական ոլորտներու մէջ ձեռք բերած նուաճումներով: Եւվերջիվերջոյ, ամեն առիթներով ան Հայ համայնքի իրաւունքները եւ շահերը աւելի բարձր կը դասէ քաղաքական նկատառումներէ: Վերադառնանք մեր՝ «Լռութեան Դաւաճանութեան» թէմային: Կը թուի, թէ այս լռութեան յստակ դաւադրութիւնն է, քանզի ոչ Վեհափառը, ոչ Արքեպիսկոպոսը դեռ չեն խօսած ի պաշտպանութիւն իրենց, ոչ ոք դեռ յստակօրէն ու պարզօրէն չէ յայտնած իրենց անմեղութեան մասին. հաւանաբար անոր համար, որ ցոյց չի տան հասարակութեան, որ իրենք մեղադրողներու մակարդակին կը հաւասարուին: Այս տեսակ ռազմավարութիւնը հակառակ ազդեցութիւն կ՚ունենայ: Ինչպէս մէկ անգամ իմաստունօրէն նշած է Մարթին Լութեր Քինկ. «Ժամանակ կու գայ, երբլռութիւնը դաւաճանութիւն է»: Ինչպէս կը տեսնենք, լռութիւնը կը դիմակազերծէ (կը մատնանշէ) մեղքը, բայց ինչպէ՞ս կրնանք բացատրել այս երեւոյթի վարքագծային դրսեւորումը: Հոգեբանական տեսանկիւնէն, երբ անմեղ մարդը անարդարացիօրէն կը մեղադրւուի յանցանքի կամ յանցագործութեան մէջ, ան պատրաստակամ պէտք է ըլլայ ուժեղ կերպով հերքել մեղադրանքները: Այս կրնայ երեւալ Հոգեբանական Հակադարձի յայտնի ձեւաչափի կիրառմամբ՝ հոգեբանականՀակադարձի (անհատի մօտ դրսեւորուող բարձր ոգեւորուածութեան ուժի) գործադրման բնական միտում վերականգնելու/վերահաստատելու կամ դադրեցնելու մէկի կորսնցուցած կամ վտանգուած իրաւունքը (օրինակ
անձի հեղինակութիւնը վարկաբեկելը՝ մեղադրող կողմէն): Քանի որ ոչ Վեհափառ Հայրապէտը, ոչ ալ Արքեպիսկոպոսը չկրցան իրենց անմեղութիւնը հաստատել իրենց դէմ հնչած մեղադրանքներուն մէջ, անոնք լուռ մնացին հակամարտութեան ամբողջ տեւողութեան՝ առանց փորձելու ետ մղել կամ հերքել կեղծ մեղադրանքները: Եթէ վերոնշեալ հոգեւորա-կանները մտադիր էին չներքաշուիլ այդ «կեղտոտ խաղ»ի մէջ, եւ եթէ անոնք իսկապէս անմեղ էին, ապա կրնային խնդրել իրենց գործակալներէն, ներկայացուցիչներէն իրենց անունէն ներ-կայանալ՝ ի պաշտպանութիւն անմեղութեան:
Անկեղծ ըսած, ես ոչ մի ապացոյց չունիմ մեղադրանքներու իրական կամ կեղծ ըլլալու վերաբերեալ, բայց դրանց մասին ես վերջերս իմացած եմ բազմաթիւ զեկոյցներու միջոցով, որոնք հրատարակուած են եւ շրջանառութեան մէջ դրուած են հրապարակայնօրէն: Ահա խնդրի էութիւնը. մեղադրեալ հոգեւորականները չէին գիտեր, որ լռութիւնը իրենց պիտի մատնէ, լռութիւնը ցոյց կուտայ իրենց մեղաւոր ըլլալը եւ որ ոչինչ անհետեւանք չի մնար, յատկապէս այն ժամանակ, երբ մարդոց բողոքները անվ-իճարկելի են: Փոխարենը, մեղադրեալները նախընտրեցին իրենց անձին եւ ան-հատականութեան վերաբերող անպատուաբեր հարցերը, եկեղեցւոյ գործերուն մէջ չարաշահումներ թոյլ տալը կոծկել առաս-պէլական գորգի տակ՝ իրենց իսկ նիւթական շահի համար:
Երբ ամեն բան ըսուած է եւ կատարուած, երբ հակասութեան մէջ ամեն ինչ պարզ է, անոնք գիտակցաբար եւ ենթագիտակցաբար դատապարտուելու են հանրային կարծիքի դատարանի առջեւ որպէս մեղադրեալներ՝ չարաշահումներու մասին պնդումները չժխտելուպատճառով:
Լռութեան մատնութիւնն ու դաւաճանութիւնն արդեն իսկ դատապարտուած են այս հոգեւորականներուն, իսկ հաւանական դատավճիռը այն է, որ մարդիկ համոզուած են անոնց հոգեւոր արժեքներէն զուրկ ըլլալու մէջ: Այսպիսով, Հայաստանեայց Եկեղեցին այն տեղը չէ, ուր անոնք կրնան շարունակել իրենց կրօնական գործունէութիւնը՝ հիմնուած սեփական եսասիրական շահերու ստւերին մէջ:
Այն փաստը, որ հայերը կը սիրեն իրենց եկեղեցին, անհերքելի ճշմարտութիւն մըն է: Վկայութիւնները շատ են։ Կրնանք ուղղակի յիշել, թէ ինչպէս Սուրբ Վարդան Մամիկոնեանը եւ անոր քաջ մարտիկները ստիպուած եղած են դիմակայել թիւով իրենցմէ գերակշիռ բանակին, որպէսզի պաշտպանեն Հայաստանի հաւատքը բազմաթիւ անհաւասար պայմաններու մէջ, այդ հերթին պարսկական հզօր բանակի կողմէ ջախջախուելու հանգամանքը, ուր կը ստիպոփէր անոնց հրաժարիլ Քրիստոնէութենէն: Այնուամենայնիւ, հայերը նախընտրեցին մեռնիլ, քան ուրանալ իրենց հաւատքը: Նմանապէս, հայերու համար նախընտրելի է որոշ ժամանակ իրենց եկեղեցիներու մէջ չունենալ կասկածելի հոգեւորականներ, որոնք զուրկ են հոգեւոր արժեքներէն, տեսնել եկեղեցւոյ խորանը դատարկ, մինչ բարեկարգումներ կ՚իրականացուին ապագայի համար:
Մասիսին հաւասար, եթէ ոչ առաւել, Քրիստոնէութիւնը հայ ազգային հարուստ ժառանգութեան գանձերէն թիւ մէկն է: 1915 թուականի Ցեղասպանութեան ընթացքին շատ հայեր, յատկապէս կանայք, նախընտրեցին խեղդուիլ Եփրատ գետի ջուրերուն մէջ, քան թէ դաւանափոխ ըլլալով փրկել իրենց կեանքը: Աշխարհի պատմութեան ուսումնասիրութիւն մը կը բացայայտէ այն փաստը, որ Երկրի վրայ ոչ մի ազգ երբեւէ այդքան թանկ չէ վճարած հաւատարիմ քրիստոնեայ մնալու համար, քան մեր՝ աւելի քան չորս հազար տարուայ պատմութիւն ունեցող հայրենիք՝ Հայաստանը:
Ի տարբերութիւն բազմաթիւ այլ եկեղեցիներու, որ պառակտուած են տարբեր աղանդներով՝ Հայ Եկեղեցին անցած է հազարամեակի փորձութիւնը: Ան անփոփոխ ծաղկում ապրած է, ծառայելով հաւատացեալներուն լաւ ու վատ ժամանակներու մէջ, պատերազմի ու համաճարակի ժամանակ՝հիմնուելով ամենահին ու ամենամաքուր քրիստոնէական սկզբունքներու ու նորմերու վրայ: Հայ եկեղեցւոյ մէջ ճգնաժամ չկայ: Եթէ մեղադրանքները ճշմարիտ են, ապա խնդիրը որոշ չարագործ հոգեւորականներու մէջ է, որոնք կարիք ունին վերափոխել իրենց անհատականութիւնը, որպէսզի արժանի ըլլան մեր նախնիներու սրբավայրին մէջ՝ ինչպէս մեր յավերժական Սուրբ Էջմիածինը: