Սոյն յօդուածը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եզրափակիչ պատգամին, արտասանուած Հայ Մամուլի Տարուան առթիւ Կաթողիկոսարանէն ներս կազմակերպուած Համագումարի փակման նիստին, 4 Յուլիս, 2019-ին
1) Ամէն բանէ առաջ, կþուզեմ բարձրագոյն աստիճանի գոհունակութեամբ հաստատել, որ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի զանազան շրջանակները ներկայացնող մամլոյ մշակներուն միատեղ ներկայութիւնը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ինքնին պերճախօս վկայութիւն մըն է, որ ո՛չ միայն հայ մամուլի, այլ նաեւ հայ մամուլի ճամբով մեր ազգն ու հայրենիքը յուզող խնդիրներուն մասին միասին խօսիլը, մտածելը, տագնապիլը եւ համագործակցութեան ճամբաներ որոնելը` հրամայական ու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է ու միաժամանակ պարտաւորութիւն։ Պատի՛ւ ձեզի, որ ձեր ներկայութեամբ ու գործօն մասնակցութեամբ մեր համահայկական մտահոգութեան կիզակէտերէն մէկը դարձուցիք Հայ Մամուլը։
2) Մեր տարբերութիւնները մեզ չառաջնորդեցին բեւեռացումներու, որովհետեւ մեր նպատակը նո՛յնն էր՝ հայրենիքի հզօրացումը եւ մեր ազգին ընդհանրական ու գերագոյն շահերու պաշտպանութիւնը, արժէքներու պահպանումը եւ իտէալներու իրագործումը։ Այս մօտեցումը պէտք է արմատանայ մեր մտածումներուն ու գործերուն մէջ ամէ՛ն տեղ ու բոլո՛ր մակարդակներու վրայ։ Այլ ընտրանք չունինք։
3) Ամբողջութեամբ կը բաժնեմ ձեր արտայայտած մտահոգութիւնները, ձեր տագնապն ու սպասումը։ Անոնք միայն ձերը չեն, այլ մեր բոլորինը։ Հայ Մամուլը մեզի համար, ըսի՛նք ու միշտ պիտի յիշեցնենք, սովորական լրատուական միջոց չէ, այլ սրբազան նպատակի լծուած առաքելութիւն է։ Որպէս առաքելութիւն, հայ մամուլը համահայկական արժէք կը ներկայացնէ եւ, հետեւաբար, մեր սպասումն է, որ ան անվերապահօրէն վայելէ մեր հայրենիքին, եկեղեցւոյ, կազմակերպութիւններուն ու մեր ազգին ջերմ հոգածութիւնն ու ամուր զօրակցութիւնը։
4) Մամլոյ մշակներու առընթեր, պէտք է լսենք նաեւ ժողովուրդը՝ անոր արժեւորումը ու սպասումը։ Չմոռնանք, որ մամուլը առանց ժողովուրդի կը կորսնցնէ իր գոյութեան պատճառը։ Արդ, ներկայ համագումարը պէտք է շարունակուի այլ ձեւերով։
5) Առանց ազատութեան, մամուլ գոյութիւն չունի։ Մնայուն կերպով անդրադարձանք մամուլի ազատութեան՝ շեշտելով զայն երաշխաւորելու ու յարգելու պարտաւորութիւնն ու իրաւունքը՝ թէ՝ պետութեան եւ թէ մամուլ հովանաւորող կազմակերպութիւններուն կողմէ։ Այս ծիրէն ներս, նաեւ կենսական համարեցինք բազմակարծութեան առաւել զարգացումն ու ծաւալումը։ Խօսեցանք պատասխանատու ու համարատու ազատութեան, ինչպէս նաեւ մամլոյ բարոյական պարտաւորութեան մասին, որ կþենթադրէ ըլլալ՝ ժողովուրդի կամքին արտայայտիչը, ճշմարտութեան պաշտպանը ու արդարութեան ձայնը։ Միաժամանակ յիշեցուցինք, թէ մամլոյ ազատութիւնը մղիչ ուժ պէտք է դառնայ կառուցողական քննադատութեան, հեռու պահելով զայն ատելութիւն սերմանող ու բեւեռացում յառաջացնող փորձերէ։

6) Տեղական ու տեղայնական խնդիրներէ վեր, հայ մամուլը ունի հասարակաց մտահոգութիւններ եւ համահայկական ուղղուածութիւն, միշտ պահելով զանազանութիւնն ու բազմակարծութիւնը։ Պարզուեցաւ, որ մօտեցման, շեշտաւորման ու առաջնահերթութեան տարբերութիւն գոյութիւն ունի Հայաստանի ու Սփիւռքի մամուլներուն միջեւ։ Անհրաժեշտ կը նկատենք հայ մամուլը միացնող ազդակներու ու տուեալներու, գործօններու ու նպատակներու առաւել շեշտաւորումը, որպէսզի մամուլը կարենայ մասնակից դառնալ համահայկական հարցերու քննարկման եւ մտածողութեան ձեւաւորման ու մշակման։ Մեծ է մամուլին դերը այս ուղղութեամբ։
7) Լայնօրէն խօսեցանք մամուլի որակի բարձրացման հրամայականին մասին։ Բացման Մեր պատգամին մէջ ըսինք, թէ հայ մամուլը սովորական լրատուութենէ անդին՝ յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տայ քննական ու վերլուծական յօդուածներու, որպէսզի կարենայ իշխանութիւններն ու կառոյցները անհրաժեշտութեան պարագային արթնութեան ու զգաստութեան հրաւիրել, ինչպէս նաեւ ազգային թէ միջազգային այժմէական հարցերու շուրջ տեղեակ պահել ժողովուրդը։
8) Արծարծեցինք օտար լեզուով հայ մամուլին կապուած շարք մը խնդիրներ։ Հարկ է ըլլալ իրապաշտ։ Օտար լեզուով հայ մամուլին դերը սկսած է դառնալ անհրաժեշտութիւն։
9) Արդարեւ, նոր մտածումներով լիցքաւորուած նոր տեղեկութիւններով հարստացած, զիրար աւելի լաւ ճանչցած, մեր տեղական ու համահայկական մտահոգութիւններուն աւելի մօտէն ծանօթացած պիտի վերադառնաք ձեր մամլոյ օրկաններուն՝ շարունակելու ձեր աշխատանքը։ Ներկայ համագումարը պէտք չէ դառնայ սոսկ դէպք, թէկուզ յոյժ կարեւոր ու նշանակալից։ Ան պէտք է վերածուի գործընթացքի՝ մեր առաքելութեան դիմաց նոր հորիզոններ բացող։
10) Տեղական մտահոգութիւնները պահելով հանդերձ, ինչպէ՞ս կրնանք տեղեկատուական համահայկական քաղաքականութիւն մը ճշդել։ Մամուլը հսկայ ներուժ է. ինչպէ՞ս կրնանք զայն օգտագործել կառուցողական նպատակներու, հեռու պահելով զայն ներկայ ժամանակներու ապատեղակատուական փորձերէն։
11) Միայն տագնապները մեզ պէտք չէ միացնեն, այլ նաեւ ու մանաւանդ մեր համազգային արժէքներն ու ձգտումները՝ դառնալով մեր միասնութեան առանցքը եւ հզօրութեան աղբիւրը։ Պատմական Հայաստանի փոքր շերտին վրայ գտնուող ներկայ Հայաստանը շրջապատուած է ո՛չ բարեկամ երկիրներով ու կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ։ Հայաստանն ու մեր ազգը յուզող խնդիրներու լուծման եւ մեր հաւաքական ներուժի հզօրացման մէջ Ճշդորոշիչ է դերը մամուլին։
