Վերջին Նորութիւն. ԼՈՍ ԱՆՃԵԼՈՍ Սեպտ. 27
Ի պատասխան Լոս Անճելոսի մէջ USA Armenian Life թերթի լրատուական հարցման՝ վարչապետ Փաշինեանը յայտարարած է, որ եթէ կոռումպացուած Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորականները փորձեն թուլացնել հայկական պետութիւնը, ապա անոնց ծունկի պիտի բերուին:

ԳՐԵՑ՝ Աբօ Չափարեան
Հայ հասարակական կարծիքը Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ լարելու յուսահատ փորձի ընթացքին, խախուլ վիճակէ տառապող Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ն Հայաստանի մէջ հանդէս եկաւ հեռուատատեսութեամբ՝ յայտարարելով, որ Փաշինեանին պիտի հանդիպի՝ վերջինիս ԱՄՆ-էն վերադառնալէն ետք, որպէսզի «պարզաբանում պահանջէ» Լոս Անճելոսի մէջ վարչապետի ըրած յայտարարութիւններու վերաբերեալ: Վարչապետ Փաշինեանը պարտաւոր չէ որեւէ մեկուն բացատրութիւններ տալու։
Որպէսզի Վարչապետ Փաշինեանի դէմ շղթայազերխուած բանաւոր յարձակումը ալ աւելի սրելու նպատակով, Գարեգին Բ-ի կլանակիցները անհիմնօրէն կը պնդէին, որ Փաշինեանը «յարձակած է Հայ Եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականներու վրայ» եւ համարձակօրէն կը պարծենային, որ «հայ հոգեւորականները ծունկի կուգան միայն Աստուծոյ առջեւ»:
Գարեգին Բ-ի կամակատարներու մեղադրանքները Փաշինեանի դէմ անհիմն էին: Իրականութեան մէջ, Փաշինեանը յստակ առանձնացուցած էր այն ամբարտաւան եւ կոռումպացուած հոգեւորականներուն եւ խիստօրէն նախազգուշացած էր Հայաստանի պետականութեան դէմ նենգադաւութեան փորձ կատարելու հետեւանքներու վերաբերեալ: Տարբեր առիթներով Փաշինեան յայտարարած է, որ ինքը լիովին նուիրուած է Հայ Եկեղեցւոյ բարօրութեան եւ կտրականապէս դէմ է Հայ հաւատքի հիմքը վտանգի տակ դնելուն: Վարչապետ Փաշինեան հետեւողական է իր պայքարին մէջ եկեղեցւոյ ղեկավարութենէն ներս համատարած նեխածութեան դէմ:
2018-ի Նոյեմբերին, Փաշինեան ընդգծեց. «Հայ Առաքելական Եկեղեցին երբեք աւելի շատ չի հեղինակազրկւել, քան Հանրապետական կուսակցութեան իշխանութեան տարիներին, որովհետեւ Սերժ Սարգսեանն ու իր թիմը եկեղեցուն սարքել են իշխանութեան կցորդ»:
Արդեն մի քանի ամիս է, ինչ այս գրողը, ինչպէս նաեւ աշխարհի շուրջ շատ այլ հրապարակախօսներ կþահազանգեն Հայ Եկեղեցւոյ անդամներուն եւ համայնքին` վերահաս վտանգի մասին, որ ստեղծուած է ոչնչացնելու հայ ժողովուրդի հաւատքը: Եւ վարչապետ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւնները Լոս Անճելոսի մէջ, յստակ կը հաստատեն այդ մտահոգութիւնները:
Վարչապետ Փաշինեանին լուսամիտ եւ համարձակ յայտարարութիւն ընելու ազդակը այն եղաւ որ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ նեխածութեան վերաբերեալ կարեւոր հարցում ներկայացուեցաւ Սեպտ. 22-ին Լոս Անճելոսի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, USA Armenian Life-ի եւ «Հայ Կեանք» շաբաթաթերթի աշխատակից Ոսկան Մխիթարեանի կողմէ. «Նկատի ունենալով Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ եկեղեցականութեան վարկի անկումը, չըսելու համար որ արդէն անդունդի եզրին են, կþուզեմ իմանալ ձեր յստակ կեցուածքը։ Այդ արտայայտութիւնը, որ ունեցաք շատ մօտիկ անցեալին, մեզ չգոհացուց ըսելով որ, երկուքը առանձին հաստատութիւններ են եւ երբեք իրարու պէտք չէ խառնուին։ Պատմութեան դաս տալու պէտք չկայ այստեղ, մեր ամբողջ երկու հազարամեակին, շատ յստակ կապ ունեցած է Հայ Եկեղեցին եւ պետականութիւնը կամ թագաւորութիւնը եւ երբեք իրարմէ անջատ չեն գործած, միշտ միասնաբար գործած են։ Դուք յայտարարեցիք, որ պետութիւնը կապ չունի, կամ պիտի չխառնուի եկեղեցւոյ ներքին գործերուն. հրատապ հարց մըն է, որ ոչ միայն կը յուզէ մեր հայրենի եղբայրներն ու քոյրերը, այլ ամբողջ 8 միլիոննոց սփիւռքը։ Կþուզեմ ձեր յստակ պատասխանը»։
Ի պատասխան՝ ՀՀ վարչապետ Փաշինեան յստակ եւ վճռականօրէն արտայայտեց իր դիրքորոշումը: Ան շեշտեց՝ թող իրենց ժպիտները ոչ մէկ որպէս թուլութիւն չընկալի․ «Երբ որ մենք ասում ենք, որ եկեղեցու ներքին կեանքի մէջ չենք մտնում, որոշ եկեղեցականներ դրանից եզրակացնում են ու ասում են՝ սա նախկին կառավարութեան նման չի, սա թոյլ կառավարութիւն է, եկէք քանդենք էս կառավարութեան ոտքերի տակը, շատ ուժեղ հակահարված կը ստանան։ Եւ ծնկի կը բերուեն, բառիս թէ բուն, թէ փոխաբերական իմաստով»։
Խօսելով Հայ Եկեղեցւոյ ժողովրդավար ինքնավարութեան մասին, վարչապետ Փաշինեան ըսաւ. «Մեր պատմութեան մէջ … Հայ Առաքելական Եկեղեցու ինքնուրոյնութիւնը Պապ թագաւորի որոշմամբ է եղել, մինչեւ այդ մեր կաթողիկոսները Կեսարիայում էին ստանում իրենց պաշտօնը եւ Տիեզերական եկեղեցուց, բայց Պապ թագաւորը կամային որոշում կայացրեց, որ հայ կաթողիկոսները պետք է ընտրւեն մեր երկրում։ … Պէտք է … խորանալ եւ պատճառները հասկանալ։ Մենք ուզո՞ւմ ենք, որ կառավարութիւնը մտնի եկեղեցու գործերի մէջ, եթե պարզուի, որ հայ ժողովուրդը ուզում է, որ կառավարութիւնը մտնի Հայ առաքելական եկեղեցու գործերի մեջ, կառավարութիւնը կը քննարկի, թէ դրա ինչ հնարավորութիւններ կան»։
Հայ ժողովուրդը պէտք է օրհնուած զգայ, որ հայոց հեռատես թագաւոր Պապ թագաւորը ազգայնացուց Հայ Եկեղեցին եւ նախնական հիմքը դրաւ եկեղեցիէն ներս մշտական ժողովրդավարական ընտրութիւններու անցկացման գործընթացին: Այժմ, դարեր շարունակ, հայկական եկեղեցին հիմնուած է իբրեւ աշխարհի մէջ եզակի քրիստոնէական հաստատութիւն, որ կþինքնակառավարուի ժողովրդավարական համակարգի միջոցով, ուր կը գերակշռեն եկեղեցւոյ աշխարհական անդամները: Հայաստանի պատմութեան ամենախաւար ժամանակաշրջաններէն մէկուն ընթացքին, նոյնիսկ թրքական օսմանեան բռնակալները ստիպուած էին պահպանել եւ յարգել Հայ Եկեղեցւոյ ինքնավարութիւնը, որ կը ղեկավարուէր եւ կը վերահսկուէր աշխարհիկ մարդոց կողմէ:
Ովքե՞ր են Հայ Եկեղեցւոյ իրական ներկայացուցիչները: Կաթողիկո՞սը (ընտրուած որպէս եկեղեցւոյ ղեկավար) այլ կրօնական առաջնորդներու հետ միասին, թէ՞ ծխական-աշխարհասկանները: Ըստ Հայ Եկեղեցւոյ Սահմանադրութեան, Հայ Եկեղեցւոյ գերագոյն ներկայացուցիչներ աշխարհականներն են, որոնք կը կազմեն եկեղեցւոյ ընտրազանգուածի գերակշիռ մեծամասնութիւնը: Այս մարդիկ իրաւասու են ընտրելու կամ կողմ քուէարկելու ցանկացած հոգեւոր սպասաւորի պաշտօնաթողութիւնը` սկսած ամենացած կարգի հոգեւոր սպասաւորներէն, մինչեւ բարձրագոյն առաջնորդ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:
Բայց ինչ կը պատահի, եթէ Հայ Եկեղեցւոյ ընտրական համակարգը կեղծուած է, եւ ժողովրդավարութիւնը՝ առեւանգուած, ինչպէս այսօր Գարեգին Բ-ի եւ անոր կլանակիցներու գլխաւորութեամբ, որ կը հանդիսանան աշխարհի տարբեր թեմերու առաջնորդներ, ինչպէս օրինակ՝ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի Յովնան Տէրտէրեանը եւ Ռուսաստանի թեմի առաջնորդ՝ Գարեգին Բ-ի արիւնակից եղբայր Մոսկուայի Եզրասը: Ի՞նչ ընել, եթէ եկեղեցւոյ աշխարհականները անզօր են այնպիսի բռնակալներու դէմ, ինչպիսիք են Գարեգին Բ-ն եւ անոր կլանակիցները, որոնց հնարաւոր չէ ստիպել հրաժարական տալ: Ո՞ր բարձրագոյն իշխանութիւնը պէտք է միջամտէ:
Լոս Անճելոսի մէջ Փաշինեան խելամտօրէն շեշտեց, որ «Եկեղեցին կառավարման ծխական կառոյցներու միջոցով պէտք է այդպէս շարունակուի կառավարուիլ։ … Սակայն եթէ եկեղեցին (այսինքն՝ ժողովուրդը) կարիք ունենայ կառավարութեան աջակցութեան, ապա կառավարութիւնը պարտաւոր է աջակցիլ»։
Այժմ, երբ հակա-հայ եւ հակա-եկեղեցական սովետական բռնատիրական կարգերը տապալած են, ազատ եւ անկախ հայկական պետութիւնը պէտք է աջակցի Հայ Եկեղեցւոյ փրկութեան հայ ժողովուրդին հնարաւորություն տալով առանց որեւէ խոչընդոտի գործադրելու իր Եկեղեցական Սահմանադրական բոլոր իրաւունքները:
Եթէ կամ երբ այդ անհրաժեշտ ըլլայ, ապա ակնյայտօրէն Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է սկսի քայլեր ձեռնարկել: Ինչ վերաբերում է Էջմիածնի Սուրբ Աթոռին, ապա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսարանը կը գտնուի Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իրավասութեան ներքոյ: Հետեւաբար, Հայաստանն ունի պարտականութիւն եւ պատասխանատվութիւն՝ պաշտպանելու իր այն քաղաքացիներուին, որոնք նաեւ եկեղեցւոյ ծխականներ են:
Իսկ ի՞նչպէս կը տարանջատուին եկեղեցին ու պետութիւնը: Երբ դանակը կը հասնի ոսկորին, այս երկուքէն ո՞ր մէկն ունի գերակշռող իրաւասութիւնը միւսի նկատմամբ: Հայոց Պետութի՞ւնը, թէ՞ Հայ Եկեղեցին: Պատասխանը պարզ է. Որպէս ինքնակառավարման գերագոյն մարմին, որպէս ինքնորոշման համընդհանուր իրաւունքի տէր եւ որպէս մարդկային հիմնական իրաւունքներու երաշխաւոր՝ Հայոց Պետութիւնը պարտաւոր է պաշտպանել իր քաղաքացիներու բարեկեցութիւնը եւ իրաւունքները:
Պահ մը եկէք կեդրոնանանք ամերիկեան քաղաքացիներու առնչութեամբ ընթացիկ դէպքին վրայ, որոնք բռնութեան ենթարկուած են կամ կþենթարկուին ԱՄՆ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւորականներու կողմէ: Թէեւ ճշմարիտ է, որ ԱՄՆ-ի մէջ կը գործէ եկեղեցի եւ պետութիւն տարանջատումը, ԱՄՆ-ի դաշնակցային կառավարութիւնը վերջնական պատասխանատւութիւն եւ իրավասութիւն ունի քայլերու ձեռնարկելու եւ պաշտպանելու սեփական քաղաքացիներուն հոգեւորականներու կողմէ սեռական կամ ցանկացած բնոյթի այլ բռնաբարումներու դէմ:
Եթէ պատահի որ Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի մէջ կամ ԱՄՆ-ի մէջ որեւէ այլ տեղ, կրօնական առաջնորդը սեռական կամ այլ բնոյթի բռնութիւն գործադրէ եկեղեցւոյ անդամներու դէմ, տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային կառավարութիւնները պարտաւոր են քայլեր ձեռնարկելու եւ պաշտպանելու իրենց տուժած քաղաքացիներուն եւ մեղաւորներուն պատասխանատւութեան ենթարկելու:
Մի քանի պարագաներու մէջ, ԱՄՆ-ի քաղաքացիական դատարաններու մէջ՝ Արք. Յովնան Տէրտէրեանի ղեկավարութեամբ Արեւմտեան Թեմը մի քանի դատական պարտութիւններ կրեց, ներառեալ վերջերս՝ 2019 թուականի Յունուար եւ Ապրիլ ամիսներուն (Գերագոյն դատարանի գործ N.18STCV02144): Տէրտէրեանի այսպիսի գործելաձեւը ուղղակիօրէն կը հակասէ Վարչապետ Փաշինեանի քաղաքական օրակարգին, քանի որ այն կը խաթարէ Քալիֆոռնիոյ մէջ եւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին՝ վարչապետին վերջին ձեռքբերումները, եւ փաստացիօրէն դէմ է անոր՝ ՀՀ-ի եւ Սփիւռքի «կոռուպցիան» արմատախիլ ընելու նպատակին:
Միացեալ Նահանգներու մէջ Սահմանադրութիւնը կþերաշխաւորէ իւրաքանչիւր քաղաքացիի կրօնքի եւ հաւատքի ազատութեան իրաւունքը. Եւ որպէս այդպիսին, ամերիկահայերը իրաւունք ունին յայտարարելու, որ որեւէ չար ոյժ, որ կը փորձէ խարխլել Հայ հաւատքի հիմքը, օրէնքի ճամբով, պատասխանատվութեան եւ արդարադատութեան կենթարկուի:
Բոլորը պէտք է ընդունին, որ Հայ Եկեղեցւոյ, Ազգի եւ Ինքնութեան միակ տէրը հայ ժողովուրդն է:
Որպէս հայ քաղաքացիական հասարակութեան անդամներ՝ մենք չենք կրնար,պէտք չէ որ եւ պիտի թոյլ չի տանք որեւէ մեկուն մենաշնորհել Հայ Ազգին կամ վերաբերուիլ Հայաստանին եւ անոր Սփիւռքին որպէս «բանանային երկիր»:
Փորձելով իր ժողովրդին հեռու պահել «բանանային երկիր»ի պիտակաւորումէն՝ Սեպտ. 24-ին, Նիւ Եորքի մէջ, Փաշինեան յայտարարեց. «Ես կը ցանկանայի կիսւել այս տարուայ եւ յեղափոխութիւնից 5 ամիս յետոյ ունեցած իմ տպաւորութիւններով: … Փոփոխութեան ճանապարհը, որպէս այդպիսին, բաւականին դժուար է, եւ երբ յեղափոխութիւնը տեղի ունեցաւ, դրանից յետոյ ամենակարեւոր խնդիրը, որին մենք բախուեցինք, դա ստիպելն էր մարդկանց գիտակցել, որ տեղի ունեցածը իրականութիւն է, քանի որ որքան էլ որ տարօրինակ կարող է հնչել, ոչ բոլորն են գիտակցում, որ սա իրականութիւն է: … Մեր առաքելութիւնը որեւէ կարգավիճակի հասնելն ու այդ կարգավիճակից օգտվելը չէ, մեր խնդիրն է երկրում խորը, էական, ինստիտուցիոնալ փոփոխութիւնների հասնել, ինչպէս նաեւ որակապէս փոխել մեր երկիրը,… կեանքը… եւ մեր երկրում գործող հաստատութիւնների աշխատանքը: Մենք մի ուղի ենք որդեգրել, որտեղ փոխզիջումներ չկան»:
Հայաստանի եւ Սփիւռքի յաջողութիւնները ապահովելու համար բարեփոխումներու շարժման ոգին պէտք է ներթափանցէ Հայ քաղաքացիական հասարակութեան բոլոր հատուածներէն ներս ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ Սփիւռքի մէջ: Նշանակալի զանգուածի մասնակցութիւնը կենսական է Հայ ազգի առողջութեան եւ շահերու արդիւնաւետ խթանման համար: