Posted on December. 7. 2019
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան«Քալչիօ»-ի 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Եուվենթուս չկրցաւ յաղթել իր հիւրին
Սասուոլոյին եւ անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ Եուվենթուս նահանջէ երկրորդ դիրքիր տեղը զիջելով Ինթեր Միլանին, որ 2-1 արդիւնքով յաղթելով ՍՓԱԼ-ին, կէտի մը առաւելութեամբ գերազանցեց Եուվէն:
Սասուոլոյի դէմ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ փենալթիով նշանակեց Եուվենթուսի հաւասարութեան կոլը (68-րդ):
Իսկ ՍՓԱԼ-ի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, Լոթարօ Մարթինեզ նշանակեց Ինթերի երկու կոլերը (18-րդ եւ 41-րդ):
Միլանօ քաղաքի երկրորդ խումբը եւս
Ա. Սէ. Միլան, յաղթանակ մը արձանագրեց (1-0) Փարմայի դաշտին վրայ:
Ինչ կը վերաբերի Վերոնա – Ա. Էս. Ռոմա մրցումին, հիւր կազմէն մրցումին 67-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:
Մրցումին վերջին վայրկեանին Մխիթարեան նշանակեց Ա. Էս. Ռոմայի երրորդ կոլը (3-1):