Ծանօթ. Խմբ. Սոյն նամակը որ գրուած է 20 Օգոստոս, 2017 իր այժմէականութիւնը կը շարունակէ պահպանել քանզի առնչուած է ներկայ օրերու հրատակ խնդիրներու հետ որ կապ ունին հայութեան լինելութեան հետ։
Յարգարժան Հայրենակիցներ,
Ստորագրեալս աւելի քան 36 տարիներու բանասէր-մանկավարժ-դասախօս եղած եմ, տարած եմ գրական-հրատարակչական, ազգ.-հաս. բեղուն աշխատանք Սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ:
Ինծի համար (եւ ինչու չէ շատ քիչ հայերու համար), լուրջ խնդիր է Սփիւռքի հայապահպանման դժուար հարցը:
Նախ մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք մեր նախնիներուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք 1920-ականներէն մինչեւ 1980-ականները տասնեակներով ամէնօրեայ հայկական դպրոցներ հիմնեցին տարբեր երկիրներու մէջ:
Բայց վերջին աւելի քան երեսուն տարիները պատկերը այլ է: Եւ անշուշտ, երբ անկեղծօրէն խօսինք, պիտի ըսենք որ Սփիւռքի մէջ հայապահպանումը մեծապէս ձա-խողած է, պատճառները շատ են:
Արդարեւ, 2000 թուականին Սփիւռքի հայկական ամէնօրեայ դպրոցներ կը յա-ճախէին 5-4,5%, իսկ այսօր 2,5-2% միայն սփիւռքահայ աշակերտութեան:
Պատուարժան պատասխանատուներ մեր վիճակը շա՜տ, շա՜տ, շա՜տ ծանր է:
Օրինակ մը տալու համար ըսենք, որ Գալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքի մէջ կ՚ապ-րին 90 հազար հայեր: Այդ քաղաքի հայ աշակերտներու 50%-ի համար պէտք է բացուի 10 նոր դպրոց, նիւթական արժէք մօտ $200 միլիոն տոլար:
Այսինքն այլեւս ժամանակավրէպ է անջատ-անջատ աշխատելաձեւը, մենք պէտք է ունենանք Ազգային հաւաքական գիտակցութիւն, որպէսզի կարենանք յաղթահարել Սփիւռքի կրթական հսկայ մարտահրաւէրները:
Ուրեմն կ՚առաջարկենք շուտափոյթ ստեղծել, Սփիւռքի տարածքին համար, Հայկական միասնական հիմնադրամե: Նշեալ հիմնադրամը պիտի գործէ.
Ա- Վտանգուած հայկական ամէնօրեայ դպրոցները փակուելէ փրկել:
Բ- Յաջորդող տարիներուն, հիմնադրամի պիւտճէն երբ կը հզօրանայ, նոր դպրոցներ բանալ:
Գ- Այս հիմնադրամը անձեռնմխելի պիտի մնայ, անկախ հիմունքներով պիտի ծառայէ բոլորին անխտիր:
Իրաւացիօրէն ըսենք, որ Սփիւռքի տարածքին վերջին 45 տարիներու ընթացքին փակուած է աւելի քան 210 դպրոց:
Հետեւաբար եւ ամենայն լրջութեամբ կ՚ըսենք, եթէ յաջորդող քանի մը տարիներուն չստեղծուի հզօր հիմնադրամ մը, մենք յաջորդ տասնամեակին պիտի փակենք բազմաթիւ հայկական այլ դպրոցներ:
Մեր մատղաշ սերունդը կարիքն ունի ազգային հայեցի դաստիարակութեան: Այսօր հարիւր հազարաւոր հայ երիտասարդներ այլասերած են, քանի որ չեն ստացած հայեցի կրթութիւն:
Ըմբռնած ենք եւ գիտենք, որ Սփիւռքի 8 միլիոն հայութեան նոյնիսկ 5%-ը Հայաստան պիտի չվերադառնայ յաջորդ քանի մը տարիներուն… պատճառները բոլորդ գիտէք: Դեռ աւելին, Հայաստանը մեր բոլորին սիրելի մայր Հայրենիքը, իր բազում խնդիրներով չի կրնար Սփիւռքի կրթական համակարգի համար նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել: Ուրեմն Սփիւռքի հայկական գոյատեւումը մեծապէս պահանջքն ունի վերոնշեալ հիմնադրամին:
Իրատեսութիւն, փոխզիջում, փոխըմբռնում:
Ազգային բարձր գիտակցութեամբ մօտենանք այս յոյժ կարեւոր աշխատանքին:
Միասնաբար կրնանք իրագործել: Օ՚ն առաջ:
Յարգանքներով`
Յովսէփ Նալպանտեան
Լոս Անճելըս, Սթուտիօ Սիթի 20 Օգոստոս, 2017
Յ.Գ. Բաց նամակը ղրկուած է. 1- «Ասպարէզ» օրաթերթին: 2- «Նոր Օր» շաբաթաթերթին: 3- «Մասիս» շաբաթաթերթին: 4- «Հայ կեանք» շաբաթաթերթ: 5- «Ազդակ» օրաթերթին: 6- «Հայերն այսօր» կայքէջին: 7- «Էրեբունի» կայքէջին, 8- «Ազատ խօսք» կայքէջին: 9- «Օրեր» կայքէջին:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *